2 Kings 15
1 Kings « 2 Kings 14 ‹ 2 Kings 15 › 2 Kings 16 » 1 Chronicles
ՅՈՒԴԱՅԻ ԱԶԱՐԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Բ. Մնաց. 26. 1-23)
1Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին քսանեօթներորդ տարին, Յուդայի Ամասիա թագաւորին որդին՝ Ազարիա թագաւոր եղաւ։
2Ան տասնվեց տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ յիսուներկու տարի թագաւորեց։ Իր մօր անունը Յեքելիա էր՝ Երուսաղէմէն։
3Ան ըրաւ ինչ որ Տէրոջ 1առջեւ ուղիղ է, իր հօր՝ Ամասիայի բոլոր ըրածներուն պէս։
4Բայց բարձր տեղերը չհանուեցան. ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէր եւ խունկ կը ծխէր։
5Տէրը թագաւորը զարկաւ, ու մինչեւ իր մահուան օրը՝ բորոտ եղաւ. զատ տուն մը կը բնակէր, եւ 2արքունապետը թագաւորին որդին՝ Յովաթամն էր. ա՛ն կը դատէր երկրին ժողովուրդը։
6Ազարիայի մնացեալ արարքներն ու անոր բոլոր ըրածները՝ ահա՛ Յուդայի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։
7Ազարիա իր հայրերուն հետ քնացաւ, ու զայն իր հայրերուն հետ թաղեցին՝ Դաւիթի քաղաքին մէջ։ Անոր տեղ իր որդին՝ Յովաթամ թագաւոր եղաւ։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
8Յուդայի Ազարիա թագաւորին երեսունութերորդ տարին, Իսրայէլի վրայ Յերոբովամի որդին՝ Զաքարիա թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ, ու վեց ամիս թագաւորեց։
9Ան Տէրոջ առջեւ չարիք գործեց, ինչպէս իր հայրերը ըրեր էին, եւ Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամի մեղքերէն չհեռացաւ։
10Յաբիսի որդին՝ Սեղղում անոր դէմ դաւադրեց. զայն ժողովուրդին առջեւ զարկաւ ու մեռցուց, եւ անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ։
11Զաքարիայի մնացեալ արարքները ահա՛ Իսրայէլի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։
12Ասիկա Տէրոջ խօսքն է, որ Յէուի ուղղեր էր՝ ըսելով. «Քու որդիներդ Իսրայէլի գահին վրայ պիտի բազմին՝ մինչեւ չորրորդ սերունդը»։ Այդպէս ալ եղաւ։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՍԵՂՂՈՒՄ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
13Յաբիսի որդին՝ Սեղղում, Յուդայի Ոզիա թագաւորին երեսունիններորդ տարին՝ թագաւոր եղաւ ու Սամարիայի մէջ մէկ ամիս թագաւորեց։
14Գադդիի որդին՝ Մանայէմ Թերսայէն բարձրացաւ ու Սամարիա եկաւ։ Սամարիայի մէջ Յաբիսի որդին՝ Սեղղումը զարկաւ, մեռցուց, եւ անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ։
15Սեղղումի մնացեալ արարքներն ու 3դաւադրութիւնը՝ ահա՛ Իսրայէլի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։
16Այն ատեն Մանայէմը Թափսան, բոլոր անոր մէջ եղողները եւ անոր հողամասը զարկաւ՝ 4մինչեւ Թերսա՝՝. քանի իրեն չբացին՝ զարկաւ, ու հոն եղող բոլոր յղի կիները ճեղքեց։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԱՆԱՅԷՄ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
17Յուդայի Ազարիա թագաւորին երեսունիններորդ տարին, Իսրայէլի վրայ Գադդիին որդին՝ Մանայէմ թագաւոր եղաւ, ու Սամարիայի մէջ տասը տարի թագաւորեց։
18Ան Տէրոջ առջեւ չարիք գործեց, եւ Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամի մեղքերէն չհեռացաւ իր բոլոր օրերուն մէջ։
19Ասորեստանի Փուղ թագաւորը երկիրը ներխուժեց։ Մանայէմ հազար տաղանդ արծաթ տուաւ Փուղի, որպէսզի 5ան իրեն օգնէ՝՝ թագաւորութիւնը իր ձեռքին մէջ 6հաստատելու համար։
20Մանայէմ այս դրամը Ասորեստանի թագաւորին տալու համար՝ Իսրայէլի բոլոր 7հարուստներուն վրայ հարկ դրաւ՝՝, իւրաքանչիւրէն յիսուն սիկղ արծաթ առնելով։ Ուստի Ասորեստանի թագաւորը վերադարձաւ, ու հոն՝ երկրին մէջ չկեցաւ։
21Մանայէմի մնացեալ արարքներն ու անոր բոլոր ըրածները՝ ահա՛ Իսրայէլի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։
22Մանայէմ իր հայրերուն հետ քնացաւ, եւ անոր տեղ իր որդին՝ Փակէիա թագաւոր եղաւ։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՓԱԿԷԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
23Յուդայի Ազարիա թագաւորին յիսուներորդ տարին, Իսրայէլի վրայ Մանայէմի որդին՝ Փակէիա թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ, ու երկու տարի թագաւորեց։
24Տէրոջ առջեւ չարիք գործեց, եւ Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամի մեղքերէն չհեռացաւ։
25Անոր զօրավարը, Ռովմելայի որդին՝ Փակէէ, անոր դէմ դաւադրեց. իրեն հետ Գաղաադացիներէն յիսուն մարդ առնելով՝ Սամարիայի մէջ, թագաւորին տան 8ներսի կողմը՝՝, զայն զարկաւ, եւ անոր հետ՝ Արգովբն ու Արիէն։ Զայն մեռցուց, եւ անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ։
26Փակէիայի մնացեալ արարքներն ու անոր բոլոր ըրածները՝ ահա՛ Իսրայէլի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՓԱԿԷԷ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
27Յուդայի Ազարիա թագաւորին յիսուներկրորդ տարին, Իսրայէլի վրայ Ռովմելայի որդին՝ Փակէէ թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ, ու քսան տարի թագաւորեց։
28Տէրոջ առջեւ չարիք գործեց, եւ Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամի մեղքերէն չհեռացաւ։
29Իսրայէլի Փակէէ թագաւորին օրերը՝ Ասորեստանի Թագղաթ-Փաղասար թագաւորը ներխուժելով՝ Իյօնը, Աբէլ-Բեթմաաքան, Յանովէն, Կադէսը, Յասորը, Գաղաադը, Գալիլեան ու Նեփթաղիմի ամբողջ երկիրը գրաւեց, եւ անոնց բնակիչները Ասորեստան տարագրեց։
30Էլայի որդին՝ Ովսէէ, Ռովմելայի որդիին՝ Փակէէի դէմ 9դաւադրեց. զայն զարկաւ, մեռցուց, եւ անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ Ոզիայի որդիին՝ Յովաթամի քսաներորդ տարին։
31Փակէէի մնացեալ արարքներն ու անոր բոլոր ըրածները՝ ահա՛ Իսրայէլի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։
ՅՈՒԴԱՅԻ ՅՈՎԱԹԱՄ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Բ. Մնաց. 27. 1-9)
32Իսրայէլի թագաւորին, Ռովմելայի որդիին՝ Փակէէի երկրորդ տարին, Յուդայի թագաւորին՝ Ոզիայի որդին՝ Յովաթամ թագաւոր եղաւ։
33Ան քսանհինգ տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ տասնվեց տարի թագաւորեց։ Իր մայրը Սադովկի աղջիկն էր՝ Յերուսա անունով։
34Ան ըրաւ ինչ որ Տէրոջ առջեւ ուղիղ է. իր հօր՝ Ոզիայի բոլոր ըրածներուն պէս ըրաւ։
35Բայց բարձր տեղերը չհանուեցան. ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր։ Ի՛նք կառուցանեց Տէրոջ տան 10բարձրագոյն դուռը։
36Յովաթամի մնացեալ արարքներն ու անոր բոլոր ըրածները՝ ահա՛ Յուդայի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։
37Այդ օրերը Տէրը սկսաւ Յուդայի դէմ ղրկել Սուրիայի Ռասին թագաւորն ու Ռովմելայի որդին՝ Փակէէն։
38Յովաթամ իր հայրերուն հետ քնացաւ, եւ իր հայրերուն հետ իր հօր՝ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ իր որդին՝ Աքազ թագաւոր եղաւ։