Loading...

1 Kings 4

2 Samuel  «  1 Kings 3  ‹  1 Kings 4  ›  1 Kings 5  »  2 Kings


ՍՈՂՈՄՈՆԻ ՊԱՇՏՕՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

1

Սողոմոն թագաւորը ամբողջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր էր։

2

Ահա՛ւասիկ անոր ունեցած իշխանաւորները.— Սադովկի որդին՝ Ազարիա քահանայ էր.

3

1Սիսայի որդիները՝ Ելիքորէփ եւ Աքիա՝ ատենադպիր էին, Աքիղուդի որդին՝ Յովսափատ 2դիւանադպիր էր։

4

Յովիադայի որդին՝ Բանեա զօրքերուն վրայ նշանակուած էր, իսկ Սադովկ եւ Աբիաթար՝ քահանայ էին։

5

Նաթանի որդին՝ Ազարիա վերակացուներուն վրայ նշանակուած էր, իսկ Նաթանի որդին՝ Զաբուդ քահանաներու վերակացուն էր, ու թագաւորին բարեկամը։

6

Աքիսար՝ 3պալատին վրայ նշանակուած էր, իսկ Աբդայի որդին՝ Ադոնիրամ հարկերուն վրայ։

7

Սողոմոն ամբողջ Իսրայէլի վրայ տասներկու վերակացու ունէր, որոնք թագաւորն ու անոր տունը կը կերակրէին. իւրաքանչիւրը տարին մէկ ամիս կը կերակրէր։

8

Ահա՛ւասիկ անոնց անունները.— Եփրեմի լեռնակողմը՝ 4Բենովր,

9

Մաքասի, Սաղաբինի, Բեթսամիւսի ու Ելոն-Բեթանանի մէջ՝ 5Բենդակար,

10

Արաբովթի մէջ՝ 6Բենհեսեդ — որուն կը վերաբերէին Սոքով եւ Ոփերի ամբողջ երկիրը —,

11

Դովրի ամբողջ բարձունքը՝ 7Բենաբինադաբ — Սողոմոնի աղջիկը՝ Տափաթ՝ անոր կինն էր —,

12

Թանաքի ու Մակեդդովի մէջ, ամբողջ Բեթսանի մէջ՝ որ Սարթանի քով է, Յեզրայէլի ներքեւ, եւ Բեթսանէ մինչեւ Աբէլ-Մաուլա ու մինչեւ Յեկմամի միւս կողմը՝ Աքիղուդի որդին՝ Բաանա,

13

Ռամովթ-Գաղաադի մէջ՝ 8Բենգաբեր — Գաղաադի մէջ եղող Մանասեան Յայիրի գիւղաքաղաքները, եւ Բասանի մէջ եղող Արգովբի նահանգը՝ վաթսուն մեծ պարսպապատ ու պղնձանիգ քաղաքներ՝ անոր կը վերաբերէին —,

14

Մանայիմի մէջ՝ Ադդովի որդին՝ Աքինադաբ,

15

Նեփթաղիմի մէջ՝ Աքիմաաս — ինք ալ Սողոմոնի աղջիկը՝ Բասեմաթը առաւ իբր կին —,

16

Ասերի եւ Բաալոթի մէջ՝ Քուսիի որդին՝ Բաանա,

17

Իսաքարի մէջ՝ Փարուայի որդին՝ Յովսափատ,

18

Բենիամինի մէջ՝ Էլայի որդին՝ Սեմէի,

19

Գաղաադի երկիրը — Ամորհացիներու Սեհոն թագաւորին ու Բասանի Ովգ թագաւորին երկիրը — Ուրիի որդին՝ Գաբեր. այդ երկրին մէջ միայն մէկ վերակացու կար։


ՍՈՂՈՄՈՆԻ ԲԱՐԳԱՒԱՃ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

20

Յուդա եւ Իսրայէլ բազմաթիւ էին. շատութեամբ ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ էին. կ’ուտէին, կը խմէին ու կ’ուրախանային։

21

Սողոմոն բոլոր 9թագաւորութիւններուն վրայ կը տիրէր՝՝, Եփրատ գետէն մինչեւ Փղշտացիներուն երկիրը, եւ մինչեւ Եգիպտոսի սահմանը. անոր ընծաներ կը բերէին ու Սողոմոնի հպատակեցան՝ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ։

22

Սողոմոնի մէկ օրուան 10պարէնը սա՛ էր.— երեսուն քոռ 11նաշիհ եւ վաթսուն քոռ ալիւր,

23

տասը գէր արջառ, քսան արօտական արջառ ու հարիւր ոչխար, բացի եղջերուներէն, այծեամներէն, 12վիթերէն եւ գիրցուած թռչուններէն։

24

Արդարեւ ան Գետին ամբողջ այս կողմին կը տիրապետէր՝ Թափսայէն մինչեւ Գազա, Գետին այս կողմի բոլոր թագաւորներուն վրայ. ամէն կողմէ իր շուրջը եղողներուն հետ խաղաղութեան մէջ էր։

25

Սողոմոնի բոլոր օրերուն մէջ՝ Յուդա եւ Իսրայէլ ապահովութեամբ կը բնակէին, Դանէն մինչեւ Բերսաբէ, իւրաքանչիւրը իր որթատունկին տակ ու թզենիին տակ։

26

Սողոմոն իր կառքի ձիերուն համար քառասուն հազար ախոռ ունէր, եւ տասներկու հազար ձիաւոր։

27

Այդ վերակացուները, իւրաքանչիւրը իր ամսուան մէջ, Սողոմոն թագաւորն ու Սողոմոն թագաւորին սեղանին բոլոր մօտեցողները կը կերակրէին՝ ոչինչ պակսեցնելով։

28

Նաեւ գարի եւ յարդ կը բերէին ձիերուն ու նժոյգներուն համար՝ անոնց եղած տեղը, իւրաքանչիւրը իր 13վրայ դրուած հարկին չափով՝՝։

29

Աստուած Սողոմոնի իմաստութիւն, յոյժ շատ հանճար, եւ ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ սիրտի 14լիութիւն տուաւ։

30

Սողոմոնի իմաստութիւնը բոլոր 15արեւելքցիներու իմաստութենէն ու Եգիպտոսի ամբողջ իմաստութենէն աւելի էր։

31

Ան բոլոր մարդոցմէ աւելի իմաստուն էր. Եզրահացի Եթանէն եւ Մաւուլի որդիներէն՝ Եմանէն, Քալքոլէն ու Դարդայէն աւելի իմաստուն էր, եւ բոլոր շրջակայ ազգերուն մէջ անուանի եղաւ։

32

Ան երեք հազար առակ 16գրեց, ու անոր շարադրած երգերը հազար հինգ հատ էին։

33

Ան ծառերուն վրայ խօսեցաւ, Լիբանանի մայրիէն մինչեւ պատի վրայ բուսնող զոպան։ Նաեւ անասուններու վրայ, թռչուններու վրայ, սողուններու վրայ ու ձուկերու վրայ խօսեցաւ։

34

Բոլոր ժողովուրդներէն Սողոմոնի իմաստութիւնը մտիկ ընելու կու գային, երկրի բոլոր թագաւորներուն կողմէն՝ որ անոր իմաստութեան համբաւը լսած էին։



1 Կամ՝ Սուսայի
2 Եբր.՝ յիշատակութիւններու դպիր
3 Եբր.՝ թագաւորին տան
4 Այսինքն՝ Ովրի որդին
5 Այսինքն՝ Դակարի որդին
6 Այսինքն՝ Հեսեդի որդին
7 Այսինքն՝ Աբինադաբի որդին
8 Այսինքն՝ Գաբերի որդին
9 Եբր.՝ թագաւորութիւնները կը կառավարէր
10 Եբր.՝ հացը
11 Այսինքն՝ նուրբ ալիւր
12 Կամ՝ գոմէշներէն
13 Եբր.՝ կանոնին համաձայն
14 Եբր.՝ ընդարձակութիւն
15 Եբր.՝ արեւելքի որդիներու
16 Եբր.՝ խօսեցաւ