2 Kings 20
1 Kings « 2 Kings 19 ‹ 2 Kings 20 › 2 Kings 21 » 1 Chronicles
ԵԶԵԿԻԱՅԻ ՀԻՒԱՆԴԱՆԱԼԸ ԵՒ ԿԱԶԴՈՒՐՈՒԻԼԸ (Եսայ. 38. 1-8, 21-22։ Բ. Մնաց. 32. 24-26)
1Այդ օրերը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ։ Ամովսի որդին՝ Եսայի մարգարէն անոր եկաւ եւ անոր ըսաւ. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ընտանիքիդ պատուէ՛ր տուր, քանի դուն պիտի մեռնիս. ա՛լ պիտի չապրիս”»։
2Ան ալ իր երեսը պատին դարձուց ու Տէրոջ աղօթեց՝ ըսելով.
3«Ո՛վ Տէր, կ’աղերսե՛մ, յիշէ՛ թէ ճշմարտութեամբ ու կատարեալ սիրտով ընթացայ քու 1առջեւդ, եւ ըրի ինչ որ 2քեզի հաճելի՝՝ է»։ Ապա Եզեկիա 3դառնապէս լացաւ։
4Եսայի տակաւին միջին գաւիթէն ելած չէր, երբ 4Տէրը խօսեցաւ՝՝ անոր՝ ըսելով.
5«Վերադարձի՛ր, ու իմ ժողովուրդիս առաջնորդին՝ Եզեկիայի ըսէ՛. “Տէրը, քու հօրդ՝ Դաւիթի Աստուածը, սա՛ կը յայտարարէ. "Քու աղօթքդ լսեցի եւ արցունքներդ տեսայ. ահա՛ քեզ պիտի բուժեմ, ու երրորդ օրը Տէրոջ տունը պիտի բարձրանաս։
6Քու օրերուդ վրայ տասնհինգ տարի պիտի աւելցնեմ. քեզ եւ այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատեմ, ու այս քաղաքը պիտի պաշտպանեմ իմ անունիս համար, եւ իմ ծառայիս՝ Դաւիթի սիրոյն համար"”»։
7Եսայի ըսաւ. «Շարո՛ց մը չոր թուզ առէք»։ Առին, պալարին վրայ դրին, եւ ան առողջացաւ։
8Եզեկիա Եսայիի ըսաւ. «Ի՞նչ նշանով Տէրը զիս պիտի բուժէ, ու երրորդ օրը Տէրոջ տունը պիտի բարձրանամ»։
9Եսայի ըսաւ. «Սա՛ նշանը պիտի ունենաս Տէրոջմէն, թէ Տէրը իր ըսած խօսքը պիտի իրագործէ. ստուերը տասը աստիճան յառա՞ջ երթայ, թէ տասը աստիճան վերադառնայ»։
10Եզեկիա պատասխանեց. «Ստուերին տասը աստիճան երկարիլը 5դիւրին է. ո՛չ, հապա ստուերը տասը աստիճան թող վերադառնայ»։
11Ուստի Եսայի մարգարէն Տէրոջ գոչեց, եւ ան ստուերը տասը աստիճան վերադարձուց այն աստիճաններէն, որոնցմէ իջած էր Աքազի արեւի ժամացոյցին վրայ։
ԲԱԲԵԼՈՆԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ (Եսայ. 39. 1-8)
12Այդ ատեն Բաբելոնի թագաւորը, Բաղադանի որդին՝ 6Մարովդաք-Բաղադան՝՝, 7նամակներ եւ ընծաներ ղրկեց Եզեկիայի, քանի որ Եզեկիայի հիւանդացած ըլլալը լսեր էր։
13Եզեկիա 8անոնց մտիկ ըրաւ՝՝, եւ ցուցուց իր թանկարժէք առարկաներուն ամբողջ 9գանձատունը — արծաթը, ոսկին, բուրաւէտ համեմներն ու 10հոտաւէտ իւղը —, իր 11զինանոցը եւ ամէն ինչ որ իր գանձերուն մէջ կը գտնուէր։ Ոչինչ մնաց իր տան մէջ եւ իր ամբողջ տէրութեան մէջ, որ Եզեկիա անոնց չցուցուց։
14Եսայի մարգարէն Եզեկիա թագաւորին եկաւ եւ անոր ըսաւ. «Այդ մարդիկը ի՞նչ ըսին. ուրկէ՞ եկան քեզի»։ Եզեկիա պատասխանեց. «Հեռաւոր տեղէ՝ Բաբելոնէն եկան»։
15Ան ըսաւ. «Քու տանդ մէջ ի՞նչ տեսան»։ Եզեկիա պատասխանեց. «Տանս մէջ ինչ որ կար՝ տեսան. գանձերուս մէջ ոչինչ 12մնաց՝ որ անոնց չցուցուցի»։
16Այն ատեն Եսայի Եզեկիայի ըսաւ. «Տէրոջ խօսքը մտի՛կ ըրէ.
17“Ահա՛ օրերը կու գան, երբ ամէն ինչ որ տանդ մէջ կայ եւ ինչ որ քու հայրերդ մինչեւ այսօր կուտակած են՝ Բաբելոն պիտի տարուին. ոչինչ պիտի մնայ,— կը յայտարարէ Տէրը։—
18Նաեւ որդիներէդ՝ որ քեզմէ պիտի ելլեն, որ դուն պիտի ծնանիս, պիտի բռնեն, եւ անոնք Բաբելոնի թագաւորին պալատին մէջ ներքինի պիտի ըլլան”»։
19Եզեկիա Եսայիի պատասխանեց. «Տէրոջ խօսքը, որ դուն ըսիր, 13նպաստաւոր է»։ Ինքնիրեն կ’ըսէր. «Նպաստաւոր չէ՞, քանի որ իմ օրերուս մէջ խաղաղութիւն եւ 14ապահովութիւն պիտի ըլլայ»։
ԵԶԵԿԻԱՅԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆԸ (Բ. Մնաց. 32. 32-33)
20Եզեկիայի մնացեալ արարքները, անոր բոլոր քաջութիւնները, շինած աւազանն ու ջրմուղը, եւ քաղաքին մէջ ջուր բերելը, ահա՛ Յուդայի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։
21Եզեկիա իր հայրերուն հետ քնացաւ, եւ անոր տեղ իր որդին՝ Մանասէ թագաւոր եղաւ։