Loading...

Genesis 1

Genesis 1  ›  Genesis 2  »  Exodus


ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

1

Սկիզբէն 1Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։

2

Երկիրը ամայի ու դատարկ էր, անդունդին մակերեսին վրայ խաւար կար, եւ Աստուծոյ Հոգին ջուրերուն մակերեսին վրայ կը սաւառնէր։

3

Աստուած ըսաւ. «Լոյս ըլլայ», ու լոյս եղաւ։

4

Աստուած տեսաւ թէ լոյսը բարի էր, եւ Աստուած լոյսը խաւարէն զատեց։

5

Աստուած լոյսը “ցերեկ” կոչեց. խաւարն ալ “գիշեր” կոչեց։ Իրիկուն եւ առտու ըլլալով՝ առաջին օրը եղաւ։

6

Աստուած ըսաւ. «Ջուրերուն մէջտեղը 2հաստատութիւն ըլլայ, եւ ջուրերը ջուրերէն զատէ»։

7

Աստուած հաստատութիւնը ըրաւ, ու հաստատութեան տակ եղած ջուրերը զատեց հաստատութեան վրայ եղած ջուրերէն. եւ այդպէս եղաւ։

8

Աստուած հաստատութիւնը Երկինք կոչեց։ Իրիկուն եւ առտու ըլլալով՝ երկրորդ օրը եղաւ։

9

Աստուած ըսաւ. «Երկինքի տակ եղած ջուրերը մէ՛կ տեղ ժողվուին, ու ցամաքը երեւնայ». եւ այդպէս եղաւ։

10

Աստուած ցամաքը Երկիր կոչեց. ժողվուած ջուրերն ալ Ծով կոչեց, եւ Աստուած տեսաւ թէ բարի էին։

11

Աստուած ըսաւ. «Երկիրը դալար արտադրէ, նաեւ սերմ 3կրող բոյս, ու իր տեսակին համեմատ պտուղ տուող պտղաբեր ծառ, որ իր մէջ իր սերմը ունենայ երկրի վրայ». եւ այդպէս եղաւ։

12

Երկիրը դալար արտադրեց, նաեւ իր տեսակին համեմատ սերմ կրող բոյս, ու պտուղ տուող ծառ, որուն մէջ էր իր սերմը՝ իր տեսակին համեմատ. եւ Աստուած տեսաւ թէ բարի էին։

13

Իրիկուն եւ առտու ըլլալով՝ երրորդ օրը եղաւ։

14

Աստուած ըսաւ. «Երկինքի հաստատութեան մէջ լուսաւորներ ըլլան, որպէսզի ցերեկը գիշերէն զատեն, ու նշաններու, եղանակներու, օրերու եւ տարիներու համար ըլլան.

15

ու երկինքի հաստատութեան մէջ անոնք իբր լուսաւորներ ըլլան, որպէսզի երկիրը լուսաւորեն». եւ այդպէս եղաւ։

16

Աստուած երկու մեծ լուսաւորներն ըրաւ. մեծ լուսաւորը՝ ցերեկը 4կառավարելու համար, ու պզտիկ լուսաւորը՝ գիշերը կառավարելու համար։ Աստղերն ալ ըրաւ։

17

Աստուած երկինքի հաստատութեան մէջ դրաւ զանոնք, որպէսզի երկիրը լուսաւորեն,

18

ցերեկը եւ գիշերը կառավարեն, ու լոյսը խաւարէն զատեն. եւ Աստուած տեսաւ թէ բարի էին։

19

Իրիկուն եւ առտու ըլլալով՝ չորրորդ օրը եղաւ։

20

Աստուած ըսաւ. «Ջուրերը կենդանութեան շունչ ունեցող զեռուններ 5առատութեամբ արտադրեն՝՝, եւ թռչունները երկրի վրայ թռչին՝ երկինքի հաստատութեան 6մէջ»։

21

Աստուած ստեղծեց մեծ 7կէտերը, բոլոր շարժող շնչաւոր կենդանիները՝ որ ջուրերը առատութեամբ արտադրեցին իրենց տեսակին համեմատ, ու բոլոր թեւաւոր թռչունները՝ իրենց տեսակին համեմատ. եւ Աստուած տեսաւ թէ բարի էին։

22

Աստուած զանոնք օրհնեց՝ ըսելով. «Աճեցէ՛ք, բազմացէ՛ք, ու լեցուցէ՛ք ծովերուն մէջ եղող ջուրերը. թռչուններն ալ երկրի վրայ բազմանան»։

23

Իրիկուն եւ առտու ըլլալով՝ հինգերորդ օրը եղաւ։

24

Աստուած ըսաւ. «Երկիրը շնչաւոր կենդանիներ արտադրէ՝ իրենց տեսակին համեմատ, ընտանի անասուններ, սողուններ ու երկրի գազաններ՝ իրենց տեսակին համեմատ». եւ այդպէս եղաւ։

25

Աստուած երկրի գազանները՝ իրենց տեսակին համեմատ ըրաւ, ընտանի անասունները՝ իրենց տեսակին համեմատ, ու գետինի բոլոր սողունները՝ իրենց տեսակին համեմատ. եւ Աստուած տեսաւ թէ բարի էին։

26

Աստուած ըսաւ. «Մեր պատկերով, մեր նմանութեան պէս մարդ ընենք, որ տիրապետեն ծովու ձուկերուն, երկինքի թռչուններուն եւ ընտանի անասուններուն, ամբողջ երկրին, ու երկրի վրայ 8սողացող բոլոր սողուններուն»։

27

Աստուած իր պատկերով ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերով ստեղծեց զայն, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք։

28

Աստուած զանոնք օրհնեց, եւ Աստուած անոնց ըսաւ. «Աճեցէ՛ք ու բազմացէ՛ք, երկիրը լեցուցէ՛ք եւ զայն նուաճեցէ՛ք, ու տիրապետեցէ՛ք ծովու ձուկերուն, երկինքի թռչուններուն ու երկրի վրայ շարժող բոլոր կենդանիներուն»։

29

Աստուած ըսաւ. «Ահա՛ ձեզի տուի ամբողջ երկրի մակերեսին վրայ եղող ամէն սերմ կրող բոյս, եւ ամէն ծառ՝ որուն պտուղը իր մէջ ծառի սերմ կը կրէ. ասոնք ձեզի կերակուր պիտի ըլլան։

30

Իսկ երկրի բոլոր գազաններուն, երկինքի բոլոր թռչուններուն, ու երկրի վրայ բոլոր սողացողներուն՝ որոնք կենդանութեան շունչ ունին՝ ամէն կանաչ բոյս տուի կերի համար. եւ այդպէս եղաւ։

31

Աստուած իր ամբողջ ըրածին նայեցաւ, ու ահա՛ շատ բարի էր։ Իրիկուն եւ առտու ըլլալով՝ վեցերորդ օրը եղաւ։



1 Եբր.՝ Էլոհիմ
2 Եբր.՝ տարածութիւն
3 Եբր.՝ արգասաւորող
4 Կամ՝ տիրելու
5 Եբր.՝ վխտացնեն
6 Եբր.՝ մակերեսը
7 Կամ՝ վիշապները
8 Կամ՝ շարժող