2 Kings 7
1 Kings « 2 Kings 6 ‹ 2 Kings 7 › 2 Kings 8 » 1 Chronicles
1
Եղիսէ ըսաւ. «Տէրոջ խօսքը մտի՛կ ըրէք. Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Վաղը այս ատեն՝ մէկ գրիւ 1նաշիհը մէկ սիկղ արծաթի պիտի ծախուի Սամարիայի դուռը, ու երկու գրիւ գարին՝ մէկ սիկղի”»։
2Այն զօրավարը՝ որուն ձեռքին վրայ թագաւորը կը կռթնէր, Աստուծոյ մարդուն պատասխանեց. «Եթէ Տէրը երկինքը 2սահանադռներ ալ շինէ, միթէ ատիկա ըլլալիք բա՞ն է»։ Ան ալ ըսաւ. «Դուն աչքերո՛վդ պիտի տեսնես, բայց անկէ պիտի չուտես»։
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ
3Դրան մուտքը չորս բորոտ մարդիկ կային։ Անոնք իրարու ըսին. «Ինչո՞ւ հոս մնանք՝ մինչեւ որ մեռնինք։
4Եթէ ըսենք. “Քաղաքը մտնենք”, քաղաքին մէջ սով կայ, ու հոն պիտի մեռնինք։ Եթէ հոս մնանք, նոյնպէս պիտի մեռնինք։ Ուրեմն հիմա եկէ՛ք, Ասորիներուն բանակավայրը 3անցնինք։ Եթէ մեզ ողջ պահեն՝ կ’ապրինք, իսկ եթէ մեզ մեռցնեն՝ կը մեռնինք»։
5Ուստի մթնշաղին կանգնեցան՝ որպէսզի Ասորիներուն բանակավայրը երթան, ու մինչեւ Ասորիներու բանակավայրին ծայրը գացին, բայց ահա՛ հոն ո՛չ մէկը կար։
6Արդարեւ Տէրը Ասորիներու բանակավայրին մէջ կառքերու աղմուկ ու ձիերու աղմուկ լսել տուեր էր, այսինքն՝ մեծ զօրագունդի մը աղմուկը։ Ուստի իրարու ըսին. «Ահա՛ Իսրայէլի թագաւորը մեզի դէմ վարձեց Քետացիներու թագաւորներն ու Եգիպտացիներու թագաւորները, որպէսզի մեր վրայ հասնին»։
7Հետեւաբար կանգնեցան եւ մթնշաղին փախան. իրենց վրանները, ձիերն ու էշերը լքեցին, նաեւ բանակավայրը՝ ինչպէս որ էր, ու փախան՝ իրենց անձը ազատելու համար։
8Երբ այս բորոտները մինչեւ բանակավայրին ծայրը հասան, վրան մը մտնելով՝ կերան ու խմեցին, եւ անկէ արծաթ, ոսկի ու հանդերձներ տանելով՝ գացին պահեցին։ Վերադառնալով՝ ուրիշ վրան մը մտան, եւ անկէ ալ տանելով՝ գացին պահեցին։
9Յետոյ իրարու ըսին. «Մեր ըրածը լաւ չէ. այսօր աւետիսի օր է, իսկ մենք կը լռենք։ Եթէ մինչեւ առտուան լոյսը սպասենք, մեր 4պատիժը պիտի կրենք՝՝. ուստի հիմա եկէ՛ք, երթանք եւ թագաւորին տան իմացնենք»։
10Գացին, քաղաքին դռնապանին պոռացին ու անոր իմացուցին. «Մենք Ասորիներուն բանակավայրը մտանք, եւ ահա՛ հոն մարդ կամ մարդու ձայն չկար, հապա միայն՝ կապուած ձիեր ու կապուած էշեր, նաեւ վրանները՝ ինչպէս որ էին»։
11Դռնապաններն ալ պոռացին, ու թագաւորին տան ներսը իմացուցին։
12Թագաւորը գիշերը ելաւ եւ իր ծառաներուն ըսաւ. «Այժմ ձեզի պիտի իմացնեմ ինչ որ Ասորիները մեզի ըրած են։ Անոնք մեր անօթի ըլլալը գիտնալով՝ բանակավայրէն ելած ու դաշտին մէջ պահուըտած են՝ ըսելով. “Երբ անոնք քաղաքէն դուրս ելլեն, զանոնք ողջ կը բռնենք ու քաղաքը կը մտնենք”»։
13Անոր ծառաներէն մէկը պատասխանեց. «Կ’աղերսե՛մ, մնացած ձիերէն հինգը թող առնեն, որոնք քաղաքին մէջ մնացած են, (ահա՛ անոնք ամբողջ Իսրայէլի բազմութեան պէս են՝ որ անոր մէջ մնացած է. ահա՛ անոնք ամբողջ Իսրայէլի բազմութեան պէս են՝ որ կը սպառի.) հոն ղրկենք ու տեսնենք»։
14Ուստի 5երկու կառք առին՝ իրենց ձիերով՝՝, եւ թագաւորը Ասորիներու բանակին ետեւէն ղրկեց՝ ըսելով. «Գացէ՛ք ու տեսէ՛ք»։
15Անոնք մինչեւ Յորդանան գացին՝ անոնց ետեւէն, եւ ահա՛ ամբողջ ճամբան լեցուն էր հագուստներով ու առարկաներով, որոնք Ասորիները նետած էին իրենց իրարանցումին մէջ։ Պատգամաւորները վերադարձան ու թագաւորին իմացուցին։
16Այն ատեն ժողովուրդը դուրս ելաւ եւ Ասորիներուն բանակավայրը կողոպտեց։ Տէրոջ խօսքին համաձայն՝ մէկ գրիւ նաշիհը մէկ սիկղ արծաթի 6ծախուեցաւ, ու երկու գրիւ գարին՝ մէկ սիկղի։
17Թագաւորը դրան վերատեսուչ նշանակեր էր այն զօրավարը, որուն ձեռքին վրայ ինք կը կռթնէր։ Ժողովուրդը դրան մէջ զայն կոխկռտեց, եւ մեռաւ՝ Աստուծոյ մարդուն խօսքին համաձայն, որ ըսեր էր՝ թագաւորին անոր քով իջած ատենը։
187Պատահեցաւ այնպէս,՝՝ ինչպէս Աստուծոյ մարդը թագաւորին խօսեր էր՝ ըսելով. «Վաղը այս ատեն՝ երկու գրիւ գարին մէկ սիկղ արծաթի պիտի ծախուի Սամարիայի դուռը, ու մէկ գրիւ նաշիհը՝ մէկ սիկղի»։
19Այդ զօրավարը Աստուծոյ մարդուն պատասխաներ էր. «Եթէ Տէրը երկինքը սահանադռներ ալ շինէ, միթէ ատիկա ըլլալիք բա՞ն է»։ Աստուծոյ մարդն ալ ըսեր էր. «Ահա դուն աչքերո՛վդ պիտի տեսնես, բայց անկէ պիտի չուտես»։
20Այդպէս պատահեցաւ անոր, քանի որ ժողովուրդը զայն դրան մէջ կոխկռտեց, ու մեռաւ։