Loading...

2 Kings 6

1 Kings  «  2 Kings 5  ‹  2 Kings 6  ›  2 Kings 7  »  1 Chronicles


ՏԱՊԱՐԻՆ ԵՐԿԱԹԸ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ

1

Մարգարէներուն որդիները Եղիսէի ըսին. «Կ’աղերսե՛նք, ահա՛ այս տեղը՝ ուր քու առջեւդ կը մնանք՝ մեզի նեղ է։

2

Երթանք ուրեմն մինչեւ Յորդանան, անկէ իւրաքանչիւրս գերան մը առնենք, ու հոն մեզի բնակելու տեղ շինենք»։ Ան ալ պատասխանեց. «Գացէ՛ք»։

3

Անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, հաճէ՛ քու ծառաներուդ հետ գալ»։ Ան ալ պատասխանեց. «Կու գամ»,

4

եւ անոնց հետ գնաց։ Յորդանան հասնելով՝ ծառեր կտրեցին։

5

Երբ մէկը գերան մը կը կտրէր, տապարին երկաթը ջուրին մէջ ինկաւ։ Ուստի ան պոռալով ըսաւ. «Ո՜հ, իմ տէ՛րս, ան փոխ առնուած էր»։

6

Աստուծոյ մարդը ըսաւ. «Ո՞ւր ինկաւ»։ Ինք ալ անոր ցուցուց տեղը։ Եղիսէ փայտ մը կտրեց, հոն նետեց, ու երկաթը ծփաց։

7

Ուստի անոր ըսաւ. «Վերցո՛ւր զայն»։ Ան ալ ձեռքը երկարեց եւ զայն առաւ։


ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՊԱՐՏՈՒԻ

8

Երբ անգամ մը Սուրիայի թագաւորը Իսրայէլի դէմ կը պատերազմէր, իր ծառաներուն հետ խորհրդակցելով՝ ըսաւ. «Այսինչ կամ այնինչ տեղը պիտի ըլլայ բանակավայրս»։

9

Ուստի Աստուծոյ մարդը Իսրայէլի թագաւորին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Զգուշացի՛ր որ այդ տեղէն չանցնիս, որովհետեւ Ասորիները հոն իջած են»։

10

Իսրայէլի թագաւորը մարդ ղրկեց այն տեղը՝ որուն մասին Աստուծոյ մարդը իրեն խօսած ու զինք ազդարարած էր, եւ անկէ զգուշացաւ 1շատ անգամ։

11

Այս պատճառով Սուրիայի թագաւորին սիրտը մրրկեցաւ։ Իր ծառաները կանչեց ու անոնց ըսաւ. «Չէ՞ք յայտներ ինծի թէ մեզմէ ո՞վ Իսրայէլի թագաւորին 2կողմնակից է»։

12

Իր ծառաներէն մէկը ըսաւ. «Ո՛չ մէկը, ո՛վ թագաւոր, իմ տէ՛րս. հապա Իսրայէլի մէջ եղող Եղիսէ մարգարէն՝ քու ննջասենեակիդ մէջ ըսած խօսքերդ Իսրայէլի թագաւորին կը հաղորդէ»։

13

Ինք ալ ըսաւ. «Գացէ՛ք եւ անոր ո՛ւր ըլլալը 3գտէք, որպէսզի 4զայն բռնել տամ՝՝»։ Իրեն իմացուցին. «Ահա՛ ան Դոթայիմ է»։

14

Ուստի ինք ձիեր, կառքեր ու բազմաթիւ զօրագունդեր ղրկեց հոն, որոնք գիշերը գացին եւ քաղաքը պաշարեցին։

15

Երբ Աստուծոյ մարդուն սպասարկուն առտուն՝ կանուխ ելաւ ու դուրս գնաց, ահա՛ զօրագունդեր, ձիեր եւ կառքեր քաղաքը պաշարեր էին։ Սպասաւորը իրեն ըսաւ. «Ո՛հ, իմ տէ՛րս, ի՞նչ պիտի ընենք»։

16

Եղիսէ պատասխանեց. «Մի՛ վախնար, որովհետեւ մեզի հետ եղողները աւելի բազմաթիւ են՝ քան անոնց հետ եղողները»։

17

Եղիսէ աղօթելով ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, կ’աղերսե՛մ, անոր աչքե՛րը բաց, որպէսզի տեսնէ»։ Տէրը սպասաւորին աչքերը բացաւ, ու տեսաւ թէ ահա՛ լեռը կրակէ ձիերով եւ կառքերով լեցուն էր՝ Եղիսէի շուրջը։

18

Երբ 5անոնք իր քով իջան, Եղիսէ Տէրոջ աղօթեց՝ ըսելով. «Կ’աղերսե՛մ, այս ազգը կուրութեա՛մբ զարկ»։ Տէրն ալ զանոնք կուրութեամբ զարկաւ՝ Եղիսէի խօսքին համաձայն։

19

Այն ատեն Եղիսէ անոնց ըսաւ. «Ճամբան ասիկա չէ, ու քաղաքը ասիկա չէ. հետեւեցէ՛ք ինծի, որպէսզի ձեր փնտռած մարդուն տանիմ ձեզ», եւ զանոնք Սամարիա տարաւ։

20

Երբ Սամարիա հասան, Եղիսէ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ասոնց աչքե՛րը բաց՝ որպէսզի տեսնեն»։ Տէրը անոնց աչքերը բացաւ, ու տեսան թէ ահա՛ Սամարիայի մէջ էին։

21

Իսրայէլի թագաւորը զանոնք տեսնելով՝ Եղիսէի ըսաւ. «Իմ հա՛յրս, զարնե՞մ, զանոնք զարնե՞մ»։

22

Ան ալ պատասխանեց. «Մի՛ զարներ. միթէ քու սուրովդ եւ աղեղովդ գերեվարածներդ կը զարնե՞ս։ Անոնց առջեւ հաց ու ջուր դիր, որպէսզի ուտեն, խմեն, եւ իրենց տիրոջ երթան»։

23

Ուստի անոնց մեծ կոչունք մը սարքեց. կերան ու խմեցին, յետոյ զանոնք ուղարկեց։ Անոնք ալ իրենց տիրոջ գացին, եւ Սուրիայի գունդերը անգա՛մ մըն ալ Իսրայէլի երկիրը չեկան։


ՍԱՄԱՐԻԱՅԻ ՊԱՇԱՐՈՒՄԸ

24

Անկէ ետք Սուրիայի Բենադադ թագաւորը իր ամբողջ բանակը հաւաքեց, ու բարձրանալով Սամարիան պաշարեց։

25

Սամարիայի մէջ մեծ սով եղաւ, քանի որ զայն պաշարեր էին, այնպէս որ իշու գլուխ մը ութսուն սիկղ արծաթի ծախուեցաւ, եւ քառորդ կապիճ 6աղաւնիի աղբը՝՝ հինգ սիկղ արծաթի։

26

Երբ Իսրայէլի թագաւորը պարիսպին վրայէն կ’անցնէր, կին մը անոր աղաղակեց՝ ըսելով. «Ո՛վ թագաւոր, իմ տէ՛րս, 7օգնութեա՛ն հասիր ինծի՝՝»։

27

Ան ալ պատասխանեց. «Եթէ Տէրը 8քեզի չօգնէ՝՝, ես ինչո՞վ քեզի օգնեմ, կալի՞ն թէ հնձանին արդիւնքով»։

28

Ապա թագաւորը անոր ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ եղաւ»։ Ան ալ պատասխանեց. «Այս կինը ինծի ըսաւ. “Քու որդիդ տո՛ւր որ այսօր զայն ուտենք. իմ որդիս վաղը կ’ուտենք”։

29

Ուստի որդիս խաշեցինք ու զայն կերանք։ Յաջորդ օրը անոր ըսի. “Որդի՛դ տուր՝ որ զայն ուտենք”. բայց ան իր որդին պահեց»։

30

Երբ թագաւորը այդ կնոջ խօսքը լսեց՝ իր հագուստները պատռեց, ու պարիսպին վրայէն անցած ատենը՝ ժողովուրդը տեսաւ թէ ահա՛ անոր մարմինին վրայ քուրձ կար՝ ներսէն։

31

Ան ըսաւ. «Աստուած ինծի այսպէս եւ ասկէ աւելին ընէ, եթէ այսօր Սափատեան Եղիսէի գլուխը իր վրայ մնայ»։

32

Եղիսէ իր տան մէջ նստած էր, ու երէցները անոր հետ նստած էին, երբ թագաւորը իր առջեւէն մարդ մը ղրկեց անոր։ Պատգամաւորը դեռ անոր չհասած՝ Եղիսէ երէցներուն ըսաւ. «Կը տեսնէ՞ք թէ այս մարդասպանի որդին մարդ ղրկեց՝ որ գլուխս վերցնէ։ Նայեցէ՛ք, երբ պատգամաւորը գայ՝ դո՛ւռը գոցեցէք, ու զայն դրա՛ն քով բռնեցէք. միթէ անոր տիրոջ ոտքերուն ձայնը անոր ետեւէն չի՞ լսուիր»։

33

Մինչ տակաւին անոնց հետ կը խօսէր, ահա՛ պատգամաւորը իր քով իջաւ եւ 9ըսաւ. «Ահա՛ այս չարիքը Տէրոջմէն է. ա՛լ ասկէ ետք Տէրոջմէն ի՞նչ պիտի յուսամ»։



1 Եբր.՝ ոչ մէկ եւ ոչ երկու
2 Եբր.՝ համար
3 Եբր.՝ տեսէք
4 Եբր.՝ մարդ ղրկեմ ու զայն բռնեմ
5 Այսինքն՝ Ասորիները
6 Կը կարծուի թէ տեսակ մը ընդեղէն է
7 Եբր.՝ ազատէ՛ զիս
8 Եբր.՝ քեզ չազատէ
9 Հաւանաբար՝ թագաւորը ըսաւ