Loading...

2 Kings 16

1 Kings  «  2 Kings 15  ‹  2 Kings 16  ›  2 Kings 17  »  1 Chronicles


ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՔԱԶ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Բ. Մնաց. 28. 1-27)

1

Ռովմելայի որդիին՝ Փակէէի տասնեօթներորդ տարին, Յուդայի թագաւորին՝ Յովաթամի որդին՝ Աքազ թագաւոր եղաւ։

2

Աքազ քսան տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ տասնվեց տարի թագաւորեց։ Ան չըրաւ ինչ որ Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն 1առջեւ ուղիղ է, ինչպէս իր հայրը՝ Դաւիթ ըրաւ.

3

հապա Իսրայէլի թագաւորներուն ճամբայէն ընթացաւ, եւ իր որդին ալ կրակէ անցուց՝ այն ազգերուն գարշութիւններուն համաձայն, որոնք Տէրը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վտարեց։

4

Բարձր տեղերու եւ բլուրներու վրայ, ու ամէն կանաչազարդ ծառի տակ զոհ կը մատուցանէր եւ խունկ կը ծխէր։

5

Այն ատեն Սուրիայի Ռասին թագաւորն ու Իսրայէլի թագաւորը, Ռովմելայի որդին՝ Փակէէ, Երուսաղէմի դէմ պատերազմելու բարձրացան. Աքազը պաշարեցին, բայց չկրցան պատերազմ մղել անոր դէմ։

6

Այդ ատեն Սուրիայի Ռասին թագաւորը՝ Ելաթը Սուրիայի վերադարձուց, եւ Հրեաները Ելաթէն վանեց. 2Ասորիները Ելաթ եկան ու հոն բնակեցան մինչեւ այսօր։

7

Աքազ Ասորեստանի Թագղաթ-Փաղասար թագաւորին պատգամաւորներ ղրկեց եւ ըսաւ. «Ես քու ծառադ ու որդիդ եմ. բարձրացի՛ր եւ ազատէ զիս՛ Սուրիայի թագաւորին ձեռքէն ու Իսրայէլի թագաւորին ձեռքէն, որոնք ինծի դէմ կանգնած են»։

8

Աքազ Տէրոջ տան մէջ եւ թագաւորին տան գանձարանին մէջ գտնուած արծաթն ու ոսկին առաւ եւ Ասորեստանի թագաւորին ղրկեց իբր 3վարձատրութիւն։

9

Ասորեստանի թագաւորն ալ անոր մտիկ ըրաւ. արդարեւ Ասորեստանի թագաւորը Դամասկոսի դէմ բարձրացաւ, զայն գրաւեց, անոր բնակիչները Կիր տարագրեց, ու Ռասինը մեռցուց։

10

Աքազ թագաւորը Ասորեստանի Թագղաթ-Փաղասար թագաւորը դիմաւորելու համար Դամասկոս գնաց, ու Դամասկոսի մէջ եղած զոհասեղանը տեսաւ։ Աքազ թագաւորը Ուրիա քահանային ղրկեց այդ զոհասեղանին 4օրինակը եւ անոր կերպարը՝ անոր ամբողջ շինուածքին համեմատ։

11

Ուրիա քահանան ալ զոհասեղան մը կառուցանեց՝ Աքազ թագաւորին Դամասկոսէն ղրկած 5օրինակին համեմատ. Ուրիա քահանան զայն այսպէս շինեց՝ Աքազ թագաւորին Դամասկոսէն գալէն առաջ։

12

Երբ թագաւորը Դամասկոսէն եկաւ, թագաւորը զոհասեղանը տեսաւ. թագաւորը զոհասեղանին մօտեցաւ եւ անոր վրայ ողջակէզ մատուցանեց։

13

Իր ողջակէզն ու հացի ընծան այրեց, թափելիք նուէրը 6ընծայեց, եւ իր խաղաղութեան զոհերուն արիւնը այդ զոհասեղանին վրայ սրսկեց։

14

Իսկ Տէրոջ առջեւ եղող պղինձէ զոհասեղանը 7հանեց տան առջեւէն, այսինքն նոր զոհասեղանին ու Տէրոջ տան մէջտեղէն, եւ զայն նոր զոհասեղանին քով դրաւ՝ դէպի հիւսիս։

15

Յետոյ Աքազ թագաւորը Ուրիա քահանային պատուիրեց. «Մե՛ծ զոհասեղանին վրայ մատուցանէ առտուան ողջակէզն ու իրիկուան հացի ընծան, թագաւորին ողջակէզը եւ անոր հացի ընծան, ու երկրին ամբողջ ժողովուրդին ողջակէզը, անոնց հացի ընծան եւ անոնց թափելիք նուէրները։ Անո՛ր վրայ սրսկէ ողջակէզներուն ամբողջ արիւնը ու զոհերուն ամբողջ արիւնը. իսկ պղինձէ զոհասեղանը իմս պիտի ըլլայ՝ հոն Տէրոջ 8հարցնելու համար»։

16

Ուրիա քահանան Աքազ թագաւորին ամբողջ պատուիրածին համաձայն ըրաւ։

17

Աքազ թագաւորը 9մեքենովթներուն եզերքները կտրեց, եւ աւազանները անոնց վրայէն վերցուց։ Ծովն ալ իր տակը եղող պղինձէ եզներուն վրայէն իջեցուց, ու զայն քարայատակի մը վրայ դրաւ։

18

Ասորեստանի թագաւորին պատճառով՝ Տէրոջ 10տան մէջ փոխեց՝՝ Տէրոջ տան մէջ կառուցանուած Շաբաթ օրուան ծածկուած սրահն ու թագաւորին դուրսի մուտքը։

19

Աքազի կատարած մնացեալ արարքները ահա՛ Յուդայի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։

20

Աքազ իր հայրերուն հետ քնացաւ, եւ իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ իր որդին՝ Եզեկիա թագաւոր եղաւ։



1 Եբր.՝ աչքերուն
2 Կամ՝ Եդովմայեցիները
3 Եբր.՝ կաշառք
4 Եբր.՝ նմանութիւնը
5 Եբր.՝ բոլոր տեղեկութիւններուն
6 Եբր.՝ թափեց
7 Եբր.՝ մօտեցուց
8 Եբր.՝ փնտռելու
9 Այսինքն՝ խարիսխներուն, կամ՝ խարսխաձեւ պատուանդաններուն
10 Կամ՝ տունէն փոխադրեց