1 Chronicles 7
2 Kings « 1 Chronicles 6 ‹ 1 Chronicles 7 › 1 Chronicles 8 » 2 Chronicles
ԻՍԱՔԱՐԻ ԶԱՐՄԸ
1Իսաքարի որդիները՝ Թովղա, Փուա, Յասուբ եւ Սամրոն՝ չորս էին։
2Թովղայի որդիները՝ Ոզի, Հռափայիա, Յերիէլ, Յեմայի, Յեբսամ ու Սամուէլ, իրենց — Թովղայի — նահապետութիւններուն գլխաւորներն էին, եւ իրենց 1սերունդին մէջ զօրաւոր կտրիճներ։ Դաւիթի օրերը անոնց թիւը քսաներկու հազար վեց հարիւր էր։
3Ոզիի որդին՝ Յեզերիա, ու Յեզերիայի որդիները՝ Միքայէլ, Աբդիա, Յովէլ եւ Յեսիա՝ հինգ էին, բոլորն ալ՝ գլխաւորներ։
4Անոնց հետ՝ իրենց ծնունդներուն ու նահապետութիւններուն համեմատ՝ պատերազմի գունդեր կային, երեսունվեց հազար զօրք, քանի որ շատ կիներ եւ որդիներ ունէին։
5Անոնց եղբայրները — զօրաւոր կտրիճներ — Իսաքարի բոլոր տոհմերուն մէջ՝ ութսունեօթը հազար էին բոլորը միասին, իրենց ազգահամարին համեմատ։
ԲԵՆԻԱՄԻՆԻ ՈՒ ԴԱՆԻ ԶԱՐՄԵՐԸ
6Բենիամինին որդիները՝ Բաղա, Բոքոր ու Յեդիէլ, երեք էին։
7Բաղայի որդիները՝ Եսբոն, Ոզի, Ոզիէլ, Յերիմովթ եւ Իրի — իրենց նահապետութեան գլխաւորներն ու զօրաւոր կտրիճները — հինգ էին. անոնց ազգահամարին մէջ արձանագրուածները քսաներկու հազար երեսունչորս էին։
8Բոքորի որդիներն էին՝ Զամիրա, Յովաս, Եղիազար, Եղիովենայի, Ամրի, Յերիմովթ, Աբիա, Անաթովթ ու Գաղեմէթ.
9ասոնք բոլորը Բոքորի որդիներն էին։ Այս նահապետութեան գլխաւորներուն ու զօրաւոր կտրիճներուն ծնունդներու ազգահամարին մէջ՝ քսան հազար երկու հարիւր հոգի կար։
10Յեդիէլի որդին էր Բաղղան, ու Բաղղանի որդիները՝ Յէուս, Բենիամին, Աւովդ, Քանանա, Զեթան, Թարսիս եւ Աքիսաար։
11Այս բոլոր Յեդիէլի որդիները՝ իրենց 2նահապետներով ու զօրաւոր կտրիճներով՝ տասնեօթը հազար երկու հարիւր պատերազմի 3գացող զօրքեր էին։
12Սուփիմ եւ Ոփիմ Իրիի որդիներն էին, Հուսիմ ալ Աքերի որդին էր։
13Նեփթաղիմի որդիները՝ Յասիէլ, Գունի, Յասեր ու Սեղղում՝ Բաղղա ստրկուհիին որդիներն էին։
ՄԱՆԱՍԷԻ ԶԱՐՄԸ
14Մանասէի որդիներն էին՝ Ասրիէլ, որ իր կինը ծնաւ, ու Գաղաադի հայրը՝ Մաքիր, որ իր ասորի հարճը ծնաւ։
15Մաքիր իրեն իբր կին առաւ Ոփիմի ու Սուփիմի քոյրը, որուն անունը Մաաքա էր. երկրորդ որդիին անունը Սալպաադ էր։ Սալպաադ միայն աղջիկներ ունեցաւ։
16Մաքիրի կինը՝ Մաաքա որդի մը ծնաւ, եւ անոր անունը Փարէս կոչեց։ Անոր եղբօր անունը Սարէս էր. անոր որդիներն էին՝ Ուղամ ու Րոկոմ.
17Ուղամի որդին էր Բեդան։ Ասո՛նք էին Մանասէի որդիին՝ Մաքիրի որդիին՝ Գաղաադի որդիները։
18Անոր քոյրը՝ Մաղեքէթ ծնաւ Եսուդը, Աբիեզերն ու Մաալան։
19Սեմիդայի որդիներն էին՝ Աքիան, Սիւքէմ, Ղակէի եւ Անիամ։
ԵՓՐԵՄԻ ԶԱՐՄԸ
20Եփրեմի որդիներն էին՝ Սուտաղա, (եւ անոր որդին՝ Բարադ, անոր որդին՝ Եղիադա, անոր որդին Թաաթ,
21անոր որդին՝ Զաբադ, անոր որդին՝ Սուտաղա,) նաեւ Եզեր ու Եղիադ։ Այդ երկրին մէջ ծնած Գեթացիները զանոնք մեռցուցին, որովհետեւ իջեր էին որ անոնց խաշինքը յափշտակեն։
22Անոնց հայրը՝ Եփրեմ շատ օրեր սգաց, եւ անոր եղբայրները զինք մխիթարելու գացին։
23Ան իր կնոջ մտաւ, ու ան յղանալով որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը 4Բարիա կոչեց, որովհետեւ իր տան վրայ չարիք եկած էր։
24Անոր աղջիկն էր Սէէրա, որ Ստորին ու Վերին Բեթորոնը կառուցանեց, նաեւ Ոզան-Սէէրան։
25Անոր որդին էր Հռափէ. Հռասէփ, եւ անոր որդին՝ Թաղէ, անոր որդին՝ Թահան,
26անոր որդին՝ Ղաադան, անոր որդին՝ Ամիուդ, անոր որդին՝ Եղիսամա,
27անոր որդին՝ Նաւէ, ու անոր որդին՝ Յեսու։
28Անոնց կալուածներն ու բնակութիւնները հետեւեալներն էին.— Բեթէլ եւ անոր գիւղերը, արեւելեան կողմէն՝ Նաարան, արեւմտեան կողմէն՝ Գազեր եւ անոր գիւղերը, Սիւքէմ եւ անոր գիւղերը, մինչեւ Գազա եւ անոր գիւղերը։
29Մանասէի որդիներուն 5սահմաններուն քով՝ Բեթսան ու անոր գիւղերը, Թանաք ու անոր գիւղերը, Մակեդդով ու անոր գիւղերը, Դովր ու անոր գիւղերը։ Իսրայէլի որդիին՝ Յովսէփի որդիները ասոնց մէջ կը բնակէին։
ԱՍԵՐԻ ԶԱՐՄԸ
30Ասերի որդիներն էին՝ Յեմնա, Յեսուա, Յեսուի ու Բարիա, եւ անոնց քոյրը՝ Սարա։
31Բարիայի որդիներն էին՝ Քաբեր ու Մեղքիէլ, որ Բարսայիթի հայրն էր։
32Քաբեր ծնաւ Յափաղէթը, Սովմերն ու Քովթամը, եւ անոնց քոյրը՝ Սովղան։
33Յափաղէթի որդիներն էին՝ Փասաք, Բամայէլ ու Ասուաթ. ասո՛նք էին Յափաղէթի որդիները։
34Սովմերի որդիներն էին՝ Աքի, Հռաոգա, Ոբա եւ Արամ։
35Անոր եղբօր՝ Հելեմի որդիներն էին՝ Սովփա, Յամանա, Սելէս ու Ամաղ։
36Սովփայի որդիները.— Սուա, Առնափար, Սուաղ, Բարի, Յեմրա, Բասար,
37Ովդ, Սամմա, Սաղիսա, Յեթրան ու Բէերա։
38Յեթերի որդիները.— Յեփոնէ, Փասփա եւ Արա։
39Ովղայի որդիները.— Արահ, Անիէլ ու Հռասիա։
40Ասոնք բոլորը Ասերի որդիներն էին՝ նահապետութեան գլխաւորներ, ընտիր ու զօրաւոր կտրիճներ, եւ գլխաւոր իշխաններ։ Անոնց ազգահամարին մէջ պատերազմական զօրքերուն թիւը քսանվեց հազար մարդ էր։