1 Kings 19
2 Samuel « 1 Kings 18 ‹ 1 Kings 19 › 1 Kings 20 » 2 Kings
ԵՂԻԱ ՍԻՆԱ ԼԵՐԱՆ ՎՐԱՅ
1Աքաաբ Յեզաբէլի պատմեց Եղիայի բոլոր ըրածները, եւ թէ ինչպէս ան բոլոր մարգարէները սուրով մեռցուց։
2Ուստի Յեզաբէլ պատգամաւոր մը ղրկեց Եղիայի՝ ըսելով. «Աստուածները այսպէս եւ ասկէ աւելին ընեն ինծի, եթէ վաղը՝ այս ատեն՝ քու անձդ անոնցմէ մէկուն անձին տեղ դրած չըլլամ»։
3Եղիա ասիկա 1տեսնելով՝՝ կանգնեցաւ եւ իր անձը ազատելու համար գնաց։ Յուդայի Բերսաբէն հասնելով՝ իր սպասաւորը հոն ձգեց,
4իսկ ինք մէկ օրուան ճամբայ գնաց անապատին մէջ։ Երբ եկաւ ու գիհիի մը տակ նստաւ, իր անձին մեռնիլը խնդրելով ըսաւ. «Ա՛լ կը բաւէ, ո՛վ Տէր, ա՛ռ իմ անձս, քանի որ ես իմ հայրերէս լաւ չեմ»։
5Ապա գիհիի մը տակ պառկեցաւ ու քնացաւ։ Բայց ահա՛ հրեշտակ մը անոր դպաւ եւ անոր ըսաւ. «Կանգնէ՛ ու կե՛ր»։
6Եղիա նայեցաւ, եւ ահա՛ 2գլուխին քով 3տաք քարերու՝՝ վրայ եփուած շօթ մը կար, ու կուժ մը ջուր։ Կերաւ, խմեց, եւ դարձեալ պառկեցաւ։
7Տէրոջ հրեշտակը վերադարձաւ, երկրորդ անգամ անոր դպաւ եւ անոր ըսաւ. «Կանգնէ՛ ու կե՛ր, քանի որ 4ճամբորդութիւնդ շատ երկար է»։
8Ան ալ կանգնեցաւ, կերաւ, խմեց, եւ այդ կերակուրին ոյժով քառասուն օր ու քառասուն գիշեր քալեց, մինչեւ Քորեբ՝ Աստուծոյ լեռը։
9Հոն՝ քարայրը մտաւ, ուր գիշերեց։ Եւ ահա՛ 5Տէրը խօսեցաւ՝՝ անոր՝ ըսելով. «Ո՛վ Եղիա, հոս ի՞նչ կ’ընես»։
10Ան ալ պատասխանեց. «Տէրոջ՝ զօրքերու Աստուծոյն համար շատ նախանձախնդիր եղայ, քանի որ Իսրայէլի որդիները քու ուխտդ լքեցին, զոհասեղաններդ փլցուցին ու մարգարէներդ սուրով սպաննեցին. միայն ես մնացած եմ, եւ իմ անձս ալ կը փնտռեն՝ որպէսզի զայն 6ջնջեն»։
11Տէրը անոր ըսաւ. «Դո՛ւրս ելիր, ու կայնէ՛ լերան վրայ՝ Տէրոջ առջեւ»։ Եւ ահա՛ Տէրը անցաւ, եւ Տէրոջ առջեւէն մեծ ու սաստիկ հով մը լեռները կը քակէր եւ ժայռերը կը փշրէր. բայց Տէրը այդ հովին մէջ չէր։ Հովէն ետք երկրաշարժ եղաւ, բայց Տէրը երկրաշարժին մէջ չէր։
12Երկրաշարժէն ետք կրակ եղաւ, բայց Տէրը կրակին մէջ չէր։ Կրակէն ետք՝ 7մեղմ, թեթեւ՝՝ ձայն մը լսուեցաւ։
13Երբ Եղիա զայն լսեց, իր վերարկուով երեսը ծածկեց, դուրս ելաւ ու քարայրին մուտքը կայնեցաւ։ Եւ ահա՛ անոր ձայն մը եկաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Եղիա, հոս ի՞նչ կ’ընես»։
14Ան ալ պատասխանեց. «Տէրոջ՝ զօրքերու Աստուծոյն համար շատ նախանձախնդիր եղայ, քանի որ Իսրայէլի որդիները քու ուխտդ լքեցին, զոհասեղաններդ փլցուցին ու մարգարէներդ սուրով սպաննեցին. միայն ես մնացած եմ, եւ իմ անձս ալ կը փնտռեն՝ որպէսզի զայն ջնջեն»։
15Տէրը անոր ըսաւ. «Գնա՛, քու ճամբայէդ վերադարձիր դէպի Դամասկոսի անապատը. երբ հասնիս՝ Ազայէլը Սուրիայի վրայ թագաւո՛ր օծէ։
16Նաեւ Նամեսսիի որդին՝ Յէուն Իսրայէլի վրայ թագաւո՛ր օծէ, եւ Աբէլ-Մաուլայէ եղող Սափատի որդին՝ Եղիսէն քու տեղդ մարգարէ՛ օծէ։
17Ո՛վ որ Ազայէլի սուրէն ճողոպրի՝ Յէու պիտի մեռցնէ զայն, եւ ո՛վ որ Յէուի սուրէն ճողոպրի՝ Եղիսէ պիտի մեռցնէ զայն։
18Բայց ես Իսրայէլէն եօթը հազար մարդ 8թողուցի, այսինքն բոլոր 9անոնք՝ որ Բահաղի առջեւ ծնրադրած չեն ու զայն բերանով համբուրած չեն՝՝»։
ԵՂԻՍԷԻ ԿՈՉՈՒՄԸ
19Անկէ գնաց, եւ Սափատի որդին՝ Եղիսէն գտաւ. ան արտ կը հերկէր՝ իր առջեւ տասներկու զոյգ եզներ ունենալով. ինք տասներկրորդին հետ էր։ Եղիա անոր քովէն անցնելով՝ իր վերարկուն անոր վրայ ձգեց։
20Այն ատեն Եղիսէ եզները լքեց, Եղիայի ետեւէն վազեց եւ ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, երթամ հայրս ու մայրս համբուրեմ, ապա քեզի հետեւիմ»։ Եղիա անոր ըսաւ. «Գնա՛, վերադարձի՛ր. արդարեւ ես ի՞նչ ըրի քեզի»։
21Եղիսէ անոր քովէն վերադարձաւ. եզներէն զոյգ մը առաւ եւ զանոնք 10զոհեց։ Ապա եզներուն կազմածներով անոնց միսը խաշեց ու ժողովուրդին տուաւ՝ որ ուտեն, իսկ ինք կանգնեցաւ, Եղիայի հետեւեցաւ եւ անոր կը սպասարկէր։