Loading...

2 Kings 19

1 Kings  «  2 Kings 18  ‹  2 Kings 19  ›  2 Kings 20  »  1 Chronicles


ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԿԸ ՀԱՐՑՆԷ ԵՍԱՅԻԻ (Եսայ. 37. 1-7)

1

Երբ Եզեկիա թագաւորը լսեց, իր հագուստները պատռեց, քուրձ հագաւ եւ Տէրոջ տունը մտաւ։

2

Յետոյ Եղիակիմ արքունապետը, Սեբնա ատենադպիրն ու քահանաներուն երէցները, քուրձեր հագած, ղրկեց Ամովսի որդիին՝ Եսայի մարգարէին։

3

Անոր ըսին. «Եզեկիա սա՛ կ’ըսէ. “Այսօր տագնապի, կշտամբանքի եւ անարգանքի օր է. արդարեւ 1զաւակները մինչեւ 2արգանդին բերանը՝՝ հասան, բայց ծնանելու ոյժ չկայ։

4

Թերեւս Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ Ռափսակի բոլոր խօսքերը լսէ,— որ իր տէրը՝ Ասորեստանի թագաւորը՝ ղրկեց ապրող Աստուածը նախատելու համար,— ու Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ իր լսած խօսքերուն համար կշտամբէ։ Ուրեմն դուն 3գոյութիւն ունեցող՝՝ մնացորդին համար աղօ՛թք բարձրացուր”»։

5

Եզեկիա թագաւորին ծառաները Եսայիի գացին.

6

Եսայի ալ անոնց ըսաւ. «Ձեր տիրոջ սա՛ ըսէք. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Մի՛ վախնար քու լսած խօսքերէդ, որոնցմով Ասորեստանի թագաւորին սպասաւորները ինծի հայհոյեցին։

7

Ահա՛ ես անոր վրայ ոգի մը պիտի 4ղրկեմ, եւ լուր մը լսելով՝ իր երկիրը պիտի վերադառնայ. իր երկրին մէջ զայն սուրով պիտի 5զարնեմ"”»։


ԱՍՈՐԵՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ ՈՒՐԻՇ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ ՄԸ ԿԸ ՂՐԿԵՆ (Եսայ. 37. 8-20)

8

Ռափսակ վերադարձաւ, եւ Ասորեստանի թագաւորը գտաւ՝ որ Լեբնայի դէմ կը պատերազմէր, որովհետեւ լսած էր թէ Լաքիսէն մեկներ է։

9

Սենեքերիմ Եթովպիայի Թարակա թագաւորին մասին լսեց թէ կ’ըսէին. «Ահա՛ ան քեզի դէմ պատերազմելու համար դուրս ելեր է»։ Դարձեալ Եզեկիայի պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով.

10

«Յուդայի Եզեկիա թագաւորին սա՛ ըսէք. “Քու Աստուածդ՝ որուն կը վստահիս, քեզ թող չհրապուրէ՝ ըսելով. "Երուսաղէմ Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չմատնուի"։

11

Ահա՛ դուն լսեցիր ինչ որ Ասորեստանի թագաւորները բոլոր երկիրներուն ըրին, ի՛նչպէս զանոնք աւերեցին. ուստի միայն դո՞ւն պիտի ազատիս։

12

Միթէ իմ հայրերուս կոտորած ազգերուն — Գովզանի, Խառանի, Ռեսեփի, եւ Թելասարի մէջ եղող Եդեմի որդիներուն — աստուածները զանոնք ազատեցի՞ն։

13

Ո՞ւր են Եմաթի թագաւորը, Արփաթի թագաւորը, ու Սեփարուիմ քաղաքին, Անայի եւ Աւայի թագաւորը”»։

14

Եզեկիա 6նամակը պատգամաւորներուն ձեռքէն առաւ եւ զայն կարդաց. ապա Տէրոջ տունը բարձրացաւ, ու Եզեկիա Տէրոջ առջեւ զայն 7բացաւ։

15

Եզեկիա Տէրոջ առջեւ աղօթեց՝ ըսելով. «Ո՛վ Տէր, Իսրայէլի՛ Աստուած, որ քերովբէներու վրայ կը բազմիս, երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն Աստուածը միայն դուն ես. երկինքն ու երկիրը դո՛ւն 8ստեղծեցիր։

16

Ո՛վ Տէր, դարձո՛ւր ականջդ եւ լսէ՛. ո՛վ Տէր, բա՛ց աչքերդ ու նայէ՛, եւ լսէ՛ Սենեքերիմի խօսքերը, որ ղրկեց ապրող Աստուածը նախատելու համար։

17

Ո՛վ Տէր, Ասորեստանի թագաւորները ի՛րապէս ազգերն ու անոնց երկիրները աւերեցին

18

եւ անոնց աստուածները կրակի մատնեցին, որովհետեւ անոնք Աստուած չէին, հապա մարդու ձեռագործ էին, փայտ ու քար. ուստի զանոնք կորսնցուցին։

19

Ուստի հիմա կ’աղերսե՜մ, ո՛վ Տէր, մեր Աստուա՛ծը, ազատէ՛ մեզ անոր ձեռքէն, որպէսզի երկրի բոլոր թագաւորութիւնները գիտնան թէ միայն դո՛ւն, ո՛վ Տէր, Աստուած ես»։


ԵՍԱՅԻԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ (Եսայ. 37. 21-38)

20

Ամովսի որդին՝ Եսայի Եզեկիայի մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին մասին ինծի աղօթածդ լսեցի։

21

Ահա՛ւասիկ անոր դէմ Տէրոջ ըսած խօսքը. "Սիոնի կոյս աղջիկը քեզ արհամարհեց, քեզ ծաղրեց. Երուսաղէմի աղջիկը քու ետեւէդ գլուխ շարժեց։

22

Դուն ո՞վ նախատեցիր, որո՞ւն հայհոյեցիր. Որո՞ւն դէմ ձայնդ բարձրացուցիր. Իսրայէլի սուրբի՛ն դէմ աչքերդ վերցուցիր։

23

Տէ՛րը նախատեցիր քու պատգամաւորներուդ 9միջոցով, եւ ըսիր. «Իմ 10բազմաթիւ կառքերովս՝՝ լեռներուն բարձունքը ելայ, Լիբանանի լանջերը. Անոր յաղթահասակ մայրիները Եւ ընտիր եղեւինները 11պիտի կտրեմ՝՝, Ու 12պիտի հասնիմ՝՝ անոր ծայրագոյն 13բնակութիւնը, Անոր 14Կարմեղոսին անտառը։

24

Ես փորեցի, եւ օտար ջուրերը խմեցի. Ոտքերուս ներբաններով ցամքեցուցի 15պաշարուած տեղերուն՝՝ բոլոր գետերը»։

25

Միթէ լսած չե՞ս թէ ասիկա ե՛ս պատրաստեցի նախապէս, Ե՛ս 16ծրագրեցի վաղեմի օրերէն. Հիմա իրագործեցի, Որպէսզի դուն պարսպապատ քաղաքները աւերակի կոյտերու վերածես։

26

Ուստի անոնց բնակիչները 17անզօր եղան, Զարհուրեցան եւ ամչցան. Անոնք դաշտի բոյսի պէս, Կանաչ դալարի պէս, Տանիքի խոտի պէս, Հասուննալէն առաջ խորշակահար ցորենի պէս եղան։

27

Բայց ես քու նստիլդ, դուրս ելլելդ ու ներս մտնելդ գիտեմ, Նաեւ ինծի դէմ ունեցած մոլեգնութիւնդ։

28

Որովհետեւ ինծի դէմ ունեցած մոլեգնութիւնդ Եւ քու անպատկառութիւնդ ականջներուս բարձրացան։ Ես ալ իմ օղակս քու քիթդ պիտի դնեմ, Եւ իմ սանձս՝ քու շրթունքդ, Ու քու եկած ճամբայէդ քեզ պիտի վերադարձնեմ։

29

Եւ սա՛ քեզի նշան պիտի ըլլայ. Այս տարի ինքնիրմէ բուսածը պիտի ուտէք, Երկրորդ տարին՝ ինկած հատերէն բուսածը, Իսկ երրորդ տարին՝ սերմանեցէ՛ք ու հնձեցէ՛ք, Այգինե՛ր տնկեցէք եւ անոնց պտո՛ւղը կերէք։

30

Յուդայի տունէն ազատած մնացորդը՝ Վարէն արմատ պիտի 18արձակէ, Ու վերէն պտուղ պիտի տայ.

31

Արդարեւ Երուսաղէմէն մնացորդ մը պիտի ելլէ, Ու Սիոն լեռնէն՝ ազատածներ. Ասիկա զօրքերու Տէրոջ նախանձախնդրութիւնը պիտի կատարէ։

32

Հետեւաբար Ասորեստանի թագաւորին մասին Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. «Ան այս քաղաքը պիտի չմտնէ Անոր նետ պիտի չարձակէ, Անոր առջեւ վահանով պիտի չգայ, Անոր դէմ հողաբլուր պիտի չբարձրացնէ.

33

Իր եկած ճամբայէն պիտի վերադառնայ, Եւ այս քաղաքը պիտի չմտնէ,— կը պատգամէ Տէրը”։—

34

Այս քաղաքը պիտի պաշտպանեմ՝ Որ զայն ազատեմ իմ անունիս համար, Ու իմ ծառայիս՝ Դաւիթի սիրոյն համար»"”»։

35

Այդ գիշերը՝ Տէրոջ հրեշտակը դուրս ելաւ, եւ Ասորեստանցիներու բանակավայրին մէջ հարիւր ութսունհինգ հազար մարդ զարկաւ. երբ առտուն՝ կանուխ ելան, ահա՛ անոնք բոլորն ալ մեռած 19մարմիններ էին։

36

Ուստի Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը մեկնեցաւ. գնաց, Նինուէ վերադարձաւ եւ հոն մնաց։

37

Երբ իր աստուծոյն՝ Նեսրաքի տան մէջ կ’երկրպագէր, իր որդիները՝ Ադրամելէք ու Սարասար՝ զինք սուրով զարկին, եւ Արարատի երկիրը խոյս տուին։ Անոր տեղ իր որդին՝ Ասորդան թագաւոր եղաւ։



1 Եբր.՝ որդիները
2 Եբր.՝ կոտրելու տեղը
3 Եբր.՝ գտնուող
4 Եբր.՝ տամ
5 Եբր.՝ տապալեմ
6 Եբր.՝ գրութիւնը
7 Եբր.՝ տարածեց
8 Եբր.՝ ըրիր
9 Եբր.՝ ձեռքով
10 Եբր.՝ կառքերու կառքերովս
11 Կամ՝ կտրեցի
12 Կամ՝ հասայ
13 Եբր.՝ իջեւանը
14 Կամ՝ պտղաբեր արտին
15 Կամ՝ Եգիպտոսի
16 Եբր.՝ ձեւակերպեցի
17 Եբր.՝ ձեռքը կարճ
18 Եբր.՝ առնէ
19 Եբր.՝ դիակներ