1 Kings 1
2 Samuel « 2 Samuel 24 ‹ 1 Kings 1 › 1 Kings 2 » 2 Kings
ԴԱՒԻԹ ԾԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
1Դաւիթ թագաւորը ծերացած ու 1տարիքը յառաջացած՝՝ ըլլալով, զինք հագուստներով կը ծածկէին, բայց չէր տաքնար։
2Ուստի անոր ծառաները իրեն ըսին. «2Մեր տիրոջ՝ թագաւորին համար կոյս երիտասարդուհի մը թող փնտռուի, որ թագաւորին առջեւ կայնի, զայն խնամէ եւ անոր ծոցը պառկի, որպէսզի մեր տէրը՝ թագաւորը տաքնայ»։
3Ուստի Իսրայէլի ամբողջ հողամասին մէջ գեղեցիկ երիտասարդուհի մը փնտռեցին, ու Սունամացի Աբիսակը գտնելով՝ զայն թագաւորին բերին։
4Այդ երիտասարդուհին շատ գեղեցիկ էր. ան թագաւորը կը խնամէր եւ անոր կը սպասարկէր, բայց թագաւորը զայն չգիտցաւ։
ԱԴՈՆԻԱ ԿԸ ԳՐԱՒԷ ԳԱՀԸ
5Այն ատեն Ագգիթի որդին՝ Ադոնիա 3հպարտանալով ըսաւ. «Ե՛ս թագաւոր պիտի ըլլամ»։ Իրեն համար կառքեր ու ձիաւորներ պատրաստեց, նաեւ յիսուն մարդ՝ որ իր առջեւէն վազեն։
6Անոր հայրը անոր 4կեանքին մէջ բնաւ 5յանդիմանած չէր զինք, եւ ըսած չէր. «Ինչո՞ւ այսպէս կ՛ընես»։ Ան շատ վայելչագեղ էր, ու իր մայրը զինք Աբիսողոմէ ետք ծներ էր։
76Ան բանակցեցաւ՝՝ Շարուհեայի որդիին՝ Յովաբի եւ Աբիաթար քահանային հետ, որոնք Ադոնիայի հետեւելով՝ անոր օգնեցին։
8Բայց Սադովկ քահանան, Յովիադայի որդին՝ Բանեա, Նաթան մարգարէն, Սեմէի, Ռէի, ու Դաւիթի զօրաւոր մարդիկը Ադոնիայի հետ չէին։
9Ադոնիա Ռովգէլի աղբիւրին մօտ եղող Զոհողէթի քարին քով՝ ոչխարներ, արջառներ ու պարարտ զուարակներ 7զոհեց, եւ իր բոլոր եղբայրները — թագաւորին որդիները — ու Յուդայի բոլոր մարդիկը — թագաւորին ծառաները — հրաւիրեց.
10բայց Նաթան մարգարէն, Բանեան, զօրաւորները եւ իր Սողոմոն եղբայրը չհրաւիրեց։
ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐ Կ’ԸԼԼԱՅ
11Հետեւաբար Նաթան Սողոմոնի մօր՝ Բեթսաբէի ըսաւ. «Չլսեցի՞ր թէ Ագգիթի որդին՝ Ադոնիա թագաւոր եղաւ, բայց մեր տէրը՝ Դաւիթ չի գիտեր։
12Ուրեմն հիմա եկո՛ւր, կ’աղերսե՛մ, եւ քեզի խրատ մը տամ, որպէսզի քու կեանքդ ու որդիիդ՝ Սողոմոնի կեանքը ազատես։
13Գնա՛, Դաւիթ թագաւորին քով մտի՛ր եւ անոր ըսէ՛. “Ո՛վ թագաւոր, իմ տէ՛րս. դուն քու աղախինիդ երդում չըրի՞ր ու չըսի՞ր. "Քու որդիդ՝ Սողոմո՛ն թագաւոր պիտի ըլլայ ինձմէ ետք, եւ անիկա՛ պիտի բազմի իմ գահիս վրայ"։ Ուրեմն ինչո՞ւ Ադոնիա թագաւոր եղաւ”։
14Ահա՛ ես ալ ետեւէդ կու գամ, մինչ դուն տակաւին կը խօսիս հոն՝ թագաւորին հետ, ու խօսքերդ կը 8հաստատեմ»։
15Բեթսաբէ ներքին սենեակը մտաւ՝ թագաւորին քով. թագաւորը շատ ծերացած էր, եւ Սունամացի Աբիսակ թագաւորին կը սպասարկէր։
16Բեթսաբէ խոնարհեցաւ ու թագաւորին երկրպագեց։
17Թագաւորը ըսաւ. «Ի՞նչ կ’ուզես»։ Ինք ալ անոր ըսաւ. «Իմ տէ՛րս, դուն աղախինիդ երդում ըրիր, 9Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ անունով, ըսելով. “Քու որդիդ՝ Սողոմո՛ն թագաւոր պիտի ըլլայ ինձմէ ետք, եւ անիկա՛ պիտի բազմի իմ գահիս վրայ”։
18Բայց ահա՛ հիմա Ադոնիա թագաւոր եղած է, ու դուն չես գիտեր, ո՛վ թագաւոր, իմ տէ՛րս։
19Ան բազմաթիւ արջառներ, պարարտ զուարակներ եւ ոչխարներ զոհեց, ու թագաւորին բոլոր որդիները, Աբիաթար քահանան ու Յովաբ սպարապետը հրաւիրեց. բայց քու ծառադ՝ Սողոմոնը չհրաւիրեց։
20Ուրեմն ո՛վ թագաւոր, իմ տէ՛րս, ամբողջ Իսրայէլի աչքերը քու վրադ են, որպէսզի անոնց իմացնես թէ իմ տիրոջս՝ թագաւորին գահին վրայ իրմէ ետք ո՛վ պիտի բազմի։
21Թէ ոչ, երբ իմ տէրս՝ թագաւորը իր հայրերուն հետ քնանայ, ես ու իմ որդիս՝ Սողոմոն մեղաւոր պիտի սեպուինք»։
22Մինչ ան տակաւին թագաւորին հետ կը խօսէր, ահա՛ Նաթան մարգարէն հասաւ։
23Թագաւորին իմացուցին՝ ըսելով. «Ահա՛ Նաթան մարգարէն եկաւ»։ Երբ ան թագաւորին առջեւ եկաւ, դէմքը մինչեւ գետին խոնարհեցնելով՝ թագաւորին երկրպագեց։
24Յետոյ Նաթան ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, իմ տէ՛րս, միթէ դուն ըսի՞ր. “Ադոնիա՛ թագաւոր պիտի ըլլայ ինձմէ ետք, եւ անիկա՛ պիտի բազմի իմ գահիս վրայ”։
25Քանի որ ան այսօր իջաւ, բազմաթիւ արջառներ, պարարտ զուարակներ ու ոչխարներ զոհեց, եւ թագաւորին բոլոր որդիները, սպարապետներն ու Աբիաթար քահանան հրաւիրեց. եւ ահա՛ անոնք անոր առջեւ կ’ուտեն, կը խմեն ու կ’ըսեն. “Ապրի՜ Ադոնիա թագաւորը”։
26Բայց զիս՝ քու ծառադ, Սադովկ քահանան, Յովիադայի որդին՝ Բանեան եւ քու ծառադ՝ Սողոմոնը չհրաւիրեց։
27Այս բանը արդեօք իմ տիրոջս՝ թագաւորին հրամանո՞վ եղաւ. բայց դուն ծառայիդ չգիտցուցիր թէ քեզմէ ետք ո՛վ պիտի բազմի իմ տիրոջս՝ թագաւորին գահին վրայ»։
28Դաւիթ թագաւորը պատասխանեց. «Ինծի՛ կանչեցէք Բեթսաբէն»։ Ան ալ թագաւորին առջեւ եկաւ ու թագաւորին ներկայացաւ։
29Թագաւորը երդում ըրաւ եւ ըսաւ. «Իմ անձս ամէն տագնապէ ազատող Տէրը կ’ապրի՛.
30ինչպէս քեզի Տէրոջմով՝ Իսրայէլի Աստուծմով երդում ըրի՝ ըսելով. “Քու որդիդ՝ Սողոմո՛ն թագաւոր պիտի ըլլայ ինձմէ ետք, եւ անիկա՛ պիտի բազմի իմ տեղս՝ իմ գահիս վրայ”, ահա՛ այսօր այնպէս պիտի ընեմ»։
31Այն ատեն Բեթսաբէ դէմքը մինչեւ գետին խոնարհեցուց, թագաւորին երկրպագեց եւ ըսաւ. «Իմ տէրս՝ Դաւիթ թագաւորը յաւիտեա՛ն ապրի»։
32Ապա Դաւիթ թագաւորը ըսաւ. «Ինծի՛ կանչեցէք Սադովկ քահանան, Նաթան մարգարէն ու Յովիադայի որդին՝ Բանեան»։ Անոնք ալ թագաւորին առջեւ եկան։
33Թագաւորը անոնց ըսաւ. «Ձեր տիրոջ ծառաները ձեզի՛ հետ առէք, իմ որդիս՝ Սողոմոնը մատա՛կ ջորիիս վրայ հեծցուցէք, եւ զայն Գեհո՛ն իջեցուցէք։
34Սադովկ քահանան ու Նաթան մարգարէն զայն հոն թագաւոր թող օծեն Իսրայէլի վրայ. դուք ալ շեփո՛ր հնչեցուցէք եւ ըսէ՛ք. “Ապրի՜ Սողոմոն թագաւորը”։
35Իր ետեւէն դո՛ւք ալ բարձրացէք, ու ինք թող գայ եւ իմ գահիս վրայ բազմի. իմ տեղս ի՛նք թագաւոր պիտի ըլլայ, քանի որ ես զի՛նք առաջնորդ 10նշանակեցի Իսրայէլի վրայ ու Յուդայի վրայ»։
36Այն ատեն Յովիադայի որդին՝ Բանեա թագաւորին պատասխանեց. «Ամէ՛ն. Տէրը, իմ տիրոջս՝ թագաւորին Աստուածն ալ այդպէս ըսէ։
37Ինչպէս Տէրը իմ տիրոջս՝ թագաւորին հետ էր, Սողոմոնի հետ ալ ըլլայ, եւ անոր գահը իմ տիրոջս՝ Դաւիթ թագաւորին գահէն աւելի 11բարձրացնէ»։
38Այն ատեն Սադովկ քահանան, Նաթան մարգարէն ու Յովիադայի որդին՝ Բանեա, 12Քերեթիները եւ 13Փելեթիները իջան, Սողոմոնը Դաւիթ թագաւորին մատակ ջորիին վրայ հեծցուցին, ու զայն Գեհոն տարին։
39Սադովկ քահանան Հանդիպումի վրանէն իւղին եղջիւրը առաւ ու Սողոմոնը օծեց. ապա շեփորը հնչեցուցին եւ ամբողջ ժողովուրդը ըսաւ. «Ապրի՜ Սողոմոն թագաւորը»։
40Ամբողջ ժողովուրդը անոր ետեւէն բարձրացաւ. ժողովուրդը սրինգներ նուագելով մեծապէս կ’ուրախանար, այնպէս որ անոնց ձայնէն գետինը կը 14դղրդար։
41Ադոնիա եւ անոր հետ եղող բոլոր հրաւիրեալները լսեցին, մինչ անոնք ճաշը կ’աւարտէին։ Յովաբ շեփորին ձայնը լսելով՝ ըսաւ. «Ի՞նչ է այս դղրդիւնի աղմուկը, որ քաղաքէն կ’ելլէ»։
42Մինչ ան տակաւին կը խօսէր, ահա՛ Աբիաթար քահանային որդին՝ Յովնաթան եկաւ։ Ադոնիա անոր ըսաւ. «Եկո՛ւր, քանի որ դուն քաջ մարդ մըն ես, ու բարի աւետիս կը բերես»։
43Յովնաթան Ադոնիայի պատասխանեց. «Իրաւ է թէ մեր տէրը՝ Դաւիթ թագաւորը՝ Սողոմոնը թագաւոր նշանակեց։
44Թագաւորը Սադովկ քահանան, Նաթան մարգարէն եւ Յովիադայի որդին՝ Բանեան, Քերեթիներն ու Փելեթիները անոր հետ ղրկեց, եւ զայն թագաւորին մատակ ջորիին վրայ հեծցուցին։
45Սադովկ քահանան ու Նաթան մարգարէն զինք Գեհոնի մէջ թագաւոր օծեցին եւ անկէ ուրախութեամբ բարձրացան, ու քաղաքը դղրդաց։ Ա՛յս է ձեր լսած աղմուկը։
46Նաեւ Սողոմոն թագաւորութեան գահին վրայ բազմեցաւ,
47եւ թագաւորին ծառաներն ալ մեր տէրը՝ Դաւիթ թագաւորը օրհնելու եկան, ու ըսին. “Քու Աստուածդ Սողոմոնի անունը քու անունէդ աւելի մեծցնէ, եւ անոր գահը քու գահէդ աւելի բարձրացնէ”։ Թագաւորն ալ իր անկողինին վրայ երկրպագեց։
48Նաեւ թագաւորը սա՛ ըսաւ. “Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը, որ այսօր իմ գահիս վրայ բազմող մը տուաւ, ու իմ աչքերս տեսան”»։
49Ադոնիայի բոլոր հրաւիրեալները սարսռացին, եւ կանգնելով՝ իւրաքանչիւրը իր ճամբան գնաց։
50Ադոնիա 15Սողոմոնէն վախցաւ. ուստի կանգնելով՝ գնաց ու զոհասեղանին եղջիւրները բռնեց։
51Սողոմոնի պատմեցին. «Ահա՛ Ադոնիա Սողոմոն թագաւորէն վախցաւ. ահա՛ ան զոհասեղանին եղջիւրները բռնած է՝ ըսելով. “Սողոմոն թագաւորը այսօր ինծի երդում թող ընէ թէ իր ծառան սուրով պիտի չմեռցնէ”»։
52Սողոմոն ըսաւ. «Եթէ ան 16առաքինի ըլլայ, իրմէ ո՛չ մէկ մազ գետին պիտի իյնայ. բայց եթէ անոր վրայ չարութիւն գտնուի, այն ատեն պիտի մեռնի»։
53Սողոմոն թագաւորը մարդ ղրկեց, եւ զայն զոհասեղանէն իջեցուցին։ Ան ալ եկաւ ու Սողոմոն թագաւորին երկրպագեց։ Սողոմոն անոր ըսաւ. «Տո՛ւնդ գնա»։