2 Kings 13
1 Kings « 2 Kings 12 ‹ 2 Kings 13 › 2 Kings 14 » 1 Chronicles
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՅՈՎԱՔԱԶ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
1Յուդայի թագաւորին՝ Ոքոզիայի որդիին՝ Յովասի քսաներեքերորդ տարին, Իսրայէլի վրայ Յէուի որդին՝ Յովաքազ թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ, ու տասնեօթը տարի թագաւորեց։
2Տէրոջ 1առջեւ չարիք գործեց, եւ Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամի մեղքերուն հետեւեցաւ, անոնցմէ չհեռացաւ։
3Ուստի Տէրոջ բարկութիւնը Իսրայէլի դէմ բորբոքեցաւ, ու զանոնք Սուրիայի Ազայէլ թագաւորին ձեռքը մատնեց, նաեւ Ազայէլի որդիին՝ Բենադադի ձեռքը, ասոնց բոլոր օրերը։
4Երբ Յովաքազ Տէրոջ 2պաղատեցաւ, Տէրը անոր մտիկ ըրաւ. արդարեւ տեսաւ Իսրայէլի տանջանքը՝ որով Սուրիայի թագաւորը զանոնք կը չարչարէր։
5Տէրը Իսրայէլի փրկիչ մը տուաւ, եւ Ասորիներու 3ձեռքէն ազատեցան՝՝. ուստի Իսրայէլի որդիները 4առաջուան պէս իրենց վրաններուն մէջ բնակեցան։
6Սակայն Իսրայէլի մեղանչել տուող Յերոբովամի տան մեղքերէն չհեռացան, հապա անոնց մէջէն ընթացան. նոյնիսկ 5Աստարովթի կուռքը՝՝ Սամարիայի մէջ կանգուն մնաց։
7Տէրը Յովաքազի 6զօրքէն միայն յիսուն ձիաւոր, տասը կառք ու տասը հազար հետեւակ թողուց, որովհետեւ Սուրիայի թագաւորը 7միւսները կորսնցուցեր էր. զանոնք կոխկռտուած հողի պէս ըրեր էր։
8Յովաքազի մնացեալ արարքները, անոր բոլոր ըրածներն ու քաջութիւնը՝ ահա՛ Իսրայէլի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։
9Յովաքազ իր հայրերուն հետ քնացաւ։ Զայն Սամարիայի մէջ թաղեցին, եւ անոր տեղ իր որդին՝ Յովաս թագաւոր եղաւ։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՅՈՎԱՍ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
10Յուդայի Յովաս թագաւորին երեսունեօթներորդ տարին, Իսրայէլի վրայ Յովաքազի որդին՝ Յովաս թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ, ու տասնվեց տարի թագաւորեց։
11Տէրոջ առջեւ չարիք գործեց, եւ Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամի բոլոր մեղքերէն չհեռացաւ, հապա անոնց մէջէն ընթացաւ։
12Յովասի մնացեալ արարքներն ու անոր բոլոր ըրածները, եւ Յուդայի Ամասիա թագաւորին դէմ պատերազմած ատեն իր ցոյց տուած քաջութիւնը՝ ահա՛ Իսրայէլի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։
13Յովաս իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու Յերոբովամ բազմեցաւ անոր գահին վրայ։ Յովաս Սամարիայի մէջ թաղուեցաւ՝ Իսրայէլի թագաւորներուն հետ։
ԵՂԻՍԷԻ ՄԱՀԸ
14Եղիսէ հիւանդացաւ, եւ իր հիւանդութենէն պիտի մեռնէր։ Իսրայէլի թագաւորը՝ Յովաս անոր իջաւ, անոր երեսին վրայ իյնալով լացաւ եւ ըսաւ. «Իմ հա՛յրս, իմ հա՛յրս, Իսրայէլի կառքն ու անոր ձիաւորները»։
15Եղիսէ անոր ըսաւ. «Աղե՛ղ մը եւ նետե՛ր առ»։ Ան ալ աղեղ մը ու նետեր առաւ։
16Եղիսէ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Ձեռքդ աղեղի՛ն վրայ զետեղէ»։ Ան ձեռքը դրաւ. Եղիսէ ալ իր ձեռքերը թագաւորին ձեռքերուն վրայ դրաւ,
17եւ ըսաւ. «Արեւելեան կողմի պատուհա՛նը բաց»։ Ան ալ բացաւ։ Եղիսէ ըսաւ. «Արձակէ՛»։ Ան ալ արձակեց։ Այն ատեն Եղիսէ ըսաւ. «Տէրոջ փրկութեան նետը, ու Սուրիայի 8վրայ տարուած յաղթանակի՝՝ նետը. արդարեւ Ասորիները Ափեկի մէջ պիտի զարնես՝ մինչեւ որ հատցնես»։
18Նաեւ ըսաւ. «Ա՛ռ նետերը». ան ալ առաւ։ Եղիսէ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Գետի՛նը զարկ»։ Ան ալ երեք անգամ գետինը զարկաւ, ու կեցաւ։
19Աստուծոյ մարդը անոր դէմ զայրանալով՝ ըսաւ. «Եթէ հինգ կամ վեց անգամ զարնէիր, այն ատեն Սուրիան պիտի զարնէիր եւ պիտի հատցնէիր. բայց հիմա Սուրիան միայն երեք անգամ պիտի զարնես»։
20Եղիսէ մեռաւ, ու զինք թաղեցին։ 9Հետեւեալ տարին՝՝ Մովաբացիներուն գունդերը երկիրը ներխուժեցին։
21Երբ մարդ մը կը թաղէին, ահա՛ գունդ մը տեսան, ու մարդը Եղիսէի գերեզմանը նետեցին։ Երբ այդ մարդը Եղիսէի ոսկորներուն դպաւ՝ վերապրեցաւ, եւ իր ոտքերուն վրայ կանգնեցաւ։
ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԵՒ ՍՈՒՐԻԱՅԻ ՄԻՋԵՒ
22Սուրիայի Ազայէլ թագաւորը Յովաքազի բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլը տանջեց։
23Բայց Տէրը՝ Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի հետ իր կնքած ուխտին պատճառով անոնց ողորմեցաւ եւ գթաց։ Անոնց 10ուշադրութիւն դարձուց ու զանոնք բնաջնջել չուզեց. զանոնք մինչեւ հիմա իր ներկայութենէն չվտարեց։
24Սուրիայի Ազայէլ թագաւորը մեռաւ, եւ անոր տեղ իր որդին՝ Բենադադ թագաւոր եղաւ։
25Յովաքազի որդին՝ Յովաս, Ազայէլի որդիին՝ Բենադադի ձեռքէն վերագրաւեց այն քաղաքները, որ Ազայէլ անոր հօր՝ Յովաքազի ձեռքէն պատերազմով գրաւեր էր։ Յովաս զայն երեք անգամ զարկաւ, ու Իսրայէլի քաղաքները 11վերագրաւեց։