Loading...

1 Chronicles 6

2 Kings  «  1 Chronicles 5  ‹  1 Chronicles 6  ›  1 Chronicles 7  »  2 Chronicles


ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ԱԶԳԱՀԱՄԱՐԸ

1

Ղեւիի որդիներն էին՝ Գերսոն, Կահաթ ու Մերարի.

2

Կահաթի որդիները՝ Ամրամ, Իսահառ, Քեբրոն եւ Ոզիէլ.

3

Ամրամի որդիները՝ Ահարոն, Մովսէս ու Մարիամ. Ահարոնի որդիները՝ Նադաբ, Աբիուդ, Եղիազար եւ Իթամար։

4

Եղիազար ծնաւ Փենեհէսը. Փենեհէս ծնաւ Աբիսուան.

5

Աբիսուա ծնաւ Բոկկին. Բոկկի ծնաւ Ոզին.

6

Ոզի ծնաւ Զարիան. Զարիա ծնաւ Մարիոթը.

7

Մարիոթ ծնաւ Ամարիան. Ամարիան ծնաւ Աքիտովբը.

8

Աքիտովբ ծնաւ Սադովկը. Սադովկ ծնաւ Աքիմաասը.

9

Աքիմաաս ծնաւ Ազարիան. Ազարիան ծնաւ Յոհանանը.

10

Յոհանան ծնաւ Ազարիան. ի՛նք էր որ Սողոմոնի Երուսաղէմ կառուցանած 1տաճարին մէջ քահանայութիւն կատարեց։

11

Ազարիա ծնաւ Ամարիան. Ամարիա ծնաւ Աքիտովբը.

12

Ու Աքիտովբ ծնաւ Սադովկը. Սադովկ ծնաւ Սեղղումը.

13

Սեղղում ծնաւ Քեղկիան. Քեղկիա ծնաւ Ազարիան.

14

Ազարիա ծնաւ Սարայիան. Սարայիա ծնաւ Յովսեդեկը։

15

Յովսեդեկ գերի գնաց, երբ Տէրը Յուդան ու Երուսաղէմը տարագրեց Նաբուգոդոնոսորի ձեռքով։

16

Ղեւիի որդիներն էին՝ Գերսոն, Կահաթ ու Մերարի։

17

Ահա՛ւասիկ Գերսոնի որդիներուն անունները.— Ղոբենի եւ Սեմէի։

18

Կահաթի որդիներն էին՝ Ամրամ, Իսահառ, Քեբրոն ու Ոզիէլ.

19

Մերարիի որդիները՝ Մոհողի եւ Մուսի։ Ասո՛նք են Ղեւտացիներուն տոհմերը՝ իրենց հայրերուն համեմատ։

20

Գերսոնի որդիներն էին՝ անոր որդին՝ Ղոբենի, անոր որդին՝ Յէթ, անոր որդին՝ Զամմա,

21

անոր որդին՝ Յովաք, անոր որդին՝ Ադդով, անոր որդին՝ Զարա, անոր որդին՝ Յաթրի։

22

Կահաթի որդիներն էին՝ անոր որդին՝ Ամինադաբ, անոր որդին՝ Կորխ, անոր որդին՝ Ասիր,

23

անոր որդին՝ Եղկանա, անոր որդին՝ Աբիասափ, անոր որդին՝ Ասիր,

24

անոր որդին՝ Թաաթ, անոր որդին՝ Ուրիէլ, անոր որդին՝ Ոզիա, անոր որդին՝ Սաւուղ։

25

Եղկանայի որդիներն էին՝ Ամեսայի եւ Աքիմոթ։

26

Ինչ կը վերաբերի Եղկանայի, Եղկանայի որդիներն էին՝ անոր որդին՝ Սուփի, անոր որդին Նահաթ,

27

անոր որդին՝ Եղիաբ, անոր որդին՝ Յերոհամ, անոր որդին՝ Եղկանա։

28

Սամուէլի որդիներն էին՝ անոր անդրանիկը՝ Յովէլ, երկրորդը՝ Աբիա։

29

Մերարիի որդիներն էին՝ Մոհողի, անոր որդին՝ Ղոբենի, անոր որդին՝ Սեմէի, անոր որդին՝ Ոզա,

30

անոր որդին՝ Սամաա, անոր որդին՝ Անգիա, անոր որդին՝ Ասայիա։


ՏԱՃԱՐԻՆ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐԸ

31

Ահա՛ւասիկ անոնք՝ որ Դաւիթ երգեցողութեան 2պաշտօնին վրայ 3նշանակեց Տէրոջ տան մէջ, տապանակին 4տեղաւորուելէն ետք։

32

Անոնց պաշտօնն էր Հանդիպումի վրանին խորանին առջեւ օրհնութիւն երգել, մինչեւ որ Սողոմոն Երուսաղէմի մէջ Տէրոջ տունը կառուցանեց. անոնք իրենց կարգին համեմատ իրենց 5պաշտօնը կը կատարէին՝՝։

33

Ահա՛ւասիկ 6պաշտօն կատարողները՝՝ իրենց որդիներով.— Կահաթեաններու որդիներէն՝ երգող Եմանը, որ Յովէլի որդին, որ Սամուէլի որդին,

34

որ Եղկանայի որդին, որ Յերոհամի որդին, որ Եղիէլի որդին, որ Թովայի որդին,

35

որ Սուփիի որդին, որ Եղկանայի որդին, որ Մաաթի որդին, որ Ամեսայիի որդին,

36

որ Եղկանայի որդին, որ Յովէլի որդին, որ Ազարիայի որդին, որ Սոփոնիայի որդին,

37

որ Թաաթի որդին, որ Ասիրի որդին, որ Աբիասափի որդին, որ Կորխի որդին,

38

որ Իսահառի որդին, որ Կահաթի որդին, որ Ղեւիի որդին, որ Իսրայէլի որդին էր։

39

Անոր աջ կողմը կայնողը իր եղբայրն էր՝ Ասափ. Ասափ՝ որ Բարաքիայի որդին, որ Սամաայի որդին,

40

որ Միքայէլի որդին, որ Բաասիայի որդին, որ Մեղքիայի որդին,

41

որ Աթանիի որդին, որ Զարայի որդին, որ Ադայիայի որդին,

42

որ Եթանի որդին, որ Զամմայի որդին, որ Սեմէիի որդին,

43

որ Յէթի որդին, որ Գերսոնի որդին, որ Ղեւիի որդին էր։

44

Անոնց եղբայրները՝ Մերարիի որդիները, ձախ կողմը կը կայնէին. Եթան՝ որ Կիսեայի որդին, որ Աբդիի որդին, որ Մալուքի որդին,

45

որ Ասաբիայի որդին, որ Ամասիայի որդին, որ Քեղկիայի որդին,

46

որ Ամասիի որդին, որ Բանիի որդին, որ Սամերի որդին,

47

որ Մոհողիի որդին, որ Մուսիի որդին, որ Մերարիի որդին, որ Ղեւիի որդին էր։

48

Անոնց եղբայրները՝ Ղեւտացիները՝ Աստուծոյ տան խորանին ամբողջ ծառայութեան 7նուիրուած էին։


ԱՀԱՐՈՆԻ ԶԱՐՄԸ

49

Իսկ Ահարոն եւ անոր որդիները ողջակէզի զոհասեղանին վրայ՝ ողջակէզ, ու խունկի զոհասեղանին վրայ՝ խունկ կը մատուցանէին, Սրբութիւններու սրբութեան ամբողջ գործը կատարելով եւ Իսրայէլի համար քաւութիւն ընելով, Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսի բոլոր պատուիրածներուն համաձայն։

50

Ահա՛ւասիկ Ահարոնի որդիները.— անոր որդին՝ Եղիազար, անոր որդին՝ Փենեհէս, անոր որդին՝ Աբիսուա,

51

անոր որդին՝ Բոկկի, անոր որդին՝ Ոզի, անոր որդին՝ Զարիա,

52

անոր որդին՝ Մարիոթ, անոր որդին՝ Ամարիա, անոր որդին՝ Աքիտովբ,

53

անոր որդին՝ Սադովկ, անոր որդին՝ Աքիմաաս։


ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԲՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

54

Ահա՛ւասիկ իրենց բնակութիւնները՝ իրենց գիւղակներով, իրենց հողամասերուն մէջ.— Կահաթեաններու տոհմէն՝ Ահարոնի որդիներուն — քանի որ վիճակը նախ անոնց 8ելաւ —

55

անոնց տուին Յուդայի երկրին մէջ՝ Քեբրոնը եւ անոր շրջակայ արուարձանները.

56

Բայց այդ քաղաքին արտերն ու անոր աւանները Յեփոնեան Քաղէբի տուին։

57

Յուդայի քաղաքներէն Ահարոնի որդիներուն տուին Քեբրոնը (որ ապաստանի քաղաք էր), Լեբնան՝ իր արուարձաններով, Յաթիրը, Եսթեմովը՝ իր արուարձաններով,

58

Քիլէնը՝ իր արուարձաններով, Դաբիրը՝ իր արուարձաններով,

59

Ասանը՝ իր արուարձաններով, ու Բեթսամիւսը՝ իր արուարձաններով.

60

իսկ Բենիամինի տոհմէն՝ Գաբան իր արուարձաններով, Գաղեմէթը իր արուարձաններով, եւ Անաթովթը իր արուարձաններով։ Անոնց տոհմերուն բոլոր քաղաքները տասներեք քաղաք էին։

61

Այդ տոհմին տոհմերէն միւս Կահաթի որդիներուն՝ Մանասէի կէս տոհմէն տասը քաղաք տրուեցաւ վիճակով։

62

Գերսոնի որդիներուն՝ Իսաքարի տոհմէն, Ասերի տոհմէն, Նեփթաղիմի տոհմէն, ու Բասանի մէջ բնակող Մանասէի տոհմէն տասներեք քաղաք տրուեցաւ՝ իրենց տոհմերուն համեմատ։

63

Մերարիի որդիներուն՝ Ռուբէնի տոհմէն, Գադի տոհմէն եւ Զաբուղոնի տոհմէն տասներկու քաղաք տրուեցաւ վիճակով՝ իրենց տոհմերուն համեմատ։

64

Իսրայէլի որդիները այս քաղաքները՝ իրենց արուարձաններով՝ Ղեւտացիներուն տուին։

65

Յուդայի որդիներուն տոհմէն, Շմաւոնի որդիներուն տոհմէն ու Բենիամինի որդիներուն տոհմէն՝ վիճակով տուին այս անունով յիշուած քաղաքները։

66

Կահաթի որդիներուն մնացած տոհմերը՝ Եփրեմի տոհմէն ունեցան իրենց հողամասին քաղաքները։

67

Անոնց տուին՝ Եփրեմի լեռնակողմը եղող ապաստանի քաղաքներէն՝ Սիւքէմը իր արուարձաններով, նաեւ Գազերը՝ իր արուարձաններով,

68

Յեկմամը՝ իր արուարձաններով, Բեթորոնը՝ իր արուարձաններով,

69

Այեղոնը՝ իր արուարձաններով, ու Գեթռեմոնը՝ իր արուարձաններով։

70

Մանասէի կէս տոհմէն ալ Աները՝ իր արուարձաններով եւ Յեբղաամը՝ իր արուարձաններով տուին Կահաթի որդիներուն մնացած տոհմին։

71

Գերսոնի որդիներուն տուին՝ Մանասէի կէս տոհմին տոհմէն՝ Բասանի մէջ Գովղան իր արուարձաններով ու Աստարովթը իր արուարձաններով.

72

Իսաքարի տոհմէն՝ Կադէսը իր արուարձաններով, Դաբարաթը իր արուարձաններով,

73

Ռամովթը իր արուարձաններով, եւ Անամը իր արուարձաններով.

74

Ասերի տոհմէն՝ Մասաղը իր արուարձաններով, Աբդոնը իր արուարձաններով,

75

Հուկոկը իր արուարձաններով, Րոհոբը իր արուարձաններով.

76

Նեփթաղիմի տոհմէն՝ Գալիլեայի մէջ Կադէսը իր արուարձաններով, Համմոնը իր արուարձաններով, ու Կարիաթեմը իր արուարձաններով։

77

Մնացածներուն՝ այսինքն Մերարիի որդիներուն տուին՝ Զաբուղոնի տոհմէն Ռեմոնը իր արուարձաններով, Թաբորը իր արուարձաններով.

78

Երիքովի միւս կողմը — Յորդանանի արեւելեան կողմը — Ռուբէնի տոհմէն՝ անապատին մէջ Բոսորը իր արուարձաններով, Յասսան իր արուարձաններով,

79

Կադեմոթը իր արուարձաններով, Մեփայաթը իր արուարձաններով.

80

Գադի տոհմէն՝ Գաղաադի մէջ Ռամովթը իր արուարձաններով, Մանայիմը իր արուարձաններով,

81

Եսեբոնը իր արուարձաններով, եւ Յազերը իր արուարձաններով։



1 Եբր.՝ տան
2 Եբր.՝ ձեռքին
3 Եբր.՝ կայնեցուց
4 Եբր.՝ հանգստավայր գտնելէն
5 Եբր.՝ պաշտօնին վրայ կը կայնէին
6 Եբր.՝ կայնողները
7 Եբր.՝ տրուած
8 Եբր.՝ եղաւ