1 Kings 21
2 Samuel « 1 Kings 20 ‹ 1 Kings 21 › 1 Kings 22 » 2 Kings
ՆԱԲՈՎԹԻ ԱՅԳԻՆ
1Այս բաներէն ետք, (Յեզրայելացի Նաբովթ Յեզրայէլի մէջ այգի մը ունէր, Սամարիայի Աքաաբ թագաւորին պալատին քով,)
2Աքաաբ Նաբովթի հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Քու այգիդ ինծի՛ տուր, որպէսզի ինծի բանջարեղէնի պարտէզ ընեմ, քանի որ իմ տանս մօտ է. անոր տեղը՝ անկէ լաւ այգի մը կու տամ քեզի, կամ եթէ 1ուզես՝ անոր գինը դրամով կը վճարեմ քեզի»։
3Նաբովթ Աքաաբի ըսաւ. «Տէրը ինծի չարտօնէ որ իմ հայրերուս ժառանգութիւնը քեզի տամ»։
4Աքաաբ իր տունը գնաց՝ տխրած եւ բարկացած, Յեզրայելացի Նաբովթի իրեն ըսած խօսքին պատճառով. արդարեւ ան ըսեր էր. «Իմ հայրերուս ժառանգութիւնը քեզի չեմ տար»։ Իր մահիճին վրայ պառկեցաւ, երեսը դարձուց, ու հաց չկերաւ։
5Անոր կինը՝ Յեզաբէլ իր քով գնաց եւ իրեն ըսաւ. «Ինչո՞ւ հոգիդ այդպէս տխրած է, ու հաց չես ուտեր»։
6Ինք ալ պատասխանեց անոր. «Որովհետեւ Յեզրայելացի Նաբովթի հետ խօսեցայ, եւ անոր ըսի. “Քու այգիդ ինծի դրամո՛վ տուր, կամ եթէ կ’ախորժիս՝ անոր տեղը ուրիշ այգի մը կու տամ քեզի”. բայց ան պատասխանեց. “Իմ այգիս քեզի չեմ տար”»։
7Այն ատեն անոր կինը՝ Յեզաբէլ իրեն ըսաւ. «Հիմա դուն չե՞ս Իսրայէլի վրայ 2թագաւորողը։ Կանգնէ՛, հա՛ց կեր ու սիրտդ թող զուարթանայ. Յեզրայելացի Նաբովթի այգին ե՛ս պիտի տամ քեզի»։
8Ուստի ան Աքաաբի անունով 3նամակներ գրեց, զանոնք անոր կնիքով կնքեց, եւ այդ նամակները ղրկեց Նաբովթի 4քաղաքակից երէցներուն ու ազնուականներուն։
9Գրած նամակներուն մէջ սա՛ կ’ըսէր. «Ծոմապահութի՛ւն յայտարարեցէք եւ Նաբովթը ժողովուրդին գլո՛ւխը նստեցուցէք։
10Անոր դիմաց երկո՛ւ 5անօրէն մարդ՝՝ նստեցուցէք, որ անոր դէմ վկայեն՝ ըսելով. “Դուն Աստուծոյ ու թագաւորին դէմ հայհոյեցիր”։ Ապա զինք դո՛ւրս հանեցէք ու քարկոծեցէ՛ք, որպէսզի մեռնի»։
11Անոր քաղաքին մարդիկը — անոր քաղաքը բնակող երէցներն ու ազնուականները — Յեզաբէլի իրենց 6հրահանգածին համաձայն ըրին, ինչպէս անոր իրենց ղրկած նամակներուն մէջ գրուած էր։
12Անոնք ծոմապահութիւն յայտարարեցին, եւ Նաբովթը ժողովուրդին գլուխը նստեցուցին։
13Երկու 7անօրէն մարդիկ՝՝ գացին անոր դիմաց նստան։ Այդ 8անօրէն մարդիկը ժողովուրդին 9առջեւ Նաբովթի մասին վկայեցին՝ ըսելով. «Նաբովթ Աստուծոյ ու թագաւորին դէմ հայհոյեց»։ Ուստի զինք քաղաքէն դուրս հանեցին եւ 10քարկոծեցին, ու մեռաւ։
14Ապա Յեզաբէլի լուր ղրկեցին՝ ըսելով. «Նաբովթ քարկոծուեցաւ եւ մեռաւ»։
15Երբ Յեզաբէլ Նաբովթի քարկոծուիլն ու մեռնիլը լսեց, Աքաաբի ըսաւ. «Կանգնէ՛, տիրացի՛ր Յեզրայելացի Նաբովթի այգիին, որ ինք մերժեց դրամով տալ քեզի. արդարեւ Նաբովթ ողջ չէ, հապա մեռաւ»։
16Երբ Աքաաբ Նաբովթի մեռնիլը լսեց, ոտքի ելաւ որ Յեզրայելացի Նաբովթի այգին իջնէ եւ անոր տիրանայ։
1711Տէրը խօսեցաւ՝՝ Թեզբացի Եղիայի՝ ըսելով.
18«Կանգնէ՛, իջի՛ր Սամարիա բնակող Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը դիմաւորելու,— ահա՛ ան Նաբովթի այգիին մէջն է, ուր իջեր է անոր տիրանալու համար,—
19եւ անոր ըսէ՛. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Սպաննեցիր, ու կը տիրանա՞ս ալ"”»։ Նաեւ անոր ըսէ՛. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Այն տեղը՝ ուր շուները Նաբովթի արիւնը լափլիզեցին, հոն շուները քու արիւնդ ալ պիտի լափլիզեն”»։
20Աքաաբ Եղիայի ըսաւ. «Ո՛վ իմ թշնամիս, զիս գտա՞ր»։ Ան ալ պատասխանեց. «Գտայ, որովհետեւ դուն քեզ ծախեցիր՝ Տէրոջ 12առջեւ չարիք գործելու համար։
21Ահա՛ ես քու վրադ չարիք պիտի բերեմ. քու յետնորդներդ պիտի բնաջնջեմ, եւ Աքաաբի բոլոր այր 13մարդիկը՝՝ — Իսրայէլի մէջ 14բանտարկուածն ու ազատը՝՝ — պիտի բնաջնջեմ։
22Քու տունդ Նաբատի որդիին՝ Յերոբովամի տան պէս, եւ Աքիայի որդիին՝ Բաասայի տան պէս պիտի ընեմ. որովհետեւ զիս գրգռեցիր, ու Իսրայէլի մեղանչել տուիր»։
23Տէրը Յեզաբէլի մասին ալ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Յեզրայէլի պատուարին քով՝ շունե՛րը Յեզաբէլը պիտի ուտեն։
24Աքաաբէ՝ քաղաքին մէջ մեռնողը շունե՛րը պիտի ուտեն, եւ դաշտին մէջ մեռնողը երկինքի թռչուննե՛րը պիտի ուտեն»։
25Աքաաբի պէս բնաւ թագաւոր մը եղած չէր, որ ինքզինք ծախէ՝ Տէրոջ առջեւ չարիք գործելու համար։ Իր կինը՝ Յեզաբէլ զինք կը դրդէր,
26եւ ինք՝ չաստուածներուն հետեւելով՝ շատ գարշելի եղաւ. Ամորհացիներուն բոլոր ըրածները կատարեց, որոնք Տէրը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վտարած էր։
27Երբ Աքաաբ այս խօսքերը լսեց՝ իր հագուստները պատռեց, մարմինին վրայ քուրձ 15հագաւ ու ծոմ պահեց. քուրձով կը պառկէր եւ կամաց կը քալէր։
28Տէրը խօսեցաւ Թեզբացի Եղիայի՝ ըսելով.
29«Կը տեսնե՞ս թէ ի՛նչպէս Աքաաբ իմ առջեւս խոնարհեցաւ։ Քանի ան իմ առջեւս խոնարհեցաւ, իր օրերուն մէջ այն չարիքը պիտի չբերեմ. իր որդիին օրերը այն չարիքը անոր տան վրայ պիտի բերեմ»։