Loading...

2 Kings 14

1 Kings  «  2 Kings 13  ‹  2 Kings 14  ›  2 Kings 15  »  1 Chronicles


ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՄԱՍԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Բ. Մնաց. 25. 1-24)

1

Իսրայէլի թագաւորին՝ Յովաքազեան Յովասի երկրորդ տարին, Յուդայի թագաւորին՝ Յովասի որդին՝ Ամասիա թագաւոր եղաւ։

2

Ան քսանհինգ տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ քսանինը տարի թագաւորեց։ Իր մօր անունը Յովադան էր՝ Երուսաղէմէն։

3

Ան ըրաւ ինչ որ Տէրոջ 1առջեւ ուղիղ է, բայց ոչ իր հօր՝ Դաւիթի պէս. իր հօր՝ Յովասի բոլոր ըրածներուն համաձայն ըրաւ։

4

Սակայն բարձր տեղերը չհանուեցան. ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր։

5

Երբ թագաւորութիւնը անոր ձեռքին մէջ 2հաստատուեցաւ՝ իր ծառաները մեռցուց, որոնք իր հայրը՝ թագաւորը 3սպաններ էին։

6

Բայց սպաննողներուն որդիները չմեռցուց՝ Մովսէսի Օրէնքի գիրքին մէջ գրուածին համաձայն, ուր Տէրը պատուիրեց. «Որդիներուն մեղքին համար հայրերը պիտի չմեռցուին, եւ հայրերուն մեղքին համար որդիները պիտի չմեռցուին. ամէն մարդ իր մեղքին համար պիտի մեռցուի»։

7

Ան Աղի ձորին մէջ տասը հազար Եդովմայեցի զարկաւ, ու Վէմը պատերազմով գրաւեց. անոր անունը Յեկթովէլ 4կոչուեցաւ մինչեւ այսօր։

8

Այն ատեն Ամասիա Իսրայէլի թագաւորին, Յէուի որդիին՝ Յովաքազի որդիին՝ Յովասի, պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Եկո՛ւր, իրարու 5դէմ ճակատինք՝՝»։

9

Իսրայէլի Յովաս թագաւորը Յուդայի Ամասիա թագաւորին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Լիբանանի 6մոշենին Լիբանանի մայրիին պատգամ ղրկեց՝ ըսելով. “Քու աղջիկդ իմ տղո՛ւս տուր իբր կին”։ Բայց Լիբանանի մէջ եղող դաշտի գազանը անցաւ, ու մոշենին կոխկռտեց։

10

Ճիշդ է թէ Եդովմայեցիները զարկիր, ուստի սիրտդ քեզ 7հպարտացուց։ 8Այդ փառքովդ գոհացի՛ր՝՝, ու տո՛ւնդ կեցիր. ինչո՞ւ քու չարիքիդ համար մաքառիս, որ թէ՛ դուն իյնաս, թէ՛ ալ Յուդա՝ քեզի հետ»։

11

Բայց Ամասիա մտիկ չըրաւ։ Ուստի Իսրայէլի Յովաս թագաւորը բարձրացաւ, եւ ինք ու Յուդայի Ամասիա թագաւորը Յուդայի Բեթսամիւսին մէջ իրարու 9դէմ ճակատեցան՝՝։

12

Յուդա Իսրայէլի առջեւ պարտուեցաւ, եւ ամէն մարդ իր վրանը փախաւ։

13

Իսրայէլի Յովաս թագաւորը Բեթսամիւսի մէջ բռնեց Ոքոզիայի որդիին՝ Յովասի որդին՝ Ամասիան, Յուդայի թագաւորը. ապա Երուսաղէմ եկաւ, ու Եփրեմի դռնէն մինչեւ Անկիւնի դուռը՝ Երուսաղէմի պարիսպէն չորս հարիւր կանգուն 10քանդեց։

14

Նաեւ ամբողջ ոսկին եւ արծաթը, ու Տէրոջ տան մէջ եւ թագաւորին տան գանձարանին մէջ գտնուած բոլոր առարկաները գրաւեց. պատանդներ ալ առաւ, ու Սամարիա վերադարձաւ։

15

Յովասի կատարած մնացեալ արարքներն ու անոր քաջութիւնը, եւ Յուդայի Ամասիա թագաւորին դէմ ի՛նչպէս պատերազմիլը՝ ահա՛ Իսրայէլի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։

16

Յովաս իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու Սամարիայի մէջ թաղուեցաւ՝ Իսրայէլի թագաւորներուն հետ։ Անոր տեղ իր որդին՝ Յերոբովամ թագաւոր եղաւ։


ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՄԱՍԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՄԱՀԸ (Բ. Մնաց. 25. 25-28)

17

Յուդայի թագաւորը, Յովասի որդին՝ Ամասիա, Իսրայէլի թագաւորին՝ Յովաքազի որդիին՝ Յովասի մեռնելէն ետք տասնհինգ տարի ապրեցաւ։

18

Ամասիայի մնացեալ արարքները՝ ահա՛ Յուդայի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։

19

Անոր դէմ Երուսաղէմի մէջ 11դաւադրեցին, եւ ան Լաքիս փախաւ. բայց անոր ետեւէն Լաքիս մարդ ղրկեցին, ու զայն հոն մեռցուցին։

20

Զինք ձիերով փոխադրեցին, եւ իր հայրերուն հետ Երուսաղէմ թաղուեցաւ՝ Դաւիթի քաղաքին մէջ։

21

Յուդայի ամբողջ ժողովուրդը 12Ազարիան առաւ, որ տասնվեց տարեկան էր, ու զայն իր հօր՝ Ամասիայի տեղ թագաւոր հռչակեցին։

22

Ի՛նք կառուցանեց Ելաթը, ու զայն Յուդայի վերադարձուց՝ թագաւորին իր հայրերուն հետ քնանալէն ետք։


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՅԵՐՈԲՈՎԱՄ Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԸ

23

Յուդայի թագաւորին՝ Յովասի որդիին՝ Ամասիայի տասնհինգերորդ տարին, Իսրայէլի Յովաս թագաւորին որդին՝ Յերոբովամ Սամարիայի մէջ թագաւոր եղաւ, ու քառասունմէկ տարի թագաւորեց։

24

Տէրոջ առջեւ չարիք գործեց, եւ Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամի բոլոր մեղքերէն չհեռացաւ։

25

Ան Իսրայէլի սահմանը 13վերահաստատեց՝ Եմաթի մուտքէն մինչեւ դաշտին ծովը, Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն խօսքին համաձայն, որ իր ծառային՝ Գեթքոփերացի Ամաթեան Յովնան մարգարէին 14միջոցով ըսեր էր։

26

Արդարեւ Տէրը տեսաւ Իսրայէլի շատ դառն տառապանքը, երբ 15ո՛չ բանտարկուած, ո՛չ ալ ազատ՝՝ կար, եւ Իսրայէլ օգնական ալ չունէր։

27

Տէրը չէր ըսեր թէ Իսրայէլի անունը երկինքի տակէն պիտի ջնջէ. ուստի Յովասեան Յերոբովամի ձեռքով զանոնք ազատեց։

28

Յերոբովամի մնացեալ արարքները, անոր բոլոր ըրածներն ու պատերազմական քաջութիւնը, եւ ի՛նչպէս Յուդայի պատկանող Դամասկոսն ու Եմաթը Իսրայէլի վերադարձնելը, ահա՛ Իսրայէլի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։

29

Յերոբովամ իր հայրերուն՝ Իսրայէլի թագաւորներուն հետ քնացաւ, եւ անոր տեղ իր որդին՝ Զաքարիա թագաւոր եղաւ։



1 Եբր.՝ աչքերուն
2 Եբր.՝ ուժովցաւ
3 Եբր.՝ զարկեր
4 Եբր.՝ կոչեց
5 Եբր.՝ երեսի նայինք
6 Փշոտ թուփ մը
7 Եբր.՝ բարձրացուց
8 Եբր.՝ Փառաւորուէ՛
9 Եբր.՝ երեսի նայեցան
10 Եբր.՝ պատռեց
11 Եբր.՝ դաւադրութիւն դաւադրեցին
12 Կամ՝ Ոզիան
13 Եբր.՝ վերադարձուց
14 Եբր.՝ ձեռքով
15 Եբր.՝ ո՛չ արգելափակուած, ո՛չ ալ ազատ թողուած