1 Kings 11
2 Samuel « 1 Kings 10 ‹ 1 Kings 11 › 1 Kings 12 » 2 Kings
ՍՈՂՈՄՈՆ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ԱՍՏՈՒԾՄԷ
1Սողոմոն թագաւորը Փարաւոնի աղջիկէն զատ շատ օտարազգի կիներ սիրեց, այսինքն՝ մովաբացի, ամմոնացի, եդովմայեցի, սիդոնացի ու քետացի կիներ.
2այն ազգերէն՝ որոնց համար Տէրը Իսրայէլի որդիներուն ըսեր էր. «Անոնց քով մի՛ մտնէք, եւ անոնք ալ ձեր քով թող չմտնեն, որպէսզի ձեր սիրտերը իրենց աստուածներուն չհակեցնեն»։ Սողոմոն սիրով անոնց յարեցաւ.
3ան եօթը հարիւր իշխանազուն կին ունէր, ու երեք հարիւր հարճ. անոր կիները իր սիրտը հակեցուցին։
4Սողոմոնի ծերութեան ժամանակ՝ անոր կիները իր սիրտը օտար աստուածներու հակեցուցին, եւ անոր սիրտը իր հօր՝ Դաւիթի սիրտին պէս կատարեալ չեղաւ Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն հանդէպ։
5Սողոմոն Սիդոնացիներու աստուծոյն՝ Աստարովթի, եւ Ամմոնացիներուն պիղծ Մեղքոմին հետեւեցաւ։
6Սողոմոն Տէրոջ 1առջեւ չարիք գործեց, ու իր հօր՝ Դաւիթի պէս լման Տէրոջ չհետեւեցաւ։
7Այն ատեն Սողոմոն Երուսաղէմի դիմաց եղող լերան վրայ Մովաբացիներուն պիղծ Քամովսին համար բարձր տեղ մը կառուցանեց, եւ Ամմոնի որդիներուն պիղծ Մողոքին համար ալ։
8Նոյնպէս ալ ըրաւ իր բոլոր օտարազգի կիներուն համար, որոնք իրենց աստուածներուն խունկ կը ծխէին ու զոհ կը մատուցանէին։
9Տէրը Սողոմոնի դէմ բարկացաւ, որովհետեւ անոր սիրտը դարձաւ Տէրոջմէն՝ Իսրայէլի Աստուծմէն, որ երկու անգամ իրեն երեւցեր էր,
10եւ 2ճիշդ այս մասին իրեն պատուիրեր էր՝ որ ուրիշ աստուածներու չհետեւի. բայց ինք Տէրոջ պատուէրը չպահեց։
11Ուստի Տէրը Սողոմոնի ըսաւ. «Քանի 3դուն այսպէս ըրիր՝՝ եւ իմ ուխտս ու քեզի պատուիրած կանոններս չպահեցիր, թագաւորութիւնը անշուշտ քեզմէ պիտի 4խլեմ եւ զայն ծառայիդ պիտի տամ։
12Միայն թէ այս բանը քու օրերուդ մէջ պիտի չընեմ, քու հօրդ՝ Դաւիթի սիրոյն համար, հապա զայն քու որդիիդ ձեռքէն պիտի խլեմ։
13Սակայն ամբողջ թագաւորութիւնը պիտի չխլեմ, հապա տոհմ մը պիտի տամ քու որդիիդ, իմ ծառայիս՝ Դաւիթի սիրոյն համար, ու Երուսաղէմի սիրոյն համար՝ որ ես ընտրեցի»։
ՍՈՂՈՄՈՆԻ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ
14Տէրը Սողոմոնի դէմ 5թշնամի մը ոտքի հանեց, այսինքն՝ Եդովմի թագաւորին զարմէն եղող եդովմայեցի Ադադը։
15Արդարեւ՝ երբ Դաւիթ Եդովմի մէջ էր, եւ Յովաբ սպարապետը սպաննուածները թաղելու համար բարձրացաւ՝ Եդովմի մէջ բոլոր արուները զարնելէ ետք,
16(որովհետեւ Յովաբ ամբողջ Իսրայէլի հետ հոն վեց ամիս մնաց, մինչեւ որ Եդովմի բոլոր արուները կոտորեց,)
17այդ ատեն Ադադ իր հօր ծառաներէն քանի մը Եդովմայեցիներու հետ փախաւ, որպէսզի Եգիպտոս երթայ. Ադադ դեռ պզտիկ տղայ մըն էր։
18Անոնք Մադիամէն 6մեկնեցան եւ Փառան գացին. Փառանէն իրենց հետ մարդիկ առին ու Եգիպտոս հասան, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին քով, որ անոր տուն մը տուաւ, անոր 7պարէն 8որոշեց, եւ անոր հողեր տուաւ։
19Ադադ Փարաւոնի առջեւ շատ շնորհք գտաւ, ու Փարաւոն իր կնոջ քոյրը — Թահփենէս 9մայր-թագուհիին՝՝ քոյրը — անոր տուաւ իբր կին։
20Թահփենէսի քոյրը Ադադի որդի մը ծնաւ, որ Գանեբաթ կոչուեցաւ. Թահփենէս զայն Փարաւոնի տան մէջ 10մեծցուց, եւ Գանեբաթ Փարաւոնի տունը՝ Փարաւոնի որդիներուն մէջ էր։
21Երբ Ադադ Եգիպտոսի մէջ լսեց թէ Դաւիթ իր հայրերուն հետ քնացեր է ու Յովաբ սպարապետը մեռեր է, Ադադ Փարաւոնի ըսաւ. «Արձակէ՛ զիս, որպէսզի իմ երկիրս երթամ»։
22Փարաւոն անոր ըսաւ. «Իմ քովս քու ի՞նչդ պակաս է, որ քու երկիրդ երթալ կը 11փափաքիս»։ Ան ալ պատասխանեց. «Ո՛չինչ. սակայն ա՛նպատճառ արձակէ զիս»։
23Աստուած անոր դէմ ուրիշ թշնամի մըն ալ ոտքի հանեց, այսինքն Եղիադայի որդին՝ Ռազոնը, որ իր տիրոջ՝ Սուբայի Ադրազար թագաւորին քովէն փախեր էր։
24Ան իր քով մարդիկ հաւաքեց եւ գնդապետ եղաւ. երբ Դաւիթ 12զանոնք ջարդեց, Դամասկոս գացին ու հոն բնակեցան, եւ Դամասկոսի մէջ թագաւորեցին։
25Ուստի Ռազոն Սողոմոնի բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլի թշնամի եղաւ, Ադադի գործած չարիքին ատենը. Իսրայէլը 13կը զզուեցնէր՝՝, եւ Սուրիայի վրայ կը թագաւորէր։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ՅԵՐՈԲՈՎԱՄԻ
26Սողոմոնի ծառան՝ Յերոբովամ ալ, Սարեդայէ եղող Եփրաթացի Նաբատի որդին,— որուն մայրը այրի կին մըն էր՝ Սարուա անունով ,— թագաւորին դէմ ձեռք վերցուց։
27Թագաւորին դէմ ձեռք վերցնելուն պատճառը սա՛ էր.— մինչ Սողոմոն Մելոնը կը կառուցանէր եւ իր հօր՝ Դաւիթի քաղաքին ճեղքուածքը կը գոցէր,
28Յերոբովամ զօրաւոր ու կտրիճ մարդ մըն էր, եւ Սողոմոն տեսաւ թէ ան գործունեայ երիտասարդ մըն է. ուստի զայն Յովսէփի տան ամբողջ բռնի աշխատանքին վրայ նշանակեց։
29Այդ ատեն, երբ Յերոբովամ Երուսաղէմէն դուրս ելաւ, ճամբան Սիլոնացի Աքիա մարգարէն անոր հանդիպեցաւ. ան նոր վերարկու մը հագեր էր, ու դաշտին մէջ երկուքը մինակ էին։
30Աքիա անոր վրայի նոր վերարկուն բռնեց, զայն պատռեց՝ տասներկու կտոր ընելով,
31եւ Յերոբովամի ըսաւ. «Տասը կտորը քեզի՛ առ, քանի որ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ Սողոմոնի ձեռքէն թագաւորութիւնը պիտի պատռեմ, ու տասը տոհմը քեզի պիտի տամ,
32(սակայն իմ ծառայիս՝ Դաւիթի սիրոյն համար, եւ Իսրայէլի բոլոր տոհմերէն ընտրուած Երուսաղէմ քաղաքին սիրոյն համար, տոհմ մը անոր ըլլայ,)
33որովհետեւ զիս լքեցին ու Սիդոնացիներուն աստուծոյն՝ Աստարովթի, Մովաբացիներու աստուծոյն՝ Քամովսի, եւ Ամմոնի որդիներուն աստուծոյն՝ Մեղքոմի երկրպագեցին ու իմ ճամբաներէս չընթացան, որ իր հօր՝ Դաւիթի պէս իմ 14առջեւս ուղիղ եղածն ու իմ կանոններս եւ 15դատավճիռներս գործադրեն։
34Սակայն անոր ձեռքէն ամբողջ թագաւորութիւնը պիտի չառնեմ, հապա զայն իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ իշխան պիտի 16թողում, իմ պատուիրաններս ու կանոններս պահող իմ ընտրած ծառայիս՝ Դաւիթի սիրոյն համար։
35Բայց անոր որդիին ձեռքէն թագաւորութիւնը պիտի առնեմ, եւ տասը տոհմը քեզի պիտի տամ։
36Իսկ անոր որդիին տոհմ մը պիտի տամ, որպէսզի իմ ծառաս՝ Դաւիթ իմ առջեւս 17ընդմիշտ ճրագ մը ունենայ Երուսաղէմ քաղաքին մէջ, որ ընտրեցի իմ անունս հոն դնելու համար։
37Քեզ ալ պիտի առնեմ, ու 18սիրտիդ ամբողջ փափաքածին համաձայն պիտի թագաւորես, եւ Իսրայէլի վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս։
38Եթէ բոլոր քեզի պատուիրածներուս հնազանդիս, իմ ճամբաներէս ընթանաս, ու կանոններս եւ պատուիրաններս պահելով՝ իմ առջեւս ուղիղ եղածը ընես, ինչպէս իմ ծառաս՝ Դաւիթ ըրաւ, ես քեզի հետ պիտի ըլլամ ու քեզի հաստատ տուն մը պիտի կառուցանեմ, ինչպէս Դաւիթի կառուցանեցի, եւ Իսրայէլը քեզի պիտի տամ։
3919Այսպէս Դաւիթի զարմը պիտի խոնարհեցնեմ, բայց ոչ՝ միշտ”»։
40Սողոմոն Յերոբովամը մեռցնել 20ուզեց, բայց Յերոբովամ կանգնեցաւ ու Եգիպտոս փախաւ. Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորին քով գնաց, եւ մինչեւ Սողոմոնի մահը Եգիպտոս մնաց։
ՍՈՂՈՄՈՆԻ ՄԱՀԸ (Բ. Մնաց. 9. 29-31)
41Սողոմոնի մնացեալ արարքները, անոր բոլոր ըրածներն ու իմաստութիւնը՝ ահա՛ Սողոմոնի Արարքներու գիրքին մէջ գրուած են։
4221Սողոմոն քառասուն տարի թագաւորեց՝՝ ամբողջ Իսրայէլի վրայ՝ Երուսաղէմի մէջ։
43Ապա Սողոմոն իր հայրերուն հետ քնացաւ, եւ իր հօր՝ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ իր որդին՝ Ռոբովամ թագաւոր եղաւ։