Loading...

2 Kings 3

1 Kings  «  2 Kings 2  ‹  2 Kings 3  ›  2 Kings 4  »  1 Chronicles


ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԵՒ ՄՈՎԱԲԻ ՄԻՋԵՒ

1

Աքաաբի որդին՝ Յովրամ Յուդայի Յովսափատ թագաւորին տասնութերորդ տարին Սամարիայի մէջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ, ու տասներկու տարի թագաւորեց։

2

Ան Տէրոջ 1առջեւ չարիք գործեց, բայց ոչ իր հօր եւ մօր պէս, քանի որ իր հօր շինած Բահաղի արձանը հանեց։

3

Բայց Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամի մեղքերուն յարեցաւ. անոնցմէ չհեռացաւ։

4

Մովաբի Մեսա թագաւորը հօտերու տէր էր, եւ Իսրայէլի թագաւորին 2հարկ կը վճարէր՝՝.— հարիւր հազար պարարտ գառ ու հարիւր հազար բրդոտ խոյ։

5

Բայց Աքաաբի մեռնելէն ետք՝ Մովաբի թագաւորը Իսրայէլի թագաւորին դէմ ապստամբեցաւ։

6

Ուստի այդ ժամանակ Յովրամ թագաւորը Սամարիայէն ելաւ եւ ամբողջ Իսրայէլը աչքէ անցուց։

7

Յետոյ գնաց, ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Մովաբի թագաւորը ինծի դէմ ապստամբեցաւ. ինծի հետ Մովաբի դէմ պատերազմելու կու գա՞ս»։ Ան ալ պատասխանեց. «Կը բարձրանամ. ես քեզի պէս եմ, իմ ժողովուրդս՝ քու ժողովուրդիդ պէս. իմ ձիերս քու ձիերուդ պէս են»։

8

Ապա ըսաւ. «Ո՞ր ճամբայէն բարձրանանք»։ Ինք ալ պատասխանեց. «Եդովմի անապատին ճամբայէն»։

9

Ուստի Իսրայէլի թագաւորը, Յուդայի թագաւորն ու Եդովմի թագաւորը գացին։ Եօթը օր շրջելէ ետք՝ ա՛լ ջուր չկար բանակին եւ 3անոնց հետեւող՝՝ անասուններուն համար։

10

Այն ատեն Իսրայէլի թագաւորը ըսաւ. «Ափսո՜ս, Տէրը այս երեք թագաւորները կանչեր է, որպէսզի Մովաբի ձեռքը մատնէ»։

11

Յովսափատ ըսաւ. «Հոս Տէրոջ մարգարէ մը չկա՞յ, որպէսզի անոր միջոցով Տէրոջ խորհուրդ հարցնենք»։ Իսրայէլի թագաւորին ծառաներէն մէկը պատասխանեց. «Եղիայի ձեռքերուն ջուր լեցնող Սափատեան Եղիսէն հոս է»։

12

Յովսափատ ըսաւ. «Անոր քով է Տէրոջ խօսքը»։ Ուստի Իսրայէլի թագաւորը, Յովսափատ ու Եդովմի թագաւորը անոր իջան։

13

Եղիսէ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Դուն ինծի հետ ի՞նչ գործ ունիս. հօ՛րդ մարգարէներուն եւ մօ՛րդ մարգարէներուն գնա»։ Իսրայէլի թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛չ, քանի Տէրը այս երեք թագաւորները կանչեր է, որպէսզի Մովաբի ձեռքը մատնէ»։

14

Եղիսէ ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը, որուն 4առջեւ կը կայնիմ՝՝, կ’ապրի՛. եթէ Յուդայի Յովսափատ թագաւորը չյարգէի, ի՛րապէս երեսիդ պիտի չնայէի ու քեզ պիտի չտեսնէի։

15

Հիմա ինծի նուագահա՛ր մը բերէք»։ Մինչ նուագահարը կը նուագէր, Տէրոջ ձեռքը 5անոր վրայ եղաւ,

16

եւ ըսաւ. «Տէրը սա՛ կը հրամայէ. “Այս ձորին մէջ 6շա՛տ փոսեր փորեցէք՝՝”։

17

Արդարեւ Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Հով պիտի չտեսնէք, տեղատարափ պիտի չտեսնէք, սակայն այս ձորը ջուրով պիտի լեցուի, ու պիտի խմէք՝ դո՛ւք, ձեր խաշինքը եւ ձեր անասունները”։

18

Բայց ասիկա Տէրոջ առջեւ 7պզտիկ բան մը ըլլալով՝ Մովաբն ալ ձեր ձեռքը պիտի մատնէ.

19

բոլոր պարսպապատ քաղաքներն ու բոլոր ընտիր քաղաքները պիտի զարնէք, բոլոր 8պտղատու ծառերը պիտի տապալէք, բոլոր ջուրի աղբիւրները պիտի խցէք, եւ բոլոր 9մշակուած արտերը՝՝ քարերով պիտի աւերէք»։

20

Առտուն, երբ հացի ընծան կը մատուցանուէր, ահա՛ Եդովմի ճամբայէն ջուրեր 10հոսեցան, ու երկիրը ջուրով լեցուեցաւ։

21

Երբ բոլոր Մովաբացիները լսեցին թէ թագաւորները բարձրացած են՝ իրենց դէմ պատերազմելու, բոլոր գօտի կապելու տարիք ունեցողները եւ 11աւելի մեծերը հաւաքեցին՝՝, ու սահմանին վրայ 12տեղաւորուեցան։

22

Առտուն՝ կանուխ ելան. երբ արեւը ծագեցաւ ջուրերուն վրայ, Մովաբացիները դիմացէն այդ ջուրերը արիւնի պէս կարմիր տեսան։

23

Ուստի ըսին. «Ասիկա արիւն է. անտարակոյս թագաւորները զիրար 13կոտորեր եւ զարկեր են. հիմա, ո՛վ Մովաբացիներ, հաւաքեցէ՛ք աւարը»։

24

Երբ անոնք Իսրայէլի բանակավայրը գացին, Իսրայելացիները կանգնեցան ու Մովաբացիները զարկին։ Անոնք իրենց 14առջեւէն փախան, եւ իրենք Մովաբացիները զարնելով՝ անոնց երկիրը մտան։

25

Քաղաքները փլցուցին, բոլոր մշակուած արտերուն մէջ՝ իւրաքանչիւրը իր քարը նետեց ու զանոնք լեցուցին. բոլոր ջուրի աղբիւրները խցեցին եւ բոլոր պտղատու ծառերը տապալեցին, այնպէս որ Կիր-Հարեսէթի մէջ միայն անոր քարերը թողուցին, երբ պարսաձիգները զայն պաշարեցին ու զարկին։

26

Մովաբի թագաւորը տեսաւ թէ պատերազմը իրեն դէմ սաստկացաւ. ուստի իրեն հետ եօթը հարիւր սուր քաշող մարդ առաւ, որպէսզի ճեղքեն անցնին մինչեւ Եդովմի թագաւորը, բայց չկրցան։

27

Ուստի առաւ իր անդրանիկ որդին՝ որ իր տեղը պիտի թագաւորէր, ու զայն պարիսպին վրայ իբր ողջակէզ զոհեց։ Իսրայելացիներուն վրայ մեծ զայրոյթ եղաւ. անոնք ալ իր քովէն մեկնեցան եւ իրենց երկիրը վերադարձան։



1 Եբր.՝ աչքերուն
2 Եբր.՝ կը հատուցանէր
3 Եբր.՝ անոնց ոտքին
4 Այսինքն՝ ծառան եմ
5 Այսինքն՝ Եղիսէի
6 Եբր.՝ փո՛ս փոս ըրէք
7 Եբր.՝ թեթեւ
8 Եբր.՝ լաւ
9 Եբր.՝ լաւ արտի բաժինները
10 Եբր.՝ եկան
11 Եբր.՝ վեր եղողները աղաղակով կանչեցին
12 Եբր.՝ կայնեցան
13 Եբր.՝ աւերեր
14 Եբր.՝ երեսէն