Loading...

2 Kings 4

1 Kings  «  2 Kings 3  ‹  2 Kings 4  ›  2 Kings 5  »  1 Chronicles


ԵՂԻՍԷ Կ’ՕԳՆԷ ԽԵՂՃ ԱՅՐԻԻ ՄԸ

1

Մարգարէներու որդիներուն կիներուն մէջէն կին մը Եղիսէի աղաղակելով՝ ըսաւ. «Քու ծառադ՝ ամուսինս մեռաւ, ու դուն գիտես թէ քու ծառադ աստուածավախ էր։ Պարտատէրը եկաւ, որպէսզի երկու զաւակներս առնէ՝ իրեն ստրուկ ընելու»։

2

Եղիսէ անոր ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ ընեմ. ըսէ՛ ինծի, տունը ի՞նչ ունիս»։ Ան ալ պատասխանեց. «Քու 1աղախինդ տան մէջ 2սրուակ մը՝՝ իւղէն զատ ուրիշ ոչինչ ունի»։

3

Եղիսէ անոր ըսաւ. «Գնա՛, դուրսէն՝ բոլոր դրացիներէդ պարապ անօթներ ուզէ քեզի համար. քիչ մի՛ ուզեր։

4

Ապա տո՛ւնդ մտիր, վրայէդ եւ որդիներուդ վրայէն դո՛ւռը գոցէ, իւղդ այդ բոլոր անօթներուն մէջ պարպէ՛, ու լեցուածը վերցո՛ւր»։

5

Ան ալ անոր քովէն գնաց, եւ իր վրայէն ու որդիներուն վրայէն դուռը գոցեց. անոնք անօթները իրեն կը մօտեցնէին, եւ ինք կը լեցնէր։

6

Երբ այդ անօթները լեցուեցան, իր որդիին ըսաւ. «Ինծի ուրիշ անօթ մը մօտեցուր»։ Ան ալ իրեն պատասխանեց. «Ուրիշ անօթ չկայ»։ Այն ատեն իւղը կանգ առաւ։

7

Կինը գնաց եւ Աստուծոյ մարդուն պատմեց։ Ան ալ ըսաւ. «Գնա՛, իւղը ծախէ՛ ու պարտքդ վճարէ՛, եւ մնացածով դուն ու որդիներդ ապրեցէ՛ք»։


ԵՂԻՍԷ ԵՒ ՍՈՒՆԱՄԱՑԻ ՀԱՐՈՒՍՏ ԿԻՆԸ

8

Օր մը Եղիսէ Սունամէն կ’անցնէր։ Հոն մեծահամբաւ կին մը կար, որ զինք քովը պահեց՝ հաց ուտելու։ Յետոյ, ամէն անգամ որ անկէ անցնէր, հաց ուտելու համար հոն 3կ’ուղղուէր։

9

Այդ կինը իր ամուսինին ըսաւ. «Ահա՛ գիտեմ թէ ասիկա, որ շարունակ մեր 4քով կու գայ՝՝, Աստուծոյ մէկ սուրբ մարդն է։

10

Կ’աղերսե՛մ, պզտիկ վերնատուն մը շինենք՝ 5պատերով, ու հոն մահիճ, սեղան, աթոռ եւ աշտանակ դնենք անոր համար, որպէսզի երբ մեզի գայ, հոն ուղղուի»։

11

Օր մը ան հոն եկաւ, վերնատունը ուղղուեցաւ ու հոն պառկեցաւ։

12

Իր սպասաւորին՝ Գէեզիի ըսաւ. «Կանչէ՛ այդ սունամացի կինը»։ Երբ զայն կանչեց, անոր ներկայացաւ։

13

Եղիսէ 6իր ծառային՝՝ ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, անոր ըսէ՛. “Ահա՛ դուն մեզի համար այս ամբողջ 7ջանքը թափեցիր՝՝. քեզի ի՞նչ ընեմ. քեզի համար թող խօսուի՞ թագաւորին կամ սպարապետին”»։ Ան պատասխանեց. «Ես իմ ժողովուրդիս մէջ կը բնակիմ»։

14

Եղիսէ ըսաւ. «Անոր ի՞նչ կրնանք ընել»։ Գէեզի պատասխանեց. «Իրաւ է թէ ան որդի չունի, եւ անոր ամուսինը ծերացեր է»։

15

Ուստի Եղիսէ ըսաւ. «Կանչէ՛ զայն»։ Զայն կանչեց. ան ալ մուտքը կայնեցաւ։

16

Եղիսէ անոր ըսաւ. «8Յաջորդ տարի՝՝ այս ատեն որդի մը պիտի գրկես»։ Ան ալ պատասխանեց. «Ո՛չ, ո՛վ իմ տէ՛րս, Աստուծո՛յ մարդ, քու աղախինիդ մի՛ ստեր»։

17

Կինը յղացաւ ու յաջորդ տարին՝ այդ ատեն որդի մը ծնաւ, ինչպէս Եղիսէ անոր ըսեր էր։

18

Զաւակը մեծցաւ։ Օր մը իր հօր 9գնաց՝ հնձողներուն քով։

19

Իր հօր ըսաւ. «Գլո՜ւխս, գլո՜ւխս»։ Ան ալ սպասաւորին ըսաւ. «Փոխադրէ՛ զինք իր մօր քով»։

20

Զինք փոխադրեց եւ իր մօր տարաւ. մինչեւ կէսօր անոր ծունկերուն վրայ մնաց, յետոյ մեռաւ։

21

Կինը բարձրացաւ, զինք Աստուծոյ մարդուն մահիճին մէջ պառկեցուց, դուռը վրայէն գոցեց ու դուրս ելաւ։

22

Ապա իր ամուսինը կանչեց եւ ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, ինծի սպասաւորներէն մէկուն հետ էշ մը ղրկէ, որպէսզի 10աճապարանքով երթամ՝՝ մինչեւ Աստուծոյ մարդուն քով, ու վերադառնամ»։

23

Ան ըսաւ. «Ինչո՞ւ այսօր անոր պիտի երթաս. 11ամսագլուխ չէ, Շաբաթ չէ»։ Ինք ալ պատասխանեց. «12Ողջութի՜ւն»։

24

Յետոյ էշը համետել տուաւ եւ սպասաւորին ըսաւ. «Վարէ՛, գնա՛. ինծի համար 13վարելէն մի՛ դադրիր, մինչեւ որ քեզի ըսեմ»։

25

Գնաց ու հասաւ Աստուծոյ մարդուն քով՝ Կարմեղոս լեռը։ Երբ Աստուծոյ մարդը հեռուէն զինք տեսաւ, իր սպասաւորին՝ Գէեզիի ըսաւ. «Ահա՛ այդ սունամացի կինը կու գայ։

26

Կ’աղերսե՛մ, հիմա վազէ՛, դիմաւորէ՛ զինք եւ ըսէ՛ իրեն. “Ողջ առո՞ղջ ես, ամուսինդ ողջ առո՞ղջ է, զաւակը ողջ առո՞ղջ է”»։

27

Ինք ալ պատասխանեց. «Ողջ առողջ ենք»։ Երբ կինը լեռը՝ Աստուծոյ մարդուն քով հասաւ, անոր ոտքերուն փաթթուեցաւ։ Գէեզի մօտեցաւ՝ որպէսզի զինք հրէ. բայց Աստուծոյ մարդը ըսաւ. «Թո՛ղ զինք, քանի որ անոր անձը դառնացած է. բայց Տէրը ինձմէ թաքուն պահեց, ինծի չիմացուց»։

28

Կինը ըսաւ. «Ես իմ տիրոջմէս որդի խնդրեցի՞. միթէ չըսի՞. “Զիս մի՛ խաբեր”»։

29

Ան ալ Գէեզիի ըսաւ. «Գօտիդ մէ՛ջքդ կապէ, իմ ցուպս ձե՛ռքդ առ, եւ գնա՛։ Եթէ մարդու մը հանդիպիս՝ զայն մի՛ բարեւեր, ու եթէ մարդ մը քեզ բարեւէ՝ անոր մի՛ պատասխաներ. իմ ցուպս դի՛ր տղային երեսին վրայ»։

30

Իսկ տղային մայրը ըսաւ. «Տէրը կ’ապրի՛, ու քու անձդ կ’ապրի՛. քեզ պիտի չթողում»։ Ուստի Եղիսէ կանգնեցաւ եւ կնոջ հետեւեցաւ։

31

Գէեզի անոնց առջեւէն 14գնաց ու ցուպը տղային երեսին վրայ դրաւ. սակայն ո՛չ ձայն կար, ո՛չ ալ զգայնութիւն։ Ուստի վերադարձաւ Եղիսէն դիմաւորելու, եւ անոր պատմեց. «Տղան չարթնցաւ»։

32

Երբ Եղիսէ տունը հասաւ, ահա՛ տղան մեռած ու իր մահիճին մէջ պառկած էր։

33

Ներս երթալով՝ իրենց երկուքին վրայէն դուռը գոցեց, եւ Տէրոջ աղօթեց։

34

Ապա բարձրանալով՝ զաւակին վրայ պառկեցաւ. իր բերանը անոր բերանին վրայ դրաւ, իր աչքերը՝ անոր աչքերուն վրայ, իր ափերը՝ անոր ափերուն վրայ, եւ անոր վրայ կծկուեցաւ. զաւակին մարմինը տաքցաւ։

35

Յետոյ վերադարձաւ, տան մէջ հոս-հոն գնաց, ու բարձրանալով՝ կրկին անոր վրայ կծկուեցաւ։ Տղան եօթը անգամ փռնգտաց, 15եւ աչքերը բացաւ։

36

Այն ատեն Գէեզին կանչեց ու ըսաւ. «Կանչէ՛ այս սունամացի կինը»։ Զայն կանչեց։ Երբ ան իրեն եկաւ, Եղիսէ անոր ըսաւ. «Ա՛ռ որդիդ»։

37

Կինը ներս երթալով՝ անոր ոտքերը ինկաւ, մինչեւ գետին խոնարհելով՝ երկրպագեց, եւ իր որդին առնելով՝ դուրս ելաւ։


ԵՐԿՈՒ ՀՐԱՇՔՆԵՐ

38

Եղիսէ Գաղգաղա վերադարձաւ. այդ երկրին մէջ սով կար։ Քանի մարգարէներուն որդիները անոր առջեւ նստած էին, ան իր սպասաւորին ըսաւ. «Մեծ կաթսան դի՛ր կրակին վրայ, եւ մարգարէներու որդիներուն ապո՛ւր եփէ»։

39

Մէկը դուրս ելաւ՝ դաշտը, որպէսզի խոտեր ժողվէ. վայրի 16տունկ մը գտաւ, եւ անկէ հանդերձը լեցուն վայրի վարունգ ժողվեց. ապա եկաւ ու զանոնք ապուրի կաթսային մէջ մանրեց, քանի որ չէին ճանչնար։

40

Այդ մարդոց լեցուցին՝ որպէսզի ուտեն։ Մինչ այդ ապուրէն կ’ուտէին՝ պոռալով ըսին. «Ո՛վ Աստուծոյ մարդ, մա՛հ կայ կաթսային մէջ», ու չկրցան ուտել։

41

Ան ալ ըսաւ. «Ալի՛ւր բերէք»։ Զայն կաթսային մէջ նետեց, եւ ըսաւ. «Լեցո՛ւր ժողովուրդին, որպէսզի ուտեն»։ Ա՛լ կաթսային մէջ վնասակար ոչինչ կար։

42

Բահաղ-Սաղիսայէն մարդ մը եկաւ, եւ Աստուծոյ մարդուն հացեր բերաւ՝ երախայրիքէն շինուած, քսան գարիէ հաց ու թարմ հասկեր՝ իր պարկով։ Եղիսէ ըսաւ. «Ժողովուրդի՛ն տուր, որպէսզի ուտեն»։

43

Անոր սպասարկուն պատասխանեց. «Այս ի՞նչ է՝ որ հարիւր մարդու առջեւ դնեմ»։ Բայց ան ըսաւ. «Ժողովուրդի՛ն տուր՝ որպէսզի ուտեն. արդարեւ Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Պիտի ուտեն, եւ պիտի աւելնայ”»։

44

Ուստի անոնց առջեւ դրաւ ու կերան, եւ աւելցաւ՝ Տէրոջ խօսքին համաձայն։



1 Եբր.՝ ստրկուհիդ
2 Կամ՝ օծուելու մը չափ
3 Եբր.՝ կը շեղէր
4 Եբր.՝ քովէն կ’անցնի
5 Կամ՝ պատին վրայ
6 Եբր.՝ իրեն
7 Եբր.՝ դողով դողացիր
8 Եբր.՝ Կեանքի ժամանակին
9 Եբր.՝ դուրս ելաւ
10 Եբր.՝ վազեմ
11 Եբր.՝ նոր լուսին
12 Եբր.՝ Խաղաղութի՜ւն
13 Եբր.՝ հեծնելէն
14 Եբր.՝ անցաւ
15 Եբր.՝ եւ տղան
16 Եբր.՝ որթատունկ