1 Kings 15
2 Samuel « 1 Kings 14 ‹ 1 Kings 15 › 1 Kings 16 » 2 Kings
ՅՈՒԴԱՅԻ ԱԲԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Բ. Մնաց. 13. 1-14. 1)
1Նաբատեան Յերոբովամ թագաւորին տասնութերորդ տարին՝ Աբիա Յուդայի վրայ թագաւոր եղաւ։
2Ան Երուսաղէմի մէջ երեք տարի թագաւորեց. իր մայրը Աբիսողոմի աղջիկն էր՝ Մաաքա անունով։
3Իր հօր բոլոր մեղքերուն 1հետեւեցաւ, որոնք ան իրմէ առաջ գործած էր. սիրտը իր հօր՝ Դաւիթի սիրտին պէս կատարեալ չեղաւ Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն հանդէպ։
4Բայց Դաւիթի սիրոյն համար Տէրը՝ անոր Աստուածը Երուսաղէմի մէջ անոր ճրագ մը տուաւ, անկէ ետք անոր որդին հաստատելով ու Երուսաղէմը կայունացնելով.
5որովհետեւ Դաւիթ ըրաւ ինչ որ Տէրոջ 2առջեւ ուղիղ է, եւ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ բնաւ անոր պատուիրաններէն չշեղեցաւ՝ Քետացի Ուրիայի խնդիրէն զատ։
6Ռոբովամի ու Յերոբովամի միջեւ պատերազմ կար՝ անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ։
7Աբիայի մնացեալ արարքներն ու անոր բոլոր ըրածները՝ ահա՛ Յուդայի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։ Աբիայի եւ Յերոբովամի միջեւ պատերազմ կար։
8Աբիա իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու զայն Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ իր որդին՝ Ասա թագաւոր եղաւ։
ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՍԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Բ. Մնաց. 15. 16-16. 6)
9Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին քսաներորդ տարին՝ Ասա Յուդայի վրայ թագաւոր եղաւ,
10ու Երուսաղէմի մէջ քառասունմէկ տարի թագաւորեց. իր 3մայրը Աբիսողոմի աղջիկն էր՝ Մաաքա անունով։
11Ասա իր հօր՝ Դաւիթի պէս ըրաւ ինչ որ Տէրոջ առջեւ ուղիղ է։
12Իգացեալները երկրէն 4հեռացուց, եւ իր հայրերուն շինած բոլոր չաստուածները հանեց։
13Նոյնիսկ իր մայրը՝ Մաաքան 5մայր-թագուհութենէ՝՝ պաշտօնազրկեց, քանի որ ան Աստարովթի կուռք մը շիներ էր։ Ասա անոր կուռքը կոտրտեց ու Կեդրոնի ձորին մէջ այրեց։
14Բայց բարձր տեղերը չհանուեցան. սակայն Ասայի սիրտը Տէրոջ հանդէպ կատարեալ եղաւ՝ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ։
15Իր հօր 6սուրբ բաները՝՝ եւ իր սուրբ բաները — արծաթը, ոսկին ու առարկաները — Տէրոջ տունը տարաւ։
16Ասայի եւ Իսրայէլի Բաասա թագաւորին միջեւ, անոնց բոլոր օրերուն մէջ, պատերազմ կար։
17Իսրայէլի թագաւորը՝ Բաասա Յուդայի դէմ բարձրացաւ ու Ռաման 7կառուցանեց, որպէսզի ո՛չ մէկուն թոյլատրէ Յուդայի Ասա թագաւորին քովէն դուրս ելլել կամ քովը մտնել։
18Ուստի Ասա Տէրոջ տան գանձարանին մէջ եւ թագաւորին տան գանձարանին մէջ մնացած բոլոր արծաթն ու ոսկին առաւ, իր ծառաներուն ձեռքը տուաւ, եւ Ասա թագաւորը Դամասկոս բնակող Սուրիայի թագաւորին՝ Էզիոնի որդիին Տաբրեմոնի որդիին Բենադադի ղրկեց զանոնք՝ ըսելով.
19«Իմ ու քու միջեւ, եւ իմ հօրս ու քու հօրդ միջեւ դաշինք կայ։ Ահա՛ քեզի արծաթ եւ ոսկի կը ղրկեմ իբր 8վարձատրութիւն. գնա՛ ու Իսրայէլի Բաասա թագաւորին հետ կնքած դաշինքդ խզէ՛, որպէսզի ան ինձմէ 9հեռանայ»։
20Բենադադ Ասա թագաւորին խօսքը մտիկ ըրաւ, իր զօրապետները Իսրայէլի քաղաքներուն դէմ ղրկեց, եւ Իյոնը, Դանը, Աբէլ-Բեթմաաքան, ամբողջ Քեներէթն ու Նեփթաղիմի ամբողջ երկիրը զարկաւ։
21Բաասա այս լուրը լսելով՝ Ռաման կառուցանելէն հրաժարեցաւ, եւ Թերսայի մէջ մնաց։
22Այն ատեն Ասա թագաւորը ամբողջ Յուդան 10կանչեց. ո՛չ մէկը զերծ եղաւ։ Անոնք Ռամայի քարերն ու անոր փայտերը փոխադրեցին, որոնցմով Բաասա կը կառուցանէր, եւ Ասա թագաւորը անոնցմով Բենիամինի Գաբան ու Մասփան կառուցանեց։
23Ասայի բոլոր մնացեալ արարքները, անոր բոլոր քաջութիւնները, բոլոր ըրածներն ու կառուցանած քաղաքները՝ ահա՛ Յուդայի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են. սակայն ան իր ծերութեան ատենը ոտքերու հիւանդութիւն ունէր։
24Ասա իր հայրերուն հետ քնացաւ, եւ իր հօր՝ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ իր հայրերուն հետ։ Անոր տեղ իր որդին՝ Յովսափատ թագաւոր եղաւ։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆԱԴԱԲ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
25Յուդայի Ասա թագաւորին երկրորդ տարին, Յերոբովամի որդին՝ Նադաբ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ, եւ Իսրայէլի վրայ երկու տարի թագաւորեց։
26Ան Տէրոջ 11առջեւ չարիք գործեց. իր հօր ճամբայէն ընթացաւ, ու գործեց անոր մեղքը՝ որով Իսրայէլի մեղանչել տուեր էր։
27Իսաքարի տունէն Աքիայի որդին՝ Բաասա անոր դէմ դաւադրեց. Բաասա զայն Փղշտացիներու Գաբաթոնին քով զարկաւ, երբ Նադաբ ամբողջ Իսրայէլի հետ Գաբաթոնը պաշարած էր։
28Յուդայի Ասա թագաւորին երրորդ տարին՝ Բաասա մեռցուց զայն, եւ անոր տեղ թագաւոր եղաւ։
29Երբ ինք թագաւոր եղաւ, Յերոբովամի ամբողջ տունը զարկաւ. Յերոբովամէն ո՛չ մէկ շնչաւոր ողջ թողուց, զայն բնաջնջեց՝ Տէրոջ խօսքին համաձայն, որ իր ծառային՝ Սիլոնացի Աքիա մարգարէին 12միջոցով ըսեր էր
30Յերոբովամի մեղքերուն պատճառով, որոնցմով ինք մեղանչեր էր եւ Իսրայէլի ալ մեղանչել տուեր էր, Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը գրգռելով։
31Նադաբի մնացեալ արարքներն ու անոր բոլոր ըրածները՝ ահա՛ Իսրայէլի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։
32Ասայի եւ Իսրայէլի Բաասա թագաւորին միջեւ պատերազմ կար՝ անոնց բոլոր օրերուն մէջ։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԲԱԱՍԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
33Յուդայի Ասա թագաւորին երրորդ տարին, Աքիայի որդին՝ Բաասա Թերսայի մէջ ամբողջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ, ու քսանչորս տարի թագաւորեց։
34Ան Տէրոջ առջեւ չարիք գործեց. Յերոբովամի ճամբայէն ընթացաւ, եւ գործեց անոր մեղքը՝ որով Իսրայէլի մեղանչել տուեր էր։