Loading...

2 Kings 17

1 Kings  «  2 Kings 16  ‹  2 Kings 17  ›  2 Kings 18  »  1 Chronicles


ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՈՎՍԷԷ ԹԱԳԱՒՈՐԸ

1

Յուդայի Աքազ թագաւորին տասներկրորդ տարին, Իսրայէլի վրայ Էլայի որդին՝ Ովսէէ թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ, եւ ինը տարի թագաւորեց։

2

Տէրոջ 1առջեւ չարիք գործեց, բայց ոչ իրմէ առաջ եղող Իսրայէլի թագաւորներուն պէս։

3

Ասորեստանի Սաղմանասար թագաւորը իրեն դէմ բարձրացաւ, եւ Ովսէէ անոր հպատակ եղաւ ու անոր 2հարկ կու տար։

4

Սակայն Ասորեստանի թագաւորը Ովսէէի վրայ դաւադրութիւն գտաւ, որովհետեւ ան Եգիպտոսի Սովա թագաւորին պատգամաւորներ ղրկեր էր, եւ Ասորեստանի թագաւորին ամէն տարուան հարկը 3վճարած չէր. ուստի Ասորեստանի թագաւորը զայն բանտի մէջ արգելափակեց ու կապեց։

5

Յետոյ Ասորեստանի թագաւորը ամբողջ երկրին դէմ բարձրացաւ. Սամարիայի դէմ ալ բարձրացաւ եւ զայն երեք տարի պաշարեց։


ՍԱՄԱՐԻԱՅԻ ԱՆԿՈՒՄԸ

6

Ովսէէի իններորդ տարին, Ասորեստանի թագաւորը Սամարիան գրաւեց եւ Իսրայէլը Ասորեստան տարագրեց. զանոնք Գովզան գետին քով՝ Քաղայի ու Քաբովրի մէջ, ու Մարերու քաղաքներուն մէջ բնակեցուց։

7

Արդարեւ Իսրայէլի որդիները զիրենք Եգիպտոսի երկրէն — Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին ձեռքին տակէն — հանող Տէրոջ՝ իրենց Աստուծոյն դէմ մեղանչեցին եւ ուրիշ աստուածներէ վախցան։

8

Տէրոջ Իսրայէլի առջեւէն վտարած ազգերուն կանոններով ու Իսրայէլի թագաւորներուն 4հաստատած կանոններով ընթացան։

9

Իսրայէլի որդիները Տէրոջ՝ իրենց Աստուծոյն դէմ ծածկաբար ըրին ուղիղ չեղած բաներ.— իրենց համար բարձր տեղեր կառուցանեցին իրենց բոլոր քաղաքներուն մէջ, պահապաններու աշտարակէն մինչեւ պարսպապատ քաղաքը.

10

իրենց համար արձաններ եւ 5Աստարովթի կուռքեր՝՝ կանգնեցուցին ամէն բարձր բլուրի վրայ եւ ամէն կանաչազարդ ծառի տակ,

11

ու հոն՝ բոլոր բարձր տեղերուն վրայ՝ խունկ ծխեցին, իրենց առջեւէն Տէրոջ տարագրած ազգերուն պէս. չար արարքներ գործեցին եւ Տէրը գրգռեցին.

12

չաստուածներ պաշտեցին, որոնց համար Տէրը իրենց ըսեր էր. “Այդ բանը մի՛ ընէք”»։

13

Տէրը բոլոր մարգարէներուն, բոլոր տեսանողներուն 6միջոցով Իսրայէլի ու Յուդայի դէմ վկայեր էր՝ ըսելով. «Հեռացէ՛ք ձեր չար ճամբաներէն եւ պահեցէ՛ք իմ պատուիրաններս ու կանոններս, ամբողջ Օրէնքին համաձայն՝ որ ձեր հայրերուն պատուիրեցի, եւ իմ ծառաներուս՝ մարգարէներուն միջոցով ձեզի ղրկեցի»։

14

Բայց անոնք մտիկ չըրին, հապա իրենց պարանոցը խստացուցին Տէրոջ՝ իրենց Աստուծոյն չհաւատացող իրենց հայրերուն պարանոցին պէս։

15

Անոր կանոնները, իրենց հայրերուն հետ անոր կնքած ուխտը, եւ անոր տուած վկայութիւնները մերժեցին, ու սնապաշտութեան հետեւեցան. սնապաշտ եղան, եւ իրենց շրջակայ ազգերուն հետեւեցան, որոնց մասին Տէրը իրենց պատուիրեր էր՝ որ անոնց պէս չընեն։

16

Բայց Տէրոջ՝ իրենց Աստուծոյն բոլոր պատուիրանները լքեցին. իրենց երկու ձուլածոյ հորթ շինեցին, նաեւ 7Աստարովթի կուռք՝՝ շինեցին, երկինքի բոլոր զօրքերուն երկրպագեցին, եւ Բահաղը պաշտեցին։

17

Իրենց որդիներն ու աղջիկները կրակէ անցուցին, եւ դիւթութիւն ու հմայութիւն ըրին։ Իրենք զիրենք ծախեցին՝ Տէրոջ առջեւ չարիք գործելու եւ զայն գրգռեցնելու։

18

Ուստի Տէրը Իսրայէլի դէմ չափազանց բարկացաւ, ու զանոնք իր ներկայութենէն հեռացուց. ո՛չ մէկ տոհմ մնաց, բացի Յուդայի տոհմէն։

19

Յուդա ալ Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն պատուիրանները չպահեց, հապա Իսրայէլի 8հաստատած կանոններով ընթացաւ։

20

Տէրը Իսրայէլի ամբողջ զարմը մերժեց. զանոնք տառապեցուց եւ կողոպտիչներու ձեռքը մատնեց, մինչեւ որ զանոնք բոլորովին իր ներկայութենէն վտարեց.

21

Արդարեւ երբ Իսրայէլը Դաւիթի տունէն 9խլեց, անոնք Նաբատեան Յերոբովամը թագաւոր հռչակեցին, ու Յերոբովամ 10արգիլեց Իսրայէլը՝ որ Տէրոջ հետեւի, եւ անոնց մեծ մեղք գործել տուաւ։

22

Իսրայէլի որդիները Յերոբովամի բոլոր գործած մեղքերուն մէջէն ընթացան. անոնցմէ չհեռացան,

23

մինչեւ որ Տէրը Իսրայէլը իր ներկայութենէն հեռացուց, ինչպէս իր բոլոր ծառաներուն՝ մարգարէներուն 11միջոցով ըսեր էր։ Այսպէս Իսրայէլ իր 12երկրէն Ասորեստան տարագրուեցաւ մինչեւ այսօր։


ԱՍՈՐԵՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ

24

Ասորեստանի թագաւորը Բաբելոնէն, Քութայէն, Աւայէն, Եմաթէն եւ Սեփարուիմէն մարդիկ բերաւ, ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ բնակեցուց՝ Իսրայէլի որդիներուն տեղը. անոնք ալ Սամարիայի տիրացան եւ անոր քաղաքներուն մէջ բնակեցան։

25

Անոնց հոն բնակելուն սկիզբը՝ Տէրոջմէն չէին վախնար. Տէրն ալ անոնց մէջ առիւծներ ղրկեց, որոնք զիրենք կը մեռցնէին։

26

Ուստի Ասորեստանի թագաւորին ըսին. «Այն ազգերը՝ որ դուն փոխադրեցիր ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ բնակեցուցիր, այդ երկրին Աստուածը պաշտելու կերպը չեն գիտեր. ուստի ան իրենց մէջ առիւծներ ղրկեց, եւ ահա՛ զիրենք կը մեռցնեն՝ որովհետեւ այդ երկրին Աստուածը պաշտելու կերպը չեն գիտեր»։

27

Այն ատեն Ասորեստանի թագաւորը պատուիրեց. «Ձեր անկէ տարագրած քահանաներէն մէկը հո՛ն տարէք, որ երթայ հոն բնակի, ու այդ երկրին Աստուածը պաշտելու կերպը անոնց սորվեցնէ»։

28

Սամարիայէն տարագրուած քահանաներէն մէկը գնաց Բեթէլի մէջ բնակեցաւ, եւ անոնց կը սորվեցնէր թէ ի՛նչպէս Տէրոջմէն վախնալու էին։

29

Սակայն իւրաքանչիւր ազգ իր աստուածները կը շինէր ու Սամարացիներուն շինած բարձր տեղերու տուներուն մէջ կը դնէր, իւրաքանչիւր ազգ իր բնակած քաղաքին մէջ։

30

Բաբելացիները Սաքքովթ-Բանովթը շինեցին, Քութացիները Ներգաղը շինեցին, Եմաթացիները Ասիմաթը շինեցին,

31

Աւացիները Նեփասն ու Թարթակը շինեցին. Սեփարուիմացիները իրենց որդիները Սեփարուիմացիներու աստուածներուն՝ Ադրամելէքի եւ Անամելէքի համար կրակով կ’այրէին։

32

Տէրոջմէն ալ կը վախնային. ուստի իրենց համար՝ իրենց 13մէջէն բարձր տեղերու քուրմեր 14կը նշանակէին՝՝, որոնք իրենց համար զոհ կ’ընծայէին բարձր տեղերու տուներուն մէջ։

33

Այսպէս՝ Տէրոջմէն կը վախնային, նաեւ իրենց աստուածները կը պաշտէին՝ այն ազգերուն սովորութիւններուն համաձայն, որոնց մէջէն տարագրուած էին։

34

Մինչեւ այսօր՝ անոնք նախկին սովորութիւններուն համաձայն կը վարուին. ո՛չ Տէրոջմէն կը վախնան, ո՛չ իրենց կանոններուն եւ սովորութիւններուն համաձայն կը վարուին, ո՛չ ալ այն Օրէնքին ու պատուիրանին՝ որ Տէրը Յակոբի որդիներուն հրամայեց, անոր անունը Իսրայէլ դնելէ ետք։

35

Տէրը անոնց հետ ուխտ կնքեր էր եւ անոնց պատուիրեր էր. «Ուրիշ աստուածներէ մի՛ վախնաք ու անոնց մի՛ երկրպագէք. զանոնք մի՛ պաշտէք եւ անոնց զոհ մի՛ մատուցանէք։

36

Հապա ձեզ Եգիպտոսի երկրէն մեծ կարողութեամբ ու երկարած բազուկով հանող Տէրոջմէ՛ն վախցէք, անո՛ր երկրպագեցէք եւ անո՛ր զոհ մատուցանեցէք։

37

Անոր ձեզի համար գրած կանոնները, 15դատավճիռները, Օրէնքն ու պատուիրանը մի՛շտ զգուշութեամբ գործադրեցէք, եւ ուրիշ աստուածներէ մի՛ վախնաք։

38

Ձեզի հետ կնքած ուխտս մի՛ մոռնաք եւ ուրիշ աստուածներէ մի՛ վախնաք.

39

հապա Տէրոջմէ՛ն՝ ձեր Աստուծմէն վախցէք, ու ի՛նք ձեզ պիտի ազատէ ձեր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն»։

40

Բայց անոնք մտիկ չըրին, հապա իրենց նախկին սովորութիւններուն համաձայն վարուեցան։

41

Այդ ազգերը Տէրոջմէն կը վախնային, բայց իրենց 16կուռքերն ալ կը պաշտէին. նաեւ անոնց որդիները, եւ անոնց որդիներուն որդիները՝ մինչեւ այսօր կը վարուին այնպէս, ինչպէս իրենց հայրերը վարուեցան։



1 Եբր.՝ աչքերուն
2 Եբր.՝ ընծայ
3 Եբր.՝ բարձրացուցած
4 Եբր.՝ ըրած
5 Եբր.՝ աստարովթներ
6 Եբր.՝ ձեռքով
7 Եբր.՝ աստարովթ
8 Եբր.՝ ըրած
9 Եբր.՝ պատռեց
10 Եբր.՝ քշեց
11 Եբր.՝ ձեռքով
12 Եբր.՝ հողէն
13 Եբր.՝ ծայրերէն
14 Եբր.՝ կ’ընէին
15 Կամ՝ սովորութիւնները
16 Եբր.՝ քանդակուած պատկերներն