Loading...

1 Kings 13

2 Samuel  «  1 Kings 12  ‹  1 Kings 13  ›  1 Kings 14  »  2 Kings


1

Մինչ Յերոբովամ խունկ ծխելու համար բագինին քով կայնած էր, ահա՛ Աստուծոյ մարդ մը՝ Տէրոջ խօսքով՝ Յուդայէն Բեթէլ եկաւ։

2

Տէրոջ խօսքով բագինին գոչեց եւ ըսաւ. «Բագի՛ն, բագի՛ն, Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ Դաւիթի տան որդի մը պիտի ծնի՝ Յովսիա անունով, ու քու վրադ խունկ ծխող բարձր տեղերուն քուրմերը քու վրադ պիտի զոհէ, եւ քու վրադ մարդոց ոսկորները պիտի այրեն”»։

3

Նոյն օրը 1նշան մը տուաւ՝ ըսելով. «Ահա՛ւասիկ նշանը՝ թէ Տէ՛րը խօսեցաւ. “Ահա՛ բագինը պիտի ճեղքուի, ու վրայի մոխիրը պիտի թափի”»։

4

Երբ թագաւորը Աստուծոյ մարդուն խօսքը լսեց, որ Բեթէլի մէջ եղող բագինին դէմ գոչեց, Յերոբովամ բագինին վրայէն ձեռքը երկարեց եւ ըսաւ. «Այս մարդը բռնեցէ՛ք»։ Սակայն անոր վրայ երկարած ձեռքը չորցաւ, ու զայն իրեն 2քաշել չկրցաւ։

5

Նաեւ բագինը ճեղքուեցաւ ու մոխիրը բագինէն թափեցաւ, Տէրոջ խօսքով Աստուծոյ մարդուն տուած նշանին համաձայն։

6

Թագաւորը Աստուծոյ մարդուն ըսաւ. «Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ 3պաղատէ՛ եւ ինծի համար աղօթէ՛, որ ձեռքս ինծի վերադառնայ»։ Ուստի Աստուծոյ մարդը Տէրոջ պաղատեցաւ, ու թագաւորին ձեռքը իրեն վերադարձաւ եւ նախկինին պէս եղաւ։

7

Թագաւորը Աստուծոյ մարդուն ըսաւ. «Ինծի հետ տո՛ւն եկուր, կազդուրուէ՛, ու քեզի պարգեւ մը պիտի տամ»։

8

Աստուծոյ մարդը թագաւորին ըսաւ. «Եթէ ինծի քու տանդ կէսն ալ տաս, քեզի հետ պիտի չերթամ եւ այստեղ հաց պիտի չուտեմ, ո՛չ ալ ջուր պիտի խմեմ.

9

արդարեւ Տէրը իր խօսքով ինծի սա՛ պատուիրեց. “Հաց մի՛ ուտեր ու ջուր մի՛ խմեր, եւ գացած ճամբայէդ մի՛ վերադառնար”»։

10

Ուստի ան ուրիշ ճամբայով գնաց. չվերադարձաւ այն ճամբայով՝ որով Բեթէլ եկեր էր։


ԲԵԹԷԼԻ ԾԵՐ ՄԱՐԳԱՐԷՆ

11

Բեթէլի մէջ ծեր մարգարէ մը կը բնակէր։ Իր որդիները եկան եւ իրեն պատմեցին այն բոլոր գործերը՝ որ Աստուծոյ մարդը նոյն օրը Բեթէլի մէջ կատարած էր. այն խօսքերը որ ան թագաւորին ըսեր էր՝ զանոնք ալ իրենց հօր հաղորդեցին։

12

Անոնց հայրը իրենց ըսաւ. «Ո՞ր ճամբայէն գնաց»։ Իր որդիները 4տեսեր էին՝՝ Յուդայէն եկող Աստուծոյ մարդուն գացած ճամբան։

13

Ուստի իր որդիներուն ըսաւ. «Է՛շը համետեցէք ինծի համար»։ Անոնք էշը համետեցին իրեն համար, եւ ինք վրան հեծաւ,

14

Աստուծոյ մարդուն ետեւէն գնաց, ու զայն բեւեկնիի մը տակ նստած գտաւ։ Անոր ըսաւ. «Յուդայէն եկող Աստուծոյ մարդը դո՞ւն ես»։ Ան ալ ըսաւ. «Ես եմ»։

15

Ուստի անոր ըսաւ. «Ինծի հետ տո՛ւն եկուր եւ հա՛ց կեր»։

16

Ան ըսաւ. «Քեզի հետ չեմ կրնար վերադառնալ ու քու տունդ մտնել. այստեղ ալ քեզի հետ հաց պիտի չուտեմ եւ ջուր պիտի չխմեմ,

17

որովհետեւ Տէրոջ խօսքով ինծի ըսուեցաւ. “Հոն հաց մի՛ ուտեր, ջուր մի՛ խմեր, ու երթալու ատեն՝ գացած ճամբայէդ մի՛ վերադառնար”»։

18

Բայց ինք անոր ըսաւ. «Ե՛ս ալ քեզի պէս մարգարէ եմ, եւ հրեշտակ մը Տէրոջ խօսքով ինծի ըսաւ. “Զայն քեզի հետ քու տո՛ւնդ վերադարձուր, որպէսզի հաց ուտէ ու ջուր խմէ”»։ Սակայն անոր կը ստէր։

19

Այն ատեն ան իրեն հետ վերադարձաւ, եւ իր տունը հաց կերաւ ու ջուր խմեց։

20

Երբ անոնք սեղան նստած էին, 5Տէրը խօսեցաւ՝՝ զայն վերադարձնող մարգարէին.

21

ան ալ Յուդայէն եկող Աստուծոյ մարդուն գոչեց՝ ըսելով. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Քանի դուն Տէրոջ 6հրամանին անհնազանդ եղար, ու Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ քեզի հրամայած պատուիրանը չպահեցիր,

22

հապա վերադարձար, հաց կերար եւ ջուր խմեցիր այն տեղը՝ որուն համար քեզի ըսած էր. "Հաց մի՛ ուտեր ու ջուր մի՛ խմեր", քու դիակդ հայրերուդ գերեզմանը պիտի չմտնէ”»։

23

Հաց ուտելէն եւ ջուր խմելէն ետք, ինք անոր համար էշը համետեց — իր վերադարձուցած մարգարէին համար —,

24

ան ալ գնաց։ Ճամբան առիւծ մը անոր հանդիպեցաւ ու զայն մեռցուց։ Անոր դիակը ճամբային վրայ նետուած մնաց. էշը անոր քով կայնած էր, առիւծն ալ դիակին քով կայնած էր։

25

Եւ ահա՛ անկէ քանի մը մարդիկ անցնելով՝ ճամբային վրայ նետուած դիակը, ու դիակին քով կայնող առիւծը տեսան, եւ գացին այդ ծեր մարգարէին բնակած քաղաքին մէջ պատմեցին։

26

Երբ զայն ճամբայէն դարձնող մարգարէն լսեց՝ ըսաւ. «Անիկա Տէրոջ հրամանին անհնազանդ եղող Աստուծոյ մարդն է. Տէրը զայն յանձներ է առիւծին, որ զայն յօշոտելով մեռցուցեր է, Տէրոջ անոր ըսած խօսքին համաձայն»։

27

Յետոյ իր որդիներուն ըսաւ. «Է՛շը համետեցէք ինծի համար». անոնք ալ համետեցին,

28

ու գնաց։ Անոր դիակը գտաւ, որ ճամբային վրայ նետուած էր, նաեւ էշը եւ առիւծը՝ դիակին քով կայնած։ Առիւծը դիակը կերած չէր, ո՛չ ալ էշը յօշոտեր էր։

29

Այդ մարգարէն Աստուծոյ մարդուն դիակը վերցուց, զայն իշուն վրայ դրաւ, եւ զայն վերադարձուց։ Ծեր մարգարէն քաղաքը մտաւ, որպէսզի հեծեծէ ու զայն թաղէ։

30

Անոր դիակը իր գերեզմանին մէջ դրաւ, եւ անոր վրայ հեծեծեցին՝ ըսելով. «Վա՜յ, եղբայրս»։

31

Զայն թաղելէն ետք իր որդիներուն ըսաւ. «Երբ ես մեռնիմ, զիս թաղեցէ՛ք Աստուծոյ մարդուն թաղուած գերեզմանին մէջ. իմ ոսկորներս դրէ՛ք անոր ոսկորներուն քով,

32

որովհետեւ Բեթէլի մէջ եղող բագինին դէմ ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ եղող բոլոր բարձր տեղերու կռատուններուն դէմ Տէրոջ հրամանով անոր գոչած խօսքը անպատճառ պիտի կատարուի»։


ՅԵՐՈԲՈՎԱՄԻ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՄԵՂՔԸ

33

Այս 7պատահարէն ետք՝ Յերոբովամ իր չար ճամբայէն չդարձաւ, հապա դարձեալ ժողովուրդին 8մէջէն բարձր տեղերուն քուրմեր 9նշանակեց։ Ո՛վ որ փափաքէր՝ ինք զայն կը նուիրէր, որպէսզի բարձր տեղերու քուրմ ըլլայ։

34

Այս բանը՝ Յերոբովամի տան մեղքը եղաւ, նաեւ պատճառը անոր անհետանալուն ու երկրագունդի մակերեսէն բնաջնջուելուն։



1 Եբր.՝ հրաշք
2 Կամ՝ վերադարձնել
3 Եբր.՝ երեսի՛ն պաղատէ
4 Կամ՝ ցուցուցին
5 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
6 Եբր.՝ բերանին
7 Եբր.՝ բանէն
8 Եբր.՝ ծայրերէն
9 Եբր.՝ ըրաւ