1 Kings 12
2 Samuel « 1 Kings 11 ‹ 1 Kings 12 › 1 Kings 13 » 2 Kings
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՏՈՀՄԵՐԸ Կ’ԱՊՍՏԱՄԲԻՆ (Բ. Մնաց. 10. 1-19)
1Ռոբովամ Սիւքէմ գնաց, որովհետեւ ամբողջ Իսրայէլը զինք թագաւոր հռչակելու համար Սիւքէմ գացեր էր։
2Երբ Նաբատեան Յերոբովամ այս լուրը լսեց՝ տակաւին Եգիպտոս էր, քանի որ Սողոմոն թագաւորին 1ներկայութենէն փախած էր։ Յերոբովամ Եգիպտոս կը բնակէր,
3ուստի մարդ ղրկելով զինք կանչեցին։ Յերոբովամ եւ Իսրայէլի ամբողջ համախմբումը եկան, ու Ռոբովամի հետ խօսեցան՝ ըսելով.
4«Քու հայրդ մեր լուծը ծանրացուց։ Հիմա հօրդ տաժանելի ծառայութիւնը եւ մեր վրայ դրած ծանր լուծը թեթեւցո՛ւր, ու քեզի ծառայենք»։
5Ինք ալ անոնց ըսաւ. «Գացէ՛ք, ու երեք օր ետք ինծի՛ վերադարձէք»։ Ժողովուրդը գնաց։
6Ռոբովամ թագաւորը խորհուրդ հարցուց այն երէցներուն, որոնք իր հօր՝ Սողոմոնի 2թելադրիչներն էին՝՝, երբ ան ողջ էր, եւ ըսաւ. «Դուք ինծի ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխանեմ»։
7Անոր ըսին. «Եթէ դուն այսօր այս ժողովուրդին ծառայ ըլլաս, անոնց ծառայես եւ անոնց նպաստաւոր խօսքեր ըսելով պատասխանես, անոնք 3ընդմիշտ քու ծառաներդ կ’ըլլան»։
8Բայց ան երէցներուն իրեն տուած խրատը 4անտեսեց, ու իր թելադրիչ եւ իրեն հետ մեծցած երիտասարդներուն խորհուրդ հարցուց։
9Անոնց ըսաւ. «Դուք ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխանենք, քանի որ անոնք ինծի խօսեցան՝ ըսելով. “Քու հօրդ մեր վրայ դրած լուծը թեթեւցո՛ւր”»։
10Անոր հետ մեծցած երիտասարդները իրեն պատասխանեցին. «Սա՛պէս խօսէ այս ժողովուրդին՝ որ քեզի ըսաւ. “Քու հայրդ մեր լուծը ծանրացուց, բայց դուն մեր վրայէն թեթեւցո՛ւր”. անոնց սա՛ ըսէ՛. “Իմ պզտիկ մատս իմ հօրս մէջքէն հաստ է։
11Իմ հայրս ձեր վրայ ծանր լուծ բեռցուցեր է, բայց ես հիմա ձեր լուծը 5աւելի պիտի ծանրացնեմ՝՝։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով պատժեր է, բայց ես ձեզ 6կարիճներո՛վ պիտի պատժեմ”»։
12Յերոբովամ եւ ամբողջ ժողովուրդը երրորդ օրը Ռոբովամի եկան, ինչպէս թագաւորը ըսեր էր. «Երրորդ օրը ինծի՛ վերադարձէք»։
13Թագաւորը ժողովուրդին խստութեամբ պատասխանեց, երէցներուն իրեն տուած խրատը անտեսելով։
14Անոնց հետ խօսեցաւ երիտասարդներուն խորհուրդին համաձայն՝ ըսելով. «Իմ հայրս ձեր լուծը ծանրացուցեր է, բայց ես ձեր լուծը աւելի՛ պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով պատժեր է, բայց ես ձեզ կարիճներո՛վ պիտի պատժեմ»։
15Թագաւորը ժողովուրդին խօսքը մտիկ չըրաւ, որովհետեւ այս բանը Տէրոջմէն եղաւ, որպէսզի Տէրը Սիլոնացի Աքիայի 7միջոցով Նաբատեան Յերոբովամի ըսած խօսքը իրագործէ։
16Երբ ամբողջ Իսրայէլը տեսաւ թէ թագաւորը իրեն մտիկ չըրաւ, ժողովուրդը թագաւորին պատասխանեց. «Մենք Դաւիթի քով ի՞նչ բաժին ունինք. Յեսսէի որդիին քով ժառանգութիւն չունինք։ Ո՛վ Իսրայէլ, ձեր վրաննե՛րը վերադարձէք։ Ո՛վ Դաւիթ, հիմա դո՛ւն տունդ 8հոգա»։ Հետեւաբար Իսրայէլ իր վրանները գնաց.
17բայց Յուդայի քաղաքները բնակող Իսրայէլի որդիներուն վրայ Ռոբովա՛մ թագաւորեց։
18Երբ Ռոբովամ թագաւորը հարկերուն վրայ նշանակուած Ադորամը ղրկեց, ամբողջ Իսրայէլը զայն 9քարկոծեց, ու մեռաւ։ Ուստի Ռոբովամ թագաւորը արտորալով կառքը հեծաւ, որպէսզի Երուսաղէմ փախչի։
19Այսպէս Իսրայէլ Դաւիթի տան դէմ ապստամբեցաւ մինչեւ այսօր։
20Երբ ամբողջ Իսրայէլը Յերոբովամի վերադառնալը լսեց, մարդ ղրկեցին, զինք համայնքին մօտ կանչեցին, եւ զինք ամբողջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր հռչակեցին։ Միայն Յուդայի տոհմը Դաւիթի տան հետեւեցաւ. ուրիշ ո՛չ մէկը հետեւեցաւ։
21Երբ Ռոբովամ Երուսաղէմ հասաւ, ամբողջ Յուդայի տունէն ու Բենիամինի տոհմէն հարիւր ութսուն հազար ընտիր պատերազմողներ հաւաքեց, որպէսզի Իսրայէլի տան դէմ պատերազմին եւ թագաւորութիւնը Սողոմոնի որդիին՝ Ռոբովամի վերադարձնեն։
ՍԵՄԱՅԻԱՅԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ (Բ. Մնաց. 11. 1-4)
22Բայց 10Աստուած խօսեցաւ՝՝ Սեմայիայի՝ Աստուծոյ մարդուն, ըսելով.
23«Խօսէ՛ Սողոմոնի որդիին՝ Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին, Յուդայի եւ Բենիամինի ամբողջ տան, ու ժողովուրդի մնացորդին, եւ ըսէ՛.
24“Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Մի՛ բարձրանաք, ու Իսրայէլի որդիներուն՝ ձեր եղբայրներուն դէմ մի՛ պատերազմիք։ Իւրաքանչիւրը իր տունը թող վերադառնայ, որովհետեւ այս բանը ինձմէ եղաւ"”»։ Ուստի Տէրոջ խօսքը մտիկ ըրին, եւ Տէրոջ ըսածին համաձայն 11վերադարձան։
ՅԵՐՈԲՈՎԱՄ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ԱՍՏՈՒԾՄԷ
25Յերոբովամ Եփրեմի լեռնակողմը Սիւքէմը կառուցանեց, ու հոն բնակեցաւ. յետոյ անկէ ելաւ եւ Փանուէլը կառուցանեց։
26Յերոբովամ իր սիրտին մէջ ըսաւ. «Հիմա թագաւորութիւնը Դաւիթի տան պիտի վերադառնայ։
27Եթէ այս ժողովուրդը Երուսաղէմ բարձրանայ, Տէրոջ տունը զոհ ընծայելու համար, այս ժողովուրդին սիրտը իր տիրոջ՝ Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին պիտի վերադառնայ. զիս պիտի մեռցնեն ու Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին պիտի վերադառնան»։
28Թագաւորը խորհուրդ հարցուց, երկու ոսկիէ հորթ շինեց, եւ 12անոնց ըսաւ. «13Ասկէ ետք Երուսաղէմ պիտի չբարձրանաք՝՝. ո՛վ Իսրայէլ, ահա՛ աստուածներդ՝ որ քեզ Եգիպտոսէն բարձրացուցին»։
29Մէկը Բեթէլի մէջ դրաւ, միւսն ալ Դանի մէջ դրաւ։
30Ասիկա մեղքի պատճառ եղաւ, որովհետեւ ժողովուրդը մինչեւ Դան կ’երթար՝ այս հորթերէն մէկուն առջեւ երկրպագելու։
31Նաեւ բարձր տեղերու վրայ 14կռատուն շինեց, ու ժողովուրդին 15մէջէն քուրմեր 16նշանակեց, որոնք Ղեւիի որդիներէն չէին։
ԲԵԹԷԼԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ
32Յերոբովամ ութերորդ ամսուան մէջ, ամսուան տասնհինգերորդ օրը, Յուդայի մէջ կատարուած տօնին պէս տօն մը սահմանեց, եւ բագինին վրայ զոհեր մատուցանեց։ Բեթէլի մէջ այդպէս ըրաւ՝ իր շինած հորթերուն զոհելով, ու բարձր տեղերուն համար իր նշանակած քուրմերը Բեթէլի մէջ 17դրաւ։
33Եւ իր 18միտքէն հնարած ամսուան մէջ, այսինքն՝ ութերորդ ամսուան տասնհինգերորդ օրը, Բեթէլի մէջ զոհեր մատուցանեց իր շինած բագինին վրայ. Իսրայէլի որդիներուն տօն մը կատարեց, ու բագինին վրայ զոհեր մատուցանեց՝ խունկ ծխելով։