Loading...

1 Kings 10

2 Samuel  «  1 Kings 9  ‹  1 Kings 10  ›  1 Kings 11  »  2 Kings


ՇԱԲԱՅԻ ԹԱԳՈՒՀԻԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ (Բ. Մնաց. 9. 1-12)

1

Շաբայի թագուհին Սողոմոնի համբաւը եւ Տէրոջ անունը լսեց, ու եկաւ որ զայն հանելուկներով փորձարկէ։

2

Ան Երուսաղէմ հասաւ յոյժ շատ 1հետեւորդներով, բուրաւէտ համեմներ եւ յոյժ շատ ոսկի ու պատուական քարեր կրող ուղտերով։ Երբ Սողոմոնի քով եկաւ, անոր հետ խօսեցաւ իր սիրտին մէջ եղած ամէն ինչի մասին։

3

Սողոմոն անոր բոլոր հարցումները բացատրեց. թագաւորէն թաքնուած ո՛չ մէկ խօսք կար, որ չկարենար բացատրել անոր։

4

Երբ Շաբայի թագուհին տեսաւ Սողոմոնի ամբողջ իմաստութիւնը, անոր կառուցանած տունը,

5

անոր սեղանին ուտելիքները, անոր ծառաներուն 2բնակարանները, անոր սպասարկուներուն կեցուածքն ու անոնց հանդերձները, անոր մատռուակները, եւ 3Տէրոջ տունը բարձրանալու ելնարանը՝՝, 4խելքը գլուխէն գնաց՝՝։

6

Ուստի թագաւորին ըսաւ. «Ուրեմն քու արարքներուդ եւ իմաստութեանդ մասին իմ երկրիս մէջ լսած խօսքերս ճշմարիտ էին։

7

Բայց ես այդ խօսքերուն չհաւատացի, մինչեւ որ անձամբ եկայ ու իմ աչքերովս տեսայ, եւ ահա՛ ասոր կէ՛սը ինծի պատմած չէին. քու իմաստութիւնդ ու բարօրութիւնդ իմ լսած համբաւս կը գերազանցեն։

8

Երանի՜ քու մարդոցդ, երանի՜ այս ծառաներուդ, որոնք շարունակ քու առջեւդ կենալով՝ քու իմաստութիւնդ կը լսեն։

9

Օրհնեա՜լ ըլլայ քու Աստուածդ՝ Եհովան, որ քեզի հաճեցաւ ու քեզ Իսրայէլի գահին վրայ դրաւ։ Եհովան Իսրայէլը յաւիտեան սիրելուն համար՝ քեզ թագաւոր նշանակեց, որպէսզի իրաւունքը եւ արդարութիւնը կիրարկես»։

10

Ապա թագաւորին հարիւր քսան տաղանդ ոսկի, յոյժ շատ բուրաւէտ համեմներ ու պատուական քարեր տուաւ։ Ա՛լ անկէ ետք այնչափ շատ բուրաւէտ համեմ չեկաւ, որչափ Շաբայի թագուհին Սողոմոն թագաւորին տուաւ։

11

(Քիրամի նաւատորմը, որ Ոփիրէն ոսկի կը բերէր, Ոփիրէն յոյժ շատ ալմուկ փայտեր եւ պատուական քարեր ալ բերաւ։

12

Թագաւորը ալմուկ փայտէն 5յենարաններ շինեց՝ Տէրոջ տան ու թագաւորին տան համար, նաեւ քնարներ եւ տաւիղներ՝ երգողներուն համար։ Ա՛լ այսպիսի ալմուկ փայտ չեկաւ, ո՛չ ալ տեսնուեցաւ մինչեւ այսօր։)

13

Սողոմոն թագաւորը Շաբայի թագուհիին բոլոր 6ուզածները եւ խնդրածները տուաւ, Սողոմոն թագաւորին իր 7առատաձեռնութեամբ անոր տուածէն զատ։ Յետոյ ան դարձաւ ու իր երկիրը գնաց, ինք եւ իր ծառաները։


ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ (Բ. Մնաց. 9. 13-29)

14

Մէկ տարուան մէջ Սողոմոնի եկած ոսկիին կշիռը վեց հարիւր վաթսունվեց տաղանդ ոսկի էր,

15

առեւտրականներէն, վաճառականներու առուտուրէն, Արաբիայի բոլոր թագաւորներէն ու երկրին կուսակալներէն առածէն զատ։

16

Սողոմոն թագաւորը կռածոյ ոսկիէ երկու հարիւր ասպար շինեց. ամէն մէկ ասպարի համար վեց հարիւր սիկղ ոսկի 8գործածուեցաւ։

17

Կռածոյ ոսկիէ երեք հարիւր վահան ալ շինեց. ամէն մէկ վահանի երեք մնաս ոսկի գործածուեցաւ։ Թագաւորը զանոնք Լիբանանի անտառին տունը դրաւ։

18

Թագաւորը փղոսկրէ մեծ գահ մը շինեց, ու զուտ ոսկիով պատեց զայն։

19

Այս գահը վեց աստիճան ունէր. գահին 9վերի մասը՝՝ ետեւէն կլոր էր. նստելու տեղը՝ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն 10յենարաններ ունէր. յենարաններուն քով երկու առիւծներ կը կենային։

20

Հոն՝ վեց աստիճաններուն վրայ՝ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն տասներկու առիւծներ կը կենային։ Ո՛չ մէկ թագաւորութեան մէջ նոյնպիսի բան մը շինուած էր։

21

Սողոմոն թագաւորին բոլոր խմելիքի անօթները ոսկիէ էին։ Լիբանանի անտառին տան բոլոր անօթները մաքուր ոսկիէ էին. արծաթէ չկար, որովհետեւ ան Սողոմոնի օրերը ոչինչ կը սեպուէր։

22

Արդարեւ թագաւորը ծովու վրայ Թարսիսի նաւատորմ ունէր՝ Քիրամի նաւատորմին հետ. Թարսիսի նաւատորմը երեք տարին անգամ մը կու գար՝ ոսկի, արծաթ, փղոսկր, նաեւ կապիկներ ու սիրամարգներ փոխադրելով։

23

Սողոմոն թագաւորը երկրի բոլոր թագաւորներէն աւելի մեծ եղաւ հարստութեամբ եւ իմաստութեամբ։

24

Ամբողջ երկիրը կը 11փափաքէր Սողոմոնի երեսը տեսնել ու անոր իմաստութիւնը լսել, որ Աստուած անոր սիրտին մէջ դրած էր։

25

Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ընծան կը բերէր.— արծաթէ անօթներ, ոսկիէ անօթներ, հանդերձներ, զէնքեր, բուրաւէտ համեմներ, ձիեր եւ ջորիներ. ամէն տարի՝ տարեկան քանակը։

26

Սողոմոն կառքեր ու ձիաւորներ հաւաքեց. ան հազար չորս հարիւր կառք եւ տասներկու հազար ձիաւոր ունէր։ Զանոնք կառքերու քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմ՝ թագաւորին քով տեղաւորեց։

27

Թագաւորը Երուսաղէմի մէջ արծաթը քարերու պէս հասարակ բան մը ըրաւ. նաեւ մայրիի փայտը դաշտագետինի մէջ եղող ժանտաթզենիներուն չափ առատ ըրաւ։

28

Սողոմոնի ձիերը Եգիպտոսէն կու գային. թագաւորին վաճառականներուն կարաւանը որոշ գինով մը ձիերու երամակներ կը գնէր։

29

Եգիպտոսէն կառք մը 12կ’արտածուէր վեց հարիւր սիկղ արծաթի, իսկ ձի մը՝ հարիւր յիսուն սիկղ արծաթի. Քետացիներու բոլոր թագաւորներուն համար, եւ Սուրիայի թագաւորներուն համար ալ՝ անոնց ձեռքով այդպէս կ’արտածուէին։



1 Եբր.՝ ոյժով
2 Կամ՝ նստուածքը
3 Կամ՝ Տէրոջ տան մէջ մատուցած ողջակէզները
4 Եբր.՝ վրան ա՛լ հոգի չեղաւ
5 Կամ՝ բազրիքներ
6 Եբր.՝ բաղձանքը
7 Եբր.՝ ձեռքին համեմատ
8 Եբր.՝ հանուեցաւ
9 Եբր.՝ գագաթը
10 Եբր.՝ ձեռքեր
11 Եբր.՝ փնտռէր
12 Եբր.՝ կը բարձրանար եւ դուրս կ՛ելլէր