1 Kings 20
2 Samuel « 1 Kings 19 ‹ 1 Kings 20 › 1 Kings 21 » 2 Kings
ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
1Սուրիայի Բենադադ թագաւորը իր բոլոր զօրագունդերը հաւաքեց. իրեն հետ երեսուներկու թագաւոր կար, նաեւ ձիեր ու կառքեր։ Բարձրանալով Սամարիան պաշարեց եւ անոր դէմ պատերազմեցաւ։
2Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին պատգամաւորներ ղրկեց՝ քաղաքին մէջ,
3ու անոր ըսաւ. «Բենադադ սա՛ կ’ըսէ. “Քու արծաթդ ու ոսկիդ իմս են, եւ քու կիներդ ու գեղեցիկ որդիներդ իմս են”»։
4Իսրայէլի թագաւորը պատասխանեց. «Ո՛վ թագաւոր, իմ տէ՛րս, քու խօսքիդ համաձայն՝ ես քուկդ եմ, նաեւ իմ ամէն ունեցածս»։
5Պատգամաւորները վերադարձան ու ըսին. «Բենադադ սա՛ կ’ըսէ. “Թէպէտ քեզի մարդ ղրկեցի՝ ըսելով. "Քու արծաթդ, ոսկիդ, կիներդ ու որդիներդ ինծի՛ յանձնէ",
6սակայն վաղը՝ այս ատեն՝ ծառանե՛րս քեզի պիտի ղրկեմ։ Անոնք քու տունդ ու ծառաներուդ տուները պիտի խուզարկեն, եւ ամէն ինչ որ աչքերուդ ցանկալի է՝ իրե՛նց 1ձեռքերով պիտի գրաւեն”»։
7Այն ատեն Իսրայէլի թագաւորը երկրին բոլոր երէցները կանչեց եւ ըսաւ. «Այժմ գիտցէ՛ք ու տեսէ՛ք թէ ի՛նչպէս ասիկա չարիք 2կ’ուզէ ընել. արդարեւ իմ կիներուս, որդիներուս, արծաթիս եւ ոսկիիս համար ինծի մարդ ղրկեց, ու ես անոր պահանջը չմերժեցի»։
8Բոլոր երէցները եւ ամբողջ ժողովուրդը իրեն ըսին. «Մտիկ մի՛ ըներ ու հաւանութիւն մի՛ տար»։
9Ինք ալ Բենադադի պատգամաւորներուն ըսաւ. «Թագաւորին՝ իմ տիրոջս ըսէ՛ք. “Ամէն ինչ որ առաջին անգամ պահանջեցիր՝ քու ծառայիդ մարդ ղրկելով, պիտի ընեմ. բայց այս բանը չեմ կրնար ընել”»։ Պատգամաւորները գացին եւ այս 3պատասխանը տարին՝՝ անոր։
10Բենադադ մարդ ղրկեց իրեն ու ըսաւ. «Աստուածները ինծի այսպէս եւ ասկէ աւելի ընեն, եթէ Սամարիայի հողը 4ինծի հետեւող՝՝ ամբողջ ժողովուրդին ափերը լեցնելու բաւէ»։
11Իսրայէլի թագաւորը պատասխանեց. «Անոր սա՛ ըսէ՛ք. “Իր զէնքը մէջքը կապողը զայն մէջքէն հանողի պէս թող չպարծենայ”»։
12Երբ Բենադադ — որ իրեն օգնող թագաւորներուն հետ տաղաւարներու մէջ կը խմէր — այս խօսքը լսեց, իր ծառաներուն ըսաւ. «Պատերազմի՛ 5շարուեցէք»։ Անոնք ալ քաղաքին դէմ պատերազմի շարուեցան։
13Բայց ահա՛ մարգարէ մը Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին մօտեցաւ եւ ըսաւ. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Այս ամբողջ մեծ բազմութիւնը տեսա՞ր. ահա՛ ես այսօր զայն քու ձեռքդ պիտի մատնեմ, որպէսզի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը”»։
14Աքաաբ ըսաւ. «Որո՞ւն ձեռքով»։ Ան պատասխանեց. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Գաւառներու իշխանաւորներուն 6երիտասարդներուն ձեռքով”»։ Յետոյ ըսաւ. «Պատերազմը ո՞վ պիտի 7սկսի»։ Ան ալ պատասխանեց. «Դո՛ւն»։
15Ուստի գաւառներու իշխանաւորներուն երիտասարդները 8թուարկեց. անոնք երկու հարիւր երեսուներկու հոգի էին։ Անոնցմէ ետք ամբողջ ժողովուրդը թուարկեց. բոլոր Իսրայէլի որդիները եօթը հազար հոգի էին։
16Անոնք կէսօրին դուրս ելան, մինչ Բենադադ տաղաւարներու մէջ խմելով կը գինովնար, ինք եւ թագաւորները, այդ երեսուներկու թագաւորները՝ որ իրեն կ’օգնէին։
17Նախ գաւառներու իշխանաւորներուն երիտասարդները դուրս ելան։ Բենադադ մարդիկ ղրկեց, որոնք իրեն իմացուցին թէ Սամարիայէն մարդիկ դուրս ելան։
18Ինք ալ ըսաւ. «Եթէ անոնք խաղաղութեան համար դուրս ելան՝ զանոնք ո՛ղջ բռնեցէք. եթէ պատերազմի համար ալ դուրս ելան՝ զանոնք ո՛ղջ բռնեցէք»։
19Այս գաւառներու իշխանաւորներուն երիտասարդները քաղաքէն դուրս ելան, նաեւ անոնց հետեւող զօրագունդը։
20Իւրաքանչիւրը իր 9դիմացինը զարկաւ, եւ 10Ասորիները փախան։ Իսրայէլ զանոնք հալածեց, ու Սուրիայի Բենադադ թագաւորը՝ ձիու վրայ հեծած՝ քանի մը ձիաւորներով խոյս տուաւ։
21Իսրայէլի թագաւորը դուրս ելաւ, եւ ձիերն ու կառքերը զարկաւ. Ասորիները մեծ պարտութեան մատնեց։
22Մարգարէն Իսրայէլի թագաւորին մօտեցաւ եւ անոր ըսաւ. «Գնա՛, ուժովցի՛ր, գիտցի՛ր ու տե՛ս թէ ի՛նչ պիտի ընես, որովհետեւ 11յառաջիկայ տարին՝՝ Սուրիայի թագաւորը քու դէմդ պիտի բարձրանայ»։
ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ
23Սուրիայի թագաւորին ծառաները իրեն ըսին. «Անոնց աստուածները լեռներու աստուածներ են, ատոր համար մեզի յաղթեցին. բայց եթէ անոնց դէմ լեռնադաշտի մէջ պատերազմինք, անշո՛ւշտ անոնց կը յաղթենք։
24Ուրեմն սա՛ բանը ըրէ՛. թագաւորներէն իւրաքանչիւրը իր տեղէն հանէ՛, ու անոնց տեղ կուսակալնե՛ր նշանակէ։
25Իսկ դուն՝ 12քու կորսնցուցած՝՝ զօրագունդիդ նման զօրագո՛ւնդ մը 13պատրաստէ քեզի, ձիերուն չափ ձիերով, կառքերուն չափ կառքերով։ Անոնց դէմ լեռնադաշտի մէջ պիտի պատերազմինք, եւ անշո՛ւշտ անոնց պիտի յաղթենք»։ Ինք ալ անոնց խօսքը մտիկ ընելով՝ այդպէս ըրաւ։
26Յառաջիկայ տարին՝ Բենադադ Ասորիները թուարկեց, եւ Ափէկ բարձրացաւ՝ Իսրայէլի դէմ պատերազմելու համար։
27Իսրայէլի որդիներն ալ թուարկուեցան, պարենաւորուեցան, ու անոնց հանդիպելու գացին։ Իսրայէլի որդիները անոնց դիմաց բանակեցան՝ այծերու երկու երամակներու պէս, մինչ Ասորիները երկիրը կը լեցնէին։
28Աստուծոյ մարդը մօտեցաւ եւ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Քանի Ասորիները ըսին. "Եհովան լեռներո՛ւ Աստուած է, ո՛չ թէ հովիտներու Աստուած", այս ամբողջ մեծ բազմութիւնը քու ձեռքդ պիտի մատնեմ, որպէսզի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը”»։
29Իրարու դէմ եօթը օր բանակեցան. եօթներորդ օրը պատերազմը 14սկսաւ։ Իսրայէլի որդիները Ասորիներէն հարիւր հազար հետեւակ զօրք զարկին մէկ օրուան մէջ.
30մնացորդը Ափէկ քաղաքը փախաւ, սակայն այդ մնացորդէն քսանեօթը հազար մարդու վրայ պարիսպը ինկաւ։ Բենադադ փախաւ ու քաղաքը մտաւ՝ սենեակէ սենեակ պահուըտելով։
31Անոր ծառաները իրեն ըսին. «Ահա՛ մենք լսեր ենք թէ Իսրայէլի տան թագաւորները կարեկից թագաւորներ են. այժմ մեր մէջքը քուրձեր դնենք, ու գլուխը՝ պարաններ, եւ դուրս ելլենք՝ Իսրայէլի թագաւորին առջեւ. թերեւս քու անձդ ողջ պահէ»։
32Իրենց մէջքը քուրձեր կապեցին, գլուխը պարաններ դրին, Իսրայէլի թագաւորին գացին ու ըսին. «Քու ծառադ Բենադադ կ’ըսէ. “Կ’աղերսե՛մ, իմ անձս թող ապրի”»։ Ինք ալ ըսաւ. «Տակաւին ո՞ղջ է. ան իմ եղբայրս է»։
33Այդ մարդիկը, գուշակելով թէ ասիկա նպաստաւոր է, իրմէ եկած այս խօսքը շուտով ընկալեցին ու պատասխանեցին. «Քու եղբայրդ Բենադադ հոս է»։ Ուստի ինք ըսաւ. «Գացէ՛ք, զայն բերէ՛ք»։ Երբ Բենադադ դուրս ելլելով իրեն եկաւ, զայն իր կառքին վրայ բարձրացուց։
34Ան ալ իրեն ըսաւ. «Այն քաղաքները՝ որ իմ հայրս քու հօրմէդ գրաւած էր, կը վերադարձնեմ, եւ դուն Դամասկոսի մէջ փողոցնե՛ր շինէ քեզի համար, ինչպէս իմ հայրս Սամարիայի մէջ շինած էր»։ Իսկ ինք ըսաւ. «Ես ալ ա՛յս դաշինքով քեզ կ’արձակեմ»։ Ուստի անոր հետ դաշինք կնքեց ու զայն արձակեց։
ՄԱՐԳԱՐԷ ՄԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԱՔԱԱԲԸ
35Մարգարէներուն որդիներէն մարդ մը Տէրոջ խօսքով իր ընկերին ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, զիս զա՛րկ»։ Բայց այդ մարդը մերժեց զինք զարնել։
36Ինք ալ անոր ըսաւ. «Քանի դուն Տէրոջ խօսքը մտիկ չըրիր, ահա՛ երբ իմ քովէս երթաս, առիւծ մը քեզ պիտի զարնէ»։ Ան իր քովէն գնաց, եւ առիւծ մը անոր հանդիպելով զայն զարկաւ։
37Յետոյ ինք ուրիշ մարդ մը գտաւ ու անոր ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, զիս զա՛րկ»։ Մարդը զինք զարկաւ, եւ զարնելով վիրաւորեց։
38Այդ մարգարէն գնաց, ճամբային վրայ կայնեցաւ՝ թագաւորին սպասելով, ու ծպտուեցաւ՝ աչքերուն վրայ 15ծածկոց մը՝՝ դնելով։
39Երբ թագաւորը անկէ անցաւ, թագաւորին աղաղակելով ըսաւ. «Քու ծառադ 16պատերազմի գնաց՝՝, եւ ահա՛ մարդ մը պատերազմէն հեռանալով՝ ինծի մէկը բերաւ, ու ըսաւ. “Այս մարդը պահէ՛։ Եթէ ասիկա կերպով մը 17կորսուի, քու անձդ անոր անձին տեղ պիտի ըլլայ, կամ տաղանդ մը արծաթ պիտի 18վճարես”։
40Երբ ծառադ հոս-հոն 19զբաղած էր՝՝, ան 20կորսուեցաւ»։ Իսրայէլի թագաւորը անոր ըսաւ. «Քու դատաստանդ այդպէ՛ս է, ինչպէս դուն քու բերանովդ վճռեցիր»։
41Ան շտապելով ծածկոցը աչքերուն վրայէն հանեց, եւ Իսրայէլի թագաւորը ճանչցաւ թէ ան մարգարէներէն մէկն է։
42Ան իրեն ըսաւ. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Քանի դուն իմ նզոված մարդս քու ձեռքէդ ազատ արձակեցիր, քու անձդ անոր անձին տեղ պիտի ըլլայ, ու քու ժողովուրդդ՝ անոր ժողովուրդին տեղ”»։
43Իսրայէլի թագաւորը՝ տխրած եւ բարկացած՝ իր տունը վերադարձաւ, ու Սամարիա եկաւ։