Loading...

2 Kings 11

1 Kings  «  2 Kings 10  ‹  2 Kings 11  ›  2 Kings 12  »  1 Chronicles


ՅՈՒԴԱՅԻ ԳՈԹՈՂԻԱ ԹԱԳՈՒՀԻՆ (Բ. Մնաց. 22. 10-23. 15)

1

Ոքոզիայի մայրը՝ Գոթողիա, իր որդիին մեռնիլը տեսնելով՝ կանգնեցաւ եւ ամբողջ թագաւորական զարմը կորսնցուց։

2

Բայց Յովրամ թագաւորին աղջիկը, Ոքոզիայի քոյրը՝ Յոսաբէ, Ոքոզիայի որդին՝ Յովասը առաւ, ու թագաւորին սպաննուող որդիներուն մէջէն զայն գողցաւ. զինք ննջարանին մէջ 1պահեցին Գոթողիայի 2աչքերէն, այսինքն՝ զինք եւ իր սնուցիչը, ուստի չմեռցուեցաւ։

3

Ինք անոր հետ վեց տարի Տէրոջ տան մէջ պահուեցաւ, մինչ Գոթողիա կը թագաւորէր երկրին վրայ։

4

Եօթներորդ տարին՝ Յովիադա մարդ ղրկեց, հարիւրապետները, թիկնապահներն ու սուրհանդակները կանչեց, եւ զանոնք իր քով՝ Տէրոջ տունը բերաւ։ Անոնց հետ ուխտ կնքեց ու Տէրոջ տան մէջ անոնց երդում ընել տուաւ, ապա թագաւորին որդին անոնց ցուցուց։

5

Յետոյ անոնց պատուիրեց. «Ահա՛ւասիկ ինչ որ պիտի ընէք.— ձեր մէկ երրորդը, որ Շաբաթ օրը իր 3պաշտօնը պիտի ստանձնէ՝՝, թագաւորին տան պահպանութիւնը պիտի ընէ,

6

մէկ երրորդը՝ Սուրի դուռը պիտի կենայ, մէկ երրորդն ալ՝ սուրհանդակներուն ետեւի դուռը։ Այսպէս՝ տան պահպանութիւնը պիտի ընէք, որպէսզի մուտքը արգիլուի։

7

Ձեզմէ երկու գունդ, այսինքն բոլոր անոնք՝ որ Շաբաթ օրը իրենց 4պաշտօնէն պիտի արձակուին՝՝, Տէրոջ տան պահպանութիւնը պիտի ընեն՝ թագաւորին շուրջը։

8

Թագաւորը բոլորաձեւ պիտի շրջապատէք, իւրաքանչիւրը իր զէնքերը ձեռքը բռնած. ո՛վ որ շարքերէն ներս մտնէ՝ պիտի մեռցուի։ Այսպէս՝ թագաւորին հետ պիտի ըլլաք թէ՛ դուրս ելած եւ թէ ներս մտած ատենը»։

9

Հարիւրապետները Յովիադա քահանային բոլոր պատուիրածներուն համաձայն ըրին։ Իւրաքանչիւրը իր մարդիկը առաւ, թէ՛ Շաբաթ օրը 5պաշտօն ստանձնողները՝՝, թէ՛ ալ Շաբաթ օրը 6պաշտօնէ արձակուողները՝՝, եւ Յովիադա քահանային քով եկան։

10

Քահանան Տէրոջ տունը եղած Դաւիթ թագաւորին նիզակներն ու վահանները հարիւրապետներուն տուաւ։

11

Սուրհանդակները — իւրաքանչիւրը իր զէնքերը ձեռքը առած — թագաւորին շուրջը 7տեղաւորուեցան, տան աջ 8թեւէն մինչեւ տան ձախ թեւը, զոհասեղանին եւ տան քով։

12

Ինք ալ թագաւորին որդին դուրս հանեց, անոր վրայ 9թագն ու վկայութիւնը դրաւ, եւ զայն թագաւոր հռչակեցին. զայն օծեցին ու ծափ զարնելով՝ ըսին. «Ապրի՜ թագաւորը»։

13

Երբ Գոթողիա 10վազող ժողովուրդին աղմուկը լսեց, Տէրոջ տունը եկաւ՝ ժողովուրդին քով,

14

ու տեսաւ թէ ահա՛ թագաւորը սիւնին քով կայնած էր՝ սովորութեան համաձայն, իշխանաւորներն ու փողահարներն ալ թագաւորին քով էին։ Երկրին ամբողջ ժողովուրդը կ’ուրախանար, եւ փողեր կը հնչեցնէին։ Այն ատեն Գոթողիա իր հագուստները պատռեց ու պոռաց. «Դաւադրութի՜ւն է, դաւադրութի՜ւն»։

15

Յովիադա քահանան զօրագունդին վրայ նշանակուած հարիւրապետներուն հրամայեց՝ անոնց ըսելով. «Զայն շարքերէն հանեցէ՛ք, եւ անոր հետեւողը սուրո՛վ մեռցուցէք». (արդարեւ քահանան ըսեր էր. «Տէրոջ տան մէջ թող չմեռցուի»։)

16

Զայն ձերբակալեցին, ու երբ թագաւորին տունը կը հասնէր՝ ձիերու մուտքէն, հոն մեռցուեցաւ։


ՅՈՎԻԱԴԱՅԻ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆԸ (Բ. Մնաց. 23. 16-21)

17

Յովիադա ուխտ կնքեց Տէրոջ եւ թագաւորին ու ժողովուրդին միջեւ, որպէսզի Տէրոջ ժողովուրդը ըլլան. նաեւ թագաւորին եւ ժողովուրդին միջեւ։

18

Երկրին ամբողջ ժողովուրդը Բահաղի տունը մտաւ. զայն փլցուցին, անոր բագիններն ու պատկերները կոտրտեցին, եւ Բահաղի քուրմը՝ Մատթանը բագիններուն առջեւ մեռցուցին։ Քահանան Տէրոջ տան մէջ վերատեսուչներ նշանակեց.

19

ապա հարիւրապետները, թիկնապահները, սուրհանդակներն ու երկրին ամբողջ ժողովուրդը առաւ, թագաւորը Տէրոջ տունէն իջեցուցին, եւ սուրհանդակներու դրան ճամբայէն թագաւորին տունը մտան։ Յովաս թագաւորներու գահին վրայ բազմեցաւ։

20

Երկրին ամբողջ ժողովուրդը ուրախացաւ, ու քաղաքը հանդարտ 11մնաց. իսկ Գոթողիան թագաւորին տան քով սուրով մեռցուցած էին։

21

Յովաս եօթը տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ։



1 Եբր.՝ ծածկեցին
2 Եբր.՝ երեսէն
3 Եբր.՝ պիտի մտնէ
4 Եբր.՝ դուրս պիտի ելլեն
5 Եբր.՝ մտնողները
6 Եբր.՝ դուրս ելլողները
7 Եբր.՝ կայնեցան
8 Եբր.՝ ուսէն
9 Եբր.՝ պսակն
10 Կամ՝ սուրհանդակներուն ու
11 Եբր.՝ էր