1 Kings 2
2 Samuel « 1 Kings 1 ‹ 1 Kings 2 › 1 Kings 3 » 2 Kings
ԴԱՒԻԹԻ ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱՀԱՆԳՆԵՐԸ ՍՈՂՈՄՈՆԻ
1Երբ Դաւիթի մեռնելու օրերը մօտեցան, իր որդիին՝ Սողոմոնի պատուէր տուաւ՝ ըսելով.
2«Ահա՛ ես ամբողջ երկրի ճամբան կ’երթամ, իսկ դուն ուժովցի՛ր ու 1քաջասի՛րտ եղիր։
3Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ հրահանգնե՛րը պահէ, որպէսզի անոր ճամբաներէն ընթանաս եւ անոր կանոնները, պատուիրանները, 2դատավճիռներն ու վկայութիւնները պահես, ինչպէս Մովսէսի Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. որպէսզի ի՛նչ որ ընես եւ ո՛ւր որ երեսդ դարձնես՝ 3յաջողիս.
4որպէսզի Տէրը իր խօսքը իրագործէ, որ իմ մասիս խօսեցաւ՝ ըսելով. “Եթէ քու որդիներդ իրենց ճամբաներուն ուշադիր ըլլան, ու իմ առջեւս ճշմարտութեամբ ընթանան՝ ամբողջ սիրտով եւ ամբողջ անձով, Իսրայէլի գահին վրայէն քեզմէ մարդ պիտի չպակսի”։
5Դուն գիտես ինչ որ Շարուհեայի որդին՝ Յովաբ ինծի ըրաւ, եւ ինչ որ Իսրայէլի երկու սպարապետներուն՝ Ներեան Աբենների ու Յեթերեան Ամեսայիի ըրաւ. արդարեւ զանոնք սպաննեց, խաղաղութեան ատեն պատերազմի արիւն թափեց, եւ իր մէջքի գօտիին ու ոտքի կօշիկներուն վրայ պատերազմի արիւն 4սրսկեց։
6Ուրեմն քու իմաստութեա՛նդ համաձայն վարուէ, եւ անոր ճերմակ մազերը խաղաղութեամբ 5դժոխքը մի՛ իջեցներ։
7Բայց Գաղաադացի Բերզելիի որդիներուն հետ կարեկցութեա՛մբ վարուէ, ու սեղանէդ ուտողներուն հետ թող ըլլան. որովհետեւ երբ եղբօրդ՝ Աբիսողոմի 6պատճառով փախայ, ա՛յդպէս կարեկցութեամբ 7ինծի մօտեցան՝՝։
8Ահա՛ Բաւուրիմացի Բենիամինեան Գերայի որդին՝ Սեմէի քու քովդ է։ Ան զիս սաստիկ անէծքով նզովեց այն օրը՝ երբ Մանայիմ կ’երթայի։ Բայց երբ զիս դիմաւորելու համար Յորդանան իջաւ, Տէրոջմով երդում ըրի անոր եւ ըսի. “Քեզ սուրով պիտի չմեռցնեմ”։
9Բայց հիմա զայն անմեղ մի՛ սեպեր, քանի որ դուն իմաստուն մարդ ես ու անոր ինչ ընելիքդ գիտես. անոր ճերմակ մազերը արիւնո՛վ դժոխքը իջեցուր»։
ԴԱՒԻԹԻ ՄԱՀԸ
10Դաւիթ իր հայրերուն հետ քնացաւ, եւ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։
118Դաւիթ քառասուն տարի թագաւորեց՝՝ Իսրայէլի վրայ. Քեբրոնի մէջ եօթը տարի թագաւորեց, ու Երուսաղէմի մէջ երեսուներեք տարի թագաւորեց։
12Սողոմոն իր հօր՝ Դաւիթի գահին վրայ բազմեցաւ, եւ անոր թագաւորութիւնը մեծապէս հաստատուեցաւ։
ԱԴՈՆԻԱՅԻ ՄԱՀԸ
13Ագգիթի որդին՝ Ադոնիա Սողոմոնի մօր՝ Բեթսաբէի գնաց։ Բեթսաբէ անոր ըսաւ. «Արդեօք խաղաղութեա՞մբ եկար»։ Ան ալ պատասխանեց. «Խաղաղութեամբ»։
14Ապա ըսաւ. «Քեզի խօսելիք մը ունիմ»։ Բեթսաբէ ըսաւ. «Խօսէ՛»։
15Ան ալ ըսաւ. «Դուն լաւ գիտես թէ թագաւորութիւնը իմս էր, եւ ամբողջ Իսրայէլի 9աչքերը իմ վրաս էին՝ որ ե՛ս թագաւոր ըլլամ. բայց թագաւորութիւնը դարձաւ ու եղբօրս եղաւ, քանի որ ի՛րն էր՝ Տէրոջմէն։
16Հիմա քեզմէ մէ՛կ 10բան կը խնդրեմ, 11զիս մի՛ մերժեր՝՝»։ Բեթսաբէ անոր ըսաւ. «Խօսէ՛»։
17Ան ալ ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, Սողոմոն թագաւորին ըսէ՛, (որովհետեւ ան 12քեզ չի մերժեր՝՝,) որ Սունամացի Աբիսակը ինծի տայ իբր կին»։
18Բեթսաբէ պատասխանեց. «Լա՛ւ, քու մասիդ թագաւորին կը խօսիմ»։
19Բեթսաբէ Սողոմոն թագաւորին գնաց, որպէսզի Ադոնիայի մասին անոր խօսի։ Թագաւորը զայն դիմաւորելու համար ոտքի ելաւ եւ անոր երկրպագեց։ Երբ իր գահին վրայ բազմեցաւ, թագաւորին մօր համար ալ աթոռ մը դնել տուաւ, ու մայրը անոր աջ կողմը նստաւ,
20եւ ըսաւ. «Քեզմէ պզտիկ բան մը պիտի խնդրեմ, 13զիս մի՛ մերժեր՝՝»։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Խնդրէ՛, իմ մայրս, որովհետեւ 14քեզ պիտի չմերժեմ՝՝»։
21Ան ալ ըսաւ. «Սունամացի Աբիսակը եղբօրդ՝ Ադոնիայի տուր իբր կին»։
22Սողոմոն թագաւորը իր մօր պատասխանեց. «Դուն ինչո՞ւ Ադոնիայի համար Սունամացի Աբիսակը կը խնդրես. թագաւորութի՛ւնն ալ խնդրէ անոր համար, (քանի որ ան իմ մեծ եղբայրս է,) անոր, Աբիաթար քահանային ու Շարուհեան Յովաբի համար»։
23Սողոմոն թագաւորը Տէրոջմով երդում ըրաւ եւ ըսաւ. «Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելին ընէ, որովհետեւ Ադոնիա այդ խօսքը իր կեանքին դէմ արտասաներ է։
24Ուստի հիմա, զիս հաստատողը, զիս իմ հօրս՝ Դաւիթի գահին վրայ բազմեցնողը, եւ իր խոստումին համաձայն ինծի տուն շինող Տէրը կ’ապրի՛. Ադոնիա ա՛յսօր պիտի մեռցուի»։
25Սողոմոն թագաւորը Յովիադայի որդին՝ Բանեան ղրկեց. ան ալ յարձակեցաւ անոր վրայ, ու 15մեռցուց։
ԱԲԻԱԹԱՐԻ ԱՔՍՈՐԸ ԵՒ ՅՈՎԱԲԻ ՄԱՀԸ
26Թագաւորը Աբիաթար քահանային ըսաւ. «Անաթո՛վթ գնա, քու ագարակդ, քանի որ մեռնելու արժանի ես. բայց այսօր քեզ չեմ մեռցներ, որովհետեւ իմ հօրս՝ Դաւիթի առջեւ Տէր Եհովայի տապանակը կրեցիր, ու հօրս բոլոր տառապանքներուն 16մասնակից եղար՝՝»։
27Սողոմոն Աբիաթարը Տէրոջ քահանայութենէն 17զրկեց, որպէսզի Սելովի մէջ Հեղիի տան համար Տէրոջ ըսած խօսքը 18իրագործէ։
28Այս լուրը Յովաբի հասաւ. (արդարեւ Յովաբ Ադոնիայի հակեցաւ, թէպէտ Աբիսողոմի հակած չէր.) ուստի Յովաբ Տէրոջ Հանդիպումի վրանը փախաւ ու զոհասեղանին եղջիւրները բռնեց։
29Սողոմոն թագաւորին իմացուցին՝ ըսելով. «Յովաբ Տէրոջ վրանը փախաւ, եւ ահա՛ ան զոհասեղանին քով է»։ Սողոմոն Յովիադայի որդին՝ Բանեան ղրկեց ու ըսաւ. «Գնա՛, անոր վրայ յարձակէ՛»։
30Բանեա Տէրոջ վրանը գնաց ու Յովաբի ըսաւ. «Թագաւորը սա՛ կը հրամայէ. “Դո՛ւրս ելիր”»։ Ան ալ ըսաւ. «Ո՛չ, ես հոս պիտի մեռնիմ»։ Բանեա թագաւորին պատմեց. «Յովաբ սա՛ ըսաւ, եւ ինծի սա՛պէս պատասխանեց»։
31Թագաւորն ալ անոր ըսաւ. «Անոր ըսածին համաձա՛յն ըրէ. անոր վրայ յարձակէ՛ ու զայն թաղէ՛, որպէսզի ինձմէ եւ հօրս տունէն հեռացնես Յովաբի թափած անմեղ արիւնը։
32Տէրը անոր թափած արիւնը անոր գլուխը պիտի դարձնէ. որովհետեւ ան, առանց իմ հօրս՝ Դաւիթի գիտակցութեան, իրմէ աւելի արդար ու լաւ երկու մարդոց — Իսրայէլի սպարապետին՝ Ներեան Աբենների, եւ Յուդայի սպարապետին՝ Յեթերեան Ամեսայիի — վրայ յարձակեցաւ ու զանոնք սուրով սպաննեց։
33Ուստի անոնց արիւնը Յովաբի գլուխը եւ անոր զարմին գլուխը պիտի դառնայ յաւիտեան. իսկ Դաւիթի ու անոր զարմին, անոր տան եւ անոր գահին՝ Տէրոջմէն յաւիտեան խաղաղութիւն պիտի ըլլայ»։
34Յովիադայի որդին՝ Բանեա բարձրացաւ, Յովաբի վրայ յարձակեցաւ ու զայն մեռցուց. եւ ան իր տունը թաղուեցաւ՝ անապատին մէջ։
35Թագաւորը անոր տեղ Յովիադայի որդին՝ Բանեան կարգեց զօրքերուն վրայ. նաեւ թագաւորը Սադովկ քահանան կարգեց Աբիաթարի տեղ։
ՍԵՄԷԻԻ ՄԱՀԸ
36Թագաւորը մարդ ղրկեց, Սեմէին կանչեց եւ անոր ըսաւ. «Քեզի տո՛ւն մը կառուցանէ Երուսաղէմի մէջ, ու հո՛ն բնակէ. բայց անկէ դուրս մի՛ ելլեր՝ հոս-հոն երթալու։
37Արդարեւ լա՛ւ գիտցիր թէ այն օրը երբ դուրս ելլես եւ Կեդրոն վտակէն անցնիս, անպատճառ պիտի մեռնիս. քու արիւնդ գլուխդ պիտի ըլլայ»։
38Սեմէի թագաւորին ըսաւ. «Այս խօսքը 19նպաստաւոր է ինծի. իմ տէրս՝ թագաւորը ի՛նչպէս ըսաւ, քու ծառադ ա՛յնպէս պիտի ընէ»։ Ուստի Սեմէի շատ օրեր Երուսաղէմ բնակեցաւ։
39Երեք տարիէն ետք, Սեմէիի երկու ծառաները Գէթի թագաւորին՝ Մաաքայի որդիին՝ Անքուսի քով փախան։ Սեմէիի իմացուցին՝ ըսելով. «Ահա՛ քու ծառաներդ Գէթի մէջ են»։
40Սեմէի կանգնեցաւ, իր էշը համետեց, ու ծառաները փնտռելու համար Գէթ գնաց՝ Անքուսի քով։ Սեմէի գնաց եւ իր ծառաները Գէթէն բերաւ։
41Երբ Սողոմոնի պատմեցին թէ Սեմէի Երուսաղէմէն Գէթ գնաց ու վերադարձաւ,
42թագաւորը մարդ ղրկեց, Սեմէին կանչեց ու անոր ըսաւ. «Քեզի Տէրոջմով երդում ընել չտուի՞ եւ քեզ չազդարարեցի՞՝ ըսելով. “Լա՛ւ գիտցիր թէ այն օրը երբ Երուսաղէմէն ելլես ու հոս-հոն երթաս, անպատճառ պիտի մեռնիս”. դուն ալ ինծի ըսիր. “Լսած խօսքս նպաստաւոր է ինծի”։
43Ուրեմն ինչո՞ւ Տէրոջ երդումին եւ քեզի հրամայած պատուէրիս ուշադիր չեղար»։
44Նաեւ թագաւորը Սեմէիի ըսաւ. «Իմ հօրս՝ Դաւիթի դէմ քու ըրած ամբողջ չարիքդ գիտես, որուն սիրտդ ալ գիտակից է. ուստի Տէրը քու չարութիւնդ գլուխդ պիտի դարձնէ։
45Իսկ Սողոմոն թագաւորը պիտի օրհնուի, ու Դաւիթի գահը Տէրոջ առջեւ յաւիտեան հաստատուի»։
46Թագաւորը Յովիադայի որդիին՝ Բանեայի պատուէր տուաւ. ան ալ դուրս ելաւ եւ անոր վրայ յարձակեցաւ, ու 20մեռցուց։ Այսպէս՝ թագաւորութիւնը Սողոմոնի ձեռքին մէջ հաստատուեցաւ։