2 Kings 8
1 Kings « 2 Kings 7 ‹ 2 Kings 8 › 2 Kings 9 » 1 Chronicles
ՍՈՒՆԱՄԱՑԻ ԿԻՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ
1Եղիսէ խօսեցաւ այն կնոջ՝ որուն որդին վերապրեցուցեր էր, եւ ըսաւ. «Կանգնէ՛ ու պանդխտանալո՛ւ գնա, դուն եւ ընտանիքդ, ուր որ կրնաս պանդխտանալ, որովհետեւ Տէրը սովը կանչեց. ահա՛ կու գայ եօթը տարի այս երկրին վրայ մնալու»։
2Ուստի կինը կանգնեցաւ եւ Աստուծոյ մարդուն ըսածին համաձայն ըրաւ. իր ընտանիքով գնաց ու Փղշտացիներու երկրին մէջ եօթը տարի պանդխտացաւ։
3Եօթը տարուան վախճանին՝ այդ կինը Փղշտացիներուն երկրէն վերադարձաւ, եւ իր տան համար ու արտին համար թագաւորին բողոքելու 1գնաց։
4Թագաւորը Աստուծոյ մարդուն սպասաւորին՝ Գէեզիի հետ կը խօսէր՝ ըսելով. «Կ’աղերսե՛մ, Եղիսէի կատարած բոլոր մեծագործութիւնները պատմէ՛ ինծի»։
5Մինչ ինք թագաւորին կը պատմէր թէ ի՛նչպէս ան մեռած տղան վերապրեցուց, ահա՛ այն կինը՝ որուն որդին վերապրեցուցեր էր, թագաւորին բողոքելու եկաւ իր տան համար ու արտին համար։ Գէեզի ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, իմ տէ՛րս, ա՛յս է այն կինը եւ ա՛յս է անոր որդին՝ որ Եղիսէ վերապրեցուց»։
6Երբ թագաւորը կնոջ հարցուց, ան իրեն պատմեց։ Թագաւորը պալատական մը 2յատկացուց անոր ու ըսաւ. «Վերադարձո՛ւր ամէն ինչ որ անոր կը պատկանի, նաեւ արտին ամբողջ բերքը՝ երկիրը ձգած օրէն մինչեւ հիմա»։
ԵՂԻՍԷ ԵՒ ՍՈՒՐԻԱՅԻ ԲԵՆԱԴԱԴ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
7Եղիսէ Դամասկոս գնաց։ Սուրիայի Բենադադ թագաւորը հիւանդացած էր։ Թագաւորին պատմեցին. «Աստուծոյ մարդը հոս եկաւ»։
8Թագաւորը Ազայէլի ըսաւ. «Ձեռքդ ընծա՛յ առ ու գնա՛, Աստուծոյ մարդը դիմաւորէ՛, եւ անոր միջոցով Տէրոջ խորհո՛ւրդ հարցուր՝ ըսելով. “Արդեօք այս հիւանդութենէն պիտի առողջանա՞մ”»։
9Ազայէլ Եղիսէն դիմաւորելու գնաց, ու ձեռքը ընծայ առաւ Դամասկոսի բոլոր բարիքներէն՝ քառասուն ուղտի բեռ։ Գնաց, անոր ներկայացաւ եւ ըսաւ. «Քու որդիդ՝ Բենադադ, Սուրիայի թագաւորը, զիս քեզի ղրկեց՝ ըսելով. “Արդեօք այս հիւանդութենէն պիտի առողջանա՞մ”»։
10Եղիսէ անոր ըսաւ. «Գնա՛, անոր ըսէ՛. “Անշո՛ւշտ պիտի առողջանաս”։ Բայց Տէրը ինծի ցոյց տուաւ թէ ան անշուշտ պիտի մեռնի»։
11Յետոյ իր երեսը 3անշարժացուց եւ աչքերը անոր վրայ 4սեւեռեց, մինչեւ որ ան ամչցաւ. ու Աստուծոյ մարդը լացաւ։
12Ազայէլ ըսաւ. «Իմ տէրս ինչո՞ւ կու լայ»։ Ան ալ պատասխանեց. «Քանի որ Իսրայէլի որդիներուն ընելիք չարիքդ գիտեմ. անոնց ամրոցները 5կրակով պիտի այրես՝՝, երիտասարդները սուրով պիտի մեռցնես, երախաները գետին պիտի զարնես ու յղի կիները պիտի ճեղքես»։
13Ազայէլ ըսաւ. «Քու ծառադ ո՞վ է — շո՞ւն մը — որ այդ մեծ բաները ընէ»։ Եղիսէ պատասխանեց. «Տէրը ինծի ցոյց տուաւ թէ դուն Սուրիայի վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս»։
14Այն ատեն ան Եղիսէի քովէն գնաց եւ իր տիրոջ եկաւ։ Ան իրեն 6հարցուց. «Եղիսէ քեզի ի՞նչ ըսաւ»։ Ինք ալ պատասխանեց. «Ինծի ըսաւ թէ անշուշտ պիտի առողջանաս»։
15Հետեւեալ օրը Ազայէլ 7հաստ լաթ՝՝ մը առաւ, ջուրի մէջ թաթխեց ու անոր երեսին վրայ փռեց. ան ալ մեռաւ, եւ Ազայէլ անոր տեղ թագաւոր եղաւ։
ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎՐԱՄ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Բ. Մնաց. 21. 1-20)
16Իսրայէլի թագաւորին՝ Աքաաբեան Յովրամի հինգերորդ տարին, երբ Յովսափատ դեռ Յուդայի վրայ կը թագաւորէր, Յուդայի Յովսափատ թագաւորին որդին՝ Յովրամ թագաւոր եղաւ։
17Ան երեսուներկու տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ ութ տարի թագաւորեց։
18Ան Իսրայէլի թագաւորներուն ճամբայէն ընթացաւ, ինչպէս Աքաաբի տունը ըրաւ, որովհետեւ իր կինը՝ Աքաաբի աղջիկն էր։ Տէրոջ 8առջեւ չարիք գործեց.
19սակայն Տէրը Յուդան բնաջնջել չուզեց, իր ծառային՝ Դաւիթի սիրոյն համար, ինչպէս անոր խոստացած որ թէ՛ իրեն եւ թէ իր որդիներուն 9ընդմիշտ ճրագ մը տայ։
20Անոր օրերը՝ Եդովմայեցիները Յուդայի ձեռքին տակէն ապստամբեցան, եւ իրենց վրայ թագաւոր մը նշանակեցին։
21Յովրամ իր բոլոր կառքերը իրեն հետ առաւ ու Սայիր անցաւ. գիշերը կանգնեցաւ, զինք շրջապատող Եդովմայեցիներն ու կառքերու վերահսկիչները զարկաւ. ժողովուրդն ալ իր վրանները փախաւ։
22Բայց Եդովմայեցիները Յուդայի ձեռքին տակէն ապստամբեցան մինչեւ այսօր։ Այդ ատեն Լեբնա ալ ապստամբեցաւ։
23Յովրամի մնացեալ արարքներն ու անոր բոլոր ըրածները՝ ահա՛ Յուդայի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։
24Յովրամ իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու իր հայրերուն հետ՝ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ իր որդին՝ 10Ոքոզիա թագաւորեց։
ՅՈՒԴԱՅԻ ՈՔՈԶԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Բ. Մնաց. 22. 1-16)
25Իսրայէլի թագաւորին՝ Աքաաբեան Յովրամի տասներկրորդ տարին, Յուդայի Յովրամ թագաւորին որդին՝ Ոքոզիա թագաւոր եղաւ։
26Ոքոզիա քսաներկու տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ մէկ տարի թագաւորեց։ Իր մայրը Իսրայէլի Ամրի թագաւորին աղջիկն էր՝ Գոթողիա անունով։
27Ան Աքաաբի տան ճամբայէն ընթացաւ եւ Աքաաբի տան պէս Տէրոջ առջեւ չարիք գործեց, քանի որ Աքաաբի տան փեսան էր։
28Ան Աքաաբեան Յովրամի հետ Ռամովթ-Գաղաադ գնաց՝ Սուրիայի Ազայէլ թագաւորին դէմ պատերազմելու։ Ասորիները Յովրամը վիրաւորեցին.
29ուստի Յովրամ թագաւորը վերադարձաւ, որպէսզի Յեզրայէլի մէջ բուժուի այն վէրքերէն՝ որ Ասորիները իրեն տուեր էին 11Ռամովթի մէջ, երբ Սուրիայի Ազայէլ թագաւորին դէմ կը պատերազմէր։ Այն ատեն Յուդայի թագաւորը, Յովրամի որդին՝ Ոքոզիա, Յեզրայէլ իջաւ, Աքաաբի որդին՝ Յովրամը տեսնելու, քանի որ ան հիւանդ էր։