1 Kings 22
2 Samuel « 1 Kings 21 ‹ 1 Kings 22 › 2 Kings 1 » 2 Kings
ՄԻՔԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԱՔԱԱԲԸ (Բ. Մնաց. 18. 2-27)
1Երեք տարի անցաւ, ու Սուրիայի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմ չեղաւ։
2Երրորդ տարին՝ Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Իսրայէլի թագաւորին քով իջաւ։
3Իսրայէլի թագաւորը իր ծառաներուն ըսաւ. «Գիտէ՞ք թէ Ռամովթ-Գաղաադ մերն է. բայց մենք հանդարտ կը կենանք, առանց զայն Սուրիայի թագաւորին ձեռքէն առնելու»։
4Ապա Յովսափատի ըսաւ. «Ինծի հետ Ռամովթ-Գաղաադ պատերազմելու կ’երթա՞ս»։ Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Ես քեզի պէս եմ, իմ ժողովուրդս ալ՝ քու ժողովուրդիդ պէս. իմ ձիերս քու ձիերուդ պէս են»։
5Ապա Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, 1նախ Տէրո՛ջ խօսքը փնտռէ»։
6Ուստի Իսրայէլի թագաւորը մարգարէները հաւաքեց, գրեթէ չորս հարիւր մարդ, եւ անոնց ըսաւ. «Ռամովթ-Գաղաադի դէմ պատերազմելու երթա՞մ, թէ հրաժարիմ»։ Անոնք ալ պատասխանեցին. «Բարձրացի՛ր, որովհետեւ Տէրը զայն թագաւորին ձեռքը պիտի մատնէ»։
7Սակայն Յովսափատ ըսաւ. «Հոս ուրիշ Տէրոջ մարգարէ մըն ալ չկա՞յ, որ անոր ալ խորհուրդ հարցնենք»։
8Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատի պատասխանեց. «Ուրիշ մարդ մըն ալ կայ, որուն միջոցով կրնանք Տէրոջ խորհուրդ հարցնել. բայց ես զինք կ’ատեմ, քանի որ ինծի հանդէպ բարիք չի մարգարէանար, հապա՝ չարիք. ան Յեմլայի որդին՝ Միքիան է»։ Յովսափատ ըսաւ. «Թագաւորը այդպէս թող չխօսի»։
9Իսրայէլի թագաւորը պալատական մը կանչեց եւ ըսաւ. «Շուտո՛վ հոս բեր Յեմլայի որդին՝ Միքիան»։
10Իսրայէլի թագաւորն ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը, իրենց շքեղ հագուստները հագած, իւրաքանչիւրը իր գահին վրայ բազմած էր՝ Սամարիայի դրան մուտքի հրապարակին մէջ. բոլոր մարգարէներն ալ անոնց առջեւ կը մարգարէանային։
11Քանանայի որդին՝ Սեդեկիա իրեն երկաթէ եղջիւրներ շիներ էր, եւ ըսաւ. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ասոնցմո՛վ Ասորիները պիտի զարնես, մինչեւ որ զանոնք սպառես”»։
12Բոլոր մարգարէներն ալ նոյնպէս կը մարգարէանային ու կ’ըսէին. «Ռամովթ-Գաղաադ բարձրացի՛ր, եւ պիտի յաջողիս. Տէրը զայն թագաւորին ձեռքը պիտի մատնէ»։
13Միքիան կանչելու գացող պատգամաւորը անոր ըսաւ. «Ահա՛ բոլոր մարգարէները մէկ բերանով թագաւորին համար բարիք 2գուշակեցին. կ’աղերսե՛մ, քու խօսքդ ալ անոնց մէկուն խօսքին պէս թող ըլլայ, ու բարի՛ք գուշակէ»։
14Իսկ Միքիա ըսաւ. «Տէրը կ’ապրի՛. Տէրը ինծի ինչ որ ըսէ՝ զայն պիտի խօսիմ»։
15Երբ ինք թագաւորին եկաւ, թագաւորը իրեն ըսաւ. «Միքիա՛, Ռամովթ-Գաղաադ պատերազմելու երթա՞նք, թէ հրաժարինք»։ Ինք անոր պատասխանեց. «Բարձրացի՛ր, եւ պիտի յաջողիս. Տէրը զայն թագաւորին ձեռքը պիտի մատնէ»։
16Թագաւորը իրեն ըսաւ. «Մինչեւ քանի՞ անգամ երդմնեցնեմ քեզ, որպէսզի միայն ճշմարիտը ըսես ինծի՝ Տէրոջ անունով»։
17Ինք ալ պատասխանեց. «Ամբողջ Իսրայէլը լեռներու վրայ ցրուած տեսայ՝ հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս, եւ Տէրը ըսաւ. “Ասոնք տէր չունին. ամէն մարդ խաղաղութեամբ իր տունը թող վերադառնայ”»։
18Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատի ըսաւ. «Քեզի չըսի՞ թէ ան ինծի հանդէպ բարիք չի մարգարէանար, հապա՝ չարիք»։
19Միքիա ըսաւ. «Ուրեմն Տէրոջ խօսքը մտի՛կ ըրէ։ Տէրը իր գահին վրայ բազմած տեսայ, ու երկինքի բոլոր զօրքերը անոր շուրջը կայնած էին, անոր աջ կողմը եւ ձախ կողմը։
20Տէրը ըսաւ. “Ո՞վ կրնայ Աքաաբը հրապուրել, որ Ռամովթ-Գաղաադ բարձրանայ ու 3կորսուի”։ Մէկը ա՛յսպէս պատասխանեց, միւսը՝ այ՛նպէս։
21Ոգի մըն ալ դուրս ելաւ, Տէրոջ ներկայացաւ եւ ըսաւ. “Ե՛ս զայն պիտի հրապուրեմ”։
22Տէրը անոր ըսաւ. “Ի՞նչպէս”։ Ան ալ պատասխանեց. “Դուրս պիտի ելլեմ, եւ անոր բոլոր մարգարէներուն բերանը 4ստախօս ոգի մը պիտի ըլլամ”։ Տէրը անոր ըսաւ. “Դուն պիտի հրապուրես ու պիտի յաջողիս. դո՛ւրս ելիր, եւ ա՛յդպէս ըրէ”։
23Ուրեմն հիմա ահա՛ Տէրը այս բոլոր մարգարէներուդ բերանը ստախօս ոգի մը դրեր է, ու Տէրը քու մասիդ չարիք խօսեցաւ»։
24Այն ատեն Քանանայի որդին՝ Սեդեկիա մօտեցաւ, Միքիայի այտին զարկաւ եւ ըսաւ. «Տէրոջ Հոգին ի՞նչպէս իմ քովէս 5հեռացաւ՝ քեզի հետ խօսելու համար»։
25Միքիա պատասխանեց. «Ահա՛ պիտի տեսնես այն օրը, երբ պահուըտելու համար սենեակէ սենեակ պիտի երթաս»։
26Իսրայէլի թագաւորը ըսաւ. «Ա՛ռ Միքիան, 6տա՛ր զինք Ամոն քաղաքապետին ու թագաւորին որդիին՝ Յովասի,
27եւ ըսէ՛. “Թագաւորը սա՛ կը հրամայէ. "Ասիկա բա՛նտը դրէք, ու անոր տանջանքի՛ հաց կերցուցէք եւ տանջանքի՛ ջուր խմցուցէք՝ մինչեւ որ ես խաղաղութեամբ 7վերադառնամ"”»։
28Միքիա ալ ըսաւ. «Եթէ բնաւ խաղաղութեամբ վերադառնաս, Տէրը ինձմով խօսած չըլլայ»։ Յետոյ ըսաւ. «Ո՛վ ժողովուրդներ, բոլո՛րդ ալ լսեցէք»։
ԱՔԱԱԲԻ ՄԱՀԸ (Բ. Մնաց. 18. 28-34)
29Իսրայէլի թագաւորն ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Ռամովթ-Գաղաադ բարձրացան։
30Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատի ըսաւ. «Պիտի ծպտուիմ եւ ա՛յդպէս պատերազմի պիտի մտնեմ, բայց դուն հագուստդ հագի՛ր»։ Իսրայէլի թագաւորը ծպտուեցաւ, ու պատերազմին մէջ մտաւ։
31Սուրիայի թագաւորը իր կառքերու երեսուներկու վերահսկիչներուն պատուիրեր էր. «Պզտիկի կամ մեծի դէմ մի՛ պատերազմիք, հապա միայն Իսրայէլի թագաւորին դէմ»։
32Ուստի երբ կառքերու վերահսկիչները Յովսափատը տեսան, ըսին. «Անշուշտ ասիկա՛ է Իսրայէլի թագաւորը», եւ անոր դէմ պատերազմելու 8գացին։ Յովսափատ ալ աղաղակեց։
33Երբ կառքերու վերահսկիչները տեսան թէ ան Իսրայէլի թագաւորը չէ, 9զայն հետապնդելէն՝՝ վերադարձան։
34Իսկ մարդ մը, 10առանց դիտաւորութեան՝՝, իր աղեղը քաշեց եւ Իսրայէլի թագաւորը 11զրահին օղակներուն մէջէն՝՝ զարկաւ։ Այն ատեն ան իր կառապանին ըսաւ. «Ձեռքդ դարձո՛ւր ու բանակէն դո՛ւրս հանէ զիս, որովհետեւ վիրաւորուեցայ»։
35Այդ օրը պատերազմը սաստկացաւ. թագաւորը իր կառքին մէջ կեցաւ՝ Ասորիներուն դիմաց, եւ իրիկուան դէմ մեռաւ։ Վէրքին արիւնը կառքին մէջ վազեց։
36Երբ արեւը մայր կը մտնէր, բանակին մէջէն 12մունետիկ մը անցաւ ու ըսաւ. «Իւրաքանչիւրը՝ իր քաղաքը, եւ իւրաքանչիւրը՝ իր երկիրը թող վերադառնայ»։
37Այսպէս՝ թագաւորը մեռաւ, ու զինք Սամարիա տարին. թագաւորը Սամարիայի մէջ թաղեցին։
38Կառքը Սամարիայի աւազանին քով 13լրիւ լուացին՝՝, եւ շուները անոր արիւնը լափլիզեցին։ Անոր 14զէնքերն ալ հոն լուացին՝՝, Տէրոջ ըսած խօսքին համաձայն։
39Աքաաբի մնացեալ արարքներն ու անոր բոլոր ըրածները, փղոսկրով կառուցանած տունը եւ բոլոր կառուցանած քաղաքները՝ ահա՛ Իսրայէլի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։
40Աքաաբ իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու անոր տեղ իր որդին՝ Ոքոզիա թագաւոր եղաւ։
ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎՍԱՓԱՏ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Բ. Մնաց. 20. 31-21. 1)
41Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին չորրորդ տարին, Ասայի որդին՝ Յովսափատ թագաւոր եղաւ Յուդայի վրայ։
42Յովսափատ երեսունհինգ տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ քսանհինգ տարի թագաւորեց։ Իր մայրը Սաղիի աղջիկն էր՝ Ազուբա անունով։
43Ան իր հօր՝ Ասայի ամբողջ ճամբայէն ընթացաւ. անկէ չշեղեցաւ, եւ ըրաւ ինչ որ Տէրոջ 15առջեւ ուղիղ է։
44Սակայն բարձր տեղերը չհանուեցան. ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհեր կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր։
45Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին հետ խաղաղութիւն ըրաւ։
46Յովսափատի մնացեալ արարքներն ու քաջագործութիւնը, նաեւ մղած պատերազմները՝ ահա՛ Յուդայի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։
47Ան իր հօր՝ Ասայի ժամանակէն մնացած իգացեալները երկրէն բնաջնջեց։
48Այդ ատեն Եդովմի մէջ թագաւոր չկար, հապա՝ 16փոխարքայ մը՝՝։
49Յովսափատ Թարսիսի նաւեր շինեց, որպէսզի Ոփիր 17երթան ոսկի բերելու համար, բայց չգացին՝՝, քանի որ նաւերը Գասիոն-Գաբերի մէջ փշրուեցան։
50Այն ատեն Աքաաբի որդին՝ Ոքոզիա Յովսափատի ըսաւ. «Իմ ծառաներս նաւերուն վրայ քու ծառաներուդ հետ թող երթան»։ Բայց Յովսափատ հաւանութիւն չտուաւ։
51Յովսափատ իր հայրերուն հետ քնացաւ, եւ իր հայրերուն հետ իր հօր՝ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ իր որդին՝ Յովրամ թագաւոր եղաւ։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՈՔՈԶԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
52Յուդայի Յովսափատ թագաւորին տասնեօթներորդ տարին, Իսրայէլի վրայ Աքաաբի որդին՝ Ոքոզիա թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ, ու Իսրայէլի վրայ երկու տարի թագաւորեց։
53Տէրոջ առջեւ չարիք գործեց, եւ իր հօր ճամբայէն, մօր ճամբայէն, ու Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամի ճամբայէն ընթացաւ.