Loading...

1 Kings 6

2 Samuel  «  1 Kings 5  ‹  1 Kings 6  ›  1 Kings 7  »  2 Kings


ՍՈՂՈՄՈՆ ԿԸ ՇԻՆԷ ՏԱՃԱՐԸ

1

Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն չորս հարիւր ութսուներորդ տարին, ու Սողոմոնի Իսրայէլի վրայ թագաւորելուն չորրորդ տարին, Զիու ամսուան՝ այսինքն երկրորդ ամսուան մէջ, ան Տէրոջ տունը 1սկսաւ կառուցանել՝՝։

2

Սողոմոն թագաւորին՝ Տէրոջ համար կառուցանած տան երկայնքը վաթսուն կանգուն էր, լայնքը՝ քսան, ու բարձրութիւնը՝ երեսուն կանգուն։

3

Տան տաճարին առջեւի ներքնագաւիթը քսան կանգուն երկայնք ունէր, որ տան լայնքին չափ էր, եւ անոր 2խորութիւնը՝ տան առջեւէն տասը կանգուն էր։

4

Տան 3վանդակապատ պատուհաններ շինեց։

5

Տան պատին շուրջը՝ տան պատին կցուած յարկեր կառուցանեց, թէ՛ տաճարին եւ թէ 4դաբիրին շուրջը. նաեւ շուրջը կողմնակի սենեակներ շինեց։

6

Ստորին յարկին լայնքը հինգ կանգուն էր, ու միջին յարկին լայնքը՝ վեց կանգուն, իսկ երրորդին լայնքը՝ եօթը կանգուն. արդարեւ դուրսէն՝ տան շուրջը՝ միջոցներ ձգեց գերանները հեծցնելու համար, որպէսզի տան պատին մէջ 5չմտնեն։

7

Երբ տունը կը կառուցանուէր, քարահանքին մէջ պատրաստուած քարերով կը կառուցանուէր. ուստի անոր կառուցանուած ատենը՝ մուրճի, տապարի, եւ կամ ուրիշ երկաթէ գործիքի մը ձայնը չլսուեցաւ տան մէջ։

8

Միջին յարկի կողմնակի սենեակներուն մուտքը տան 6աջ կողմն էր, ու դարձող սանդուխով՝ միջին յարկը կը բարձրանային, եւ միջին յարկէն՝ երրորդ յարկը։

9

Տունը կառուցանեց ու զայն աւարտեց. տան ծածքը մայրիի փայտէ գերաններով եւ տախտակի շարքերով շինեց։

10

Ամբողջ տան կցուած յարկերը հինգ կանգուն բարձրութեամբ կառուցանեց. անոնք մայրիի փայտերով տան 7կցուած էին։

11

8Տէրը խօսեցաւ՝՝ Սողոմոնի՝ ըսելով.

12

«Դուն որ այս տունը կը կառուցանես, եթէ իմ կանոններովս ընթանաս, իմ 9դատավճիռներս գործադրես ու իմ բոլոր պատուիրաններս պահես՝ անոնց մէջ ընթանալով, քու վրադ պիտի իրագործեմ այն խօսքը, որ քու հօրդ՝ Դաւիթի ըսի.

13

Իսրայէլի որդիներուն մէջ պիտի բնակիմ, եւ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը պիտի չլքեմ»։


ՏԱՃԱՐԻՆ ՆԵՐՔԻՆ ԿԱՀԱՒՈՐՈՒՄԸ (Բ. Մնաց. 3. 8-14)

14

Սողոմոն տունը կառուցանեց ու զայն աւարտեց։

15

Տան ներքին պատերը մայրիի փայտէ տախտակներով կառուցանեց. տան յատակէն մինչեւ ձեղունը՝ պատերը ներսէն փայտով 10ծածկեց, ու տան յատակը եղեւնափայտէ տախտակներով պատեց։

16

Տան ետեւի կողմին քսան կանգունը՝ մայրիի փայտէ տախտակներով կառուցանեց, յատակէն մինչեւ պատերուն վերեւը. այդ ներքին վայրը կառուցանեց դաբիրին՝ այսինքն Սրբութիւններու սրբութեան համար։

17

Իսկ տունը, այսինքն դաբիրին առջեւի տաճարը, քառասուն կանգուն էր։

18

Տան ներսը եղող մայրիի փայտերուն վրայ 11գնդակներ ու բացուած ծաղիկներ քանդակուած էին։ Բոլորը մայրիի փայտէ ըլլալով՝ ո՛չ մէկ քար կը տեսնուէր։

19

Դաբիրը տան մէջ պատրաստեց՝ ներսը, որպէսզի հոն Տէրոջ ուխտին տապանակը դնէ։

20

Դաբիրին առջեւը — անոր երկայնքը քսան կանգուն էր, լայնքը՝ քսան կանգուն, ու բարձրութիւնը՝ քսան կանգուն, եւ զայն մաքուր ոսկիով պատեց — եղող մայրիի փայտէ զոհասեղանն ալ ոսկիով պատեց։

21

Սողոմոն տան ներսի կողմը մաքուր ոսկիով պատեց. դաբիրին առջեւ ոսկի շղթաներով վարագոյր մը անցուց, ու զայն ալ ոսկիով պատեց։

22

Ամբողջ տունը ոսկիով պատեց, լման տունը՝ ամբողջութեամբ. դաբիրին քովի ամբողջ զոհասեղանն ալ ոսկիով պատեց։

23

Դաբիրին մէջ 12իւղալի փայտէ՝՝ երկու քերովբէ շինեց, տասը կանգուն բարձրութեամբ։

24

Քերովբէին մէկ թեւը հինգ կանգուն էր, ու քերովբէին միւս թեւը՝ հինգ կանգուն. մէկ թեւին ծայրէն մինչեւ միւս թեւին ծայրը՝ տասը կանգուն էր։

25

Միւս քերովբէն ալ տասը կանգուն ունէր. երկու քերովբէներն ալ մէկ չափ եւ մէկ ձեւ ունէին։

26

Մէկ քերովբէին բարձրութիւնը տասը կանգուն էր, ու միւս քերովբէինն ալ նոյնչափ էր։

27

Քերովբէները ներքին տան մէջ դրաւ։ Քերովբէները իրենց թեւերը կը տարածէին. մէկուն թեւը մէկ պատին կը դպչէր, եւ միւս քերովբէին թեւը միւս պատին կը դպչէր. անոնց միւս թեւերը տան մէջտեղը իրարու կը դպչէին, թեւ թեւի։

28

Քերովբէներն ալ ոսկիով պատեց։

29

Տան շրջակայ բոլոր պատերուն վրայ քերովբէներու, արմաւենիներու եւ բացուած ծաղիկներու փորագրութիւններ քանդակեց, թէ՛ ներսի կողմը, թէ՛ ալ դուրսի կողմը։

30

Տան յատակն ալ ոսկիով պատեց, թէ՛ ներսէն եւ թէ դուրսէն։

31

Դաբիրին մուտքին համար՝ իւղալի փայտէ փեղկեր շինեց. վերի սեմն ու դրանդիները՝ պատին մէկ հինգերորդն էին։

32

Իւղալի փայտէ շինուած երկու փեղկերուն վրայ քերովբէներու, արմաւենիներու եւ բացուած ծաղիկներու 13փորագրութիւններ քանդակեց ու զանոնք ոսկիով պատեց, քերովբէներուն եւ արմաւենիներուն վրայ ալ ոսկի տարածելով։

33

Նոյնպէս ալ տաճարին մուտքին համար՝ իւղալի փայտէ դրանդիներ շինեց, որոնք պատին մէկ քառորդն էին։

34

Դրան երկու փեղկերը եղեւնափայտէ էին։ Մէկ փեղկը երկու 14թեւէ ըլլալով կը ծալուէր. միւս փեղկն ալ երկու թեւէ ըլլալով կը ծալուէր։

35

Անոնց վրայ քերովբէներ, արմաւենիներ ու բացուած ծաղիկներ քանդակեց, եւ 15դրուագներուն վրայ յարմարցուած ոսկիով պատեց։

36

Նաեւ ներքին գաւիթը կառուցանեց՝ երեք կարգ տաշուած քարերով ու մէկ կարգ մայրիի փայտէ 16հեծաններով։

37

Տէրոջ տան հիմը չորրորդ տարին՝ Զիու ամսուան մէջ դրուեցաւ,

38

ու տասնմէկերորդ տարին՝ Բուլ ամսուան, այսինքն՝ ութերորդ ամսուան մէջ տունը աւարտեցաւ, իր բոլոր 17մասերով եւ իրեն վերաբերեալ ամբողջ ձեւին համեմատ։ Այսպէս՝ եօթը տարուան մէջ կառուցանեց զայն։



1 Եբր.՝ կը կառուցանէր
2 Եբր.՝ լայնքը
3 Կամ՝ ներսէն՝ լայն, դուրսէն՝ նեղ
4 Այսինքն՝ սրբավայրին
5 Եբր.՝ չբռնուին
6 Այսինքն՝ հարաւային
7 Եբր.՝ բռնուած
8 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
9 Կամ՝ սովորութիւններս
10 Եբր.՝ պատեց
11 Եբր.՝ դառն վարունգներ
12 Կամ՝ վայրենի ձիթենիէ, եւ կամ՝ նոճիէ
13 Եբր.՝ քանդակներ
14 Եբր.՝ վարագոյրէ
15 Այսինքն՝ քանդակներուն
16 Կամ՝ տաշուած կոճղերով
17 Եբր.՝ բաներով