1 Kings 3
2 Samuel « 1 Kings 2 ‹ 1 Kings 3 › 1 Kings 4 » 2 Kings
ՍՈՂՈՄՈՆ ԿԸ ԽՆԴՐԷ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ (Բ. Մնաց. 1. 3-12)
1Սողոմոն Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին խնամի եղաւ. Փարաւոնի աղջիկը առաւ իբր կին եւ զայն Դաւիթի քաղաքը բերաւ, մինչեւ որ իր տան, Տէրոջ տան ու Երուսաղէմի շրջակայ պարիսպին կառուցումը աւարտեց։
2Սակայն ժողովուրդը բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէր, քանի որ մինչեւ այդ օրերը Տէրոջ անունին տուն կառուցանուած չէր։
3Սողոմոն Տէրը կը սիրէր, եւ իր հօր՝ Դաւիթի կանոններով կ’ընթանար. միայն թէ բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր։
4Թագաւորը Գաբաւոն գնաց, որպէսզի հոն զոհ մատուցանէ. արդարեւ ա՛ն էր 1գլխաւոր բարձր տեղը։ Սողոմոն այդ զոհասեղանին վրայ հազար ողջակէզ զոհեց։
5Գաբաւոնի մէջ՝ Տէրը գիշերը Սողոմոնի երեւցաւ, երազի մէջ։ Աստուած ըսաւ. «2Բա՛ն մը խնդրէ՝ որ քեզի տամ՝՝»։
6Սողոմոն ըսաւ. «Դուն քու ծառայիդ, իմ հօրս՝ Դաւիթի հետ մեծ կարեկցութեամբ վարուեցար, որովհետեւ ան քու առջեւդ ճշմարտութեամբ, արդարութեամբ եւ քեզի հանդէպ ուղիղ սիրտով ընթացաւ։ Անոր հանդէպ այս մեծ կարեկցութիւնը 3պահեցիր՝ անոր որդի մը տալով, որ այսօր իր գահին վրայ կը բազմի։
7Հիմա, ո՛վ Տէր, իմ Աստուա՛ծս, դուն քու ծառադ իմ հօրս՝ Դաւիթի տեղ թագաւոր նշանակեցիր. բայց ես պզտիկ տղայ մըն եմ, ելլել ու մտնել չեմ գիտեր։
8Քու ծառադ քու ընտրած ժողովուրդիդ մէջ է, բազմաթիւ ժողովուրդ մը՝ որ շատութենէն չի համրուիր եւ չի հաշուուիր։
9Ուստի քու ծառայիդ 4իմաստո՛ւն սիրտ տուր, որպէսզի քու ժողովուրդդ դատէ, ու բարին եւ չարը հասկնայ. արդարեւ այս մեծ ժողովուրդդ ո՞վ կրնայ դատել»։
10Այս խօսքը, այսինքն՝ Սողոմոնի այս բանը խնդրելը, Տէրոջ 5հաճելի եղաւ։
11Ուստի Աստուած անոր ըսաւ. «Քանի այս բանը խնդրեցիր, ու քեզի համար երկար օրեր չխնդրեցիր, քեզի համար հարստութիւն չխնդրեցիր եւ թշնամիներուդ կեանքը չխնդրեցիր, հապա իրաւունքը 6հասկնալու խելք խնդրեցիր քեզի համար,
12ահա՛ քու խօսքիդ համաձայն ըրի։ Քեզի իմաստուն ու խելացի սիրտ մը տուի, այնպէս որ քեզմէ առաջ քեզի պէս ո՛չ մէկը եղած է, ո՛չ ալ քեզմէ ետք քեզի նման մէկը պիտի ելլէ։
13Նաեւ քու չխնդրածդ ալ քեզի տուի՝ թէ՛ հարստութիւն եւ թէ փառք, այնպէս որ քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ՝ թագաւորներուն մէջ քեզի պէս մէ՛կը պիտի չըլլայ։
14Եթէ իմ ճամբաներէս ընթանաս՝ հրամաններս ու պատուիրաններս պահելով, ինչպէս քու հայրդ՝ Դաւիթ ընթացաւ, քու օրերդ պիտի երկարեմ»։
15Սողոմոն արթնցաւ, եւ ահա՛ երազ էր։ Երուսաղէմ եկաւ, Տէրոջ ուխտի տապանակին առջեւ կայնեցաւ, ու ողջակէզներ մատուցանեց եւ խաղաղութեան զոհեր ընծայեց, ու իր բոլոր ծառաներուն խնճոյք սարքեց։
ՍՈՂՈՄՈՆ ԿԸ ԼՈՒԾԷ ԴԺՈՒԱՐ ՀԱՐՑ ՄԸ
16Այն ատեն երկու պոռնիկ կիներ թագաւորին եկան եւ անոր ներկայացան։
17Կիներէն մէկը ըսաւ. «Ո՜հ, իմ տէրս, ես ու այս կինը մէկ տան մէջ կը բնակինք, եւ նոյն տան մէջ՝ անոր քով զաւակ մը ծնայ։
18Իմ ծնանելուս երրորդ օրը՝ այս կինն ալ զաւակ մը ծնաւ։ Մենք միասին էինք. տան մէջ մեզի հետ ո՛չ մէկ օտար կար. միայն մենք երկուքս էինք տան մէջ։
19Այս կնոջ որդին գիշերը մեռաւ, քանի որ ինք անոր վրայ պառկած էր։
20Կէս գիշերին ելաւ, քու աղախինիդ քնացած ատենը՝ իմ որդիս քովէս առաւ ու զայն իր ծոցը պառկեցուց, իսկ իր մեռած որդին իմ ծոցս պառկեցուց։
21Երբ առտուն ելայ՝ որպէսզի որդիս դիեցնեմ, ահա՛ ան մեռած էր։ Երբ առտուն 7ուշադրութիւն դարձուցի անոր՝՝, ահա՛ ան իմ ծնած որդիս չէր»։
22Իսկ միւս կինը ըսաւ. «Ո՛չ, հապա ողջը ի՛մ որդիս է, իսկ մեռածը՝ քո՛ւ որդիդ»։ Սակայն 8առաջինը կ’ըսէր. «Ո՛չ, հապա մեռածը քո՛ւ որդիդ է, իսկ ողջը ի՛մ որդիս է»։ Թագաւորին առջեւ այսպէս կը խօսէին։
23Այն ատեն թագաւորը ըսաւ. «Ասիկա կ’ըսէ. “Իմ որդիս այս ողջն է, իսկ մեռածը քու որդիդ է”. անիկա ալ կ’ըսէ. “Ո՛չ, հապա մեռածը քու որդիդ է, իսկ ողջը իմ որդիս է”»։
24Ուստի թագաւորը ըսաւ. «Ինծի սո՛ւր մը բերէք». ու թագաւորին առջեւ սուր մը բերին։
25Թագաւորը ըսաւ. «Ողջ զաւակը երկուքի՛ բաժնեցէք, եւ կէսը մէկո՛ւն տուէք, կէսն ալ՝ միւսին»։
26Այն կինը՝ որունն էր ողջ որդին՝ թագաւորին խօսեցաւ, քանի որ իր ընդերքը բռնկեցաւ որդիին հանդէպ, եւ ըսաւ. «Ո՜հ, իմ տէրս, ողջ զաւակը անո՛ր տուէք, ու զայն բնա՛ւ մի՛ մեռցնէք»։ Բայց միւսը ըսաւ. «Ո՛չ ինծի ըլլայ, ո՛չ ալ՝ քեզի. զայն բաժնեցէ՛ք»։
27Այն ատեն թագաւորը պատասխանեց եւ ըսաւ. «Ողջ զաւակը ա՛յս կնոջ տուէք, ու զայն բնա՛ւ մի՛ մեռցնէք, քանի որ ասիկա՛ է անոր մայրը»։
28Ամբողջ Իսրայէլը թագաւորին արձակած դատավճիռը լսեց, եւ թագաւորէն վախցան. արդարեւ տեսան թէ անոր վրայ Աստուծոյ իմաստութիւնը կար՝ 9իրաւունքը պաշտպանելու՝՝ համար։