1 Kings 18
2 Samuel « 1 Kings 17 ‹ 1 Kings 18 › 1 Kings 19 » 2 Kings
ԵՂԻԱ ԵՒ ԲԱՀԱՂԻ ՄԱՐԳԱՐԷՆԵՐԸ
1Շատ օրեր անցնելէն ետք, երրորդ տարուան մէջ 1Տէրը խօսեցաւ՝՝ Եղիայի՝ ըսելով. «Գնա՛, Աքաաբի՛ երեւցիր, ու երկրագունդին վրայ անձրեւ պիտի 2ղրկեմ»։
2Ուստի Եղիա գնաց՝ Աքաաբի երեւնալու։ Սամարիայի մէջ սաստիկ սով կար։
3Աքաաբ իր տան վերակացուն՝ Աբդիան կանչեց, (Աբդիա Տէրոջմէն շատ կը վախնար.
4երբ Յեզաբէլ Տէրոջ մարգարէները կոտորեց, Աբդիա հարիւր մարգարէ առաւ, զանոնք քարայրներու մէջ պահեց՝ յիսուն-յիսուն, եւ զանոնք հացով ու ջուրով կերակրեց։)
5եւ Աքաաբ Աբդիայի ըսաւ. «Գնա՛ այս երկրին մէջ եղած բոլոր ջուրի աղբիւրներուն ու բոլոր վտակներուն քով. թերեւս խոտ գտնենք եւ ձիերն ու ջորիները ողջ պահենք, որ բոլոր անասունները չբնաջնջենք»։
6Ուստի անոնք երկիրը իրենց մէջ բաժնեցին՝ շրջագայելու համար. Աքաաբ ճամբայէ մը մինակ գնաց, Աբդիա ալ ուրիշ ճամբայէ մը մինակ գնաց։
7Երբ Աբդիա ճամբան էր, ահա՛ Եղիա անոր հանդիպեցաւ։ Աբդիա զայն ճանչցաւ, իր երեսին վրայ ինկաւ եւ ըսաւ. «Արդեօք դո՞ւն ես, իմ տէրս՝ Եղիան»։
8Եղիա անոր պատասխանեց. «Ես եմ. գնա՛ տիրոջդ ըսէ՛. “Ահա՛ Եղիա կու գայ”»։
9Ան ալ ըսաւ. «Ես ի՞նչ մեղք գործեր եմ, որ քու ծառադ Աքաաբի ձեռքը կը մատնես, որպէսզի զիս մեռցնէ։
10Տէրը՝ քու Աստուածդ կ’ապրի՛. ազգ մը կամ թագաւորութիւն մը չմնաց, ուր իմ տէրս քեզ փնտռելու համար մարդ ղրկած չըլլայ։ Ու երբ կ’ըսէին. “Հոս չէ”, այդ թագաւորութեան կամ այդ ազգին երդում ընել կու տար՝ թէ քեզ գտած չեն։
11Եւ հիմա դուն կ’ըսես. “Գնա՛ տիրոջդ ըսէ՛. "Ահա՛ Եղիա կու գայ"”։
12Կրնայ ըլլալ որ երբ քովէդ երթամ, Տէրոջ Հոգին քեզ 3ինծի անծանօթ տեղ մը՝՝ փոխադրէ։ Եթէ երթամ Աքաաբի իմացնեմ, ու քեզ չգտնէ, զիս պիտի մեռցնէ։ Բայց ես՝ քու ծառադ՝ մանկութենէս ի վեր Տէրոջմէն կը վախնամ։
13Միթէ տիրոջս չպատմուեցա՞ւ ինչ որ ըրի, երբ Յեզաբէլ Տէրոջ մարգարէները սպաննեց. Տէրոջ մարգարէներէն հարիւր մարդ քարայրներու մէջ պահեցի՝ յիսուն-յիսուն, եւ զանոնք հացով ու ջուրով կերակրեցի։
14Եւ հիմա դուն կ’ըսես. “Գնա՛ տիրոջդ ըսէ՛. "Ահա՛ Եղիա կու գայ"”։ Ան զիս պիտի մեռցնէ»։
15Եղիա ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը, որուն առջեւ կը կայնիմ, կ’ապրի՛. ա՛յսօր անոր պիտի երեւնամ»։
16Աբդիա գնաց, Աքաաբի հանդիպեցաւ եւ անոր իմացուց. Աքաաբ ալ Եղիան դիմաւորելու գնաց։
17Երբ Աքաաբ Եղիան տեսաւ՝ 4անոր ըսաւ. «Իսրայէլը դժբախտացնողը դո՞ւն ես»։
18Ան ալ պատասխանեց. «Իսրայէլը ես չդժբախտացուցի, հապա դո՛ւն ու հօրդ տունը. արդարեւ Տէրոջ պատուիրանները լքեցիք, եւ Բահաղներու հետեւեցաք։
19Հիմա մարդ ղրկէ՛, ու Կարմեղոս լերան վրայ՝ իմ քո՛վս հաւաքէ ամբողջ Իսրայէլը, Բահաղի չորս հարիւր յիսուն մարգարէները, եւ Յեզաբէլի սեղանէն ուտող Աստարովթի չորս հարիւր մարգարէները»։
20Աքաաբ բոլոր Իսրայէլի որդիներուն մարդ ղրկեց, ու մարգարէները Կարմեղոս լեռը հաւաքեց։
21Եղիա ամբողջ ժողովուրդին մօտեցաւ եւ ըսաւ. «Դուք մինչեւ ե՞րբ երկու կարծիքի վրայ պիտի կաղաք. եթէ Եհովան Աստուած է՝ անո՛ր հետեւեցէք, իսկ եթէ Բահաղ Աստուած է՝ անո՛ր հետեւեցէք»։ Ժողովուրդը ոչինչ պատասխանեց անոր։
22Եղիա ժողովուրդին ըսաւ. «Միայն ե՛ս մնացի Տէրոջ մարգարէ, իսկ Բահաղի մարգարէները չորս հարիւր յիսուն մարդ են։
23Ուրեմն մեզի երկու զուարակ թող տրուի. անոնք իրենց համար զուարակներէն մէկը թող ընտրեն, զայն կտորներու բաժնեն եւ փայտերու վրայ դնեն, բայց տակը կրակ 5չվառեն։ Միւս զուարակը ես պատրաստեմ ու զայն փայտերու վրայ դնեմ, բայց կրակ չվառեմ։
24Դուք ձեր աստուծոյն անունը կանչեցէք, ես ալ Եհովայի անունը կանչեմ։ Այն աստուածը՝ որ կրակով պատասխանէ, անիկա՛ է ճշմարիտ Աստուածը»։ Ամբողջ ժողովուրդը պատասխանեց. «Այս խօսքը 6նպաստաւոր է»։
25Եղիա Բահաղի մարգարէներուն ըսաւ. «Ձեզի համար զուարակներէն մէ՛կը ընտրեցէք, եւ առաջ դո՛ւք պատրաստեցէք, որովհետեւ դուք բազմաթիւ էք. ձեր աստուծոյն անո՛ւնը կանչեցէք, բայց կրակ մի՛ վառէք»։
26Անոնք ալ իրենց տրուած զուարակը առին, պատրաստեցին, եւ առտուընէ մինչեւ կէսօր Բահաղի անունը կանչեցին՝ ըսելով. «Ո՛վ Բահաղ, պատասխանէ՛ մեզի». բայց ձայն չկար, ո՛չ ալ պատասխանող։ Անոնք շինուած բագինին 7քով կը ցատկէին։
27Երբ կէսօր եղաւ, Եղիա զանոնք ծաղրելով ըսաւ. «Բա՛րձր ձայնով կանչեցէք, քանի ան աստուած է. թերեւս 8խօսակցութիւն մը ունի, կամ զբաղած է, կամ կը ճամբորդէ. թերեւս քնացած է ու պէտք է որ արթննայ»։
28Անոնք բարձր ձայնով կը պոռային, եւ իրենց սովորութեան համաձայն՝ դանակներով ու գեղարդներով իրենք զիրենք կը կտրատէին, մինչեւ որ իրենց վրայ արիւն հոսեցաւ։
29Երբ կէսօրը անցաւ, մինչեւ իրիկուան ընծային մատուցանուելու ատենը մարգարէացան. բայց ո՛չ ձայն կար, ո՛չ պատասխանող, ո՛չ ալ ուշադիր եղող։
30Այն ատեն Եղիա ամբողջ ժողովուրդին ըսաւ. «Ինծի՛ մօտեցէք»։ Ամբողջ ժողովուրդը իրեն մօտեցաւ, եւ ինք Տէրոջ փլցուած զոհասեղանը նորոգեց։
31Եղիա տասներկու քար առաւ՝ Յակոբի որդիներուն տոհմերուն թիւով, որուն Տէրը խօսեցաւ՝ ըսելով. «Քու անունդ Իսրայէլ ըլլայ»։
32Այդ քարերով Տէրոջ անունին զոհասեղան կառուցանեց, եւ զոհասեղանին շուրջը 9խրամ մը 10փորեց, երկու գրիւ հունտի տարողութեամբ։
33Փայտերը զետեղեց, զուարակը կտորներու բաժնեց ու փայտերուն վրայ դրաւ,
34եւ ըսաւ. «Չո՛րս սափոր ջուրով լեցուցէք, ու թափեցէ՛ք ողջակէզին վրայ եւ փայտերուն վրայ»։ Յետոյ ըսաւ. «Երկրո՛րդ անգամ այդպէս ըրէք», ու երկրորդ անգամ այդպէս ըրին։ Ապա ըսաւ. «Երրո՛րդ անգամ այդպէս ըրէք», ու երրորդ անգամ այդպէս ըրին։
35Ջուրը զոհասեղանին շուրջը հոսեցաւ ու խրամն ալ ջուրով լեցուեցաւ։
36Իրիկուան ընծային մատուցանուելու ատենը՝ Եղիա մարգարէն մօտեցաւ եւ ըսաւ. «Ո՛վ Եհովա, Աբրահամի, Իսահակի ու Իսրայէլի Աստուածը, այսօր թող գիտցուի թէ դո՛ւն Աստուած ես Իսրայէլի մէջ, ես քու ծառադ եմ, եւ այս բոլոր բաները քու խօսքովդ ըրի։
37Պատասխանէ՛ ինծի, ո՛վ Տէր, պատասխանէ՛ ինծի, որ այս ժողովուրդը գիտնայ թէ դո՛ւն Աստուած ես, ո՛վ Տէր, եւ թէ դո՛ւն ես անոնց սիրտը դարձնողը»։
38Այն ատեն Տէրոջմէն կրակ իջաւ, ողջակէզը, փայտերը, քարերն ու հողը այրեց, եւ խրամին մէջի ջուրն ալ լափեց։
39Ամբողջ ժողովուրդը ասիկա տեսնելով՝ երեսի վրայ ինկաւ եւ ըսաւ. «Եհովա՛ն է միակ Աստուածը, Եհովա՛ն է միակ Աստուածը»։
ԵՐԱՇՏԻՆ ՎԱԽՃԱՆԸ
40Եղիա անոնց ըսաւ. «Բահաղի մարգարէները բռնեցէ՛ք. անոնցմէ ո՛չ մէկը թող խոյս տայ»։ Զանոնք բռնեցին, ու Եղիա զանոնք Կիսոնի ձորը իջեցուց եւ հոն զանոնք մորթեց։
41Եղիա Աքաաբի ըսաւ. «Բարձրացի՛ր, կե՛ր ու խմէ՛, քանի 11տեղատարափի ոտնաձայն՝՝ կայ»։
42Աքաաբ բարձրացաւ՝ ուտելու եւ խմելու։ Իսկ Եղիա Կարմեղոս լերան գագաթը բարձրացաւ, մինչեւ գետին կծկուեցաւ, երեսը ծունկերուն մէջ դրաւ,
43եւ իր սպասաւորին ըսաւ. «Հիմա բարձրացի՛ր, ու ծովո՛ւն կողմը նայէ»։ Ան ալ բարձրացաւ, նայեցաւ ու ըսաւ. «Բա՛ն մը չկայ»։ Եղիա եօթը անգամ ըսաւ. «Դա՛րձեալ գնա».
44Եօթներորդ անգամին՝ սպասաւորը ըսաւ. «Ահա՛ ծովէն մարդու ափի չափ պզտիկ թանձր ամպ մը կը բարձրանայ»։ Եղիա ըսաւ. «Կանգնէ՛, Աքաաբի ըսէ՛. “Կառքդ լծէ՛ եւ իջի՛ր, որպէսզի տեղատարափը քեզ չարգելափակէ”»։
45Մինչեւ հոս-հոն դառնալը՝ երկինքը թանձր ամպերով մթագնեցաւ. հով կար, ու 12սաստիկ տեղատարափ եկաւ՝՝։ Աքաաբ կառքը նստաւ եւ Յեզրայէլ գնաց։
46Տէրոջ ձեռքը Եղիայի վրայ եղաւ. ան իր մէջքը գօտեւորեց, ու մինչեւ Յեզրայէլի մուտքը՝ Աքաաբի առջեւէն վազեց։