Loading...

2 Kings 2

1 Kings  «  2 Kings 1  ‹  2 Kings 2  ›  2 Kings 3  »  1 Chronicles


ԵՂԻԱ ԿԸ ՎԵՐՑՈՒԻ ԵՐԿԻՆՔ

1

Երբ Տէրը Եղիան մրրիկով երկինք պիտի վերցնէր, Եղիա եւ Եղիսէ Գաղգաղայէ գացին։

2

Եղիա ըսաւ Եղիսէի. «Դուն հո՛ս կեցիր, կ’աղերսե՛մ, քանի որ Տէրը զիս Բեթէլ 1ղրկեց»։ Եղիսէ պատասխանեց. «Տէրը կ’ապրի՛, ու քու անձդ կ’ապրի՛. ես քեզ չեմ թողուր»։ Ուստի Բեթէլ իջան։

3

Բեթէլ գտնուող մարգարէներուն որդիները դուրս ելան՝ Եղիսէի մօտ, եւ անոր ըսին. «Գիտե՞ս թէ այսօր Տէրը գլուխիդ վրայէն պիտի յափշտակէ քու տէրդ»։ Ան ալ պատասխանեց. «Ե՛ս ալ գիտեմ, լռեցէ՛ք»։

4

Եղիա անոր ըսաւ. «Եղիսէ՛, դուն հո՛ս կեցիր, կ’աղերսե՛մ, քանի որ Տէրը զիս Երիքով ղրկեց»։ Ան պատասխանեց. «Տէրը կ’ապրի՛, ու քու անձդ կ’ապրի՛. ես քեզ չեմ թողուր»։ Յետոյ Երիքով գացին։

5

Երիքով գտնուող մարգարէներուն որդիները Եղիսէի մօտեցան եւ անոր ըսին. «Գիտե՞ս թէ այսօր Տէրը գլուխիդ վրայէն պիտի յափշտակէ քու տէրդ»։ Ան ալ պատասխանեց. «Ե՛ս ալ գիտեմ, լռեցէ՛ք»։

6

Եղիա անոր ըսաւ. «Դուն հո՛ս կեցիր, կ’աղերսե՛մ, քանի որ Տէրը զիս Յորդանան ղրկեց»։ Ան պատասխանեց. «Տէրը կ’ապրի՛, ու քու անձդ կ’ապրի՛. ես քեզ չեմ թողուր»։ Ուստի երկուքը գացին։

7

Մարգարէներու որդիներէն յիսուն մարդ գացին եւ դիմացը կայնեցան՝ հեռուն. իսկ իրենք երկուքը Յորդանանի քով կայնեցան։

8

Եղիա իր վերարկուն առաւ, ծալեց ու ջուրերուն զարկաւ. անոնք մէկ կողմ եւ միւս կողմ բաժնուեցան, ու երկուքը ցամաքով անցան։

9

Երբ անոնք անցան, Եղիա ըսաւ Եղիսէի. «Խնդրէ՛, ի՞նչ ընեմ քեզի, քանի դեռ քեզմէ յափշտակուած չեմ»։ Եղիսէ պատասխանեց. «Կ’աղերսե՛մ, քու ոգիիդ կրկնապատի՛կը ունենամ»։

10

Ինք ալ ըսաւ. «Դժուար բան խնդրեցիր. սակայն եթէ քեզմէ յափշտակուելու ատենս զիս տեսնես, քեզի ա՛յդպէս ըլլայ. թէ ոչ՝ թող չըլլայ»։

11

Երբ անոնք խօսելով կ’երթային, ահա՛ կրակէ կառք մը եւ կրակէ ձիեր երեւցան, զանոնք իրարմէ զատեցին, ու Եղիա մրրիկով երկինք բարձրացաւ։

12

Եղիսէ տեսաւ եւ աղաղակեց. «Իմ հա՛յրս, իմ հա՛յրս, Իսրայէլի կառքն ու անոր ձիաւորները». եւ ա՛լ չտեսաւ զայն։ Իր հագուստները բռնեց, ու զանոնք երկու կտորի պատռեց։

13

Ապա Եղիայի վրայէն ինկած վերարկուն վերցուց, վերադարձաւ, եւ Յորդանանի եզերքը կայնեցաւ։

14

Եղիայի վրայէն ինկած վերարկուն առաւ ու ջուրերուն զարկաւ՝ ըսելով. «Ո՞ւր է Տէրը՝ Եղիայի Աստուածը»։ Երբ ջուրերուն զարկաւ, անոնք մէկ կողմ եւ միւս կողմ բաժնուեցան, ու Եղիսէ անցաւ։

15

Երիքովի մարգարէներուն որդիները զինք դիմացէն տեսնելով՝ ըսին. «Եղիայի ոգին Եղիսէի վրայ հանգչեցաւ»։ Զինք դիմաւորելու գացին, մինչեւ գետին խոնարհելով՝ անոր երկրպագեցին

16

եւ իրեն ըսին. «Ահա՛ քու ծառաներուդ հետ յիսուն կտրիճ մարդ կայ. կ’աղերսե՛նք, թող երթան ու տէրդ փնտռեն. թերեւս Տէրոջ Հոգին զայն վերցուց եւ լերան մը վրայ կամ ձորի մը մէջ ձգեց»։ Ինք պատասխանեց. «Մի՛ ղրկէք»։

17

Բայց անոնք զինք ստիպեցին, մինչեւ որ ամչցաւ ու ըսաւ. «Ղրկեցէ՛ք»։ Յիսուն մարդ ղրկեցին, որոնք երեք օր փնտռեցին, բայց զայն չգտան։

18

Երբ իրեն վերադարձան — ինք Երիքով կեցած էր —, անոնց ըսաւ. «Ես ձեզի չըսի՞. “Մի՛ երթաք”»։


ԵՂԻՍԷԻ ՀՐԱՇՔՆԵՐԸ

19

Քաղաքին մարդիկը Եղիսէի ըսին. «2Ահա՛ այս քաղաքը բնակիլը 3հաճելի է, ինչպէս մեր տէրը կը տեսնէ. բայց ջուրերը գէշ են, ու երկիրը՝ 4անպտուղ»։

20

Ան պատասխանեց. «Ինծի նո՛ր 5կուժ մը բերէք, ու մէջը ա՛ղ դրէք»։ Անոնք ալ անոր բերին։

21

Ան դուրս ելաւ՝ դէպի ջուրերուն ակը, հոն աղ նետեց եւ ըսաւ. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Այս ջուրերը բուժեցի. անգա՛մ մըն ալ ասկէ մահ կամ անպտղութիւն 6չգայ”»։

22

Այսպէս՝ ջուրերը բուժուեցան մինչեւ այսօր, Եղիսէի ըսած խօսքին համաձայն։

23

Անկէ Բեթէլ բարձրացաւ։ Մինչ ճամբայէն կը բարձրանար, պզտիկ տղաներ քաղաքէն դուրս ելան ու զինք ծաղրեցին՝ իրեն ըսելով. «Բարձրացի՛ր, կնտակ. բարձրացի՛ր, կնտակ»։

24

Ետեւ դարձաւ, անոնց նայեցաւ եւ Տէրոջ անունով զանոնք անիծեց։ Այն ատեն երկու մատակ արջեր անտառէն դուրս ելան ու անոնցմէ քառասուներկու 7մանուկ պատառեցին։

25

Ինք անկէ Կարմեղոս լեռը գնաց, ուրկէ ալ Սամարիա վերադարձաւ։



1 Այսինքն՝ կը ղրկէ
2 Եբր.՝ Ահա՛ կ’աղերսենք,
3 Եբր.՝ լաւ
4 Եբր.՝ զաւակներէ զրկուած
5 Կամ՝ բաժակ
6 Եբր.՝ չըլլայ
7 Եբր.՝ զաւակ