Loading...

2 Kings 21

1 Kings  «  2 Kings 20  ‹  2 Kings 21  ›  2 Kings 22  »  1 Chronicles


ՅՈՒԴԱՅԻ ՄԱՆԱՍԷ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Բ. Մնաց. 33. 1-20)

1

Մանասէ տասներկու տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ յիսունհինգ տարի թագաւորեց։ Իր մօր անունը Էփսիփա էր։

2

Ան Տէրոջ 1առջեւ չարիք գործեց, Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն Տէրոջ վտարած ազգերուն գարշութիւններուն համաձայն։

3

Իր հօր՝ Եզեկիայի կործանած բարձր տեղերը վերակառուցանեց, Բահաղի բագիններ կանգնեցուց, եւ Աստարովթի կուռք մը շինեց, ինչպէս Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը ըրեր էր։ Երկինքի բոլոր զօրքերուն երկրպագեց ու զանոնք պաշտեց։

4

Նաեւ բագիններ կառուցանեց Տէրոջ տան մէջ, որուն մասին Տէրը ըսեր էր. «Երուսաղէմի՛ մէջ պիտի դնեմ իմ անունս»։

5

Տէրոջ տան երկու գաւիթներուն մէջ՝ երկինքի բոլոր զօրքերուն բագիններ կառուցանեց։

6

Իր որդին կրակէ անցուց. կը գուշակէր, կը հմայէր, վհուկներ ու նշանագէտներ 2ունէր, եւ Տէրոջ առջեւ շատ չարիք գործեց ու զայն գրգռեց։

7

Իր շինած Աստարովթի 3կուռքը այն տան մէջ դրաւ, որուն մասին Տէրը Դաւիթի եւ անոր որդիին՝ Սողոմոնի ըսեր էր. «Ա՛յս տան մէջ, ու Երուսաղէմի՛ մէջ — որ Իսրայէլի բոլոր տոհմերէն ընտրեցի — պիտի դնեմ իմ անունս յաւիտեան։

8

Իսրայէլի ոտքը անգա՛մ մըն ալ պիտի չշարժեմ այն 4երկրէն, որ անոնց հայրերուն տուի. միայն թէ անոնք իմ բոլոր պատուիրաններս եւ իմ ծառայիս՝ Մովսէսի անոնց պատուիրած ամբողջ Օրէնքը զգուշութեամբ գործադրեն»։

9

Բայց անոնք մտիկ չըրին, ու Մանասէ այնպէս մոլորեցուց զանոնք, որ Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն Տէրոջ բնաջնջած ազգերէն աւելի չարիք գործեցին։

10

Տէրը իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն 5միջոցով խօսեցաւ, ըսելով.

11

«Քանի Յուդայի Մանասէ թագաւորը այս գարշութիւնները գործելով՝ իրմէ առաջ եղող Ամորհացիներուն բոլոր ըրածներէն աւելի չարիք գործեց, եւ իր չաստուածներով Յուդայի ալ մեղանչել տուաւ,

12

Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Ահա՛ ես Երուսաղէմի վրայ ու Յուդայի վրայ այնպիսի չարիք մը պիտի ղրկեմ, որ զայն լսող իւրաքանչիւրին երկու ականջը պիտի հնչէ։

13

Երուսաղէմի վրայ Աամարիայի լարը եւ Աքաաբի տան հարթաչափը պիտի քաշեմ. Երուսաղէմը պիտի սրբեմ, ինչպէս մէկը աման մը կը սրբէ ու սրբելէն ետք 6կը շրջէ՝՝։

14

Իմ ժառանգութեանս մնացորդը երեսէ պիտի ձգեմ. զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը պիտի մատնեմ, եւ իրենց բոլոր թշնամիները զանոնք պիտի կողոպտեն ու յափշտակեն.

15

որովհետեւ իմ առջեւս չարիք գործեցին, եւ իրենց հայրերուն Եգիպտոսէն ելած օրէն մինչեւ այսօր զիս գրգռեցին”»։

16

Նաեւ Մանասէ յոյժ շատ անմեղ արիւն թափեց, այնպէս որ Երուսաղէմը ծայրէ ծայր լեցուց, իր մեղքէն զատ՝ որով Յուդայի մեղանչել տուաւ, Տէրոջ առջեւ չարիք գործելով։

17

Մանասէի մնացեալ արարքները, անոր բոլոր ըրածները, եւ իր գործած մեղքը՝ ահա՛ Յուդայի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։

18

Մանասէ իր հայրերուն հետ քնացաւ, եւ իր տան պարտէզին մէջ՝ Ոզայի պարտէզին մէջ թաղուեցաւ. անոր տեղ իր որդին՝ Ամոն թագաւոր եղաւ։


ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՄՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Բ. Մնաց. 33. 21-25)

19

Ամոն քսաներկու տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ երկու տարի թագաւորեց։ Իր մայրը Ետեբացի Արուսի աղջիկն էր՝ Մեսողոմիթ անունով։

20

Ան Տէրոջ առջեւ չարիք գործեց, ինչպէս իր հայրը՝ Մանասէ ըրեր էր։

21

Իր հօր ընթացած ամբողջ ճամբայէն ընթացաւ. իր հօր պաշտած չաստուածները պաշտեց, եւ անոնց երկրպագեց։

22

Տէրը՝ իր հայրերուն Աստուածը լքեց ու Տէրոջ ճամբայէն չընթացաւ։

23

Ամոնի ծառաները անոր դէմ դաւադրեցին, եւ թագաւորը իր տան մէջ մեռցուցին։

24

Իսկ երկրին ժողովուրդը Ամոն թագաւորին դէմ բոլոր դաւադրողները 7մեռցուց։ Ապա երկրին ժողովուրդը անոր որդին՝ Յովսիան իր տեղ թագաւոր հռչակեց։

25

Ամոնի կատարած մնացեալ արարքները՝ ահա՛ Յուդայի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։

26

Զայն Ոզայի պարտէզը՝ իր գերեզմանին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ իր որդին՝ Յովսիա թագաւոր եղաւ։



1 Եբր.՝ աչքերուն
2 Եբր.՝ կ’ընէր
3 Եբր.՝ քանդակուած պատկերը
4 Եբր.՝ հողէն
5 Եբր.՝ ձեռքով
6 Եբր.՝ երեսի վրայ կը դարձնէ
7 Եբր.՝ զարկաւ