Loading...

2 Kings 5

1 Kings  «  2 Kings 4  ‹  2 Kings 5  ›  2 Kings 6  »  1 Chronicles


ՆԷԵՄԱՆ ԿԸ ԲՈՒԺՈՒԻ

1

Սուրիայի թագաւորին սպարապետը՝ Նէեման իր տիրոջ առջեւ մեծ ու յարգելի մարդ մըն էր, քանի որ Տէրը անոր ձեռքով փրկութիւն տուեր էր Սուրիայի։ Այս մարդը զօրաւոր կտրիճ մըն էր, բայց՝ բորոտ։

2

1Ասորիներուն գունդերը դուրս ելլելով՝ Իսրայէլի երկրէն պզտիկ աղջիկ մը գերեվարած էին, եւ ան Նէեմանի կնոջ 2կը ծառայէր՝՝։

3

Ան իր տիրուհիին ըսաւ. «Երանի՜ թէ իմ տէրս Սամարիա եղող մարգարէին 3քով ըլլար, որովհետեւ զինք իր բորոտութենէն կը բուժէր»։

4

Նէեման գնաց իր տիրոջ հաղորդեց՝ ըսելով. «Իսրայէլի երկրէն եղող պատանուհին այսպէս եւ այսպէս խօսեցաւ»։

5

Սուրիայի թագաւորը ըսաւ. «Ուրեմն գնա՛, ես Իսրայէլի թագաւորին 4նամակ մը կը ղրկեմ»։ Ան ալ գնաց, իր ձեռքը տասը տաղանդ արծաթ, վեց հազար սիկղ ոսկի ու տասը փոխելիք հանդերձ առնելով։

6

Իսրայէլի թագաւորին բերաւ նամակը, 5ուր սա՛ գրուած էր՝՝. «Հիմա, երբ այս նամակը քեզի հասնի, 6գիտցի՛ր թէ անոր հետ՝՝ քեզի կը ղրկեմ իմ ծառաս՝ Նէեմանը, որպէսզի զինք իր բորոտութենէն բուժես»։

7

Երբ Իսրայէլի թագաւորը նամակը կարդաց՝ իր հագուստները պատռեց, ու ըսաւ. «Միթէ ես մեռցնելու եւ ապրեցնելու կարող Աստուա՞ծ եմ, որ ասիկա ինծի մարդ մը ղրկեր է՝ իր բորոտութենէն բուժելու համար. ուրեմն լա՛ւ գիտցէք ու տեսէ՛ք թէ անիկա 7ինծի հետ կռուելու պատճառ կը փնտռէ՝՝»։

8

Երբ Աստուծոյ մարդը՝ Եղիսէ լսեց թէ Իսրայէլի թագաւորը իր հագուստները պատռեր է, թագաւորին մարդ ղրկեց եւ ըսաւ. «Ինչո՞ւ հագուստներդ պատռեցիր. այժմ ան ինծի թող գայ, ու գիտնայ թէ Իսրայէլի մէջ մարգարէ կայ»։

9

Նէեման իր ձիերով եւ կառքով գնաց ու Եղիսէի տան մուտքը կայնեցաւ։

10

Եղիսէ պատգամաւոր մը ղրկեց անոր՝ ըսելով. «Գնա՛, Յորդանանի մէջ եօ՛թը անգամ լուացուէ, եւ մարմինդ քեզի պիտի վերադառնայ ու պիտի մաքրուիս»։

11

Նէեման զայրացաւ եւ գնաց՝ ըսելով. «Ահա՛ ես 8կը կարծէի՝՝ թէ անիկա անտարակոյս իմ քովս 9պիտի գայ՝՝ ու կայնի, եւ իր Աստուծոյն՝ Եհովայի անունը պիտի կանչէ ու ձեռքը հիւանդ տեղին վրայ երերցնէ, եւ բորոտութիւնը բուժէ։

12

Դամասկոսի Աբանա ու Փարփար գետերը Իսրայէլի բոլոր ջուրերէն լաւ չե՞ն. միթէ չե՞մ կրնար անոնց մէջ լուացուիլ եւ մաքրուիլ»։ Այսպէս՝ դարձաւ ու ցասումով գնաց։

13

Իսկ անոր ծառաները մօտեցան եւ անոր խօսեցան՝ ըսելով. «Իմ հա՛յրս, եթէ մարգարէն քեզի մեծ բան մը ըսէր՝ պիտի չընէի՞ր. հապա ո՞րչափ աւելի ընելու ես՝ երբ ան քեզի կ’ըսէ. “Լուացուէ՛, ու պիտի մաքրուիս”»։

14

Այն ատեն ան իջաւ եւ եօթը անգամ Յորդանանի մէջ 10լուացուեցաւ՝ Աստուծոյ մարդուն խօսքին համաձայն. անոր մարմինը պզտիկ տղայի մը մարմինին պէս եղաւ, ու մաքրուեցաւ։

15

Ան իր ամբողջ բանակով Աստուծոյ մարդուն վերադարձաւ. գնաց, անոր ներկայացաւ եւ ըսաւ. «Ահա՛ այժմ գիտցայ թէ ամբողջ երկրի վրայ Աստուած չկայ, բայց միայն Իսրայէլի մէջ. ուստի հիմա, կ’աղերսե՛մ, քու ծառայէդ 11ընծա՛յ մը ընդունէ»։

16

Բայց Եղիսէ ըսաւ. «Տէ՛րը, որուն առջեւ կը կայնիմ, կ’ապրի՛. պիտի չընդունիմ»։ Նէեման զինք ստիպեց որ ընդունի, բայց ան մերժեց։

17

Այն ատեն Նէեման ըսաւ. «Ուրեմն կ’աղերսե՛մ, քու ծառայիդ այս երկրին հողէն երկու ջորիի բեռ հող թող տրուի. արդարեւ ծառադ անգամ մըն ալ ուրիշ աստուածներու ողջակէզ կամ զոհ պիտի չընծայէ, հապա միայն Եհովայի։

18

Սակայն Տէրը սա՛ բանին համար ծառայիդ թող ներէ. երբ իմ տէրս Ռեմոնի տունը մտնէ՝ հոն երկրպագելու համար, եւ իմ ձեռքիս վրայ կռթնի, ու ես ալ Ռեմոնի տան մէջ երկրպագեմ, Տէրը այս բանին համար ծառայիդ թող ներէ — երբ Ռեմոնի տան մէջ երկրպագեմ»։

19

Ինք ալ անոր ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ». ուստի ան իր քովէն գնաց, ու քիչ մը ճամբայ քալեց։

20

Բայց Աստուծոյ մարդուն՝ Եղիսէի սպասաւորը՝ Գէեզի ըսաւ. «Ահա՛ իմ տէրս այս Ասորիին՝ Նէեմանի խնայեց, անոր ձեռքէն իր բերածը չառնելով։ Տէրը կ’ապրի՛. ես անոր ետեւէն պիտի վազեմ եւ անկէ բան մը պիտի առնեմ»։

21

Ուստի Գէեզի Նէեմանը հետապնդեց։ Երբ Նէեման տեսաւ թէ ան իր ետեւէն կը վազէ, իր կառքէն իջաւ զայն դիմաւորելու, եւ ըսաւ. «12Ողջութի՞ւն է»։

22

Ան ալ ըսաւ. «Ողջութիւն է։ Իմ տէրս զիս ղրկեց՝ ըսելով. “Ահա՛ հիմա մարգարէներու որդիներէն երկու երիտասարդ եկան ինծի՝ Եփրեմի լեռնակողմէն. կ’աղերսե՛մ, անոնց համար տաղա՛նդ մը արծաթ ու երկո՛ւ փոխելիք հագուստ տուր”»։

23

Նէեման ըսաւ. «Հաճէ՛ երկու տաղանդ առնել»։ Զայն ստիպելով՝ երկու քսակի մէջ երկու տաղանդ արծաթ դրաւ, երկու փոխելիք հագուստ ալ ծրարեց, եւ իր սպասաւորներէն երկուքին տուաւ, որոնք անոր առջեւէն 13տարին։

24

Երբ 14բլուրը հասաւ՝ անոնց ձեռքէն առաւ ու տան մէջ տեղաւորեց. ապա այդ մարդիկը ուղարկեց, եւ գացին։

25

Իսկ ինք ներս գնաց ու իր տիրոջ ներկայացաւ։ Եղիսէ իրեն ըսաւ. «Գէեզի՛, ուրկէ՞ կու գաս»։ Ինք ալ պատասխանեց. «Ծառադ տեղ մը չգնաց»։

26

Եղիսէ անոր ըսաւ. «Միթէ իմ 15հոգիս քեզի հետ չգնա՞ց, երբ այդ մարդը իր կառքէն դարձաւ՝ քեզ դիմաւորելու։ Հիմա ատե՞նն է արծաթ ստանալու, եւ հագուստներ, ձիթենիներ, այգիներ, ոչխարներ ու արջառներ, ստրուկներ եւ ստրկուհիներ առնելու։

27

Ուրեմն Նէեմանի բորոտութիւնը քեզի ու քու զարմիդ թող փակչի յաւիտեան»։ Եւ ինք անոր առջեւէն բորոտ դուրս ելաւ՝ ձիւնի պէս ճերմակ։



1 Եբր.՝ Արամացիներուն, այսինքն՝ Սուրիացիներուն
2 Եբր.՝ առջեւ էր
3 Կամ՝ առջեւ
4 Եբր.՝ գրութիւն
5 Եբր.՝ ըսելով
6 Եբր.՝ ահա՛
7 Եբր.՝ զիս կը տառապեցնէ
8 Եբր.՝ կ’ըսէի
9 Եբր.՝ դուրս պիտի ելլէ
10 Եբր.՝ թաթխուեցաւ
11 Եբր.՝ օրհնութի՛ւն
12 Եբր.՝ Խաղաղութի՞ւն
13 Եբր.՝ կրեցին
14 Կամ՝ առանձին տեղը
15 Եբր.՝ սիրտս