Loading...

1 Chronicles 9

2 Kings  «  1 Chronicles 8  ‹  1 Chronicles 9  ›  1 Chronicles 10  »  2 Chronicles


ՏԱՐԱԳՐՈՒԹԵՆԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՂ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

1

Այսպէս բոլոր Իսրայելացիները ազգահամարին մէջ արձանագրուած էին, եւ ահա՛ Իսրայէլի ու Յուդայի Թագաւորներու գիրքին մէջ արձանագրուած են։ Անոնք իրենց ուխտազանցութեան համար Բաբելոն տարագրուեցան։

2

Առաջին բնակիչները որոնք իրենց քաղաքներուն մէջ՝ իրենց կալուածները վերադարձան՝ Իսրայելացիներն էին, քահանաները, Ղեւտացիներն ու 1Նաթանայիմները։

3

Երուսաղէմի մէջ Յուդայի որդիներէն, Բենիամինի որդիներէն, Եփրեմի ու Մանասէի որդիներէն բնակեցան.—

4

Յուդայի որդիին՝ Փարէսի որդիներէն՝ Բանիի որդիին՝ Իմրիի որդիին՝ Ամրիի որդիին՝ Ամիուդի որդին՝ Ութայի.

5

2Սելոմեաններէն՝ անդրանիկը՝ Ասայիա, եւ անոր որդիները.

6

Զարայի որդիներէն՝ Յէիլ ու անոնց եղբայրները, վեց հարիւր իննսուն մարդ.

7

Բենիամինի որդիներէն՝ Ասանուայի որդիին՝ Ովդուիայի որդիին՝ Մեսուղամի որդին՝ Սալլու.

8

Յերոհամի որդին՝ Յեբնիա. Մաքրիի որդիին՝ Ոզիի որդին՝ Էլա. ու Յեբնիայի որդիին՝ Ռագուէլի որդիին՝ Սափատիայի որդին՝ Մեսուղամ։

9

Անոնց եղբայրները՝ իրենց ծնունդներուն համեմատ՝ ինը հարիւր յիսունվեց մարդ։ Այս բոլոր մարդիկը իրենց 3գերդաստաններուն նահապետներն էին։


ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԲՆԱԿՈՂ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐԸ

10

Քահանաներէն՝ Յեդայիա, Յովարիբ ու Յաքին.

11

Աստուծոյ տան 4վերակացուն, Աքիտովբի որդիին՝ Մարիոթին որդիին՝ Սադովկի որդիին՝ Մեսուղամի որդիին՝ Քեղկիայի որդին՝ Ազարիա.

12

նաեւ Մեղքիայի որդիին՝ Փասուրի որդիին՝ Յերոհամի որդին՝ Ադայիա, ու Եմմերի որդիին՝ Մեսեղամոթի որդիին՝ Մեսուղամի որդիին՝ Եզիրայի որդիին՝ Ադիէլի որդին՝ Մասէ։

13

Անոնց եղբայրները, իրենց նահապետութիւններուն գլխաւորները, հազար եօթը հարիւր վաթսուն զօրաւոր կտրիճներ էին, Աստուծոյ տան ծառայութեան գործին մէջ։


ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԲՆԱԿՈՂ ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐԸ

14

Ղեւտացիներէն, Մերարիի որդիներէն, Ասաբիայի որդիին՝ Եզրիկամի որդիին՝ Ասուբի որդին՝ Սեմայիա,

15

նաեւ Բակբակար, Արէս, Գաղաղ, Ասափի որդիին՝ Զեքրիի որդիին՝ Միքայի՝ որդին՝ Մաթանիա,

16

Իդիթունի որդիին՝ Գաղաղի որդիին՝ Սեմայիայի որդին՝ Աբդիա, ու Եղկանայի որդիին՝ Ասայի որդին՝ Բարաքիա, որ Նետոփաթացիներու գիւղերուն մէջ կը բնակէր։


ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԲՆԱԿՈՂ ՏԱՃԱՐԻՆ ՊԱՀԱՊԱՆՆԵՐԸ

17

Դռնապաններն էին՝ Սեղղում, Ակկուբ, Տեղմոն, Աքիման, եւ անոնց եղբայրները. Սեղղում իրենց գլխաւորն էր։

18

Մինչեւ 5հիմա, թագաւորին դուռը կայնելով՝ որ արեւելեան կողմն է, անոնք Ղեւիի որդիներուն բանակավայրերուն դռնապաններն են։

19

Կորխի որդիին՝ Աբիասափի որդիին՝ Կովրէի որդին՝ Սեղղում, եւ իր եղբայրները — իր հօր տունէն եղող Կորխեանները — ծառայութեան գործին վրայ նշանակուած էին, ու Հանդիպումի վրանին սեմերուն պահապաններն էին։ Անոնց հայրերը Տէրոջ բանակավայրին վրայ նշանակուած էին, եւ մուտքին պահապաններն էին։

20

Եղիազարի որդին՝ Փենեհէս առաջ անոնց առաջնորդն էր, ու Տէրը անոր հետ էր։

21

Մասեղամիայի որդին՝ Զաքարիա Հանդիպումի վրանին մուտքին դռնապանն էր։

22

Ասոնք բոլորը, որ իբր սեմերու դռնապան ընտրուած էին, երկու հարիւր տասներկու հոգի էին։ Ասոնք ազգահամարի մէջ արձանագրուեցան իրենց բնակած գիւղերուն համեմատ։ Դաւիթ ու Սամուէլ տեսանողը զանոնք իրենց 6տեւական պաշտօնին՝՝ վրայ 7հաստատեցին։

23

Անոնք եւ անոնց որդիները Տէրոջ տան, այսինքն՝ վրանին տան դռներուն վրայ նշանակուած էին՝ պահպանութեան համար։

24

Դռնապանները չորս 8կողմերը կը կայնէին՝՝, արեւելեան, արեւմտեան, հիւսիսային ու հարաւային կողմերը։

25

Իրենց գիւղերուն մէջ եղող անոնց եղբայրները ատեն-ատեն կու գային ու եօթը օր անոնց հետ կը կենային.

26

արդարեւ այս չորս գլխաւոր դռնապանները, որոնք Ղեւտացի էին, տեւական պաշտօն ունէին. անոնք նաեւ սենեակներուն եւ Աստուծոյ տան գանձերուն վրայ նշանակուած էին։

27

Աստուծոյ տան շուրջ կը գիշերէին, քանի որ պահպանութիւնը իրենց 9յանձնուած էր. նաեւ ամէն առտու իրե՛նք զայն պիտի բանային։

28

Իրենցմէ ոմանք պաշտամունքի անօթներուն վրայ նշանակուած էին, որպէսզի զանոնք 10համրելով ներս բերէին ու համրելով դուրս հանէին։

29

Իրենցմէ ոմանք ալ ուրիշ անօթներու վրայ 11նշանակուած էին, նաեւ սրբարանին բոլոր առարկաներուն եւ նաշիհին, գինիին, իւղին, կնդրուկին ու բուրաւէտ համեմներուն վրայ։

30

Իսկ բուրաւէտ համեմներուն բաղադրութեամբ օծանելիք շինողները քահանաներուն որդիներն էին։

31

Ղեւտացիներէն՝ Կորխեան Սեղղումի անդրանիկին՝ Մատաթիայի տեւական պաշտօնն էր տապակի մէջ 12եփուածներուն վրայ հսկել։

32

Անոնց եղբայրներէն՝ Կահաթեաններու որդիներէն նշանակուած էին 13առաջադրութեան հացին վրայ, որպէսզի զայն ամէն Շաբաթի համար պատրաստեն։

33

Այս երգողները, այսինքն՝ Ղեւտացիներու նահապետները, սենեակներուն մէջ կը բնակէին եւ ուրիշ պաշտօնէ զերծ էին, քանի ցերեկ ու գիշեր այդ գործին 14սահմանուած էին։

34

Այս Ղեւտացիներուն նահապետները՝ իրենց ծնունդներուն համեմատ գլխաւորներ էին. ասոնք Երուսաղէմ կը բնակէին։


ՍԱՒՈՒՂ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՆԱԽԱՀԱՅՐԵՐՆ ՈՒ ՅԱՋՈՐԴ ԶԱՐՄԸ (Ա. Մնաց. 8. 29-38)

35

Գաբաւոնի մէջ, Գաբաւոնի հայրը՝ Յէիէլ կը բնակէր. անոր կնոջ անունը Մաաքա էր։

36

Անոր անդրանիկ որդին էր Աբդոն. միւս որդիներն էին՝ Սուր, Կիս, Բահաղ, Ներ, Նադաբ,

37

Գեդովր, Աքիով, Զաքարիա եւ Մակեղոթ։

38

Մակեղոթ ծնաւ Սամաամը. ասոնք ալ իրենց եղբայրներուն հետ Երուսաղէմ բնակեցան, իրենց եղբայրներուն 15քով։

39

Ներ ծնաւ Կիսը. Կիս ծնաւ Սաւուղը. Սաւուղ ծնաւ Յովնաթանը, Մեղքիսաւէն, Աբինադաբն ու Եսբահաղը։

40

Յովնաթանի որդին էր Մերիբահաղ։ Մերիբահաղ ծնաւ Միքան։

41

Միքայի որդիներն էին՝ Փիթոն, Մելէք, Թարէ եւ Աքազ։

42

Աքազ ծնաւ Յովադան. Յովադա ծնաւ Գաղեմէթը, Ազամօթն ու Զամբրին։ Զամբրի ծնաւ Մոսան.

43

Մոսա ծնաւ Բանաան. անոր որդին էր Ռափայիա, անոր որդին՝ Եղեասա, անոր որդին՝ Եսէլ։

44

Եսէլ վեց որդի ունէր որոնց անունները հետեւեալներն են.— Եզրիկամ, Բոքերու, Իսմայէլ, Սաարիա, Աբդիա, եւ Անան. ասոնք Եսէլի որդիներն էին։



1 Այսինքն՝ տաճարին ծառայութեան ընծայուածները
2 Կամ՝ Սիլոնացիներէն
3 Եբր.՝հայրերու տուներուն
4 Եբր.՝ առաջնորդը
5 Կամ՝ հոս
6 Եբր.՝ հաւատարմութեան
7 Եբր.՝ հիմնեցին
8 Եբր.՝ հովերուն էին
9 Եբր.՝ վրայ
10 Եբր.՝ թիւով
11 Եբր.՝ սահմանուած
12 Եբր.՝ շինուածներուն
13 Եբր.՝ կարգով դրուած
14 Եբր.՝ վրայ նշանակուած
15 Եբր.՝ դիմաց