Loading...

2 Kings 10

1 Kings  «  2 Kings 9  ‹  2 Kings 10  ›  2 Kings 11  »  1 Chronicles


ԱՔԱԱԲԻ ԶԱՐՄԸ ԿԸ ՄԵՌՑՈՒԻ

1

Աքաաբ Սամարիայի մէջ եօթանասուն որդի ունէր։ Յէու 1նամակ մը գրեց, ու Սամարիա ղրկեց՝ Յեզրայէլի իշխանաւորներուն, երէցներուն եւ Աքաաբի որդիներուն հոգատարներուն՝ ըսելով.

2

«Հիմա, երբ այս նամակը ձեզի հասնի, քանի ձեր տիրոջ որդիները ձեր քով են, ու կառքեր, ձիեր, պարսպապատ քաղաք եւ զէնքեր ալ ունիք,

3

նայեցէ՛ք թէ ձեր տիրոջ որդիներէն ո՛րն է լաւագոյնը եւ յարմարագոյնը, զայն իր հօր գահին վրայ դրէ՛ք, ու ձեր տիրոջ տան համար պատերազմեցէ՛ք»։

4

Անոնք չափազանց վախցան, եւ ըսին. «Ահա՛ երկու թագաւորներ չկրցան անոր 2դիմադրել, մենք ի՞նչպէս պիտի դիմադրենք»։

5

Ուստի 3արքունապետը, դքաղաքապետը, երէցներն ու հոգատարները Յէուի մարդ ղրկեցին եւ ըսին. «Մենք քու ծառաներդ ենք. ինչ որ մեզի հրամայես՝ պիտի ընենք. ո՛չ մէկը թագաւոր պիտի նշանակենք։ 4Քեզի հաճելի՝՝ եղածը ըրէ՛»։

6

Յէու անոնց երկրորդ անգամ նամակ գրեց՝ ըսելով. «Եթէ դուք ինծի հետ էք եւ իմ խօսքս մտիկ կ’ընէք, ձեր տիրոջ որդիներուն գլուխները առէ՛ք ու վաղը այս ատեն ինծի՛ եկէք՝ Յեզրայէլ»։ Թագաւորին որդիները եօթանասուն 5հոգի էին, եւ զիրենք մեծցնող քաղաքի մեծերուն քով էին։

7

Երբ նամակը անոնց հասաւ՝ թագաւորին որդիները բռնեցին, եօթանասուն հոգին ալ մորթեցին, անոնց գլուխները կողովներու մէջ դրին, ու անոր ղրկեցին՝ Յեզրայէլ։

8

Լրաբեր մը եկաւ եւ անոր իմացուց. «Թագաւորին որդիներուն գլուխները բերին»։ Ան ալ ըսաւ. «Զանոնք մինչեւ առտու դրան մուտքը դրէք՝ երկու դէզ ընելով»։

9

Առտուն դուրս ելաւ, կայնեցաւ եւ ամբողջ ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք արդար էք. ահա՛ ես իմ տիրոջս դէմ դաւադրեցի ու զինք մեռցուցի, բայց ասոնք բոլորը ո՞վ մեռցուց։

10

Ուրեմն գիտցէ՛ք թէ ոչինչ գետին պիտի իյնայ Տէրոջ խօսքէն, որ Տէրը Աքաաբի տան համար ըսաւ, ու Տէրը իր ծառային՝ Եղիայի 6միջոցով ըսածը իրագործեց»։

11

Յէու Յեզրայէլի մէջ մեռցուց Աքաաբի տունէն բոլոր մնացածները, անոր բոլոր մեծերը, ճանչուորներն ու քուրմերը, այնպէս որ անոր ո՛չ մէկ մնացորդ թողուց։


ՈՔՈԶԻԱՅԻ ԱԶԳԱԿԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՄԵՌՑՈՒԻՆ

12

Յետոյ կանգնեցաւ, եւ Սամարիա գնաց։ Ճամբան՝ երբ հովիւներու 7Բեթակադը հասաւ,

13

Յէու Յուդայի Ոքոզիա թագաւորին եղբայրները գտաւ ու անոնց ըսաւ. «Դուք ո՞վ էք»։ Անոնք պատասխանեցին. «Ոքոզիայի եղբայրներն ենք. թագաւորին որդիներն ու 8մայր-թագուհիին՝՝ որդիները 9ողջունելու իջանք»։

14

Այն ատեն ան ըսաւ. «Ասոնք ո՛ղջ բռնեցէք»։ Զանոնք ողջ բռնեցին, եւ Բեթակադի ջրհորին քով զանոնք մորթեցին։ Քառասուներկու հոգի էին. անոնցմէ ո՛չ մէկը ողջ թողուց։

15

Անկէ գնաց, ու զինք դիմաւորող Ռեքաբի որդին՝ Յովնադաբը գտաւ։ Զայն բարեւեց ու ըսաւ. «Ինչպէս իմ սիրտս քու սիրտիդ հետ ուղիղ է, արդեօք քու սիրտդ ալ նոյնպէս ուղի՞ղ է»։ Յովնադաբ պատասխանեց. «Այո՛»։ «Ուրեմն ձե՛ռքդ տուր»։ Ան ալ ձեռքը տուաւ։ Զայն իր քով բարձրացուց՝ կառքին մէջ,

16

եւ ըսաւ. «Ինծի՛ հետ եկուր, ու Տէրոջ համար ունեցած նախանձախնդրութիւնս տե՛ս»։ Այսպէս՝ իր կառքը նստեցուցին զայն։

17

Սամարիա գնաց եւ Սամարիայի մէջ Աքաաբէն բոլոր մնացածները զարկաւ, մինչեւ որ զայն բնաջնջեց՝ այն խօսքին համաձայն, որ Տէրը Եղիայի ըսեր էր։


ԲԱՀԱՂԻ ԵՐԿՐՊԱԳՈՒՆԵՐԸ ԿԸ ՄԵՌՑՈՒԻՆ

18

Յէու ամբողջ ժողովուրդը հաւաքեց, եւ անոնց ըսաւ. «Աքաաբ Բահաղը քիչ պաշտեց, Յէու զայն շատ պիտի պաշտէ.

19

ուստի Բահաղի բոլոր մարգարէները, բոլոր ծառաներն ու բոլոր քուրմերը ինծի՛ կանչեցէք։ Ո՛չ մէկը թող պակսի, քանի որ Բահաղի մեծ զոհ մը 10պիտի մատուցանեմ՝՝. ո՛վ որ պակսի՝ պիտի չապրի»։ Յէու խաբէութեամբ վարուեցաւ, որպէսզի Բահաղի պաշտամունք կատարողները կորսնցնէ։

20

Յէու ըսաւ. «Բահաղի համար տօնախմբութի՛ւն մը 11յայտարարեցէք». անոնք ալ յայտարարեցին։

21

Յէու ամբողջ Իսրայէլի պատգամաւորներ ղրկեց, եւ բոլոր Բահաղի պաշտամունք կատարողները եկան, այնպէս որ 12բացակայ մարդ չմնաց՝՝։ Բահաղի տունը մտան, ու Բահաղի տունը ծայրէ ծայր լեցուեցաւ։

22

Այն ատեն հանդերձապետին ըսաւ. «Պատմուճաննե՛ր դուրս հանէ բոլոր Բահաղի պաշտամունք կատարողներուն համար»։ Ան ալ պատմուճաններ հանեց անոնց։

23

Յէու Ռեքաբի որդիին՝ Յովնադաբի հետ Բահաղի տունը մտաւ, եւ Բահաղի պաշտամունք կատարողներուն ըսաւ. «Քննեցէ՛ք ու նայեցէ՛ք, որ հոս՝ ձեզի հետ՝ Եհովայի ծառաներէն ո՛չ մէկը գտնուի, հապա՝ միայն Բահաղի պաշտամունք կատարողները»։

24

Երբ զոհեր ու ողջակէզներ ընծայելու մտան, Յէու դուրսը ութսուն մարդ դրաւ եւ անոնց ըսաւ. «Ո՛վ որ ձեր ձեռքը բերած մարդոցմէս մէկը ձգէ որ խոյս տայ, իր անձը անոր անձին տեղ պիտի ըլլայ»։

25

Երբ ողջակէզին ընծայումը աւարտեցաւ, Յէու սուրհանդակներուն ու զօրավարներուն ըսաւ. «Նե՛րս մտէք, զանոնք 13մեռցուցէ՛ք. ո՛չ մէկը դուրս թող ելլէ»։ Ուստի զանոնք սուրի բերանէ անցուցին։ Սուրհանդակները եւ զօրավարները զանոնք նետեցին. յետոյ Բահաղի տան քաղաքը գացին։

26

Բահաղի տան արձանները դուրս հանեցին, ու զանոնք կրակով այրեցին։

27

Բահաղի արձանը տապալեցին, Բահաղի տունը փլցուցին եւ զայն արտաքնոց ըրին մինչեւ այսօր։

28

Այսպէս՝ Յէու Իսրայէլէն բնաջնջեց Բահաղը։

29

Սակայն Յէու Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամի մեղքերէն՝ այսինքն Բեթէլի ու Դանի մէջ եղող ոսկիէ հորթերէն՝ չհեռացաւ։

30

Տէրը Յէուի ըսաւ. «Քանի դուն լաւ վարուեցար՝ գործադրելով ինչ որ իմ 14առջեւս ուղիղ է, եւ Աքաաբի տան ըրիր բոլորովին իմ սիրտիս մէջ եղածին համաձայն, քու որդիներդ Իսրայէլի գահին վրայ պիտի բազմին՝ մինչեւ չորրորդ սերունդը»։

31

Սակայն Յէու ուշադիր չեղաւ ամբողջ սիրտով ընթանալու Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն Օրէնքին համաձայն, եւ Իսրայէլի մեղանչել տուող Յերոբովամի մեղքերէն չհեռացաւ։


ՅԷՈՒԻ ՄԱՀԸ

32

Այդ օրերը Տէրը սկսաւ Իսրայէլը 15կոտորել. Ազայէլ Իսրայէլի բոլոր սահմաններուն մէջ զանոնք զարկաւ.—

33

Յորդանանէն դէպի արեւելք՝ ամբողջ Գաղաադի երկիրը, այսինքն՝ Գադեանները, Ռուբէնեաններն ու Մանասեանները՝ Առնոնի ձորին վրայ եղող Արոէրէն մինչեւ Գաղաադ եւ Բասան։

34

Յէուի մնացեալ արարքները, անոր բոլոր ըրածներն ու բոլոր քաջութիւնները՝ ահա՛ Իսրայէլի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։

35

Յէու իր հայրերուն հետ քնացաւ, եւ զինք Սամարիայի մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ իր որդին՝ Յովաքազ թագաւոր եղաւ։

36

16Յէու քսանութ տարի թագաւորեց՝՝ Իսրայէլի վրայ՝ Սամարիայի մէջ։



1 Եբր.՝ գրութիւն
2 Եբր.՝ առջեւ կայնիլ
3 Եբր.՝ թագաւորին տան վրայ եղողը
4 Եբր.՝ Աչքերուդ լաւ
5 Եբր.՝ մարդ
6 Եբր.՝ ձեռքով
7 Կամ՝ խուզելու տունը
8 Եբր.՝ տիրուհիին
9 Եբր.՝ խաղաղութիւնը հարցնելու
10 Եբր.՝ ունիմ
11 Եբր.՝ սրբեցէք
12 Եբր.՝ ո՛չ մէկ մարդ մնաց՝ որ չեկաւ
13 Եբր.՝ զարկէ՛ք
14 Եբր.՝ աչքերուս
15 Եբր.՝ ծայրատել
16 Եբր.՝ Յէուի թագաւորած օրերը քսանութ տարի եղան