2 Kings 1
1 Kings « 1 Kings 22 ‹ 2 Kings 1 › 2 Kings 2 » 1 Chronicles
ԵՂԻԱ ԵՒ ՈՔՈԶԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
1Աքաաբի մեռնելէն ետք՝ Մովաբ Իսրայէլի դէմ ապստամբեցաւ։
2Ոքոզիա Սամարիայի մէջ՝ իր վերնատան վանդակապատէն վար ինկաւ, ու հիւանդացաւ։ Ուստի պատգամաւորներ ղրկեց՝ անոնց ըսելով. «Գացէ՛ք, Ակկարոնի Բահաղ-Ճանճիկ աստուծոյն խորհո՛ւրդ հարցուցէք, որ գիտնամ թէ արդեօք այս հիւանդութենէն պիտի առողջանա՛մ»։
31Տէրոջ հրեշտակը Թեզբացի Եղիայի ըսաւ. «Կանգնէ՛, բարձրացի՛ր Սամարիայի թագաւորին պատգամաւորները դիմաւորելու, եւ ըսէ՛ անոնց. “Միթէ Իսրայէլի մէջ Աստուած չկա՞յ, որ դուք Ակկարոնի Բահաղ-Ճանճիկ աստուծոյն խորհուրդ հարցնելու կ’երթաք”։
4Ուստի Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Պիտի չիջնես այն մահիճէն՝ որուն վրայ ելար, հապա անշուշտ պիտի մեռնիս”»։ Եղիա ալ գնաց։
5Երբ պատգամաւորները Ոքոզիայի վերադարձան, անոնց ըսաւ. «Ինչո՞ւ վերադարձաք»։
6Իրեն պատասխանեցին. «Մարդ մը բարձրացաւ՝ մեզ դիմաւորելու, եւ մեզի ըսաւ. “Գացէ՛ք, վերադարձէ՛ք ձեզ ղրկող թագաւորին, ու ըսէ՛ք անոր. "Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Միթէ Իսրայէլի մէջ Աստուած չկա՞յ, որ Ակկարոնի Բահաղ-Ճանճիկ աստուծոյն խորհուրդ հարցնելու կը ղրկես։ Ուստի պիտի չիջնես այն մահիճէն՝ որուն վրայ ելար, հապա անշուշտ պիտի մեռնիս»"”»։
7Ինք ալ անոնց ըսաւ. «Ի՞նչ տեսակ մարդ էր ան՝ որ բարձրացաւ ձեզ դիմաւորելու, եւ այս խօսքերը ձեզի ըսաւ»։
8Իրեն պատասխանեցին. «Ան մազոտ մարդ մըն էր, ու մէջքը կաշիէ գօտի մը կապած էր»։ Թագաւորը ըսաւ. «Ան Թեզբացի Եղիան է»։
9Ոքոզիա անոր յիսնապետ մը ղրկեց՝ իր յիսուն մարդով։ Ան Եղիայի քով բարձրացաւ. Եղիա լերան գագաթը նստած էր։ Յիսնապետը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Աստուծոյ մարդ, թագաւորը կ’ըսէ. “Իջի՛ր”»։
10Եղիա յիսնապետին պատասխանեց. «Եթէ ես Աստուծոյ մարդն եմ, երկինքէն կրակ թող իջնէ, եւ քեզ ու քու յիսուն մարդդ սպառէ»։ Երկինքէն կրակ իջաւ, եւ զայն ու անոր յիսուն մարդը սպառեց։
11Դարձեալ անոր ուրիշ յիսնապետ մը ղրկեց՝ իր յիսուն մարդով։ Ան ալ խօսեցաւ եւ անոր ըսաւ. «Ո՛վ Աստուծոյ մարդ, թագաւորը սա՛ կ’ըսէ. “Շուտո՛վ իջիր”»։
12Եղիա անոնց պատասխանեց. «Եթէ ես Աստուծոյ մարդն եմ, երկինքէն կրակ թող իջնէ, եւ քեզ ու քու յիսուն մարդդ սպառէ»։ Երկինքէն Աստուծոյ կրակը իջաւ, եւ զայն ու անոր յիսուն մարդը սպառեց։
13Դարձեալ երրորդ յիսնապետ մը ղրկեց՝ իր յիսուն մարդով։ Այդ երրորդ յիսնապետը բարձրացաւ, եկաւ ու Եղիայի առջեւ ծնրադրեց, եւ անոր աղաչելով ըսաւ. «Ո՛վ Աստուծոյ մարդ, իմ անձս ու այս յիսուն ծառաներուդ անձերը քու աչքերուդ պատուական թող ըլլան։
14Ահա՛ երկինքէն կրակ իջաւ, եւ առաջին երկու յիսնապետներն ու իրենց յիսուն մարդիկը սպառեց. բայց հիմա իմ անձս քու աչքերուդ պատուական թող ըլլայ»։
15Տէրոջ հրեշտակը Եղիայի ըսաւ. «Իրեն հետ իջի՛ր, իրմէ մի՛ վախնար»։ Ուստի Եղիա կանգնեցաւ, իրեն հետ թագաւորին իջաւ,
16եւ անոր ըսաւ. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Քանի Ակկարոնի Բահաղ-Ճանճիկ աստուծոյն խորհուրդ հարցնելու համար պատգամաւորներ ղրկեցիր, իբր թէ Իսրայէլի մէջ Աստուած չկար՝ որ անոր խօսքը փնտռէիր, պիտի չիջնես այն մահիճէն՝ որուն վրայ ելար, հապա անշուշտ պիտի մեռնիս”»։
17Ոքոզիա մեռաւ Տէրոջ խօսքին համաձայն, որ Եղիա ըսեր էր. որովհետեւ ան որդի չունէր, անոր տեղը Յովրամ թագաւոր եղաւ՝ Յուդայի Յովսափատեան Յովրամ թագաւորին երկրորդ տարին։
18Ոքոզիայի կատարած մնացեալ արարքները ահա՛ Իսրայէլի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։