Loading...

1 Chronicles 5

2 Kings  «  1 Chronicles 4  ‹  1 Chronicles 5  ›  1 Chronicles 6  »  2 Chronicles


1

Իսրայէլի անդրանիկին՝ Ռուբէնի որդիները.— (արդարեւ անդրանիկը ա՛ն էր. բայց իր հօր անկողինը պղծելուն համար՝ իր անդրանկութեան իրաւունքը տրուեցաւ Իսրայէլի որդիին՝ Յովսէփի որդիներուն, եւ ազգահամարին մէջ իբր անդրանիկ չարձանագրուեցաւ։

2

Իսկ Յուդա իր եղբայրներէն զօրաւոր եղաւ, ու իրմէ ելաւ առաջնորդը. բայց անդրանկութեան իրաւունքը Յովսէփինն էր։) Իսրայէլի անդրանիկին՝ Ռուբէնի որդիներն էին.—

3

Ենովք, Փաղղուս, Եսրոն ու Քարմի։

4

Յովէլի որդիները.— անոր որդին Սեմայիա, անոր որդին՝ Գոգ, անոր որդին՝ Սեմէի,

5

անոր որդին՝ Միքա, անոր որդին՝ Ռէայիա, անոր որդին՝ Բահաղ,

6

անոր որդին՝ Բէերա, որ Ասորեստանի Թագղաթ-Փաղասար թագաւորը տարագրեց. ան Ռուբէնեաններու իշխանն էր։

7

Անոր եղբայրները՝ իրենց տոհմերով՝ իրենց ծնունդներու ազգահամարին մէջ արձանագրուեցան։ Անոնց գլխաւորն էր՝ Յէիէլ, յետոյ՝ Զաքարիա,

8

ու Յովէլի որդիին՝ Սեմայի որդիին՝ Ազազի որդին՝ Բաղա, որ Արոէրի մէջ եւ անկէ մինչեւ Նաբաւ ու Բահաղ-Մէոն բնակեցաւ։

9

Արեւելեան կողմը՝ Եփրատ գետէն մինչեւ անապատին մուտքը բնակեցաւ, քանի որ անոնց խաշինքը Գաղաադի երկրին մէջ բազմացած էր։

10

Սաւուղի օրերը անոնք պատերազմեցան Հագարացիներուն դէմ, որոնք իրենց 1ձեռքը ինկան. ուստի անոնց վրաններուն մէջ բնակեցան՝ Գաղաադի ամբողջ արեւելեան կողմը։


ԳԱԴԻ ԶԱՐՄԸ

11

Գադի որդիները ասոնց դիմաց՝ Բասանի երկրին մէջ բնակեցան, մինչեւ Սելքա։

12

Գլխաւորը՝ Յովէլ, երկրորդը՝ Սափամ, յետոյ՝ Յանայի ու Սափատ՝ Բասանի մէջ։

13

Անոնց եղբայրները՝ իրենց նահապետութիւններուն համեմատ.— Միքայէլ, Մեսուղամ, Սաբէէ, Յովրէ, Յաքան, Զիա ու Եբեր՝ եօթն էին։

14

Ասոնք Բուզի որդիին՝ Յակդովի որդիին՝ Յեսիսայի որդիին՝ Միքայէլի որդիին՝ Գաղաադի որդիին՝ Յարսայի որդիին՝ Հուրիի որդիին՝ Աբիքէլի որդիներն էին։

15

Անոնց նահապետութեան գլխաւորն էր Գունիի որդիին՝ Աբդիէլի որդին՝ Աքի։

16

Անոնք բնակեցան Գաղաադի մէջ, Բասանի եւ անոր գիւղաքաղաքներուն մէջ, ու Սարոնի բոլոր արուարձաններուն մէջ՝ մինչեւ անոնց սահմանները։

17

Ասոնք բոլորը Յուդայի Յովաթամ թագաւորին օրերը եւ Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին օրերը ազգահամարին մէջ արձանագրուեցան։


ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՏՈՀՄԵՐՈՒՆ ԲԱՆԱԿՆԵՐԸ

18

Ռուբէնի որդիները, Գադեաններն ու Մանասէի կէս տոհմը՝ քառասունչորս հազար եօթը հարիւր վաթսուն զինուորութեան 2գացող մարդիկ ունէին, 3կտրիճ, վահան ու սուր կրող, աղեղ լարող, եւ պատերազմիլ սորված։

19

Իրենք Հագարացիներուն, Յետուրացիներուն, Նափեսացիներուն ու Նոդաբացիներուն դէմ պատերազմեցան,

20

եւ անոնց 4յաղթեցին. Հագարացիներն ու բոլոր անոնց հետ եղողները իրենց ձեռքը մատնուեցան, քանի որ իրենք պատերազմի մէջ Աստուծոյ աղաղակեցին, ան ալ իրենց թախանձանքը ընդունեց, որովհետեւ իրեն ապաւինեցան։

21

Անոնց խաշինքը՝ յիսուն հազար ուղտ, երկու հարիւր յիսուն հազար ոչխար, երկու հազար էշ, նաեւ հարիւր հազար 5մարդ գերեվարեցին։

22

(Արդարեւ շատերը խոցուած ինկան, որովհետեւ այս պատերազմը Աստուծմէն էր։) Իրենք անոնց տեղը բնակեցան՝ մինչեւ տարագրութիւնը։


ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԱՆԱՍԷԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

23

Մանասէի որդիներուն կէս տոհմը այդ երկրին մէջ բնակեցաւ, Բասանէն մինչեւ Բահաղ-Հերմոն, Սանիր եւ Հերմոն լեռը, քանի որ բազմաթիւ էին։

24

Ահա՛ւասիկ անոնց նահապետութիւններուն գլխաւորները.— Ափեր, Յեսսի, Եղիէլ, Եզրիէլ, Երեմիա, Ովդուիա ու Յաքդիէլ, որոնք զօրաւոր, քաջ եւ անուանի մարդիկ էին, ու իրենց նահապետութիւններուն գլխաւորները։


ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՏՈՀՄԵՐՈՒՆ ՏԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

25

Բայց ասոնք իրենց հայրերուն Աստուծոյն հանդէպ ուխտազանց եղան, եւ այդ երկրին ազգերուն աստուածներուն հետ պոռնկեցան, որոնք Աստուած անոնց առջեւէն բնաջնջած էր։

26

Իսրայէլի Աստուածն ալ Ասորեստանի Փուղ թագաւորին հոգին եւ Ասորեստանի Թագղաթ-Փաղասար թագաւորին հոգին գրգռեց, եւ Ռուբէնեանները, Գադեաններն ու Մանասէի կէս տոհմը տարագրեց։ Զանոնք Քաղա, Քաբովր, Հարա եւ Գովզան գետը տարաւ՝ մինչեւ այսօր։



1 Կամ՝ ձեռքով
2 Եբր.՝ դուրս ելլող
3 Եբր.՝ կտրիճի որդի
4 Եբր.՝ դէմ օգնութիւն ստացան
5 Եբր.՝ անձ