Loading...

1 Kings 16

2 Samuel  «  1 Kings 15  ‹  1 Kings 16  ›  1 Kings 17  »  2 Kings


1

Բաասայի դէմ 1Տէրը խօսեցաւ՝՝ Անանիի որդիին՝ Յէուի, ըսելով.

2

«Քանի քեզ 2փոշիէն բարձրացուցի, ու քեզ իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի վրայ առաջնորդ կարգեցի, բայց դուն Յերոբովամի ճամբայէն ընթացար եւ իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի մեղանչել տուիր, ու իրենց մեղքերով զիս գրգռեցին,

3

ահա՛ ես Բաասայի յետնորդները եւ անոր տան յետնորդները պիտի բնաջնջեմ, ու քու տունդ Նաբատեան Յերոբովամի տան պէս պիտի ընեմ։

4

Բաասայի տունէն՝ քաղաքի մէջ մեռնողը շուները պիտի ուտեն, եւ դաշտի մէջ մեռնողը երկինքի թռչունները պիտի ուտեն»։

5

Բաասայի մնացեալ արարքները, անոր ըրածն ու քաջութիւնը՝ ահա՛ Իսրայէլի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։

6

Բաասա իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ Թերսայի մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ իր որդին՝ Էլա թագաւոր եղաւ։

7

Նաեւ Անանիի որդիին՝ Յէու մարգարէին միջոցով Տէրը խօսեցաւ Բաասայի ու անոր տան դէմ՝ այն բոլոր չարիքներուն համար, որոնք ինք Տէրոջ 3առջեւ գործեր էր, իր ձեռքերուն գործով զայն գրգռելով ու Յերոբովամի տան պէս ըլլալով, նաեւ զայն մեռցնելուն համար։


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԷԼԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

8

Յուդայի Ասա թագաւորին քսանվեցերորդ տարին, Բաասայի որդին՝ Էլա Թերսայի մէջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ, ու երկու տարի թագաւորեց։

9

Մինչ ան Թերսայի մէջ խմելով կը գինովնար՝ իր Թերսայի տան վերակացուին՝ Արսայի տունը, անոր ծառան՝ Զամբրի, որ անոր կառքերուն կէսին վերահսկիչն էր, անոր դէմ դաւադրեց։

10

Զամբրի ներս երթալով՝ զայն զարկաւ ու մեռցուց, եւ անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ՝ Յուդայի Ասա թագաւորին քսանեօթներորդ տարին։

11

Երբ թագաւոր եղաւ ու իր գահին վրայ բազմեցաւ, իսկոյն Բաասայի ամբողջ տունը զարկաւ. ո՛չ մէկ այր 4մարդ՝՝ ողջ թողուց անոր, ո՛չ անոր ազգականները, ո՛չ անոր բարեկամները։

12

Զամբրի Բաասայի ամբողջ տունը բնաջնջեց՝ Բաասայի դէմ Յէու մարգարէին 5միջոցով Տէրոջ ըսած խօսքին համաձայն,

13

Բաասայի բոլոր մեղքերուն համար եւ անոր որդիին՝ Էլայի մեղքերուն համար, որոնցմով իրենք մեղանչեցին ու Իսրայէլի ալ մեղանչել տուին, իրենց սնապաշտութիւններով Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը գրգռելով։

14

Էլայի մնացեալ արարքներն ու անոր բոլոր ըրածները՝ ահա՛ Իսրայէլի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԶԱՄԲՐԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

15

Յուդայի Ասա թագաւորին քսանեօթներորդ տարին, Զամբրի Թերսայի մէջ եօթը օր թագաւորեց. իսկ ժողովուրդը Փղշտացիներու Գաբաթոնին դէմ բանակած էր։

16

Երբ բանակող ժողովուրդը լսեց թէ կ’ըսեն. «Զամբրի դաւադրեր է ու թագաւորն ալ մեռցուցեր է», նոյն օրը ամբողջ Իսրայէլը՝ բանակավայրին մէջ՝ Ամրի սպարապետը թագաւոր հռչակեց Իսրայէլի վրայ։

17

Ամրի եւ անոր հետ եղող ամբողջ Իսրայէլը Գաբաթոնէն բարձրացան ու Թերսան պաշարեցին։

18

Երբ Զամբրի քաղաքին գրաւուիլը տեսաւ, թագաւորին տան 6ներսի կողմը՝՝ մտաւ, թագաւորին տունը իր վրայ կրակով այրեց, եւ մեռաւ

19

իր գործած մեղքերուն համար, որոնցմով Տէրոջ առջեւ չարիք գործեց՝ ընթանալով Յերոբովամի ճամբայէն, եւ գործելով անոր մեղքը՝ որով ան Իսրայէլի մեղանչել տուեր էր։

20

Զամբրիի մնացեալ արարքներն ու անոր 7դաւադրութիւնը՝ ահա՛ Իսրայէլի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՄՐԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

21

Այն ատեն Իսրայէլի ժողովուրդը երկուքի բաժնուեցաւ։ Ժողովուրդին կէսը Գինաթի որդիին՝ Թաբնիի հետեւեցաւ, որպէսզի զինք թագաւոր հռչակէ. կէսն ալ Ամրիի հետեւեցաւ։

22

Ամրիի հետեւող ժողովուրդը Գինաթեան Թաբնիի հետեւող ժողովուրդին յաղթեց. Թաբնի մեռաւ, եւ Ամրի թագաւոր եղաւ։

23

Յուդայի Ասա թագաւորին երեսունմէկերորդ տարին՝ Ամրի Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ, ու տասներկու տարի թագաւորեց. վեց տարի Թերսայի մէջ թագաւորեց։

24

Սամերէն երկու տաղանդ արծաթով Սամարիայի լեռը գնեց, լերան վրայ քաղաք մը կառուցանեց, եւ կառուցանած քաղաքին անունը Սամարիա կոչեց, այդ լերան տիրոջ՝ Սամերի անունով։

25

Ամրի Տէրոջ 8առջեւ չարիք գործեց, ու բոլոր իրմէ առաջ եղողներէն աւելի 9չար եղաւ՝՝.

26

արդարեւ ան Նաբատեան Յերոբովամի ամբողջ ճամբայէն ընթացաւ, եւ գործեց անոր մեղքը՝ որով Իսրայէլի մեղանչել տուաւ, իրենց սնապաշտութիւններով Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը գրգռելով։

27

Ամրիի կատարած մնացեալ արարքներն ու անոր քաջագործութիւնը՝ ահա՛ Իսրայէլի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։

28

Ամրի իր հայրերուն հետ քնացաւ, եւ Սամարիայի մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ իր որդին՝ Աքաաբ թագաւոր եղաւ։


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՔԱԱԲ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

29

Ամրիի որդին՝ Աքաաբ, Յուդայի Ասա թագաւորին երեսունութերորդ տարին՝ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ. Ամրիի որդին՝ Աքաաբ Իսրայէլի վրայ Սամարիայի մէջ քսաներկու տարի թագաւորեց։

30

Ամրիի որդին՝ Աքաաբ բոլոր իրմէ առաջ եղողներէն աւելի չարիք գործեց Տէրոջ առջեւ։

31

Նաբատեան Յերոբովամի 10մեղքերը գործելը պզտիկ բան սեպելով՝՝, Սիդոնացիներուն Եթբահաղ թագաւորին աղջիկը՝ Յեզաբէլը առաւ իբր կին, ու գնաց՝ Բահաղը պաշտեց եւ անոր երկրպագեց։

32

Սամարիայի մէջ՝ իր կառուցանած Բահաղի տան մէջ Բահաղի բագին մը կանգնեցուց.

33

նաեւ Աքաաբ 11Աստարովթի կուռք՝՝ մը շինեց։ Իր կատարած գործերով՝ Աքաաբ իրմէ առաջ եղող Իսրայէլի բոլոր թագաւորներէն աւելի գրգռեց Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը։

34

Անոր օրերը Բեթելացի Յիէլ Երիքովը կառուցանեց. իր 12անդրանիկին՝ Աբիրոնի կեանքին գինով՝՝ անոր հիմը դրաւ, եւ իր 13կրտսերին՝ Սեգուբի կեանքին գինով՝՝ անոր դռները կանգնեցուց, Նաւեան Յեսուի 14միջոցով Տէրոջ ըսած խօսքին համաձայն։



1 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
2 Կամ՝ հողէն
3 Եբր.՝ աչքերուն
4 Եբր.՝ պատի վրայ միզող
5 Եբր.՝ ձեռքով
6 Եբր.՝ պալատը
7 Եբր.՝ դաւադրած դաւադրութիւնը
8 Եբր.՝ աչքերուն
9 Եբր.՝ չարիք գործեց
10 Եբր.՝ մեղքերուն մէջէն ընթանալը անոր առջեւ թեթեւ բան ըլլալով
11 Եբր.՝ աստարովթ
12 Եբր.՝ անդրանիկին՝ Աբիրոնի վրայ
13 Եբր.՝ կրտսերին՝ Սեգուբի վրայ
14 Եբր.՝ ձեռքով