1 Kings 14
2 Samuel « 1 Kings 13 ‹ 1 Kings 14 › 1 Kings 15 » 2 Kings
ՅԵՐՈԲՈՎԱՄԻ ԶԱՒԱԿԻՆ ՄԱՀԸ
1Այդ ատեն Յերոբովամի որդին՝ Աբիա հիւանդացաւ։
2Յերոբովամ իր կնոջ ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, կանգնէ՛, 1ծպտուէ՛, որպէսզի Յերոբովամի կինը ըլլալդ չգիտցուի, ու Սելո՛վ գնա։ Ահա՛ հոն է Աքիա մարգարէն, որ ինծի ըսաւ թէ այս ժողովուրդին վրայ թագաւոր պիտի ըլլամ։
32Քեզի հետ՝՝ տա՛սը հաց, բլիթներ ու փարչ մը մեղր առ, եւ անո՛ր գնա։ Ան քեզի պիտի իմացնէ ինչ որ տղային պիտի պատահի»։
4Յերոբովամի կինը այդպէս ըրաւ. կանգնեցաւ, Սելով գնաց եւ Աքիայի տունը մտաւ։ Բայց Աքիա չէր կրնար տեսնել, քանի որ իր աչքերը ալեւորութենէն 3անշարժացած էին։
5Տէրը Աքիայի ըսաւ. «Ահա՛ Յերոբովամի կինը իր որդիին համար քեզմէ 4խօսք մը խնդրելու՝՝ կու գայ, որովհետեւ ան հիւանդ է։ Անոր սա՛ եւ սա՛ ըսէ՛։ Երբ հասնի՝ 5կերպարանափոխուած պիտի ըլլայ՝՝»։
6Մինչ ան դռնէն ներս կը մտնէր, երբ Աքիա անոր ոտքերուն ձայնը լսեց՝ ըսաւ. «Մտի՛ր, ո՛վ Յերոբովամի կին,— ինչո՞ւ այդպէս կերպարանափոխուած ես,— քանի ես քեզի 6տխուր լուր մը տալու ղրկուեցայ։
7Գնա՛, Յերոբովամի ըսէ՛. “Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. "Քեզ ժողովուրդին մէջէն բարձրացուցի, եւ քեզ իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի վրայ առաջնորդ կարգեցի.
8թագաւորութիւնը Դաւիթի տունէն 7խլեցի ու զայն քեզի տուի, բայց դուն իմ ծառայիս՝ Դաւիթի պէս չեղար. ան իմ պատուիրաններս կը պահէր եւ իր ամբողջ սիրտով ինծի կը հետեւէր՝ միայն ընելով ինչ որ իմ 8առջեւս ուղիղ է։
9Մանաւանդ բոլոր քեզմէ առաջ եղողներէն աւելի չարիք գործեցիր, ու գացիր քեզի ուրիշ աստուածներ եւ 9ձուլածոյ կուռքեր՝՝ շինեցիր՝ զիս գրգռելու համար, ու զիս կռնակիդ ետեւը նետեցիր։
10Հետեւաբար ահա՛ Յերոբովամի տան վրայ չարիք պիտի բերեմ. Յերոբովամի բոլոր այր 10մարդիկը՝՝ — Իսրայէլի մէջ 11բանտարկուածն ու ազատը՝՝ — պիտի բնաջնջեմ, եւ Յերոբովամի տան յետնորդները պիտի 12աւլեմ՝ ինչպէս կղկղանքը կ’աւլեն, մինչեւ որ հատնի։
11Յերոբովամի տունէն՝ քաղաքի մէջ մեռնողը շուները պիտի ուտեն, ու դաշտի մէջ մեռնողը երկինքի թռչունները պիտի ուտեն, քանի որ Տէրը խօսեցաւ"”։
12Իսկ դուն կանգնէ՛, տո՛ւնդ գնա։ Երբ ոտքերդ քաղաքը մտնեն՝ զաւակը պիտի մեռնի։
13Ամբողջ Իսրայէլը հեծեծելով զինք պիտի թաղէ, որովհետեւ Յերոբովամէն միայն ան գերեզման պիտի մտնէ. արդարեւ՝ Յերոբովամի տունէն միայն անոր վրայ բարի բան մը գտնուեցաւ Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն առջեւ։
14Տէրը իրեն համար Իսրայէլի վրայ թագաւոր մը պիտի հանէ, որ Յերոբովամի տունը պիտի բնաջնջէ այդ օրը. բայց ի՞նչ մնաց, գրեթէ հի՛մա պիտի ընէ։
15Տէրը Իսրայէլը պիտի զարնէ, ինչպէս ջուրերու մէջ եղէգը կը շարժի։ Իսրայէլը պիտի խլէ այս լաւ 13երկրէն՝ որ անոնց հայրերուն տուեր էր, ու զանոնք Գետին միւս կողմը պիտի ցրուէ, որովհետեւ Տէրը գրգռելով՝ իրենց աստարովթներ շինեցին։
16Իսրայէլը պիտի մատնէ Յերոբովամի մեղքերուն համար, որովհետեւ ան մեղանչեց եւ Իսրայէլի ալ մեղանչել տուաւ»։
17Այն ատեն Յերոբովամի կինը կանգնեցաւ, գնաց ու Թերսա հասաւ. երբ տան դրան սեմէն ներս կը մտնէր, տղան մեռաւ։
18Զայն թաղեցին, եւ ամբողջ Իսրայէլը անոր վրայ հեծեծեց Տէրոջ խօսքին համաձայն, որ իր ծառային՝ Աքիա մարգարէին 14միջոցով ըսեր էր։
ՅԵՐՈԲՈՎԱՄԻ ՄԱՀԸ
19Յերոբովամի մնացեալ արարքները — թէ ի՛նչպէս պատերազմեցաւ եւ ի՛նչպէս թագաւորեց — ահա՛ Իսրայէլի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։
2015Յերոբովամ քսաներկու տարի թագաւորեց՝՝, ապա իր հայրերուն հետ քնացաւ։ Անոր տեղ իր որդին՝ Նադաբ թագաւոր եղաւ։
ՅՈՒԴԱՅԻ ՌՈԲՈՎԱՄ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Բ. Մնաց. 11. 5-12. 15)
21Սողոմոնի որդին՝ Ռոբովամ Յուդայի վրայ թագաւորեց։ Ռոբովամ քառասունմէկ տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, եւ տասնեօթը տարի թագաւորեց Երուսաղէմի մէջ, այսինքն այն քաղաքին մէջ՝ որ Տէրը Իսրայէլի բոլոր տոհմերէն ընտրեց, իր անունը հոն դնելու համար։ Անոր մայրը Նաամա անունով Ամմոնացի մըն էր։
2216Յուդայեաններն ալ Տէրոջ 17առջեւ չարիք գործեցին, ու զայն նախանձի մղեցին իրենց գործած մեղքերով՝ իրենց հայրերուն բոլոր գործածներէն աւելի։
23Իրենք ալ՝ ամէն բարձր բլուրի վրայ եւ ամէն կանաչազարդ ծառի տակ՝ բարձր տեղեր, արձաններ ու աստարովթներ կառուցանեցին իրենց համար.
24նոյնիսկ երկրին մէջ 18իգացեալներ կային։ Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն Տէրոջ վտարած ազգերուն բոլոր գարշութիւններուն նմանները գործեցին։
25Ռոբովամ թագաւորին հինգերորդ տարին՝ Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը Երուսաղէմի դէմ բարձրացաւ։
26Տէրոջ տան գանձերն ու թագաւորին տան գանձերը գրաւեց. բոլորն ալ գրաւեց. Սողոմոնի շինած բոլոր ոսկիէ վահաններն ալ գրաւեց։
27Ռոբովամ թագաւորը անոնց տեղ պղինձէ վահաններ շինեց, ու զանոնք թագաւորին տան մուտքը պահպանող սուրհանդակներու պետերուն ձեռքը յանձնեց։
28Երբ թագաւորը Տէրոջ տունը կ’երթար, սուրհանդակները զանոնք կը կրէին. յետոյ զանոնք սուրհանդակներուն խուցը կը վերադարձնէին։
29Ռոբովամի մնացեալ արարքներն ու անոր բոլոր ըրածները՝ ահա՛ Յուդայի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։
30Ռոբովամի ու Յերոբովամի միջեւ 19ամէն ատեն՝՝ պատերազմ կար։
31Ռոբովամ իր հայրերուն հետ քնացաւ, եւ իր հայրերուն հետ՝ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր մայրը Նաամա անունով Ամմոնացի մըն էր։ Անոր տեղ իր որդին՝ 20Աբիա թագաւորեց։