Loading...

2 Kings 9

1 Kings  «  2 Kings 8  ‹  2 Kings 9  ›  2 Kings 10  »  1 Chronicles


ՅԷՈՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԹԱԳԱՒՈՐ Կ’ՕԾՈՒԻ

1

Եղիսէ մարգարէն՝ մարգարէներու որդիներէն մէկը կանչեց, եւ անոր ըսաւ. «Գօտիդ մէ՛ջքդ կապէ, այս իւղի շիշը ձե՛ռքդ առ, ու Ռամովթ-Գաղաա՛դ գնա։

2

Երբ հոն հասնիս, Նամեսսեան Յովսափատի որդին՝ Յէո՛ւն 1գտիր, եւ մտնելով՝ իր եղբայրներուն մէջ կանգնեցո՛ւր զայն, ու ներքի՛ն սենեակ մը տար զայն։

3

Իւղի շիշը ա՛ռ, անոր գլուխին վրայ թափէ՛, եւ ըսէ՛. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Քեզ Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցի"”։ Ապա դո՛ւռը բաց ու փախի՛ր, մի՛ ուշանար»։

4

Ուստի այդ երիտասարդը — երիտասարդ մարգարէն — Ռամովթ-Գաղաադ գնաց։

5

Երբ հոն հասաւ, ահա՛ զօրապետները նստած էին։ Ան ըսաւ. «Ո՛վ պետ, քեզի խօսք մը ունիմ»։ Յէու ըսաւ. «Մեր բոլորէն որո՞ւն»։ Ան ալ պատասխանեց. «Քեզի՛, ո՛վ պետ»։

6

Յէու կանգնեցաւ ու տունէն ներս մտաւ. ան ալ իւղը անոր գլուխին վրայ թափեց եւ ըսաւ. «Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Քեզ Տէրոջ ժողովուրդին՝ Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցի։

7

Զա՛րկ քու տիրոջդ՝ Աքաաբի տունը, որպէսզի 2Յեզաբէլէն վրէժը առնեմ իմ ծառաներուս՝ մարգարէներուն արիւնին, ու Տէրոջ բոլոր ծառաներուն արիւնին։

8

Աքաաբի ամբողջ տունը պիտի կորսուի, եւ Աքաաբի բոլոր այր 3մարդիկը՝՝ — Իսրայէլի մէջ 4բանտարկուածը կամ ազատը՝՝ — պիտի բնաջնջեմ։

9

Աքաաբի տունը Նաբատի որդիին՝ Յերոբովամի տան պէս, եւ Աքիայի որդիին՝ Բաասայի տան պէս պիտի ընեմ։

10

Շունե՛րը պիտի ուտեն Յեզաբէլը՝ Յեզրայէլի 5ագարակին մէջ, ու զայն թաղող պիտի չըլլայ”»։ Յետոյ դուռը բացաւ եւ փախաւ։

11

Երբ Յէու դուրս ելաւ՝ իր տիրոջ ծառաներուն քով, իրեն ըսին. «6Ողջութի՞ւն է. այդ խելագարը ինչո՞ւ քեզի եկաւ»։ Ինք անոնց պատասխանեց. «Դուք այդ մարդն ու անոր խօսքերը գիտէք»։

12

Անոնք ըսին. «7Սուտ է. հաղորդէ՛ մեզի հիմա»։ Ինք ալ պատասխանեց. «Անիկա ինծի սա՛պէս եւ սա՛պէս խօսեցաւ՝ ըսելով. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Քեզ Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցի"”»։

13

Այն ատեն ամէն մարդ շտապելով իր հագուստը առաւ, ու անոր տակ դրին՝ աստիճաններուն 8վերեւը։ Ապա շեփոր հնչեցնելով՝ ըսին. «Յէու թագաւոր եղաւ»։


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՅՈՎՐԱՄ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿԸ ՄԵՌՑՈՒԻ

14

Այսպէս, Նամեսսեան Յովսափատի որդին՝ Յէու Յովրամի դէմ դաւադրեց, մինչ Յովրամ Ռամովթ-Գաղաադը կը պահպանէր ամբողջ Իսրայէլի հետ՝ Սուրիայի Ազայէլ թագաւորին 9պատճառով։

15

(Սակայն Յովրամ թագաւորը Յեզրայէլ վերադարձած էր, բուժուելու համար Ասորիներուն տուած վէրքերէն՝ Սուրիայի Ազայէլ թագաւորին դէմ պատերազմած ատենը։) Յէու ըսաւ. «Եթէ 10համամիտ էք՝՝, այս քաղաքէն ո՛չ մէկը ազատելով թող դուրս ելլէ ու երթայ այս բանը Յեզրայէլի մէջ պատմէ»։

16

Յէու իր կառքը նստաւ եւ Յեզրայէլ գնաց, քանի որ Յովրամ հոն պառկած էր. Յուդայի Ոքոզիա թագաւորն ալ Յովրամը տեսնելու իջած էր։

17

Յեզրայէլի մէջ՝ աշտարակին վրայ դէտ մը կայնած էր. Յէուի գունդին գալը տեսնելով՝ ըսաւ. «Գունդ մը կը տեսնեմ»։ Յովրամ ըսաւ. «Հեծեա՛լ մը առ, զանոնք դիմաւորելո՛ւ ղրկէ, ու թող ըսէ. “Խաղաղութի՞ւն է”»։

18

Ձիաւորը զայն դիմաւորելու գնաց, եւ ըսաւ. «Թագաւորը սա՛ կ’ըսէ. “Խաղաղութի՞ւն է”»։ Յէու պատասխանեց. «Դուն խաղաղութիւնը ի՞նչ պիտի ընես. ետե՛ւս 11անցիր»։ Դէտը իմացուց. «Պատգամաւորը մինչեւ անոնց քով գնաց, բայց չվերադարձաւ»։

19

Յետոյ ուրիշ ձիաւոր մը ղրկեց։ Ան ալ անոնց գնաց եւ ըսաւ. «Թագաւորը սա՛ կ’ըսէ. “Խաղաղութի՞ւն է”»։ Յէու պատասխանեց. «Դուն խաղաղութիւնը ի՞նչ պիտի ընես. ետե՛ւս անցիր»։

20

Դէտն ալ իմացուց. «Մինչեւ անոնց քով գնաց բայց չվերադարձաւ։ Ընթացքը Նամեսսեան Յէուի ընթացքին կը նմանի, քանի որ կատաղաբար կը վարէ»։

21

Այն ատեն Յովրամ ըսաւ. «Կառքը լծեցէ՛ք». ուստի իր կառքը լծեցին։ Իսրայէլի թագաւորը՝ Յովրամ, ու Յուդայի թագաւորը՝ Ոքոզիա, դուրս ելան՝ իւրաքանչիւրը իր կառքով. անոնք դուրս ելան՝ Յէուն դիմաւորելու, եւ զայն Յեզրայելացի Նաբովթի ագարակին մէջ գտան։

22

Երբ Յովրամ Յէուն տեսաւ՝ ըսաւ. «Յէո՛ւ, խաղաղութի՞ւն է»։ Ան ալ պատասխանեց. «Ի՞նչպէս խաղաղութիւն ըլլայ, քանի քու մօրդ՝ Յեզաբէլի պոռնկութիւններն ու կախարդութիւնները կը շատնան»։

23

Յովրամ ձեռքերը դարձուց եւ փախաւ, Ոքոզիայի ըսելով. «Ո՛վ Ոքոզիա, դաւաճանութիւն կայ»։

24

Յէու 12իր աղեղը ոյժով քաշեց՝՝, ու Յովրամը 13ուսերուն մէջտեղէն զարկաւ։ Նետը անոր սիրտէն ելաւ, եւ ան իր կառքին մէջ կքեցաւ։

25

Յետոյ Յէու իր զօրավարին՝ Բադեկարի ըսաւ. «Վերցո՛ւր ասիկա ու նետէ՛ զայն Յեզրայելացի Նաբովթի 14կալուածին ագարակին մէջ։ Արդարեւ յիշէ՛ թէ երբ ես ու դուն անոր հօր՝ Աքաաբի ետեւէն 15միասին կ’երթայինք, կառքը 16նստած՝՝, Տէրը անոր 17դէմ սա՛ վճիռը տուաւ՝՝.

26

“Ի՛րապէս երէկ Նաբովթի արիւնն ու անոր որդիներուն արիւնը տեսայ,— կը յայտարարէ Տէրը,— եւ այս ագարակին մէջ քեզի պիտի հատուցանեմ,— կը պատգամէ Տէրը”։ Ուստի վերցո՛ւր հիմա ու նետէ՛ զայն այս ագարակին մէջ, Տէրոջ խօսքին համաձայն»։


ՅՈՒԴԱՅԻ ՈՔՈԶԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿԸ ՄԵՌՑՈՒԻ

27

Յուդայի Ոքոզիա թագաւորը ասիկա տեսնելով՝ պարտէզի տան ճամբայէն փախաւ։ Յէու զայն հետապնդելով՝ ըսաւ. «Զի՛նք ալ զարկէք՝ կառքին վրայ»։ Ա՛յդպէս ալ եղաւ Յեբղաամի քով եղող Գուրի զառիվերին վրայ։ Ոքոզիա Մակեդդով փախաւ, ու հոն մեռաւ։

28

Անոր ծառաները զինք կառքով Երուսաղէմ տարին, եւ զինք Դաւիթի քաղաքը՝ իր գերեզմանին մէջ թաղեցին, իր հայրերուն հետ։

29

Ոքոզիա Աքաաբի որդիին՝ Յովրամի տասնմէկերորդ տարին Յուդայի վրայ թագաւոր եղեր էր։


ՅԵԶԱԲԷԼ ԹԱԳՈՒՀԻՆ ԿԸ ՄԵՌՑՈՒԻ

30

Երբ Յէու Յեզրայէլ եկաւ՝ Յեզաբէլ լսեց. իր աչքերուն ծարոյր դրաւ, գլուխը զարդարեց, ու պատուհանէն նայեցաւ։

31

Մինչ Յէու դռնէն ներս կը մտնէր, ան ըսաւ. «Միթէ իր տէրը մեռցնող Զամբրի խաղաղութիւն ունեցա՞ւ»։

32

Յէու իր երեսը դէպի պատուհանը վերցուց, եւ ըսաւ. «Ինծի հետ ո՞վ կայ, ո՞վ»։ Երկու-երեք ներքինիներ իրեն նայեցան։

33

Ուստի ըսաւ. «Զինք վա՛ր նետեցէք»։ Զայն վար նետեցին. անոր արիւնէն պատին ու ձիերուն վրայ ցայտեց։ Ինք զայն կոխկռտեց,

34

ապա ներս գնաց, եւ կերաւ ու խմեց։ Յետոյ ըսաւ. «Այժմ գացէ՛ք, տեսէ՛ք այդ անիծեալ կինը, ու թաղեցէ՛ք զայն, քանի որ թագաւորի աղջիկ է»։

35

Զայն թաղելու գացին. բայց անոր գանկէն, ոտքերէն եւ ձեռքերուն ափերէն զատ ուրիշ ոչինչ գտան։

36

Ուստի վերադարձան ու Յէուի պատմեցին։ Ան ալ ըսաւ. «Ասիկա Տէրոջ խօսքն է, որ իր ծառային՝ Թեզբացի Եղիայի 18միջոցով ըսաւ. “Յեզաբէլի մարմինը շունե՛րը պիտի ուտեն՝ Յեզրայէլի ագարակին մէջ,

37

ու Յեզաբէլի դիակը արտի մակերեսին վրայ եղող աղբի պէս պիտի ըլլայ Յեզրայէլի ագարակին մէջ, այնպէս որ պիտի չըսուի. "Ասիկա Յեզաբէլն է"”»։



1 Եբր.՝ տես
2 Եբր.՝ Յեզաբէլի ձեռքէն
3 Եբր.՝ պատի վրայ միզողները
4 Եբր.՝ արգելափակուածը կամ ազատ թողուածը
5 Եբր.՝ ժառանգութեան բաժինին
6 Եբր.՝ Խաղաղութի՞ւն
7 Կամ՝ Կեղծիք
8 Եբր.՝ ոսկորը
9 Եբր.՝ երեսէն
10 Եբր.՝ ձեր անձին փափաքն է
11 Եբր.՝ դարձիր
12 Եբր.՝ աղեղով իր ձեռքը լեցուց
13 Եբր.՝ բազուկներուն
14 Եբր.՝ արտին
15 Եբր.՝ զոյգ մը
16 Կամ՝ ձիերու վրայ հեծած
17 Եբր.՝ վրայ սա՛ բեռը դրաւ
18 Եբր.՝ ձեռքով