1 Chronicles 10
2 Kings « 1 Chronicles 9 ‹ 1 Chronicles 10 › 1 Chronicles 11 » 2 Chronicles
ՍԱՒՈՒՂ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՄԱՀԸ (Ա. Թագ. 31. 1-13)
1Փղշտացիները Իսրայէլի դէմ պատերազմեցան։ Իսրայելացիները Փղշտացիներուն առջեւէն փախան, ու Գեղբուէ լերան վրայ խոցուած ինկան։
2Փղշտացիները Սաւուղի եւ անոր որդիներուն ետեւէն հասան, ու Փղշտացիները Սաւուղի որդիները՝ Յովնաթանը, Աբիադաբն ու Մեղքիսաւէն զարկին։
3Պատերազմը Սաւուղի վրայ հետզհետէ սաստկացաւ, եւ 1աղեղնաւորները զայն գտան։ Աղեղնաւորներէն վիրաւորուելով՝
4Սաւուղ իր զինակիրին ըսաւ. «Սո՛ւրդ քաշէ եւ անով զի՛ս խոցէ, որ այս անթլփատները չգան ու զիս չանպատուեն»։ Բայց զինակիրը չուզեց, քանի որ շատ վախցաւ. ուստի Սաւուղ սուրը առաւ եւ անոր վրայ ինկաւ։
5Անոր զինակիրը Սաւուղի մեռնիլը տեսնելով՝ ի՛նք ալ իր սուրին վրայ ինկաւ, ու մեռաւ։
6Այսպէս մեռան Սաւուղ եւ անոր երեք որդիները. անոր ամբողջ տունն ալ միասին մեռաւ։
7Հովիտին մէջ եղող բոլոր Իսրայելացիները, տեսնելով անոնց փախչիլն ու Սաւուղի եւ անոր որդիներուն մեռնիլը, իրենց քաղաքները լքեցին ու փախան։ Փղշտացիներն ալ եկան եւ անոնց մէջ բնակեցան։
8Հետեւեալ օրը Փղշտացիները եկան՝ որ սպաննուածները մերկացնեն, ու Սաւուղը եւ անոր որդիները Գեղբուէի լերան վրայ փռուած գտան։
9Զայն մերկացուցին, անոր գլուխն ու զէնքերը առին, եւ Փղշտացիներու երկրին 2չորս կողմը՝՝ մարդ ղրկեցին՝ այս բաները աւետելու իրենց կուռքերուն ու ժողովուրդին։
10Անոր զէնքերը իրենց աստուծոյն տունը դրին, իսկ անոր գլուխը Դագոնի տան մէջ գամեցին։
11Երբ Գաղաադի Յաբիսի բոլոր բնակիչները լսեցին ինչ որ Փղշտացիները Սաւուղի ըրեր էին,
12բոլոր կտրիճ մարդիկը կանգնեցան, Սաւուղի մարմինն ու անոր որդիներուն մարմինները վերցուցին, եւ զանոնք Յաբիս բերին. անոնց ոսկորները Յաբիսի մէջ՝ բեւեկնիին տակ թաղեցին, ու եօթը օր ծոմ պահեցին։
13Այսպէս մեռաւ Սաւուղ՝ Տէրոջ հանդէպ ուխտազանց ըլլալուն համար. արդարեւ Տէրոջ խօսքը չպահեց, նաեւ վհուկ փնտռեց՝ խորհուրդ հարցնելու համար,
14ու Տէրոջ խորհուրդ չհարցուց. ուստի Տէրը զայն մեռցուց, ու թագաւորութիւնը Յեսսէի որդիին՝ Դաւիթի փոխանցեց։