Loading...

1 Kings 17

2 Samuel  «  1 Kings 16  ‹  1 Kings 17  ›  1 Kings 18  »  2 Kings


ԵՂԻԱ ԵՒ ԵՐԱՇՏԸ

1

Գաղաադի բնակիչներէն Թեզբացի Եղիա Աքաաբի ըսաւ. «Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը, որուն 1առջեւ կը կայնիմ՝՝, կ’ապրի՛. այս տարիներուն մէջ ո՛չ ցօղ պիտի ըլլայ, ո՛չ անձրեւ, բայց 2միայն իմ խօսքովս՝՝»։

2

3Տէրը խօսեցաւ՝՝ անոր՝ ըսելով.

3

«Ասկէ գնա՛, ու դէպի արեւելք դառնալով՝ պահուըտէ՛ Յորդանանի դիմաց եղող Քերիթ վտակին քով։

4

Այդ վտակէ՛ն ջուր պիտի խմես, եւ ագռաւներուն հրամայեր եմ որ հոն քեզ կերակրեն»։

5

Ան ալ գնաց ու Տէրոջ խօսքին համաձայն ըրաւ. գնաց եւ Յորդանանի դիմաց եղող Քերիթ վտակին քով բնակեցաւ։

6

Ագռաւները առտուն անոր հաց ու միս կը բերէին, եւ իրիկունն ալ՝ հաց ու միս, եւ վտակէն ջուր կը խմէր։

7

Ժամանակ մը ետք վտակը ցամքեցաւ, որովհետեւ երկրին վրայ տեղատարափ չեկաւ։


ԵՂԻԱ ԵՒ ՍԱՐԵՓԹԱՅԻ ԱՅՐԻՆ

8

Ուստի Տէրը խօսեցաւ անոր՝ ըսելով.

9

«Կանգնէ՛, Սիդոնացիներու Սարեփթա՛ն գնա ու հո՛ն բնակէ. ահա՛ հոն այրի կնոջ մը հրամայեր եմ, որ քեզ կերակրէ»։

10

Ան ալ կանգնեցաւ եւ Սարեփթա գնաց։ Երբ քաղաքին մուտքը հասաւ, ահա՛ այրի կին մը հոն փայտ կը հաւաքէր։ Զայն կանչեց եւ ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, ինծի անօթով քիչ մը ջո՛ւր բեր, որպէսզի խմեմ»։

11

Երբ ան բերելու գնաց, Եղիա անոր ետեւէն պոռաց ու ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, ձեռքդ պատա՛ռ մը հաց ալ առ եւ ինծի՛ բեր»։

12

Կինը ըսաւ. «Տէրը՝ քու Աստուածդ կ’ապրի՛. շօթ չունիմ, բայց միայն սափորի մը մէջ՝ մէկ բուռի չափ ալիւր կայ, ու կուժին մէջ ալ քիչ մը իւղ կայ։ Ահա՛ երկու կտոր փայտ կը հաւաքեմ, որպէսզի երթամ, զայն ինծի եւ որդիիս համար 4եփեմ, ուտենք, ու յետոյ մեռնինք»։

13

Եղիա անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, գնա՛ եւ ըրէ՛ ինչպէս որ ըսիր։ Բայց անկէ նախ ինծի՛ համար պզտիկ շօթ մը պատրաստէ եւ ինծի՛ բեր. յետոյ քեզի ու որդիիդ համար պատրաստէ։

14

Արդարեւ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Սափորէն ալիւրը պիտի չհատնի, ու կուժէն իւղը պիտի չպակսի՝ մինչեւ այն օրը, երբ Տէրը երկրագունդին վրայ տեղատարափ 5ղրկէ”»։

15

Կինը գնաց, Եղիայի խօսքին համաձայն ըրաւ, եւ ան, ինք ու իր ընտանիքը երկար ժամանակ կերան։

16

Սափորէն ալիւրը չհատաւ եւ կուժէն իւղը չպակսեցաւ, Տէրոջ խօսքին համաձայն՝ որ Եղիայի 6միջոցով ըսեր էր։

17

Այս բաներէն ետք՝ այդ կնոջ — տան տիրուհիին — որդին հիւանդացաւ։ Անոր հիւանդութիւնը այնչափ զօրաւոր էր, որ անոր վրայ շունչ չմնաց։

18

Կինը Եղիայի ըսաւ. «Ո՛վ Աստուծոյ մարդ, ինծի հետ ի՞նչ ունիս. միթէ իմ մեղքս յիշեցնելո՞ւ եւ իմ որդիս մեռցնելո՞ւ համար ինծի եկար»։

19

Ինք ալ անոր ըսաւ. «Որդիդ ինծի՛ տուր»։ Զայն անոր ծոցէն առաւ, իր բնակած վերնատունը հանեց, ու զայն իր մահիճին մէջ պառկեցուց։

20

Ապա Տէրոջ գոչելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, իմ Աստուա՜ծս, ի՛րապէս այս այրի կի՞նն ալ — որուն քով ես պանդխտացած եմ — չարչարեցիր՝ անոր որդին մեռցնելով»։

21

Զաւակին վրայ երեք անգամ երկննալով ու Տէրոջ գոչելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, իմ Աստուա՜ծս, կ’աղերսե՛մ, այս զաւակին հոգին իր մարմինին թող վերադառնայ»։

22

Տէրը Եղիայի ձայնը լսեց, ու զաւակին հոգին իր մարմինին վերադարձաւ, եւ ան վերապրեցաւ։

23

Եղիա զաւակը առաւ, զինք վերնատունէն տունը իջեցուց եւ իր մօր տուաւ։ Եղիա ըսաւ. «Նայէ՛, որդիդ կ’ապրի՛»։

24

Կինը Եղիայի ըսաւ. «Հիմա ասով գիտցայ թէ դուն Աստուծոյ մարդն ես, ու քու բերանիդ մէջ Տէրոջ խօսքը ճշմարիտ է»։



1 Այսինքն՝ ծառան եմ
2 Եբր.՝ իմ խօսքիս համաձայն
3 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
4 Եբր.՝ պատրաստեմ
5 Եբր.՝ տայ
6 Եբր.՝ ձեռքով