Loading...

1 Chronicles 12

2 Kings  «  1 Chronicles 11  ‹  1 Chronicles 12  ›  1 Chronicles 13  »  2 Chronicles


ԲԵՆԻԱՄԻՆԻ ՏՈՀՄԷՆ ԴԱՒԻԹԻ ՆԱԽԿԻՆ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐԸ

1

Ահա՛ւասիկ անոնք՝ որ Սիկելակ եկան Դաւիթի քով, երբ ան դեռ Կիսեան Սաւուղի 1ներկայութենէն հեռու կը մնար՝՝։ Ասոնք զօրաւորներէն ըլլալով՝ պատերազմի մէջ կ’օգնէին։

2

Աղեղներով սպառազինուած էին, ու պարսատիկով քարեր եւ աղեղով նետեր արձակելու համար՝ թէ՛ աջ եւ թէ ձախ ձեռքը կը գործածէին։ Անոնք Սաւուղի եղբայրներէն՝ Բենիամինեաններէն էին։

3

Անոնց գլխաւորն էր Աքիեզեր, յետոյ՝ Յովաս, երկուքն ալ Գաբաացի Սամաայի որդիները. ապա Յեզիէլ ու Փաղէտ՝ Ազամօթի որդիները, Բարաքա, եւ Անաթովթացի Յէու։

4

Գաբաւոնացի Իսմայիա երեսունին մէջ զօրաւոր էր, ու երեսունին վրայ նշանակուած էր. ապա՝ Երեմիա, Յազիէլ, Յոհանան, Գադերացի Յովզաբադ,

5

Եղիոզայ, Յերիմովթ, Բահաղիա, Սամարիա, Յարուփացի Սափատիա,

6

Եղկանա, Յեսիա, Ազարիէլ, Յովեզեր, Յեսբաամ, Կորխեանները,

7

եւ Գեդովրացի Յերոհամի որդիները՝ Յովելա ու Զաբադիա։


ԳԱԴԻ ՏՈՀՄԷՆ ԴԱՒԻԹԻ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐԸ

8

Գադեաններէն ալ Դաւիթի քով 2մեկնեցան՝ անապատին ամրութեան մէջ՝ զօրաւոր կտրիճներ, պատերազմող զինուորներ, ասպար եւ գեղարդ 3գործածող. անոնց դէմքը առիւծի դէմքի կը նմանէր, ու լեռներու վրայի այծեամներուն պէս արագաշարժ էին։

9

Առաջինն էր՝ Եզեր, երկրորդը՝ Աբդիա, երրորդը՝ Եղիաբ,

10

չորրորդը՝ Մասմանա, հինգերորդը՝ Երեմիա,

11

վեցերորդը՝ Եթթի, եօթներորդը՝ Եղիէլ,

12

ութերորդը՝ Յոհանան, իններորդը՝ Եղզաբադ,

13

տասներորդը՝ Երեմիա, տասնմէկերորդը՝ Մաքաբանայ։

14

Ասոնք՝ Գադի որդիներէն՝ զօրքին գլխաւորներն էին. ամենէն պզտիկը՝ 4հարիւրապետ էր, իսկ ամենամեծը՝ 5հազարապետ։

15

Ասոնք էին՝ որ առաջին ամիսը Յորդանանէն անցան, երբ ջուրը իր բոլոր ափերը ողողեր էր, ու հովիտներուն բոլոր բնակիչները փախցուցին՝ դէպի արեւելք եւ արեւմուտք։


ԲԵՆԻԱՄԻՆԷՆ ԵՒ ՅՈՒԴԱՅԷՆ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐ

16

Բենիամինի ու Յուդայի որդիներէն ալ եկան Դաւիթի քով՝ ամրութեան մէջ։

17

Դաւիթ դուրս ելաւ՝ անոնց առջեւ, եւ անոնց պատասխանեց. «Եթէ խաղաղութեան համար եկած էք՝ որ ինծի օգնէք, իմ սիրտս ձեզի հետ պիտի միաբանի. իսկ եթէ զիս թշնամիներուս ձեռքը խաբէութեամբ մատնելու համար եկած էք, թէեւ ձեռքերուս մէջ բռնութիւն մը չկայ, մեր հայրերուն Աստուածը թող տեսնէ ու կշտամբէ»։

18

6Զօրավարներուն 7գլխաւորին՝ Ամեսայիի վրայ Հոգին հանգչեցաւ՝՝, եւ ըսաւ. «Մենք քուկդ ենք ո՛վ Դաւիթ, Ու քեզի հետ պիտի ըլլանք, ո՛վ Յեսսէի որդի. Խաղաղութի՛ւն, խաղաղութի՛ւն քեզի, Եւ խաղաղութի՛ւն քու օգնականներուդ, Քանի քու Աստուածդ քեզի կ’օգնէ»։ Այն ատեն Դաւիթ զանոնք ընդունեց, ու զանոնք իր գունդին գլխաւորներուն մէջ դրաւ։


ՄԱՆԱՍԷԷՆ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐ

19

Մանասէէն ալ Դաւիթի 8կողմը անցան՝՝, երբ ան Փղշտացիներուն հետ Սաւուղի դէմ պատերազմելու գնաց։ Բայց անոնց 9չօգնեցին, քանի որ Փղշտացիներուն նախարարները՝ խորհրդակցելէ ետք՝ զայն արձակեցին, ըսելով. «Ասիկա մեր գլուխներուն գինով իր տիրոջ՝ Սաւուղի կողմը պիտի անցնի»։

20

Երբ ան Սիկելակ կ’երթար, Մանասէէն՝ Եդնա, Յովզաբադ, Յեդիէլ, Միքայէլ, Յովզաբադ, Եղիուս ու Սաղթի — Մանասէի հազարապետները — անոր կողմը անցան։

21

Ասոնք Դաւիթի օգնեցին՝ ասպատակներու 10գունդին վրայ յարձակելով՝՝, որովհետեւ բոլորն ալ զօրաւոր կտրիճներ էին, եւ զօրաբաժիններու պետեր եղան։

22

Արդարեւ այդ ատեն օրէ օր Դաւիթի կու գային՝ անոր օգնելու համար, մինչեւ որ մեծ բանակ մը ունեցաւ՝ Աստուծոյ բանակին պէս։


ԴԱՒԻԹԻ ԶՕՐՔԵՐՈՒՆ ՑԱՆԿԸ

23

Ահա՛ւասիկ թիւերը այն զինեալ 11զօրքերուն, որոնք Դաւիթի եկան՝ Քեբրոն, որպէսզի Տէրոջ 12հրամանին համաձայն անոր փոխանցեն Սաւուղի թագաւորութիւնը.—

24

Յուդայի որդիներէն՝ ասպար ու գեղարդ կրող վեց հազար ութ հարիւր զինեալ զօրք,

25

Շմաւոնի որդիներէն՝ եօթը հազար հարիւր զօրաւոր կտրիճ՝ զինուորութեան համար,

26

Ղեւիի որդիներէն՝ չորս հազար վեց հարիւր։

27

Նաեւ Ահարոնեաններուն առաջնորդը՝ Յովիադա, եւ անոր հետ երեք հազար եօթը հարիւր մարդ.

28

Սադովկ, զօրաւոր ու կտրիճ երիտասարդ մը, եւ անոր հօր տունէն՝ քսաներկու պետ.

29

Սաւուղի եղբայրներէն՝ — Բենիամինի որդիներէն — երեք հազար մարդ, քանի որ մինչեւ այդ ատեն՝ անոնց մեծամասնութիւնը Սաւուղի տան պահպանութիւնը կ’ընէր.

30

Եփրեմի որդիներէն՝ իրենց նահապետութիւններուն անուանի մարդիկը՝ քսան հազար ութ հարիւր զօրաւոր կտրիճներ.

31

Մանասէի կէս տոհմէն՝ տասնութ հազար մարդիկ, որոնք իրենց անուններով որոշուեցան՝ երթալու եւ Դաւիթը թագաւոր հռչակելու.

32

Իսաքարի որդիներէն՝ երկու հարիւր իմաստուն գլխաւորներ, որոնք ժամանակները հասկնալով գիտէին թէ Իսրայէլ ի՛նչ ընելու է, եւ անոնց 13հրամանին ենթարկուող անոնց բոլոր եղբայրները.

33

Զաբուղոնէն՝ զինուորութեան 14գացող եւ ամէն տեսակ պատերազմական զէնքերով պատերազմի շարուող յիսուն հազար մարդ, որոնք 15մէկ սիրտով՝՝ կարգով կը շարուէին.

34

Նեփթաղիմէն՝ հազար պետ, եւ անոնց հետ՝ երեսունեօթը հազար ասպարաւոր ու նիզակաւոր մարդ.

35

Դանեաններէն՝ քսանութ հազար վեց հարիւր պատերազմի շարուողներ.

36

Ասերէն՝ քառասուն հազար զինուորութեան գացող պատերազմի շարուողներ.

37

Յորդանանի անդիի կողմէն՝ Ռուբէնեաններէն, Գադեաններէն եւ Մանասէին կէս տոհմէն՝ ամէն տեսակ 16պատերազմական զէնքերով պատերազմող հարիւր քսան հազար մարդ։

38

Կարգով շարուող այս բոլոր պատերազմիկները կատարեալ սիրտով Քեբրոն եկան՝ Դաւիթը ամբողջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր հռչակելու համար. նաեւ ամբողջ մնացած Իսրայէլն ալ մէկ սիրտով էր՝ Դաւիթը թագաւոր հռչակելու։

39

Հոն երեք օր 17մնացին Դաւիթի հետ՝ ուտելով ու խմելով, քանի որ անոնց եղբայրները իրենց համար ուտելիք պատրաստեր էին։

40

Նոյնիսկ անոնց մօտ եղողները — մինչեւ Իսաքար, Զաբուղոն եւ Նեփթաղիմ — էշերով, ուղտերով, ջորիներով ու եզներով հաց բերին, նաեւ ուտելիքի համար ալիւր, չոր թուզի շարոցներ, չամիչի ողկոյզներ, գինի, իւղ, արջառներ ու ոչխարներ՝ առատութեամբ, որովհետեւ Իսրայէլի մէջ ուրախութիւն կար։



1 Եբր.՝ երեսէն կ’արգիլուէր
2 Եբր.՝ զատուեցան
3 Եբր.՝ զետեղող
4 Եբր.՝ հարիւրի վրայ
5 Եբր.՝ հազարի վրայ
6 Կամ՝ Երեսունին
7 Եբր.՝ գլխաւորը՝ Ամեսայի Հոգիով հագուեցաւ
8 Եբր.՝ ինկան
9 Կամ՝ չօգնեց
10 Կամ՝ անոր գունդին միանալով
11 Եբր.՝ զօրքերու գլխաւորներուն
12 Եբր.՝ բերանին
13 Եբր.՝ բերանին
14 Եբր.՝ դուրս ելլող
15 Եբր.՝ ոչ՝ սիրտով ու սիրտով
16 Եբր.՝ զինուորութեան
17 Եբր.՝ եղան