Loading...

1 Kings 8

2 Samuel  «  1 Kings 7  ‹  1 Kings 8  ›  1 Kings 9  »  2 Kings


ՈՒԽՏԻՆ ՏԱՊԱՆԱԿԸ ԿԸ ԲԵՐՈՒԻ ՏԱՃԱՐԸ (Բ. Մնաց. 5. 2-6.2)

1

Այն ատեն Սողոմոն հաւաքեց Իսրայէլի երէցներն ու բոլոր տոհմապետները — Իսրայէլի որդիներուն 1նահապետները — Սողոմոն թագաւորին քով՝ Երուսաղէմ, որպէսզի Տէրոջ ուխտին տապանակը բարձրացնեն Դաւիթի քաղաքէն, այսինքն՝ Սիոնէն։

2

Իսրայէլի բոլոր մարդիկը Սողոմոն թագաւորին քով հաւաքուեցան եօթներորդ ամիսը — Անթանի ամիսը —, տօնին ատենը։

3

Իսրայէլի բոլոր երէցները եկան, ու քահանաները տապանակը կրեցին։

4

Տէրոջ տապանակը, Հանդիպումի վրանը եւ վրանին մէջ եղած բոլոր սուրբ առարկաները բարձրացուցին. քահանաներն ու Ղեւտացիները զանոնք բարձրացուցին։

5

Սողոմոն թագաւորը եւ անոր քով հաւաքուած Իսրայէլի ամբողջ համայնքը՝ անոր հետ տապանակին առջեւ ըլլալով՝ ոչխարներ եւ արջառներ զոհեցին, որոնք շատութենէն չէին հաշուուեր ու չէին համրուեր։

6

Քահանաները Տէրոջ ուխտին տապանակը ներս տարին՝ իր տեղը, տան դաբիրը, Սրբութիւններու սրբութիւնը, եւ քերովբէներուն թեւերուն տակ դրին։

7

Արդարեւ քերովբէները տապանակին տեղին վրայ իրենց թեւերը կը տարածէին. քերովբէները վերէն կը ծածկէին տապանակն ու անոր ձողերը։

8

Ձողերը երկարեցին, այնպէս որ ձողերուն ծայրերը դաբիրին առջեւ եղող Սրբութենէն կը տեսնուէին, բայց դուրսէն չէին տեսնուեր. անոնք մինչեւ այսօր հոն են։

9

Տապանակին մէջ ոչինչ կար, բացի այն երկու քարէ տախտակներէն՝ որ Մովսէս Քորեբի մէջ հոն դրաւ, երբ Տէրը Իսրայէլի որդիներուն հետ ուխտ կնքեց՝ անոնց Եգիպտոսի երկրէն ելած ատենը։

10

Երբ քահանաները Սրբութենէն ելան, ամպը լեցուց Տէրոջ տունը.

11

ամպին պատճառով քահանաները չէին կրնար հոն կենալ՝ որ իրենց պաշտօնը կատարեն, որովհետեւ Տէրոջ փառքը Տէրոջ տունը լեցուցած էր։

12

Այն ատեն Սողոմոն ըսաւ. «Տէրը ըսաւ թէ ինք մառախուղի մէջ կը բնակի։

13

Ահա՛ ի՛րապէս քեզի տուն մը կառուցանեցի՝ բնակութեան համար, վայր մը՝ ուր յաւիտեան կենաս»։


ՍՈՂՈՄՈՆ ԿԸ ԽՕՍԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ (Բ. Մնաց. 6. 3-11)

14

Ապա թագաւորը իր երեսը դարձուց եւ Իսրայէլի ամբողջ համախմբումը օրհնեց, մինչ Իսրայէլի ամբողջ համախմբումը ոտքի վրայ կայնած էր։

15

Ան ըսաւ. «Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը, որ իր բերանով իմ հօրս՝ Դաւիթի խօսեցաւ ու իր ձեռքով խոստումը 2իրագործեց, որովհետեւ ըսաւ.

16

“Իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը Եգիպտոսէն հանած օրէս ի վեր, Իսրայէլի բոլոր տոհմերուն մէջէն ո՛չ մէկ քաղաք ընտրեցի՝ տուն մը կառուցանելու համար, որպէսզի անունս հոն ըլլայ. բայց Դաւիթը ընտրեցի, որպէսզի իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլայ”։

17

Իմ հայրս՝ Դաւիթ 3կը մտածէր՝՝ որ Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն անունին տուն մը կառուցանէ։

18

Բայց Տէրը իմ հօրս՝ Դաւիթի ըսաւ. “Քանի դուն մտածեցիր որ իմ անունիս տուն կառուցանես, լաւ ըրիր՝ այդպէս մտածելով։

19

Սակայն տունը դուն պիտի չկառուցանես, հապա քու որդիդ՝ որ մէջքէդ պիտի ելլէ. անիկա՛ իմ անունիս տունը պիտի կառուցանէ”։

20

Հիմա Տէրը իր ըսած խօսքը իրագործեց. ես իմ հօրս՝ Դաւիթի 4յաջորդեցի, Տէրոջ խոստումին համաձայն Իսրայէլի գահին վրայ բազմեցայ, եւ Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն անունին այս տունը կառուցանեցի.

21

հոն տեղ մը նշանակեցի տապանակին համար, որուն մէջ է Տէրոջ ուխտը՝ որ մեր հայրերուն հետ կնքեց երբ զանոնք Եգիպտոսի երկրէն դուրս հանեց»։


ՍՈՂՈՄՈՆԻ ԱՂՕԹՔԸ (Բ. Մնաց. 6. 12-42)

22

Սողոմոն Տէրոջ զոհասեղանին առջեւ կայնեցաւ, Իսրայէլի ամբողջ համախմբումին դիմաց, ձեռքերը դէպի երկինք տարածեց

23

եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, Իսրայէլի՛ Աստուած, վերը՝ երկինքը, կամ վարը՝ երկրի վրայ քեզի պէս Աստուած չկայ, որ քու առջեւդ իրենց ամբողջ սիրտով ընթացող ծառաներուդ հետ ուխտ ու կարեկցութիւն կը պահես։

24

Դուն քու ծառայիդ, իմ հօրս՝ Դաւիթի խոստացածդ պահեցիր, եւ բերանովդ խօսածդ ձեռքովդ իրագործեցիր, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ։

25

Ուստի հիմա, ո՛վ Տէր, Իսրայէլի՛ Աստուած, պահէ՛ քու ծառայիդ, իմ հօրս՝ Դաւիթի խոստացածդ, երբ ըսիր. “Իմ առջեւս՝ Իսրայէլի գահին վրայ բազմող մարդ քեզմէ պակաս պիտի չըլլայ. միայն թէ քու որդիներդ իրենց ճամբաներուն ուշադիր ըլլան, եւ իմ առջեւս ընթանան՝ ինչպէս դուն իմ առջեւս ընթացար”։

26

Հիմա, ո՛վ Իսրայէլի Աստուածը, կ’աղերսե՛մ, քու ծառայիդ, իմ հօրս՝ Դաւիթի ըսած խօսքդ թող հաստատուի։

27

«Բայց միթէ Աստուած ի՞րապէս երկրի վրայ պիտի բնակի։ Ահա՛ երկինքը, ու երկինքներուն երկինքը քեզ չեն կրնար պարունակել. 5ո՞ւր կը մնայ՝՝ այս իմ կառուցանած տունս։

28

Սակայն ո՛վ Տէր, իմ Աստուա՛ծս, 6ուշադրութի՛ւն դարձուր քու ծառայիդ աղօթքին եւ անոր աղաչանքին, ու լսէ՛ ծառայիդ 7պաղատանքը եւ այսօր քու առջեւդ 8մատուցանած աղօթքը։

29

Այս տան վրայ գիշեր ու ցերեկ քու աչքերդ բաց ըլլան,— այն տեղին վրայ՝ որուն համար ըսիր. “Իմ անունս հոն պիտի ըլլայ”,— որպէսզի այս տեղը քու ծառայիդ մատուցանած աղօթքը լսես։

30

Ուրեմն լսէ՛ քու ծառայիդ եւ քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի աղաչանքը, երբ այս տեղը աղօթեն։ Այո՛, լսէ՛ քու բնակութեանդ տեղէն՝ երկինքէն, լսէ՛ ու ներէ՛։

31

«Եթէ մէկը իր ընկերին դէմ մեղանչէ, եւ իրեն անէծքով երդում 9պարտադրուի, ու 10երդումին համար՝՝ այս տունը՝ քու զոհասեղանիդ առջեւ գայ,

32

դուն երկինքէն լսէ՛, կատարէ՛ ու քու ծառաներդ դատէ՛. ամբարիշտը դատապարտէ՛ եւ անոր 11ըրածը բե՛ր իր գլուխը՝՝, իսկ արդարին իրաւունքը պաշտպանէ՛ ու անոր հատուցանէ՛ իր արդարութեան համեմատ։

33

«Երբ քու ժողովուրդդ՝ Իսրայէլ, քեզի դէմ մեղանչելուն համար՝ թշնամիէն պարտուի, եթէ քեզի վերադառնայ, քու անունդ ներբողէ, այս տան մէջ քեզի աղօթէ եւ աղաչէ,

34

դուն երկինքէն լսէ՛, քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի մեղքը ներէ՛, ու զանոնք վերադարձո՛ւր այն 12երկիրը՝ որ անոնց հայրերուն տուիր։

35

«Երբ երկինքը գոցուի եւ չանձրեւէ՝ անոնց քեզի դէմ մեղանչելուն համար, եթէ անոնք այս տեղը քեզի աղօթեն, քու անունդ ներբողեն ու զանոնք տառապեցնելուդ համար իրենց մեղքերէն հեռանան,

36

դուն երկինքէն լսէ՛, քու ծառաներուդ ու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի մեղքը ներէ՛,— անոնց սորվեցո՛ւր այն շիտակ ճամբան՝ որուն մէջէն ընթանալու են,— եւ անձրե՛ւ տուր այն երկրին՝ որ քու ժողովուրդիդ իբր ժառանգութիւն տուիր։

37

«Երբ երկրի վրայ սով ըլլայ, կամ՝ ժանտախտ, կամ՝ խորշակահարութիւն, արմտիքի դալուկ, մարախ, գրուիճ, երբ անոնց թշնամիները զանոնք իրենց 13բնակած երկրին մէջ պաշարեն, երբ որեւէ հարուած կամ հիւանդութիւն ըլլայ,

38

եթէ քու ամբողջ ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն ոեւէ մարդ աղօթք մը եւ աղաչանք մը ընէ, ու իւրաքանչիւրը իր սիրտին ախտը ճանչնալով՝ ձեռքերը դէպի այս տունը 14երկարէ,

39

դուն երկինքէն՝ քու բնակութեանդ վայրէն լսէ՛, ներէ՛ եւ կատարէ՛. իւրաքանչիւրին հատուցանէ՛ իր բոլոր ճամբաներուն համեմատ, քանի անոր սիրտը կը ճանչնաս,— արդարեւ միա՛յն դուն բոլոր մարդոց որդիներուն սիրտը կը ճանչնաս,—

40

որպէսզի քեզմէ վախնան բոլոր օրերուն մէջ որ պիտի ապրին այն հողին վրայ՝ որ մեր հայրերուն տուիր։

41

«Քու ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն չեղող, ու քու անունիդ համար հեռաւոր երկրէ մը եկող օտարազգին ալ,—

42

որովհետեւ քու մեծ անունիդ, ուժեղ ձեռքիդ ու երկարած բազուկիդ մասին պիտի լսեն,— եթէ գայ եւ այս տան մէջ աղօթէ,

43

դուն երկինքէն՝ քու բնակութեանդ վայրէն լսէ՛, եւ օտարազգիին քեզմէ հայցած ամէն ինչ իրագործէ՛, որպէսզի երկրի բոլոր ժողովուրդները քու անունդ ճանչնան, քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի պէս քեզմէ վախնան, ու գիտնան թէ այս կառուցանած տունս քու անունովդ կոչուած է։

44

«Երբ քու ժողովուրդդ իր թշնամիին դէմ պատերազմի 15երթայ այն ճամբայով՝ որ դուն պիտի ղրկես զանոնք, եթէ անոնք Տէրոջ աղօթեն՝ այս ընտրած քաղաքիդ եւ քու անունիդ համար այս կառուցանած տանս կողմը նայելով,

45

երկինքէն անոնց աղօթքն ու աղաչանքը լսէ,՛ եւ անոնց իրաւունքը 16պաշտպանէ՛։

46

«Երբ քեզի դէմ մեղանչեն,— արդարեւ չմեղանչող մարդ չկայ,— ու անոնց դէմ բարկանալով զանոնք թշնամիին ձեռքը մատնես, եւ անոնց գերեվարները զիրենք թշնամիին հեռաւոր կամ մօտակայ երկիրը գերի տանին,

47

եթէ իրենց գերեվարութեան երկրին մէջ 17մտածեն, քեզի վերադառնան, եւ իրենց գերեվարներուն երկրին մէջ քեզի աղաչեն՝ ըսելով. “Մեղանչեցինք, անիրաւութիւն գործեցինք եւ ամբարիշտ եղանք”,

48

ու եթէ իրենց ամբողջ սիրտով եւ իրենց ամբողջ անձով քեզի վերադառնան՝ զիրենք գերեվարող թշնամիներուն երկրին մէջ, ու քեզի աղօթեն՝ իրենց երկրին — որ իրենց հայրերուն տուիր —, եւ ընտրած քաղաքիդ ու քու անունիդ համար կառուցանած տանս կողմը նայելով,

49

դուն երկինքէն՝ քու բնակութեանդ վայրէն լսէ՛ անոնց աղօթքն ու աղաչանքը, եւ անոնց իրաւունքը պաշտպանէ՛։

50

Քեզի դէմ մեղանչող ժողովուրդիդ 18բոլոր յանցանքները՝՝ ներէ՛, ու իրենց գերեվարներուն առջեւ գթութի՛ւն գտնել տուր անոնց, որպէսզի իրենց գթան.

51

արդարեւ անոնք քու ժողովուրդդ ու ժառանգութիւնդ են, որոնք երկաթի քուրայէն՝ Եգիպտոսէն հանեցիր։

52

Քու ծառայիդ աղաչանքին եւ ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի աղաչանքին քու աչքերդ ու ականջներդ բաց ըլլան, որպէսզի լսես ամէն ինչ որ անոնք քեզմէ կը հայցեն.

53

արդարեւ դուն զանոնք զատեցիր երկրի բոլոր ժողովուրդներէն՝ որպէսզի քու ժառանգութիւնդ ըլլան, ինչպէս քու ծառայիդ՝ Մովսէսի 19միջոցով հաղորդեցիր, երբ մեր հայրերը Եգիպտոսէն հանեցիր, ո՛վ Տէր Եհովա»։


ՎԵՐՋԻՆ ԱՂՕԹՔԸ

54

Երբ Սողոմոն այս ամբողջ 20աղօթքն ու Տէրոջ աղաչանքը աւարտեց, Տէրոջ զոհասեղանին առջեւէն ոտքի ելաւ, ուր 21ծնրադրած էր՝ ձեռքերը դէպի երկինք տարածած։

55

Կայնեցաւ, Իսրայէլի ամբողջ համախմբումը բարձր ձայնով օրհնեց եւ ըսաւ.

56

«Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը, որ իր ժողովուրդին՝ Իսրայէլի հանգստավայր տուաւ, իր բոլոր խոստումներուն համաձայն. իր ծառային՝ Մովսէսի միջոցով խօսած բոլոր բարի խոստումներէն ո՛չ մէկ խօսք գետինը ինկաւ։

57

Տէրը՝ մեր Աստուածը մեզի հետ ըլլայ, ինչպէս մեր հայրերուն հետ էր. մեզ չլքէ եւ մեզ երեսէ չձգէ,

58

ու մեր սիրտը իրեն հակեցնէ, որպէսզի իր բոլոր ճամբաներէն ընթանանք եւ պահենք իր պատուիրանները, կանոններն ու 22դատավճիռները, որոնք մեր հայրերուն պատուիրեց։

59

Տէրոջ առջեւ մատուցանած այս աղաչանքի խօսքերս ցերեկ ու գիշեր Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն մօտ ըլլան, որպէսզի ամէն օրուան խնդիրին համեմատ՝ իր ծառային, եւ իր ժողովուրդին՝ Իսրայէլի իրաւունքը պաշտպանէ.

60

որպէսզի երկրի բոլոր ժողովուրդները գիտնան թէ Եհովա՛ն է միակ Աստուածը, եւ ուրիշ մը չկայ։

61

Ուստի ձեր սիրտը Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն հանդէպ կատարեալ ըլլայ, որպէսզի անոր կանոններով ընթանաք ու անոր պատուիրանները պահէք՝ ինչպէս այսօր կ’ընէք»։


ՏԱՃԱՐԻՆ ՆԱՒԱԿԱՏԻՔԸ (Բ. Մնաց. 7. 4-10)

62

Թագաւորը, եւ ամբողջ Իսրայէլը անոր հետ, Տէրոջ առջեւ զոհեր մատուցանեցին։

63

Սողոմոն՝ Տէրոջ մատուցանած խաղաղութեան զոհին համար՝ քսաներկու հազար արջառ ու հարիւր քսան հազար ոչխար զոհեց։ Այսպէս՝ թագաւորը եւ բոլոր Իսրայէլի որդիները Տէրոջ տան նաւակատիքը կատարեցին։

64

Այդ օրը թագաւորը Տէրոջ տան առջեւ եղող գաւիթին մէջտեղը սրբացուց, քանի որ իր ողջակէզները, հացի ընծաներն ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը հոն մատուցանեց. արդարեւ Տէրոջ առջեւ եղող պղինձէ զոհասեղանը շատ պզտիկ էր՝ այս ողջակէզները, հացի ընծաներն ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը պարունակելու համար։

65

Այդ ատեն Սողոմոն եւ անոր հետ ամբողջ Իսրայէլը — մեծ համախմբում մը, Եմաթի մուտքէն մինչեւ Եգիպտոսի վտակը — Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն առջեւ տօն կատարեցին եօթը օր, ու եօթը օր եւս, այսինքն՝ տասնչորս օր։

66

Սողոմոն ութերորդ օրը ժողովուրդը արձակեց. անոնք թագաւորը օրհնեցին եւ իրենց վրանները գացին, զուարթ սիրտով մը ուրախանալով այն բոլոր բարիքներուն համար, որ Տէրը իր ծառային՝ Դաւիթի, ու իր ժողովուրդին՝ Իսրայէլի ըրաւ։



1 Եբր.՝ հայրերուն իշխանները
2 Եբր.՝ լրացուց
3 Եբր.՝ սիրտին մէջ ունէր
4 Եբր.՝ տեղը կանգնեցայ
5 Եբր.՝ ո՜րչափ աւելի քիչ
6 Եբր.՝ երե՛ս
7 Եբր.՝ ճիչը
8 Եբր.՝ աղօթած
9 Եբր.՝ պարտադրուի՝ որ անէծքով երդում ընէ
10 Եբր.՝ անէծքով երդումը
11 Եբր.՝ ճամբան դի՛ր իր գլուխին վրայ
12 Եբր.՝ հողը
13 Եբր.՝ դռներուն
14 Եբր.՝ տարածէ
15 Եբր.՝ դուրս ելլէ
16 Եբր.՝ գործադրէ՛
17 Եբր.՝ իրենց սիրտին մէջ դարձնեն
18 Եբր.՝ անոնց բոլոր յանցանքները որ քեզի դէմ գործած են
19 Եբր.՝ ձեռքով
20 Եբր.՝ աղօթքը աղօթելն
21 Եբր.՝ ծունկ ծռած
22 Կամ՝ սովորութիւնները