2 Kings 18
1 Kings « 2 Kings 17 ‹ 2 Kings 18 › 2 Kings 19 » 1 Chronicles
ՅՈՒԴԱՅԻ ԵԶԵԿԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Բ. Մնաց. 29. 1-2։ 31. 1)
1Իսրայէլի թագաւորին՝ Էլայի որդիին՝ Ովսէէի երկրորդ տարին, Յուդայի Աքազ թագաւորին որդին՝ Եզեկիա թագաւոր եղաւ։
2Քսանհինգ տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ քսանինը տարի թագաւորեց։ Իր մայրը Զաքարիայի աղջիկն էր՝ Աբիա անունով։
3Ան ըրաւ ինչ որ Տէրոջ 1առջեւ ուղիղ է, իր հօր՝ Դաւիթի բոլոր ըրածներուն պէս։
4Ան բարձր տեղերը հանեց, արձանները կոտրտեց, աստարովթները կտրեց, եւ Մովսէսի շինած պղինձէ օձը ջախջախեց, (որովհետեւ մինչեւ այդ օրերը Իսրայէլի որդիները անոր խունկ կը ծխէին,) զայն 2Նէեսթան կոչելով։
5Ան Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն վստահեցաւ. իրմէ ետք իր նմանը չեղաւ Յուդայի բոլոր թագաւորներուն մէջ, ո՛չ ալ իրմէ առաջ եղողներուն մէջ։
6Տէրոջ յարեցաւ եւ 3անկէ չհեռացաւ, հապա անոր պատուիրանները պահեց, որ Տէրը Մովսէսի հրամայեր էր։
7Ուստի Տէրը անոր հետ էր. ուր որ 4երթար՝ 5կը յաջողէր՝՝։ Ասորեստանի թագաւորին դէմ ըմբոստացաւ, եւ անոր չհպատակեցաւ։
8Փղշտացիները զարկաւ՝ մինչեւ Գազա եւ անոր հողամասը, պահապաններու աշտարակէն մինչեւ պարսպապատ քաղաքը։
9Եզեկիա թագաւորին չորրորդ տարին, որ Իսրայէլի թագաւորին՝ Էլայի որդիին՝ Ովսէէի եօթներորդ տարին էր, Ասորեստանի Սաղմանասար թագաւորը Սամարիայի դէմ բարձրացաւ, ու զայն պաշարեց։
10Երեք տարի ետք զայն գրաւեցին. Սամարիա Եզեկիայի վեցերորդ տարին (այսինքն Իսրայէլի թագաւորին՝ Ովսէէի իններորդ տարին) գրաւուեցաւ։
11Ասորեստանի թագաւորը Իսրայէլը Ասորեստան տարագրեց, եւ զանոնք Գովզան գետին քով՝ Քաղա ու Քաբովր առաջնորդեց, նաեւ Մարերու քաղաքները.
12արդարեւ անոնք Տէրոջ՝ իրենց Աստուծոյն խօսքը մտիկ չըրին, եւ անոր ուխտն ու Տէրոջ ծառային՝ Մովսէսի բոլոր պատուիրածները անտեսեցին. մտիկ չըրին եւ չգործադրեցին։
ԱՍՈՐԵՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ (Բ. Մնաց. 32. 1-19։ Եսայ. 36. 1-22)
13Եզեկիա թագաւորին տասնչորրորդ տարին՝ Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը Յուդայի բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն դէմ բարձրացաւ, ու զանոնք գրաւեց։
14Յուդայի Եզեկիա թագաւորը Լաքիս մարդ ղրկեց Ասորեստանի թագաւորին՝ ըսելով. «Մեղանչեցի. իմ քովէս վերադարձի՛ր. ինչ հարկ որ վրաս դնես՝ կը 6հատուցանեմ»։ Ասորեստանի թագաւորը Յուդայի Եզեկիա թագաւորին վրայ երեք հարիւր տաղանդ արծաթ ու երեսուն տաղանդ ոսկի հարկ դրաւ։
15Եզեկիա Տէրոջ տան մէջ եւ թագաւորին տան գանձարանին մէջ գտնուած ամբողջ արծաթը տուաւ։
16Այդ ատեն Եզեկիա Տէրոջ տաճարին դռներուն ու դրանդիներուն վրայի ոսկին 7քերթեց,— ի՛նք՝ Յուդայի Եզեկիա թագաւորը՝ զանոնք ոսկիով պատեր էր,— եւ Ասորեստանի թագաւորին տուաւ։
17Ասորեստանի թագաւորը՝ Տարաթանը, Ռաբսարիսն ու Ռափսակը շատ զօրքով Լաքիսէն Երուսաղէմ ղրկեց՝ Եզեկիա թագաւորին. անոնք ալ բարձրացան ու Երուսաղէմ հասան։ Երբ բարձրացան, եկան եւ վերի աւազանին ջրմուղին քով կանգ առին, որ 8Թափիչին արտին պողոտային վրայ է։
18Երբ թագաւորը կանչեցին, Քեղկիայի որդին՝ Եղիակիմ 9արքունապետը, Սեբնա ատենադպիրը, եւ Ասափի որդին՝ Յովաք 10դիւանադպիրը, դուրս ելան՝ անոնց քով։
19Ռափսակ անոնց ըսաւ. «Եզեկիայի ըսէ՛ք. “Մեծ թագաւորը՝ Ասորեստանի թագաւորը սա՛ կը յայտարարէ. "Ի՞նչ է այդ վստահութիւնը՝ որուն 11կ’ապաւինիս։
20Դուն ըսիր. «Պատերազմի համար ծրագիր ու զօրութիւն ունիմ». բայց ատոնք շրթունքի խօսքեր են։ Ուրեմն որո՞ւ վստահելով ինծի դէմ ըմբոստացար։
21Ահա՛ հիմա դուն այդ ջախջախուած եղէգէ ցուպին՝ Եգիպտոսի կը վստահիս, որուն եթէ մէկը յենի՝ իր ձեռքը պիտի մտնէ եւ զայն ծակէ։ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորը այդպէս է բոլոր իրեն վստահողներուն"”։
22Բայց եթէ ինծի ըսէք. “Մենք մեր Աստուծոյն՝ Եհովայի կը վստահինք”, ասիկա ան չէ՞, որուն բարձր տեղերն ու զոհասեղանները Եզեկիա հանեց՝ Յուդայի եւ Երուսաղէմի բնակիչներուն հրամայելով. “Միայն ա՛յս զոհասեղանին առջեւ երկրպագեցէք՝ Երուսաղէմի մէջ”։
23Ուրեմն հիմա իմ տիրոջս՝ Ասորեստանի թագաւորին 12հետ հաշտուէ՛՝՝, ու քեզի երկու հազար ձի տամ, եթէ կարենաս անոնց վրայ հեծեալներ դնել։
24Ի՞նչպէս իմ տիրոջս ամենէն պզտիկ ծառաներէն մէկ կուսակալին 13ընկրկիլ պիտի տաս,՝՝ դուն որ կառքերու եւ ձիաւորներու համար Եգիպտոսի կը վստահիս։
25Հիմա այս տեղը արդեօք առանց Եհովայի հրամանի՞ն բարձրացեր եմ՝ զայն կործանելու համար։ Եհովան ինծի ըսաւ. “Այս երկրին դէմ բարձրացի՛ր, ու զայն կործանէ՛”»։
26Քեղկիայի որդին՝ Եղիակիմ, Սեբնա ու Յովաք Ռափսակի ըսին. «Կ’աղերսե՛նք, քու ծառաներուդ հետ 14ասորերէ՛ն խօսէ, քանի որ մենք կը հասկնանք. մեզի հետ 15եբրայերէն մի՛ խօսիր՝ պարիսպին վրայ եղող ժողովուրդին ականջներուն»։
27Բայց Ռափսակ անոնց պատասխանեց. «Միթէ այս խօսքերը ըսելու համար իմ տէրս զիս միայն քու տիրոջդ ու քեզի՞ ղրկեց. այս մարդոց ալ չէ՞, որոնք պարիսպին վրայ կը կենան, ձեզի հետ իրենց կղկղանքը ուտելու եւ իրենց մէզը խմելու»։
28Յետոյ Ռափսակ ոտքի ելաւ, ու բարձր ձայնով եբրայերէն գոչեց եւ ըսաւ. «Մտի՛կ ըրէք մեծ թագաւորին՝ Ասորեստանի թագաւորին խօսքը։
29Թագաւորը սա՛ կը յայտարարէ. “Եզեկիա ձեզ թող չհրապուրէ, քանի որ ան չի կրնար ձեզ 16անոր ձեռքէն՝՝ ազատել։
30Եզեկիա ձեզի վստահիլ թող չտայ Եհովայի վրայ՝ ըսելով. "Եհովան մեզ անշուշտ պիտի ազատէ, եւ այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չմատնուի"”։
31Եզեկիայի մտիկ մի՛ ընէք, որովհետեւ Ասորեստանի թագաւորը սա՛ կը յայտարարէ. “Ինծի հետ 17հաշտութի՛ւն ըրէք ու ինծի՛ 18եկէք, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր որթատունկէն եւ իր թզենիէն ուտէ, ու ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր ջրհորին ջուրէն խմէ.
32մինչեւ որ ես գամ եւ ձեզ տանիմ ձեր երկրին պէս երկիր մը, ցորենի ու քաղցուի երկիր մը, հացի եւ այգիներու երկիր մը, իւղ տուող ձիթենիներու եւ մեղրի երկիր մը, որպէսզի ապրիք ու չմեռնիք։ Եզեկիայի մտիկ մի՛ ընէք, քանի որ ձեզ կը համոզէ՝ ըսելով. "Եհովան մեզ պիտի ազատէ"։
33Միթէ միւս ազգերուն աստուածներէն իւրաքանչիւրը բնաւ ազատե՞ց իր երկիրը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն։
34Եմաթի եւ Արփաթի աստուածները ո՞ւր են. Սեփարուիմի, Անայի եւ Աւայի աստուածները ո՞ւր են. միթէ անոնք Սամարիան իմ ձեռքէս ազատեցի՞ն։
35Այս երկիրներուն բոլոր աստուածներէն ո՞րը իր երկիրը իմ ձեռքէս ազատեց, որ Եհովան Երուսաղէմը իմ ձեռքէս ազատէ”»։
36Բայց ժողովուրդը լուռ կեցաւ եւ ո՛չ մէկ խօսքով անոր պատասխանեց, քանի որ թագաւորը պատուիրեր էր. «Անոր մի՛ պատասխանէք»։
37Քեղկիայի որդին՝ Եղիակիմ արքունապետը, Սեբնա ատենադպիրը, եւ Ասափի որդին՝ Յովաք դիւանադպիրը, իրենց հագուստները պատռած՝ Եզեկիայի գացին ու Ռափսակի խօսքերը անոր հաղորդեցին։