1 Kings 9
2 Samuel « 1 Kings 8 ‹ 1 Kings 9 › 1 Kings 10 » 2 Kings
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿՐԿԻՆ Կ’ԵՐԵՒՆԱՅ ՍՈՂՈՄՈՆԻ (Բ. Մնաց. 7. 11-22)
1Երբ Սողոմոն Տէրոջ տան ու թագաւորին տան կառուցումը աւարտեց, եւ Սողոմոնի բոլոր 1բաղձանքները գործադրուեցան,
2Տէրը Սողոմոնի կրկին երեւցաւ՝ ինչպէս Գաբաւոնի մէջ երեւցեր էր։
3Տէրը անոր ըսաւ. «Իմ առջեւս ըրած աղօթքդ ու աղաչանքդ լսեցի, եւ այս կառուցանած տունդ սրբացուցի, որպէսզի իմ անունս յաւիտեան հոն դնեմ. իմ աչքերս ու սիրտս 2ընդմիշտ հոն պիտի ըլլան։
4Եթէ դուն իմ առջեւս քու հօրդ՝ Դաւիթի պէս ընթանաս,— պարկեշտ սիրտով եւ ուղղամտութեամբ ընթանաս,— բոլոր քեզի պատուիրածներս գործադրելով, ու իմ կանոններս եւ 3դատավճիռներս պահես,
5քու թագաւորութեանդ գահը Իսրայէլի վրայ յաւիտեան պիտի հաստատեմ, ինչպէս հօրդ՝ Դաւիթի խոստացայ, ըսելով. “Իսրայէլի գահին վրայ քեզմէ մարդ պակաս պիտի չըլլայ”։
6Բայց եթէ դուք կամ ձեր որդիները 4ինձմէ հեռանաք՝՝, ու ձեր առջեւ դրած պատուիրաններս եւ կանոններս չպահէք, հապա երթաք ուրիշ աստուածներ պաշտէք ու անոնց երկրպագէք,
7Իսրայէլը պիտի բնաջնջեմ այն հողին վրայէն՝ որ իրենց տուի. այս տունը՝ որ իմ անունիս համար սրբացուցի՝ երեսէս պիտի 5ձգեմ, եւ Իսրայէլ բոլոր ազգերուն մէջ առակ ու կատակի առարկայ պիտի ըլլայ։
8Ո՛վ որ այս բարձր տան քովէն անցնի՝ պիտի ապշի ու սուլէ։ Անոնք պիտի ըսեն. “Տէրը ինչո՞ւ այս երկրին եւ այս տան այսպէս ըրաւ”։
9Անոնց պիտի պատասխանեն. “Որովհետեւ անոնք լքեցին Տէրը՝ իրենց Աստուածը, որ անոնց հայրերը Եգիպտոսի երկրէն հաներ էր, եւ ուրիշ աստուածներու 6յարեցան, անոնց երկրպագեցին ու զանոնք պաշտեցին. այս պատճառով Տէրը անոնց վրայ այս բոլոր չարիքները բերաւ”»։
ՍՈՂՈՄՈՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔԻՐԱՄԻ ՀԵՏ (Բ. Մնաց. 8. 1-2)
10Սողոմոն երկու տուները՝ Տէրոջ տունը եւ թագաւորին տունը՝ քսան տարուան մէջ կառուցանելէն ետք,
11քանի Տիւրոսի թագաւորը՝ Քիրամ, մայրիի փայտեր, եղեւնափայտեր ու ոսկի 7հայթայթեր էր Սողոմոնի՝ անոր ամբողջ բաղձանքին համաձայն, Սողոմոն թագաւորն ալ Քիրամի քսան քաղաք տուաւ Գալիլեայի երկրին մէջ։
12Քիրամ Տիւրոսէն 8եկաւ որպէսզի Սողոմոնի իրեն տուած քաղաքները տեսնէ, սակայն 9իրեն հաճելի չթուեցան՝՝։
13Ուստի ըսաւ. «Եղբա՛յր, այս ի՜նչ քաղաքներ են՝ որ ինծի տուիր», եւ անոնց անունը 10Քաբողի երկիր 11կոչուեցաւ մինչեւ այսօր։
14Քիրամ թագաւորին հարիւր քսան տաղանդ ոսկի 12ղրկեր էր՝՝։
ՍՈՂՈՄՈՆԻ ՄԻՒՍ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐԸ (Բ. Մնաց. 8. 3-18)
15Ահա՛ւասիկ Սողոմոն թագաւորին 13հաւաքած մարդահարկին պատճառը.— Տէրոջ տունը, իր տունը, Մելոնը, Երուսաղէմի պարիսպը, Հասորը, Մակեդդովն ու Գազերը կառուցանել։
16(Արդարեւ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորը բարձրանալով՝ Գազերը գրաւեր եւ զայն կրակով այրեր էր, եւ այդ քաղաքը բնակող Քանանացիները ջարդելով՝ զայն իր աղջիկին — Սողոմոնի կնոջ — տուեր էր իբր օժիտ։)
17Սողոմոն Գազերն ու Ստորին Բեթորոնը կառուցանեց,
18նաեւ Բահաղէթն ու Թադմորը՝ երկրին անապատին մէջ,
19Սողոմոնի բոլոր շտեմարանի քաղաքները, կառքերուն քաղաքները, ձիաւորներուն քաղաքները, եւ այն բոլոր շէնքերը՝ որ Սողոմոն 14ուզեց կառուցանել Երուսաղէմի մէջ, Լիբանանի մէջ, ու իր տէրութեան ամբողջ երկրին մէջ։
20Այն բոլոր ժողովուրդները, որ Ամորհացիներէն, Քետացիներէն, Փերեզացիներէն, Խեւացիներէն ու Յեբուսացիներէն մնացած էին եւ Իսրայէլի որդիներէն չէին,
21այսինքն անոնց զաւակները՝ որ անոնցմէ ետք այդ երկրին մէջ մնացած էին ու Իսրայէլի որդիները չէին կրցած զանոնք անճիտել, Սողոմոն զանոնք հարկատու հպատակ ըրաւ մինչեւ այսօր։
22Բայց Սողոմոն Իսրայէլի որդիները իրեն ստրուկ չըրաւ. հապա անոնք իր պատերազմիկները, իր 15պալատականները, վերահսկիչները, զօրավարները, եւ իր կառքերուն ու ձիաւորներուն վերահսկիչներն էին։
23Սողոմոնի գործին վրայ եղող վերակացուները հինգ հարիւր յիսուն պետեր ունէին, որոնք գործը կատարող ժողովուրդին վրայ կը տիրապետէին։
24Փարաւոնի աղջիկը Դաւիթի քաղաքէն բարձրացաւ իր տունը, որ Սողոմոն անոր համար կառուցաներ էր։ Ապա Մելոնը կառուցանեց։
25Սողոմոն տարին երեք անգամ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր կը մատուցանէր՝ Տէրոջ համար կառուցանած զոհասեղանին վրայ, եւ Տէրոջ առջեւ եղող զոհասեղանին վրայ խունկ կը ծխէր։ Այսպէս տունը աւարտեց։
26Սողոմոն թագաւորը Եդովմի երկրին մէջ, Կարմիր ծովուն եզերքը, Ելաթի քով եղող Գասիոն-Գաբերի մէջ նաւատորմ մը շինեց։
27Քիրամ այդ նաւատորմին վրայ՝ Սողոմոնի ծառաներուն հետ՝ ղրկեց իր ծառաները, ծովու ճամբորդութեան 16հմուտ նաւազներ։
28Անոնք Ոփիր գացին, եւ անկէ չորս հարիւր քսան տաղանդ ոսկի առին ու Սողոմոն թագաւորին բերին։