Loading...

2 Kings 12

1 Kings  «  2 Kings 11  ‹  2 Kings 12  ›  2 Kings 13  »  1 Chronicles


ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎԱՍ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Բ. Մնաց. 24. 1-16)

1

Յէուի եօթներորդ տարին՝ Յովաս թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ քառասուն տարի թագաւորեց։ Իր մօր անունը Սաբիա էր՝ Բերսաբէ քաղաքէն։

2

Յովաս ըրաւ ինչ որ Տէրոջ 1առջեւ ուղիղ է այն բոլոր օրերուն մէջ, երբ Յովիադա քահանան իրեն կը սորվեցնէր։

3

Սակայն բարձր տեղերը չհանուեցան. ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր։

4

Յովաս քահանաներուն ըսաւ. «Տէրոջ տունը բերուած 2սուրբ բաներուն՝՝ ամբողջ դրամը — թուարկուելու համար անցնող մարդոց դրամը, գնահատուած անձերուն դրամը, այն ամբողջ դրամը՝ որ մէկուն սիրտէն կը 3բխի Տէրոջ տունը բերելու —,

5

քահանաները թող առնեն՝ իւրաքանչիւրը իր ծանօթներէն, եւ տան ճեղքերը նորոգեն — ուր որ ճեղք մը գտնուի»։

6

Սակայն Յովաս թագաւորին քսաներեքերորդ տարին՝ քահանաները տակաւին տան ճեղքերը նորոգած չէին։

7

Յովաս թագաւորը իրեն կանչեց Յովիադա քահանան ու միւս քահանաները, եւ անոնց ըսաւ. «Տան ճեղքերը ինչո՞ւ նորոգած չէք։ Հիմա ձեր ծանօթներէն ա՛լ դրամ մի՛ առնէք, հապա զայն տուէ՛ք տան ճեղքերուն համար»։

8

Քահանաները համաձայնեցան որ ա՛լ դրամ չառնեն ժողովուրդէն, 4ո՛չ ալ տան ճեղքերը նորոգեն՝՝։

9

Ուստի Յովիադա քահանան սնտուկ մը առաւ, անոր կափարիչին վրայ ծակ մը 5բացաւ, եւ զայն զոհասեղանին քով՝ Տէրոջ տունը մտնողներուն աջ կողմը դրաւ։ 6Դրան պահապան քահանաները Տէրոջ տունը բերուած ամբողջ դրամը հոն կը դնէին։

10

Երբ տեսնէին թէ սնտուկին մէջ դրամը շատցեր է, թագաւորին ատենադպիրն ու քահանայապետը կը բարձրանային, եւ Տէրոջ տունը գտնուած դրամը համրելով կը ծրարէին։

11

Կշռուած արծաթը գործակատարներուն — Տէրոջ տան վերատեսուչներուն — ձեռքը կը յանձնէին, որպէսզի անոնք վճարեն Տէրոջ տան մէջ գործող հիւսներուն, կառուցանողներուն,

12

որմնադիրներուն ու քարակոփներուն. նաեւ գնեն Տէրոջ տան ճեղքերը նորոգելու համար փայտեր ու կոփուած քարեր, եւ ծախսեն տան նորոգութեան պէտք եղած բոլոր բաներուն համար։

13

Բայց Տէրոջ տունը բերուած դրամէն՝ Տէրոջ տան համար արծաթէ գաւաթներ, բազմակալներ, կոնքեր, փողեր ու ոսկիէ անօթներ կամ արծաթէ անօթներ բնաւ չշինուեցան.

14

արդարեւ գործակատարներո՛ւն կու տային զայն, որպէսզի անով Տէրոջ տունը նորոգեն։

15

Հաշիւ չէին պահանջեր անոնցմէ, որոնց ձեռքը կը յանձնէին այդ դրամը՝ գործաւորներուն տալու համար, քանի որ անոնք հաւատարմութեամբ կը վարուէին։

16

Յանցանքի դրամը եւ մեղքի դրամը Տէրոջ տունը չէին մտներ. անոնք քահանաներուն կը պատկանէին։

17

Այդ ատեն Սուրիայի Ազայէլ թագաւորը բարձրացաւ, Գէթի դէմ պատերազմեցաւ ու զայն գրաւեց. յետոյ Ազայէլ իր երեսը դարձուց՝ որպէսզի Երուսաղէմի դէմ բարձրանայ։

18

Ուստի Յուդայի թագաւորը՝ Յովաս, իր հայրերուն՝ Յուդայի թագաւորներուն՝ Յովսափատի, Յովրամի ու Ոքոզիայի 7ընծայած բոլոր սուրբ բաները, իր ընծայած սուրբ բաները, նաեւ Տէրոջ տան եւ թագաւորին տան գանձարաններուն մէջ գտնուած ամբողջ ոսկին առաւ, ու Սուրիայի Ազայէլ թագաւորին ղրկեց. ան ալ Երուսաղէմի դէմ բարձրանալէն հրաժարեցաւ։

19

Յովասի մնացեալ արարքներն ու անոր բոլոր ըրածները՝ ահա՛ Յուդայի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։

20

Անոր ծառաները կանգնեցան, դաւադրութիւն մը կազմակերպեցին ու Յովասը զարկին Մելոնի տան մէջ, որ Սիլլայի զառիվայրին վրայ է։

21

Անոր ծառաները, Սամէթի որդին՝ Յովզաքար, եւ Սովմերի որդին՝ Յովզաբադ, զայն զարկին, ու մեռաւ։ Զայն իր հայրերուն հետ՝ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ իր որդին՝ Ամասիա թագաւոր եղաւ։



1 Եբր.՝ աչքերուն
2 Եբր.՝ սրբացուածներուն
3 Եբր.՝ բարձրանայ
4 Կամ՝ առանց նորոգելու տան ճեղքերը
5 Եբր.՝ ծակեց
6 Եբր.՝ Սեմին
7 Եբր.՝ սրբացուցած