Loading...

1 Kings 7

2 Samuel  «  1 Kings 6  ‹  1 Kings 7  ›  1 Kings 8  »  2 Kings


ՍՈՂՈՄՈՆԻ ՊԱԼԱՏԸ

1

Սողոմոն իր տունը տասներեք տարուան մէջ կառուցանեց եւ ամբողջովին աւարտեց։

2

Նախ Լիբանանի անտառին տունը կառուցանեց. անոր երկայնքը հարիւր կանգուն էր, լայնքը՝ յիսուն կանգուն, ու բարձրութիւնը՝ երեսուն կանգուն։ Չորս կարգ մայրիի փայտէ սիւներու վրայ կառուցանեց, եւ սիւներուն վրայ մայրիի փայտէ հեծաններ դրաւ։

3

Նաեւ մայրիի փայտէ ծածք մը շինեց այն տախտակներուն վրայ՝ որոնք քառասունհինգ սիւներու վրայ էին, իւրաքանչիւր կարգի մէջ տասնհինգ հատ։

4

Երեք կարգ իրարու դիմաց շարուած վանդակաւոր պատուհաններ կային։

5

Բոլոր մուտքերն ու դրանդիները քառակուսի էին, եւ վանդակաւոր պատուհանները իրարու դիմաց՝ երեք կարգ էին։

6

Սիւներու դահլիճը շինեց. երկայնքը՝ յիսուն կանգուն, իսկ լայնքը՝ երեսուն կանգուն։ Անոնց առջեւ դահլիճ մըն ալ կար՝ սիւներով, եւ ճակատին՝ 1ամպհովանի մը։

7

Նաեւ Գահի դահլիճը շինեց, ուր կը դատէր. ան Դատաստանի դահլիճ ալ կը կոչուէր։ Յատակէն մինչեւ 2ձեղունը մայրիի փայտով ծածկուած էր։

8

Իր բնակած տունը նոյնպէս շինուած էր՝ ուրիշ գաւիթի մը մէջ, դահլիճին ետեւը։ Փարաւոնի աղջիկին համար ալ, որ առեր էր իբր կին, Սողոմոն այս դահլիճին պէս տուն մը շինեց։

9

Այս բոլորը — հիմէն մինչեւ առաստաղը, դուրսի կողմէն մինչեւ մեծ գաւիթը — հոյակապ քարերով շինուած էին, տաշուած քարերու չափով, ներսէն ու դուրսէն 3սղոցուած։

10

Հիմն ալ հոյակապ քարերէ շինուած էր, մեծ քարերէ — տասը կանգուն քարերէ եւ ութ կանգուն քարերէ։

11

Վրան ալ հոյակապ քարեր կային՝ տաշուած քարերու չափով, նաեւ մայրիի փայտ։

12

Մեծ գաւիթին շուրջը՝ երեք կարգ տաշուած քարեր ու մէկ կարգ մայրիի փայտէ հեծաններ կային, ինչպէս Տէրոջ տան ներքին գաւիթին եւ տան ներքնագաւիթին շուրջ։


ՔԻՐԱՄԻ ԳՈՐԾԸ

13

Սողոմոն թագաւորը մարդ ղրկեց, ու Տիւրոսէն Քիրամը բերել տուաւ։

14

Ան Նեփթաղիմի տոհմէն այրի կնոջ մը որդին էր. անոր հայրը տիւրացի պղնձագործ մըն էր։ Այս մարդը պղինձէ ամէն տեսակ գործեր ընելու իմաստութիւն, հանճար ու գիտութիւն ունէր. Սողոմոն թագաւորին եկաւ եւ անոր ամբողջ գործը կատարեց։

15

Պղինձէ երկու սիւն ձուլեց. մէկ սիւնին բարձրութիւնը տասնութ կանգուն էր, ու 4շրջագիծը տասներկու կանգուն էր՝՝. նոյնպէս էր նաեւ երկրորդ սիւնը։

16

Սիւներուն գագաթը դնելու համար ձուլածոյ պղինձէ երկու խոյակ շինեց. մէկ խոյակին բարձրութիւնը հինգ կանգուն էր, եւ միւս խոյակին բարձրութիւնը՝ հինգ կանգուն։

17

Սիւներուն գագաթը եղող խոյակներուն համար՝ ցանցակերպ ու շղթայագործ հիւսուած զարդեր շինեց, մէկ խոյակին համար՝ եօթը հատ, եւ միւս խոյակին համար՝ եօթը։


ԵՐԿՈՒ ՊՂԻՆՁԷ ՍԻՒՆԵՐԸ (Բ. Մնաց. 3. 15-17)

18

Այսպէս սիւները շինեց, նաեւ բոլորաձեւ շարուած երկու կարգ նուռեր՝ մէկ ցանցակերպ զարդին վրայ, որպէսզի սիւնին գագաթը եղած խոյակը նուռերով ծածկուի։ Միւս խոյակին ալ այդպէս ըրաւ։

19

Ներքնագաւիթին մէջ՝ սիւներուն գագաթը եղող խոյակները չորս կանգուն էին, շուշանաձեւ շինուածքով։

20

Երկու սիւներուն վրայի խոյակներուն ու ցանցակերպ զարդին մօտ եղող փորին վրայ ալ նուռեր կային. 5երկու խոյակներուն՝՝ շուրջ կարգով շարուած երկու հարիւր նուռ կար։

21

Սիւները տաճարին ներքնագաւիթին մէջ կանգնեցուց. աջ կողմի սիւնը կանգնեցնելով՝ զայն 6Յաքին կոչեց, ու ձախ կողմի սիւնը կանգնեցնելով՝ զայն ալ 7Բոոզ կոչեց։

22

Սիւներուն գագաթը շուշանաձեւ շինուածք կար։ Այսպէս՝ սիւներուն գործը լրացաւ։


ՊՂԻՆՁԷ ԱՒԱԶԱՆԸ (Բ. Մնաց. 4. 2-5)

23

Ձուլածոյ ծովը շինեց, որուն մէկ 8եզերքէն մինչեւ միւս եզերքը տասը կանգուն էր, ու բոլորովին կլոր էր։ Անոր բարձրութիւնը հինգ կանգուն էր, եւ 9շրջագիծը՝ երեսուն կանգուն՝՝։

24

Անոր եզերքին տակ՝ բոլորաձեւ շարուած՝ գնդակներ կային որ զայն կը շրջապատէին, տասը գնդակ՝ մէկ կանգունի մէջ. ծովը բոլորաձեւ կը շրջապատէին։ Գնդակները երկու կարգի վրայ ձուլուեր էին, ծովին ձուլուած ատենը։

25

Ան տասներկու եզներու վրայ կը կենար, որոնց երեքը դէպի հիւսիս կը նայէին, երեքը՝ դէպի արեւմուտք, երեքը՝ դէպի հարաւ, ու երեքը՝ դէպի արեւելք։ Ծովը անոնց վրայ դրուած էր, եւ բոլորին ետեւի կողմը դէպի ներս դարձած էր։

26

Անոր թանձրութիւնը չորս մատնաչափ էր, ու եզերքը բաժակի եզերքին պէս շինուած էր՝ շուշանի ծաղիկներով։ Ան երկու հազար մար կը պարունակէր։


ՊՂԻՆՁԷ ԽԱՐԻՍԽՆԵՐ (ՄԵՔԵՆՈՎԹՆԵՐ)

27

Պղինձէ տասը 10մեքենովթ շինեց։ Ամէն մէկ մեքենովթի երկայնքը չորս կանգուն էր, լայնքը՝ չորս կանգուն, եւ բարձրութիւնը՝ երեք կանգուն։

28

Մեքենովթները սա՛պէս շինուած էին. անոնք եզերքներ ունէին, ու եզերքները յենակներուն մէջտեղն էին։

29

Յենակներուն մէջտեղը եղող եզերքներուն վրայ առիւծներ, եզներ ու քերովբէներ կային։ Յենակներուն վրայ՝ վերի կողմը՝ 11խարիսխն էր, եւ առիւծներուն ու եզներուն տակ կախուած զարդեր կային։

30

Իւրաքանչիւր մեքենովթ պղինձէ չորս անիւ եւ պղինձէ առանցքներ ունէր. անոր չորս ոտքերը ուսեր ունէին։ Ամէն կախուած զարդի քով՝ աւազանին տակ՝ ձուլածոյ ուսեր կային։

31

Անոր բերանը՝ խոյակին մէջէն դէպի վեր՝ մէկ կանգուն էր. անոր բերանը խարիսխի շինուածքին պէս կլոր էր, եւ մէկուկէս կանգուն։ Բերանին վրայ ալ քանդակներ կային. եզերքները քառակուսի էին, ո՛չ թէ կլոր։

32

Եզերքներուն տակ չորս անիւ կար, եւ անիւներուն առանցքները մեքենովթին վրայ հաստատուած էին։ Իւրաքանչիւր անիւին բարձրութիւնը մէկուկէս կանգուն էր։

33

Անիւներուն շինուածքը կառքի անիւներու շինուածքին պէս էր. անոնց առանցքները, շրջանակները, շառաւիղներն ու 12գունտերը՝ բոլորը ձուլածոյ էին։

34

Իւրաքանչիւր մեքենովթի չորս անկիւններուն վրայ չորս ուս կար, եւ ուսերը նոյնինքն մեքենովթէն էին։

35

Մեքենովթին գագաթը՝ կէս կանգուն բարձրութեամբ բոլորակ մը կար, ու մեքենովթին գլուխին վրայ եղող յենակը եւ եզերքները իրմէ էին։

36

Յենակներուն տախտակներուն վրայ ու եզերքներուն վրայ քերովբէներ, առիւծներ եւ արմաւենիներ փորագրուած էին, իւրաքանչիւրին յարմարութեան համեմատ, ու անոնց շուրջը կախուած զարդեր կային։

37

Տասը մեքենովթներն ալ այսպէս շինեց. բոլորն ալ մէկ ձուլուածք, մէկ չափ ու մէկ ձեւ ունէին։

38

Պղինձէ տասը աւազան շինեց։ Ամէն մէկ աւազան քառասուն մար կը պարունակէր. իւրաքանչիւր աւազան չորս կանգուն էր։ Տասը մեքենովթներէն իւրաքանչիւրին վրայ աւազան մը կար։

39

Հինգ մեքենովթ տան աջ կողմը դրաւ, եւ հինգ մեքենովթ՝ տան ձախ կողմը։ Ծովը տան աջ կողմը դրաւ, դէպի հարաւ-արեւելք։

40

Քիրամ աւազանները, թիակներն ու կոնքերը շինեց։ Այսպէս՝ Քիրամ 13աւարտեց այն ամբողջ գործը, որ Տէրոջ տան համար Սողոմոն թագաւորին կը կատարէր.—

41

երկու սիւները, սիւներուն գագաթը եղող խոյակներուն երկու 14գունտերը, սիւներուն գագաթը եղող խոյակներուն երկու գունտերը ծածկող երկու ցանցակերպ զարդերը,

42

ու երկու ցանցակերպ զարդերուն չորս հարիւր նուռերը — երկու կարգ նուռ մէկ ցանցակերպ զարդի վրայ — սիւներուն վրայի խոյակներուն երկու գունտերը ծածկելու համար.

43

տասը մեքենովթները, եւ մեքենովթներուն վրայի տասը աւազանները.

44

մէկ ծով, ու ծովին տակի տասներկու եզները.

45

կաթսաները, թիակները եւ կոնքերը։ Այն բոլոր առարկաները, որ Քիրամ Սողոմոն թագաւորին շինեց Տէրոջ տան համար, փայլուն պղինձէ էին։

46

Թագաւորը զանոնք Յորդանանի դաշտին մէջ՝ 15թանձր հողի մը վրայ՝՝ ձուլել տուաւ, Սոկքովթի ու Սարթանի մէջտեղ։

47

Սողոմոն այս առարկաները առանց կշռելու ձգեց, որովհետեւ չափազանց շատ էին. պղինձին կշիռը 16չփնտռուեցաւ։

48

Սողոմոն շինեց նաեւ Տէրոջ տան միւս բոլոր առարկաները.— խունկին ոսկի զոհասեղանը եւ ոսկի սեղանը՝ որուն վրայ առաջադրութեան հացը կը դրուէր.

49

դաբիրին առջեւի մաքուր ոսկիէ աշտանակները, որոնց հինգը աջ կողմն էին, ու հինգը՝ ձախ կողմը. ոսկիէ ծաղիկները, ճրագները եւ ունելիները.

50

մաքուր ոսկիէ գաւաթները, բազմակալները, կոնքերը, խնկամաններն ու բուրվառները. նաեւ ներքին տան՝ այսինքն Սրբութիւններու սրբութեան դռներուն, ու տան՝ այսինքն տաճարին դռներուն ոսկի ծխնիները։

51

Այսպէս՝ Տէրոջ տան համար Սողոմոն թագաւորին կատարած ամբողջ գործը աւարտեցաւ։ Յետոյ Սողոմոն իր հօր՝ Դաւիթի 17սուրբ բաները՝՝ — արծաթը, ոսկին եւ առարկաները — տարաւ ու Տէրոջ տան գանձարանին մէջ դրաւ։



1 Կամ՝ աստիճաններ
2 Եբր.՝ յատակը
3 Եբր.՝ սղոցով սղոցուած
4 Եբր.՝ տասներկու կանգուն երկար դերձան մը զայն կը շրջապատէր
5 Կամ՝ երկրորդ խոյակին
6 Այսինքն՝ պիտի հաստատէ
7 Այսինքն՝ անոր մէջ զօրութիւն
8 Եբր.՝ շրթունքէն
9 Եբր.՝ երեսուն կանգուն երկար լար մը զայն կը շրջապատէր
10 Այսինքն՝ խարիսխ, կամ՝ խարսխաձեւ պատուանդան
11 Կամ՝ նոյնպէս
12 Այսինքն՝ միջանիւները
13 Եբր.՝ աւարտեց ընելը
14 Այսինքն՝ խոյօղերը
15 Կամ՝ հողին թանձրութեան մէջ
16 Եբր.՝ չհետազօտուեցաւ
17 Եբր.՝ սրբացուցածները