Loading...

1 Chronicles 11

2 Kings  «  1 Chronicles 10  ‹  1 Chronicles 11  ›  1 Chronicles 12  »  2 Chronicles


ԴԱՒԻԹ ԹԱԳԱՒՈՐ Կ’ԸԼԼԱՅ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԵՒ ՅՈՒԴԱՅԻ ՎՐԱՅ (Բ. Թագ. 5. 1-10)

1

1Ամբողջ Իսրայէլը Դաւիթի քով հաւաքուեցաւ՝ Քեբրոնի մէջ, եւ ըսին. «Ահա՛ մենք քու ոսկորդ ու միսդ ենք։

2

2Նախապէս ալ՝ երբ Սաւուղ թագաւոր էր, Իսրայէլը դուրս հանողն ու ներս բերողը դո՛ւն էիր, եւ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզի ըսաւ. “Իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը դո՛ւն պիտի հովուես, ու իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի վրայ դո՛ւն առաջնորդ պիտի ըլլաս”»։

3

Իսրայէլի բոլոր երէցները Քեբրոն եկան՝ թագաւորին, ու Դաւիթ Տէրոջ առջեւ անոնց հետ դաշինք կնքեց՝ Քեբրոնի մէջ։ Անոնք ալ Դաւիթը Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցին, ինչպէս Տէրը Սամուէլի 3միջոցով ըսեր էր։

4

Դաւիթ ամբողջ Իսրայէլի հետ Երուսաղէմ, այսինքն՝ Յեբուս գնաց. հոն այդ երկրին բնակիչները՝ Յեբուսացիները կը բնակէին։

5

Յեբուսի բնակիչները Դաւիթի ըսին. «Հոս պիտի չմտնես»։ Բայց Դաւիթ գրաւեց Սիոնի բերդը, (որ Դաւիթի քաղաք կը կոչուի)։

6

Դաւիթ ըսաւ. «Առաջին անգամ ո՛վ որ Յեբուսացիները զարնէ, անիկա՛ գլխաւոր ու պետ պիտի ըլլայ»։ Առաջին անգամ Շարուհեայի որդին՝ Յովաբ բարձրացաւ, եւ անիկա՛ գլխաւոր եղաւ։

7

Դաւիթ այդ բերդին մէջ բնակեցաւ. հետեւաբար ան Դաւիթի քաղաքը կոչուեցաւ։

8

Դաւիթ քաղաքին շրջակայքը կառուցանեց, այսինքն՝ 4Մելոնը եւ անոր շրջակայքը. Յովաբ քաղաքին մնացեալ մասերը նորոգեց։

9

Դաւիթ 5հետզհետէ կը մեծնար, ու զօրքերու Տէրը անոր հետ էր։


ԴԱՒԻԹԻ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ԶՕՐԱՎԱՐՆԵՐԸ (Բ. Թագ. 23. 8-39)

10

Ահա՛ւասիկ Դաւիթի գլխաւոր զօրաւորները, որոնք անոր թագաւորութեան մէջ իրեն 6թիկունք եղան՝՝ ամբողջ Իսրայէլի հետ, որպէսզի զինք թագաւոր նշանակեն, Տէրոջ Իսրայէլի մասին ըսած խօսքին համաձայն։

11

Ահա՛ւասիկ Դաւիթի զօրաւորներուն թիւը.— Հաքեմոնիի որդին՝ Յեսբաամ 7զօրավարներուն գլխաւորն էր. ան իր նիզակը երեք հարիւր մարդոց վրայ վերցուց, ու զանոնք մէկ անգամէն մեռցուց։

12

Իրմէ ետք, Աքուքացի Դովդայի որդին՝ Եղիազար, որ երեք զօրաւորներէն մէկն էր։

13

Ան Ափեսդոմմինի մէջ Դաւիթի հետ էր, երբ Փղշտացիները հոն հաւաքուեցան պատերազմելու համար։ Արտի բաժին մը կար՝ գարիով լեցուն, ու ժողովուրդը Փղշտացիներուն 8առջեւէն փախաւ։

14

Իսկ 9իրենք 10արտին մէջտեղը 11տեղաւորուեցան, զայն ազատեցին եւ Փղշտացիները զարկին։ Տէրը մեծ փրկութեամբ զիրենք ազատեց։

15

Երեսուն 12զօրագլուխներէն երեքը վէմը իջան՝ Դաւիթի քով, Ոդողոմի քարայրը, երբ Փղշտացիներուն բանակը Ռափայիններու հովիտին մէջ բանակած էր։

16

Այն ատեն Դաւիթ բերդին մէջ էր, իսկ Փղշտացիները այն ատեն պահակազօրք ունէին Բեթլեհէմի մէջ։

17

Դաւիթ փափաքելով՝ ըսաւ. «Բեթլեհէմի դուռը եղող ջրհորէն ո՞վ ինծի ջուր պիտի խմցնէ»։

18

Ուստի այս երեք զօրաւորները Փղշտացիներուն բանակավայրը ճեղքեցին անցան, Բեթլեհէմի դուռը եղող ջրհորէն ջուր քաշեցին, զայն կրեցին ու Դաւիթի բերին. բայց Դաւիթ չուզեց անկէ խմել, հապա զայն թափելով՝ Տէրոջ նուիրեց

19

եւ ըսաւ. «Իմ Աստուածս չարտօնէ՝ որ այս բանը ընեմ։ Միթէ ես այս մարդոց արիւնը պիտի խմեմ, որոնք իրենց 13կեանքը վտանգեցին՝՝. արդարեւ իրենց կեանքը վտանգելով 14զայն բերին». ուստի անկէ խմել չուզեց։ Ասիկա՛ ըրին այդ երեք զօրաւորները։

20

Յովաբին եղբայրը՝ Աբեսսա այդ երեքին գլխաւորն էր։ Ան իր նիզակը երեք հարիւր մարդոց դէմ վերցնելով՝ զանոնք մեռցուց։ Ան երեքին մէջ անուանի էր։

21

Այդ երեքին մէջ՝ միւս երկուքէն աւելի պատուաւոր ըլլալուն համար անոնց պետը եղաւ. բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։

22

Բազմաթիւ քաջագործութիւններ կատարող կաբեսէելացի կտրիճ մարդու մը որդիին՝ Յովիադայի որդին՝ Բանեա, Մովաբի երկու 15առիւծները զարկաւ. նաեւ ձիւնի ժամանակ իջաւ ու գուբին մէջ առիւծը զարկաւ։

23

Ան նաեւ երկայնահասակ — հինգ կանգուն բարձր — եգիպտացի մարդ մը մեռցուց։ Թէեւ Եգիպտացիին ձեռքը ոստայնանկներու գլանին պէս նիզակ մը կար, Բանեա ցուպով մը անոր քով իջաւ, Եգիպտացիին ձեռքէն նիզակը յափշտակեց, եւ անոր նիզակով զայն մեռցուց։

24

Ա՛յս քաջագործութիւնները կատարեց Յովիադայի որդին՝ Բանեա, ու երեք զօրաւորներուն մէջ անուանի եղաւ։

25

Ան ահա՛ երեսունէն աւելի պատուաւոր էր, բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։ Դաւիթ զայն իր 16պահակախումբին վրայ նշանակեց։

26

Իսկ զօրագունդերուն զօրաւորները հետեւեալներն էին.— Յովաբի եղբայրը՝ Ասայէլ, Բեթլեհեմացի Դովդայի որդին՝ Էլէանան,

27

Արովրացի Սամոթ, Փելոնացի Քեղղէս,

28

Թեկուացի Եկգէսի որդին՝ Իրաս, Անաթովթացի Աբիեզեր,

29

Ովսացի Սովբաք, Աքուքացի Եղի,

30

Նետոփաթացի Մահարա, Նետոփաթացի Բաանայի որդին՝ Ալադ,

31

Բենիամինի որդիներուն Գաբաայէն՝ Ռիբայի որդին՝ Եթթի, Փարաթոնացի Բանեա,

32

Գաասի ձորերէն՝ Հուրայ, Արաբաթացի Աբիէլ,

33

Բարումացի Ազամօթ, Սաղաբինացի Եղիաբա,

34

Գեղոնացի Հասեմի որդիներէն՝ Արարացի Սագէի որդին՝ Յովնաթան,

35

Արարացի Սաքաբի որդին՝ Աքիամ, Ովրի որդին՝ Եղիփաղ,

36

Մեքուրաթացի Ոփեր, Փելոնացի Աքիա,

37

Կարմելացի Ասարէ, Ազբիայի որդին՝ Նաարայ,

38

Նաթանի եղբայրը՝ Յովէլ, Ագարայի որդին՝ Մաբար,

39

Ամմոնացի Սելեկ, Շարուհեան Յովաբի զինակիրը՝ Բերովթացի Նահարա,

40

Յեթերացի Իրաս, Յեթերացի Գարեբ,

41

Քետացի Ուրիա, Աղայիի որդին՝ Զաբադ.

42

Ռուբէնեաններուն գլխաւորը, Ռուբէնեան Սիզայի որդին՝ Ադինա, եւ անոր հետ երեսուն մարդ.

43

Մաաքայի որդին՝ Անան, Մաթանացի Յովսափատ,

44

Աստարովթացի Ոզիա, Արոէրացի Քովթամի որդիները՝ Սամա ու Յէիէլ,

45

Սամարիի որդին՝ Յեդիէլ, ու անոր եղբայրը՝ Թիսացի Յովքա,

46

Մահաւացի Եղիէլ, Եղնամի որդիները՝ Յարիբայի եւ Յոսաւիա, Մովաբացի Յեթեմա,

47

Եղիէլ, Ովբէդ ու Մեսոբացի Յեսիէլ։



1 Եբր.՝ Ասոնք են
2 Եբր.՝ Երէկ ու նախորդ օր
3 Եբր.՝ ձեռքով
4 Այսինքն՝ միջնաբերդը
5 Եբր.՝ երթալով
6 Եբր.՝ հետ ուժովցան
7 Կամ՝ երեսունին
8 Եբր.՝ երեսէն
9 Այսինքն՝ երեք զօրաւորները
10 Եբր.՝ բաժինին
11 Եբր.՝ կայնեցան
12 Կամ՝ գլխաւորներէն
13 Եբր.՝ կեանքով գացին
14 Այսինքն՝ ջուրը
15 Եբր.՝ Աստուծոյ առիւծները
16 Կամ՝ ատեանին